ԼԱՒ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏ ՄԸ ՊԷՏՔ Է ԼԱՒ ԴԻՏԷ ԳՆԴԱԿԸ
Ֆրանսայի եւ ամբողջ Եւրոպայի մեծագոյն մարզական օրաթերթին՝ «լ՚Էքիփ»ին մէջ Ռէյման Կրաթըրօ գրի առած է հետեւեալ յօդուածը, որ շատ շահեկան է եւ վստահ ենք, որ հետաքրքրութեամբ պիտի կարդացուի։ Յօդուածագիրը ուսուցիչ է Փարիզի «Էքոլ Նորմալ Սիւփէրիէօր տ՚Էտիւքասիոն Ֆիզիք է Սփորթիւէն»ի մէջ։
Օր մը ինծի հարցուցին, թէ ո՛ր խորհուրդը ամենէն օգտակարը պիտի ըլլար երիտասարդ ֆութպոլիստներուն, որոնք կը փափաքին իրենց թեքնիկը բարելաւել։
Վայրկեան մ՚իսկ չվարանեցայ. «Լա՛ւ դիտել գնդակը»… եւ նոյն պատասխանը տուի վոլէյպոլի, ինչպէս նաեւ թենիսի համար, մէկ խօսքով այն բոլոր խաղերուն համար՝ որոնց մէջ գնդակին հսկողութիւնը, հարուածներուն կանոնաւորութիւնն ու վստահութիւնը հիմը կը կազմեն խաղի որակին։
Արդարեւ, ես ու ինծի նման բազմաթիւ մարզիչներ համոզուած ենք, որ կարելի է բարձրացնել թեքնիկի մակարդակը միա՛յն մէկ միջոցով. եթէ երիտասարդ ֆութպոլիստը աշխատի «իր գնդակը լաւ դիտել»։
Այսուհանդերձ, պէտք է նախ համոզել, որովհետեւ ամենէն հետաքրքրականը հոն է, որ իւրաքանչիւր խաղացող հաստատապէս համոզուած է, թէ անպայման կը դիտէ գնդակը եւ միշտ բաւարար կերպով զայն կը տեսնէ։
Քանի՜ սկսնակներ՝ որոնք գնդակին տիրապետութիւնը եւ կամ հարուածներ կը կորսնցնեն, տակաւին տկար ճանչցուած քանի՜ խաղացողներ պիտի զարմանային, եթէ իրենց խաղը տեսնէին դանդաղաշարժ ֆիլմի մը եւ կամ պարզապէս նկարի մը մէջ։
Ո՛չ, «շատ լաւ» չեն դիտեր գնդակը, «շատ ճշգրտօրէն» չեն նայիր անոր։
Եւ հիմա յաջողելու համար, նախ պէտք է ըմբռնել ո՛չ թէ «ինչո՞ւ համար»ը, որովհետեւ անհրաժեշտութիւնը ակնբախ է, այլ «ինչպէ՞ս»ը։
«Դիտել» կը նշանակէ ո՛չ թէ զայն տեսնել, զայն դատել եւ «աչքին ծայրով տեսնել», այլ բոլոր պարագաներու մէջ, եթէ ոչ մարմինը, գէթ դէմքը դէպի գնդակը ուղղուած պահել։ Աւելի պարզ խօսքով, պահել գնդակը մարզի մը մէջ, ուր դէմքը ուղղահայեացօրէն կը դիտէ։ Այս ձեւով է միայն (տեսողական պատճառներով, զորս բացատրելը մեր ժամանակը պիտի խլէր), որ ֆութպոլիստը պիտի կրնայ չափել հեռաւորութիւնը, արագութիւնը, եթէ տեղափոխութիւն է հարկաւոր, որպէսզի լաւապէս գործադրէ հարուածը։
Ախոյեանները միշտ ասիկա կ՚իրագործեն, լաւագոյնները կը թուին աչքերով «յափշտակել» գնդակը։ Միշտ արթուն են անոնք։
Բայց, պիտի ըսէ սկսնակը, եթէ հարկ է այսպէս դիտել գնդակը, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս տեսնել՝ զայն ուղղելու տեղը։
Տեղին հարցում մը։
Ամբողջ խաղին ընթացքին, ամէն վայրկեան, պէտք է՝ բերդերու հետ բաղդատելով, իր դիրքը ճշդել, գիտնալ, թէ ո՞ւր կը գտնուիս, գիտնալ իր դիրքը՝ խաղընկերներու եւ հակառակորդներու դիրքերու հետ բաղդատաբար։ Ասիկա շնորհք մը կը թուի, սակայն սովորութիւնը մեծ դեր ունի հոս։
Լսա՞ծ էք «աչք-քամերա» ասոյթը, որ նորաձեւութեան անցած է։ Ան կը պատկերէ հետեւեալը, տեսնել լայնօրէն, տեսնել ամէն բան, հակառակ անոր որ ամէն բանէ առաջ եւ մանաւանդ կը դիտես գնդակը։
Ամէն պարագայի, ըլլա՛յ ձեր ոտքին ներքնամասով տրուելիք փասի մը կամ հսկողութեան մը պարագային, ըլլայ էական հարուածի մը ատեն, ֆութպոլիստ մը ուշադրութեամբ պէտք է դիտէ գնդակը, զարնելէ առաջ եւ զարնելու ընթացքին (եւ պէտք է տեսնել ոտքին էջքը գնդակին վրայ)։
Այս բոլորը ըմբռնելէ ետք, պէտք է զանոնք իւրացնել ու գործադրել կանոնաւորապէս, որովհետեւ խաղացողը կարգ մը հարուածներ անտեսելու սովորութիւնը շուտ կը ստանայ։ Այդ սովորութիւնը յետագային դժուար պիտի ըլլայ սրբագրել։
Եթէ երկար ատեն խաղաք, պիտի կորսնցնէք ձեր կարգ մը շարժուձեւերը, առաջին հերթին ամենէն դիւրինները անխուսափելիօրէն։ Արդ «մեծ ֆութպոլիստը» այն է, որ երբեք դիւրին գործերու մէջ չի վրիպիր։
ՌԷՅՄՈՆ ԿՐԱԹԸՐՕ