ՈՒՂՂԱՄԻՏ ՄԱՆՉՈՒԿԸ
911-ը շտապ օգնութեան թիւն է բովանդակ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին։ Հրդեհի, զինուած աւազակութեան, ինքնաշարի արկածի, փողոցային կռիւներու, ոճիրի գործադրութեան եւ կամ յանկարծակի հիւանդութեան պարագային, երբ հեռաձայնես այդ թիւին՝ ոստիկաններ, հրշէջներ եւ հիւանդապահներ անմիջապէս կը փութան տուեալ վայրը, օգնութեան իրենց ձեռքը երկարելու աղէտեալին։
Հետեւեալ դէպքը կը պատահի Մասաչուսեց նահանգի Քուինսի քաղաքին մէջ։ Վեց տարեկան մանչուկ մը՝ Ռապի անունով, նստած ինքնաշարժին մէջ՝ կը հետեւէր հօրը ինքնաշարժը վարելու եղանակին։
Հայրը երբ կարմիր լոյսին չկենալով աջ կը դառնայ, ձեռքի հեռաձայնով կը զանգահարէ 911 եւ ոստիկանին կը բացատրէ, թէ հայրը երթեւեկի օրէնքը խախտելով սխալ մը գործեց։ Ան քիչ մըն ալ յառաջ կ՚երթայ նկարագրելով, թէ իրենց նոր ինքնաշարժը կը պատկանի մօրը եւ թէ անոր գոյնը սեւ է...։
Ոստիկանը անդրադառնալով, որ եղածը պարզ թիւրիմացութիւն մըն է, կ՚ուզէ հօրը հետ խօսիլ։ Հայրը ներողութիւն կը խնդրէ ոստիկանէն, զինք անտեղի կերպով անհանգստացնելու համար եւ անշուշտ կը սաստէ իր զաւակը, որ նման խեղկատակութիւններէ հեռու մնայ։
Հոս պէտք է նշել, որ ըստ երթեւեկի օրէնքին, կարմիր լոյսին կրնաս աջ դառնալ՝ եթէ դիմացէն ինքնաշարժ չի գար եւ անշուշտ եթէ հետիոտն անցորդներ չըլլան ճամբան։
Ռապին հիմա Պապէն աւելի Պապական չեղա՞ւ, դուք որոշեցէք։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»