ՀԻՆԷՆ Ի ՎԵՐ

Քորոնա վարակին սկիզբը ասուպի նման ամէն կողմէ զուարճախօսութիւններ կը սուրային, կարծես անոնք հետզհետէ խամրիլ սկսան, հարցին լրջութիւնը, արտակարգ դրութեան շարունակութիւնը մարդիկը խորհելու մղեցին. չունեւորը սկսաւ իր օրուան պատառը կիսել՝ խնայել չեղածը, ունեւորը անհաշիւ ծախսերէն սկսաւ ընկալել «տնտեսել» բային իմաստը, հապա սնանկացող ընկերութիւննե՞րը...

Ամէն առաւօտ, մեր աչքերը բանալուն հետ, կը թերթենք համացանցային էջերը, ոչ անշուշտ լաւ լուրեր ակնկալելու, այլ տեղեկանալու օրուան մահուան հունձքին թիւերը եւ կ՚ափսոսանք կորուստներուն համար, այնպէս ինչպէս կ՚ափսոսայինք պատերազմի ընթացքին, սակայն մէկ տարբերութեամբ, հոս ռումբերը ձայն չունին, բայց անոնց բացասական ազդեցութիւնը կը հարիւրապատկէ մահացողներուն թիւը եւ ահ, սարսափ ու սոսկում կը պատճառէ բոլորին:

Լուրերէն հնչող բառերը, թիւերը ռումբերու պէս կը մխուին հոգիներուն խորքը, կը տարած-ւին ու կը մրոտեն ամէն կողմ. մեզի կը մնայ մեկուսանալ առօրեայ դարձած տխրութենէն, մոռնալ ալ քիչ մը եւ հասնիլ այդ սեւ անկիւնները, ախտահանել, մաքրել մուրը, պատրաստուիլ վաղուան գոյժերուն: Բայց ինչպէ՞ս մաքրել, ինչպէ՞ս չլսել ամէն օրուան սարսափազդու լուրերը...:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աջը, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մասունքը եւ Քրիստոսի խաչափայտին մասունքը հերթականօրէն դուրս հանուեցան իրենց հանգստարաններէն եւ մասնակից դարձան համայն ժողովուրդին աղերսները առ Աստուած հասցնելու ճամբան հարթելու: Հաւատքի լեզուն է այս, որ աւանդուած է դարերէ ի վեր:

Համաճարակները յաճախ այցելած են մարդկութեան եւ իրենց աւերիչ դերին կողքին նաեւ պատճառ դարձած են հաւատքի ամրապնդման եւ մարդուն հոգեւոր մաքրագործման՝ ախտահանման, իսկ մեկուսացման երեւոյթը դարձեալ մեր մօտ նորութիւն չէ:

Փաւստոս Բիւզանդի վկայութեամբ Ներսէս Մեծ հայրապետը բարձր լեռներուն լանջերուն, աղբիւրներուն մօտ կառուցել տուած է մեկուսարաններ, ուր՝ «... ախտաւորները, բորոտները, ցաւատարներն ու հաշմանդամները» խնամուած են, ինչպէս նաեւ պատսպարաններ կառուցուած են չքաւորներուն համար: Յիշեալները լիովին պետութեան խնամքին տակ մնացած են:

Հայերուն համաճարակներու պահապան սուրբը Վառվառէ կոյսն էր, իսկ Վառվառէին անունը յառաջացած է հիւանդներուն մաշկին գոյնին փոփոխութեան պատճառով, յատկապէս ծաղիկ հիւանդութեամբ տառապողներուն մաշկին գոյնէն, որ տեղ-տեղ վառ կարմիր երանգներ կը յառաջացնէ:

Հայ սուրբերն ու բժիշկները նաեւ հռչակ կը վայելէին եւրոպական երկիրներուն մէջ եւ հոն բռնկած համաճարակներուն ընթացքին տեղի պահապան սուրբերուն կողքին նաեւ հայ սուրբերու միջնորդութեամբ աղերսները կ՚առաքուէին առ Աստուած: Ըստ հայ ուղեգիրներու վկայութեան, այս սուրբերը ժանտախտներ բուժող էին եւ այդ ընթացքին անոնց արձաններուն շուրջ թափօր կը պտտցնէին, կամ անոնց մասունքով կ՚աղերսէին Բարձրեալէն փրկութիւն խնդրելով:

Հայր Ղեւոնդ Ալիշան «Հայ Վենետ» աշխատութեան մէջ կը վկայէ ճարտարագէտ, գիւտարար, դեղագործ, բժիշկ Անտոն Սուրեանի մասին: Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի եւ այլոց վկայութեամբ բժիշկ Անտոնը հայ միջնադարեան բժշկարանի դեղատոմսերով Վենետիկը Չումա ժանտախտէն փրկած է 1575-ին, որմէ ետք, ի պատիւ հայ բժիշկին, Վենետիկի փողոցներէն մէկը կոչուած է բժիշկ Անտոն Սուրեանի անունով:

Համաճարակները նաեւ մեծութիւններու ծնունդ կու տան, ինչպէս օրինակ՝ նոյնինքն Չումա համաճարակին ընթացքին իտալացի գրող Պոքաչօն իր հռչակաւոր «Տէ Քամերոն» վէպը գրած է եւ յառաջաբանին մէջ անդրադարձած է համաճարակին սարսափազդու վիճակներուն եւ ազդեցութեան, ապա սկսած իր ստեղծագործութեան:

Հասնինք աւելի հին ժամանակաշրջաններ՝ Տիգտան Մեծի աներոջ Միհրդատի մասին աւանդուածը յիշելով: Միհրդատը նշանաւոր թունագէտ եւ բժիշկ էր եւ հայկական դեղաբոյսերէն կազմած էր դեղամիջոց մը, որ հակաթոյն էր եւ պարբերաբար խմելով մարմինը կը զօրացնէր զանազան թոյներու հանդէպ դիմադրողականութեամբ:

Կ՚աւանդուի, որ երբ Միհրդատը Հռոմէացիներուն մօտ գերի ինկած էր, որոշեց իր կեանքին վերջ տալ եւ շատ զօրաւոր թոյն մը խմելով ինքնասպանութեան փորձ մը կատարեց, սակայն թոյնը չազդեց Միհրդատին, որովհետեւ հակաթոյնը հակազդած էր նաեւ այս թոյնին:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020