ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
14-րդ դարու գերմանացի միսթիք փիլիսոփայ քարոզիչ Մէյսդըր Էքհարտ ի միջի այլոց կ՚ըսէ. «Աստուած Սէր է. Իր էութիւնը Սէր է. ուստի ես շնորհակալ չեմ ըլլար, որ զիս կը սիրէ, քանզի չի կրնար տարբեր ըլլալ ինք իր բնութենէն: Ան զիս ստեղծեց ինծի համար»:
Մարդկային բնութիւնն ալ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ «Ես»ակեդրոնութիւնը, որմէ՝ «Առաջին եւ Վերջին սէրը, անգին սէրն է», կասկածելու ոչ մէկ պատճառ: Փաստե՞ր ամէնուր եւ տեսակաւոր: Ըլլայ սէրը Աստուծոյ հանդէպ, կամ Հայրենիքի եւ կամ զաւկի:
Եւ սակայն այս խորքն է:
Խորքէն դուրս կայ մարդկային փոխյարաբերութիւնը, որ երբեմն անհատականէն, կուսակցականէն, միութենականէն կը հասնի պետութիւններու, որուն անուն մը կու տան՝ «փրոթոքոլ»: Ամէն պետութիւն ունի իր քաղաքականութիւնը ի հարկէ, որ կը միտի առաւելագոյն շահոյթը մատակարարել իր երկիրին ամէն մարզի մէջ՝ բարոյական, տնտեսական եւ այլն...։
Պէտք էր 101 տարիներ անցնէին... որպէսզի Գերմանիա ընդունէր հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն մէջ ան իր բաժինը ունէր... Փաստօրէն, եւ գործնականօրէն… Պէտք էր… Երեւի այս օրերուն այդ բոլորը ընդունէր՝ ինչ-ինչ հաշիւներով։ Հեռագիրներ... անպակաս եղան ի հարկէ հայ ժողովուրդի անունով: Այդպէս է հարկը: Երեւի:
Շատ պիտի փափաքէի թափանցել խորքը, սակայն ի հարկէ իմ կարողութենէս անհասանելիօրէն հեռու է: Ամէն ճիւղ սիրելի է, սակայն քաղաքագիտութիւնը, որ ի հարկէ կը պարփակէ դիւանագիտութիւնը, կրնայ ազգ մը փրկել կամ զրկել իրաւունքէ, քանի որ ամէն ինչին գլուխն է ան: Եւ սակայն ափսոս: Չեղաւ: Այս նոր ցաւ մը չէ ինծի համար... կէս դար առաջ գրած եմ.-
«Ձեզ չեմ մոռնար երբեք, երբեք
Հին «ընկերներ» հին օրերու
Մանաւանդ որ դեռ վէրք է վէրք
Տխուր երգով մը անլեզու...»։
Եզրակացութիւն՝
Ամէն ոք իր ճամբով: Փրոթոքոլի մարդ չեմ: Անձնապէս հիմա կ՚ապրիմ մեր կորուստը ու երբեք ալ շնորհակալութիւն ըսելու շրթներս չեն շարժիր:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»