ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ե.

ՇԱԲԱԹ ՕՐԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Եւ այդ օրը Շաբաթ էր» (Յհ 5.9):

Մեկնութիւն. Շաբաթ օրուան առաջին լուծումը այս է, այդ պատճառով կ՚ըսեն, թէ հիւանդին երեսունութ տարիները հազարիննհարիւր ութսուն շաբաթներ ունին: Եւ այդքան տարի կ՚ըսեն Աբրահամէն սկսած, որ թլփատութիւնը, Շաբաթ օրն ու միւս հին օրէնքները հրամայեց ու այստեղ աւարտեց:

Հարցում. Ինչո՞ւ համար Քրիստոս առաւելաբար Շաբաթ օրերը կը բժշկէր, քան՝ այլ օրեր:

Պատասխան. Հինգ պատճառով.

Նախ՝ Իր սքանչելիքներու յայտնութեան ու քարոզութեան համար, որովհետեւ հրեաները առաւելաբար Շաբաթ օրերը կը հաւաքուէին սուրբ վայրերուն մէջ եւ սրբութեան կը պարապէին:

Երկրորդ՝ որպէսզի ցուցնէ Մովսէսի օրէնքներուն ուղիղ միտքը, քանի որ Շաբաթ օրով գործ ընելու արգելքը պէտք չէ հասկնալ աստուածային գործերու կամ անհրաժեշտ գործերու համար, որովհետեւ կրնային եզերը ջուր խմելու տանէին ու ջրհորի մէջ ինկած գրաստը հանել, ինչպէս նաեւ Շաբաթ օրով մանուկը թլփատել ու մեռեալը թաղել:

Երրորդ՝ պատշաճ էր, որ Քրիստոս խօսքով ու գործով Շաբաթ օրը լուծէր, որովհետեւ նոր Օրէնքը պիտի տար, իսկ հինին վախճանը նորին սկիզբն է:

Չորրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ Ի՛նքն է Տէրը եւ իշխանութիւն ունի օրէնքի Շաբաթ օրուան վրայ որեւէ բան աւելցնել ու փոխել, ըստ այնմ. «Մարդու Որդին Շաբաթ օրուան ալ Տէրն է» (Մր 2.28):

Հինգերորդ՝ մեզի հոգեւոր Շաբաթին մասին կ՚ուսուցանէ, որովհետեւ պէտք է առաքինութեան գործեր կատարել՝ մէկդի ձգելով մարմնական Շաբաթը:

Խօսք. «Հրեայ ղեկավարները բժշկուած մարդուն ըսին. օրը Շաբաթ է եւ Օրէնքին դէմ է մահիճդ շալկելը» (Յհ 5.10):

Մեկնութիւն. Կը ստեն անոնք, քանի որ պատշաճ էր Շաբաթ օրով կատարել մարմնական այնպիսի գործեր, որոնք Աստուածպաշտութեան համար կարգուած են, առ ի պատիւ Աստուծոյ, ինչպէս որ քահանաները տաճարին մէջ կը կատարէին մարմնաւոր գործեր, այսինքն՝ տաճարը զարդարելով, անասունները զոհելով, լուալով ու կրակը վառելով եւ այլ նմանատիպ գործեր, ինչպէս Մատթէոսը կ՚ըսէ: Իսկ մահիճը շալկելը Աստուծոյ սքանչելիքները յայտնելու գործ մըն էր, իսկ առողջացածը այլ կերպով պատասխանեց.

Խօսք. «Զիս Բժշկողը Ի՛նք ըսաւ ինծի» (Յհ 5.11):

Մեկնութիւն. Որպէս թէ ըսել, Ան զիս աստուածային զօրութեամբ առողջացուց նոյն այդ զօրութեամբ ինծի այս բանը հրամայեց, իսկ ես պարտաւոր եմ Անոր հնազանդիլ, քան՝ ձեզի, ու Ան աւելի լաւ գիտէ, քան՝ դուք:

Խօսք. «Անոնք հարցուցին. ո՞վ է այդ մարդը» (Յհ 5.12):

Մեկնութիւն. Իբրեւ թէ ըսել, այդ մարդը չար է, որ Մովսէսին օրէնքներուն հակառակ կը խօսի: Իսկ առողջացածը երկու բան ըսաւ Քրիստոսի մասին. մէկը՝ որ բժշկեց, իսկ միւսը՝ որ հրամայեց մահիճը շալկել, սակայն անոնք մէկը կ՚ըսէին, որ ատելութեանն էր, իսկ սքանչելիքը, որ ի պատիւ Քրիստոսի էր, կը ծածկէին:

Խօսք. «Բժշկուած մարդը չէր գիտեր» (Յհ 5.13):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ երկար տարիներէ ի վեր հիւանդ էր ու չէր գիտեր Յիսուսի մասին, թէ ո՞վ էր Ան:

ԹԷ ՅԻՍՈՒՍ ՀԵՌԱՑԱՒ

Խօսք. «Յիսուս ամբոխին պատճառով հեռացած էր այդտեղէն» (տե՛ս Յհ 5.13):

Մեկնութիւն. Չորս պատճառով. որպէսզի առողջացողին վկայութիւնը աւելի հաստատ ըլլար, երբ Քրիստոս հեռու էր, քան՝ մօտիկ: Երկրորդ՝ որպէսզի հրեաներուն հակառակութիւնը մեղմացնէ, որովհետեւ երբ մէկը կ՚ատեն, զայն տեսնելուն աւելի կը զայրանան: Երրորդ՝ որովհետեւ երբ հեռու էր, Քրիստոսի սքանչելիքները առաւել եւս յայտնի եղան, քանի որ իրենց միտքին մէջ կը քննէին, թէեւ չէին հաւատար: Չորրորդ՝ մեզի խոնարհութիւն կը սորվեցնէ, որովհետեւ ամբոխին պատճառով՝ որոնք կը փառաւորէին, հեռացաւ:

Խօսք. «Այս դէպքէն ետք Յիսուս մարդը տաճարին մէջ գտաւ» (Յհ 5.14):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ բժշկուածը միշտ տաճար կ՚երթար, գոհանալու համար Աստուծմէ՝ առողջութեան համար, ու Քրիստոս գտաւ զինք, որպէսզի անոր միտքը բժշկէ, ինչպէս որ մարմինը առողջացուց:

Հարցում. Ինչո՞ւ համար Ինքզինք ճանչցնել տուաւ անոր:

Պատասխան. ի դէմս առողջացողին չորս պատճառով. նախ՝ որպէսզի բժշկուածը Բժշկողը ճանչնայ: Երկրորդ՝ որպէսզի գոհութիւն հատուցէ: Երրորդ՝ որպէսզի Քրիստոսին հաւատայ: Չորրորդ՝ որպէսզի խրատէ անոր չմեղանչել:

Իսկ ի դէմս հրեաներուն. նախ՝ որպէսզի յանդիմանէ զանոնք նշաններուն համար: Երկրորդ՝ որպէսզի տեսնեն զԻնք, որոնք կ՚անգիտանային ու կը հարցնէին Իր մասին:

Խօսք. «Ահա առողջացար. այլեւս մի՛ մեղանչեր» (Յհ 5.14):

Մեկնութիւն. Երեք պատճառ ի դէմս անոր. նախ՝ ցոյց կու տայ, թէ մեղքերու պատճառով էր, որ այդ հիւանդութիւնը պատահած էր անոր: Երկրորդ՝ որպէսզի երախտիքը չմոռնայ, ըստ հրեաներու կամքին: Երրորդ՝ քանի որ դժգոհութիւնը եւ դարձեալ մեղքը կրկնելը մեղքերուն պատիժը շատ կը ծանրացնէ:

Ոմանք կ՚ըսեն, թէ առաջին ապտակը ինք զարկած է, իսկ Սուրբ Նարեկացին յիսունութերորդ ճառին մէջ ի դէմս մեզի երեք պատճառ կ՚ըսէ. նախ՝ երբ պատուհասէն զերծ կը մնանք, այլ՝ չենք մեղանչեր: Երկրորդ՝ մկրտութենէն ետք եթէ մեղանչենք, տանջանքը անվախճան է: Երրորդ՝ եթէ խոստովնաելէն ետք դարձեալ կրկնենք, մարդուն վերջը նախորդէն աւելի գէշ կ՚ըլլայ, ինչպէս կ՚ըսէ Տէրը.

Խօսք. «Մարդը գնաց եւ հրեայ ղեկավարներուն պատմեց» (Յհ 5.15):

Մեկնութիւն. Ո՛չ թէ չարութեան, այլ՝ սիրոյ արտայայտութիւն է:

Յայտնի է չորս բանէ. նախ՝ որովհետեւ կ՚ըսէ. «Ան որ զիս բժշկեց»: Երկրորդ՝ քանի որ Քրիստոս, որ մարմինով առողջացուց, նաեւ միտքով ալ առողջացուց: Երրորդ՝ որովհետեւ «ահա առողջացար»ը ցոյց կու տայ ամբողջական առողջութիւնը՝ հոգիին ու մարնինին: Չորրորդ՝ ասոր համար Քրիստոս կ՚ըսէ. «…որովհետեւ մէկը ամբողջութեամբ բժշկեցի Շաբաթ օրով» (Յհ 7.23):

Եւ այն, որ Քրիստոս պատուիրելով կ՚ըսէ. «Այլեւս մի՛ մեղանչեր» (Յհ 5.14), ոչ թէ այդքան շուտ մատնութեան մեղքի մէջ կ՚իյնար, որովհետեւ ըսելի է, թէ բարի միտումով ըսաւ անոնց, սակայն հրեաները չար միտումով ընկալեցին, ինչպէս որ Քրիստոսի քարոզութիւնը չարի կը փոխարկէին:

Խօսք. «Այս պատճառով անոնք [հրեաները] սկսան հալածել Յիսուսը, որովհետեւ Շաբաթ օրով այս բաները կը կատարէր» (Յհ 5.16):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ կը կարծէին, թէ այդպէսով Մովսէսին Օրէնքը կ՚անցնէր, թէեւ Քրիստոսի սքանչելիքները Մովսէսի Օրէնքին լուծումը չէ, քանի որ հարկաւոր գործեր էին նաեւ ատոնք, որոնք ի պատիւ Աստուծոյ էին, Շաբաթ օրը չէին լուծեր, ինչպէս վերը ցոյց տրուեցաւ:

Եւ որովհետեւ թարգմանիչ կ՚ըսէ մեկնիչդ, գիտելի է, որ թարգմանիչները երեք են. նախ՝ գիրին՝ ինչպէս եօթանասունները: Երկրորդ՝ խօսքին՝ ինչպէս լեզուագէտները: Երրորդ՝ միտքերու՝ ինչպէս մեկնիչները:

Հարցում. Ինչո՞ւ համար այս մէկը եւ միւս անդամալոյծի մասին չեն ըսեր:

Պատասխան. Որովհետեւ Եւսեբիոսը համաձայնութեան ցանկին մէջ նշանը չի գրեր չորրորդ գլուխին մէջ, որու մասին կ՚ըսենք, եւ թէ Եւսեբիոս չի գրեր, թէ նոյն անդամալոյծն է, այլ՝ անոնց բժշկութիւնը [նոյնն է]:

Եւ որովհետեւ այլ է ասիկա եւ այլ՝ անիկա, երեք բանէ յայտնի է. նախ՝ տեղէն, երկրորդ՝ ժամանակէն, երրորդ՝ խօսքերու կարգէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 44

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 17, 2020