Ժամանակի Կարօտ Եմ, Ո՞ւր Կը Վաճառուի
Անցեալ տարի, անգլերէն լեզուի գիրքիս մէջ հանդիպած էի նախադասութեան մը: Հարցազրոյց մըն էր հանրայայտ երգիչի մը հետ, որուն հաղորդավարը կը հարցնէր. «Ի՞նչ է ամենամեծ հարցդ» եւ պատասխանը կ՚ըլլար «Օրը 24 ժամ է իսկ ես 36-ի պէտք ունիմ»: Սրտէս կը խօսէր: Մանաւանդ այս վերջին երեք-չորս տարիներու ընթացքին, երբ ծանրաբեռնուած էի, ինչպէս ամէն հալէպահայ երիտասարդ, մէկէ աւելի գործ տանելով թէ՛ միութենական, թէ՛ անհատական եւ թէ ընտանեկան: Տասնամեակ մը առաջ, նախակրթարանի գրասեղաններուն ետին, երբ ժամանակի մասին արաբերէն շարադրութիւն կը գրէինք, դասարանին կէսէն աւելին անտարակոյս կը գործածէր «Ժամանակը սուրի պէս է, եթէ զայն չկըտ-րեցիր՝ ինք քեզ կը կտրէ» նախադասութիւնը, բայց որքանո՞վ կրցած ենք գործնականի վերածել այս մէկը:
Դիմատետրիս էջին վրայ կը նաւարկեմ: Լեցուն է անիմաստ, պարապ-սարապ նիւթերով: Կը մտածեմ, թէ մարդիկ ուրկէ՛ այսքան ժամանակ կը տրամադրեն անոնց: Կամ ի՞նչ տեսակի է իրենց «կախարդական» օրատետրը, որ կրցած են դասաւորել իրենց ժամերը եւ ազատ ժամ ունին այս «Ճոխ» նիւթերը արծարծելու համար: «Ժամանակ չունի գլուխը քերելու» կ՚ըսեն յաճախ, իսկ անոնց համար ժամանակը այնքան բաւարար է, որ կրնան իրենց ամբողջ մարմինը քերել, մինչդեռ մենք՝ ժամանակ չունինք մեր ձեռքը մեր գլխուն իսկ տանելու, որ քերել սկսինք: Տեսակաւոր են անոնք.- անձնական ապրումներ յայտնողը, զզուելի ոճով շնորհաւորողը, անուղղակի ձեւով ուրիշին խօսք հասկցնողը, եւ վերջերս՝ հալէպահայութեան դէմ քարոզարշաւ կազմակերպողը: Վերջինս «հաւկիթին մէջէն մազ փնտռող» խմբակն է, որ առիթ չի փախցներ դատելու հալէպահայ ամենապզտիկ թերին, ելակէտ ունենալով իր «իտէալական» կեանքը: Կը դատեն դէպքեր, որոնք կարծես միայն հալէպահայ գաղութին մէջ է որ կը պատահի: Ամէն գոյնի ու ձեւի կը դիմեն՝ պարպելու համար այս հազարամեայ պատմութիւն ունեցող հայկական գաղութը: Մեզ քշեցին Տէր Զօրի անապատները, իսկ անոնք հալէպահայը կը քշեն այնպիսի վայրեր, ուր ձուլումն ու ուծացումը տարածուած է: Վայրեր, ուր հայապահպանումն ու հայկականութիւնը գրեթէ ո՛չ մէկ արժէք ունին: Փիղը իրենց ետեւ, իրենք մրջիւնին ետեւէն կ՚երթան: Բայց հարցումը կը մնայ նոյնը եւ կ՚արձագանգէ մտքիս մէջ. ուրկէ՞… եւ ինչպէ՞ս այսքան ժամանակ: Եթէ մէկը լուծում ունի, ծուլութենէն եւ պարտաւորութիւններու արհամարհանքէն զատ, թող ըսէ, որովհետեւ… հոս երիտասարդ մը կայ, որ ժամանակի կարօտ է եւ չի գիտեր, թէ ան ո՛ւր կը վաճառուի:
ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ