Ար­շակ ­Չօ­պա­նեան. Գ­րա­կան-մշա­կու­թա­յին Մեր Հարս­տու­թեանց Յու­շա­րար Պատ­գա­մա­բե­րը

«Ազգ մը չի կորսուիր, երբ գիտէ իր սխալները ճանչնալ եւ ինքը զինքը ուղղել»:

Հայ ազգային արժանաւորութեան խորաչափումը կատարող նման պատգամներու բանբերն է հայ գրականութեան անմահներէն Արշակ Չօպանեան (1872-1954), որուն ծննդեան 145-րդ տարեդարձը կը յուշենք Յուլիսի 15-ին։

Բազմաշնորհ մեծութիւն մըն է Չօպանեան, որ բարձրադիր իր պատուանդանը նուաճած է հայ գրողներու յաւերժական պանթէոնին մէջ եթէ ոչ անպայման գրական-գեղարուեստական իր ժառանգութեամբ, բայց հաստատապէս հայ մշակոյթի հարստութիւններուն նկատմամբ իր տածած անհուն սէրով, հայ լեզուի պաշտամունքով ու զայն կատարելագործելու կիրքով եւ, յատկապէս, հայկեան հանճարի անկորնչելի գեղեցկութիւնները վերծանելու, արժեւորելու եւ սեփական ժողովուրդին ու ողջ մարդկութեան փոխանցելու իր անխոնջ աշխատանքով եւ պատկառելի վաստակով։

Ինչպէս որ 1913-ին Գրիգոր Զօհրապ գրած է Չօպանեանին ուղղուած անձնական իր նամակներէն մէկուն մէջ՝ «միս-մինակդ ըրիր ինչ որ շատեր միացած չէին կրնար ընել. եւ ինչ որ ամենէն յարգելին է քու աշխատութեանց մէջ, դուն հիանալի երկիւղածութեամբ մը նուիրեցիր ինքզինքդ փշրանքներն ու նշխարները հաւաքելու մեր գրական անցեալին, ճիշդ անոր՝ որ ամենէն մոռցուածն ու լքուածն է»։

Աւազանի անունով Չօպանեան Արշակ Յովհաննէսի, մեծանուն հայ գրողը, քննադատը, բանասէրը, հրապարակագիրը, թարգ-մանիչն ու հասարակական գործիչը ծնած է Պոլիս, 15 Յուլիս 1872-ին, ակնցի ոսկերիչի ընտանեկան յարկին տակ։

Ուսումը ստացաւ նախ Պոլսոյ Մաքրուհեան դպրոցին, ապա՝ Կեդրոնական վարժարանին մէջ՝ աշակերտելով ժամանակի ականաւոր գրական գործիչներու։ Սկսաւ ստեղծագործել վաղ տարիքէն՝ ինքնուրոյն եւ թարգմանական գործերով աշխատակցելով «Բուրաստան մանկանց», «Արեւելք», «Մասիս» եւ «Հայրենիք» պարբերականներուն։ 1895-ին խմբագրեց «Ծաղիկ» կիսամսեայ թերթը։ Նոյն տարին, իր կարգին խոյս տալով Համիտեան իշխանութեանց հետապնդումներէն, տեղափոխուեցաւ Փարիզ, որ դարձաւ իր մնայուն բնակավայրը։ Ձեռնարկեց «Անահիտ» գրական-գեղարուեստական մեծարժէք հանդէսի հրատարակութեան (1898-1911, նոր շրջան՝ 1929-49)։ Նաեւ մասնակցեցաւ «Վերածնունդ» (1917-19) եւ «Ապագայ» (1921-24) թերթերու խմբագրումին։

Արշակ Չօպանեան երկար ապրեցաւ եւ բախտը ունեցաւ սերնդակիցն ու գործակիցը ըլլալու հայ մտաւորականութեան թէ՛ նախաեղեռնեան, թէ՛ յետեղեռնեան սերունդներուն։ Իբրեւ գեղարուեստական մեծ ճաշակի տէր հեղինակութիւն՝ գրական քըն-նադատի իր անփոխարինելի ներդրումը ունեցաւ երիտասարդ արժէքներու յայտնաբերման եւ խրախուսման մէջ։

Ստեղծագործեց գրական բոլոր սեռերուն մէջ։ Բանաստեղծութիւնները ամփոփուած են «Արշալոյսի ձայներ» (1891), «Թրթռումներ» (1892) եւ «Քերթուածներ» (1908) հատորներուն մէջ, որոնք կը յատկանշուին ռոմանթիք բանաստեղծութեան «միակողմանիութիւնը յաղթահարելու եւ իրականութեան կենդանի գիծերը արտայայտելու ձգտումով», ինչպէս որ նշած է գրականագէտ Է. Ջրբաշեան։ Չօպանեան հրատարակած է նաեւ «Թուղթի փառք» (1892) հոգեբանական վիպակը, «Տղու հոգիներ» (1923) պատմուածքներու եւ պատկերներու ժողովածոն, «Մութ խաւեր» (1893) ու «Հրաշքը» (1923) թատերախաղերը եւ այլ երկեր։

Չօպանեանի ներդրումը առանձնապէս տիտանական է գրականագիտական եւ բանասիրական ասպարէզին մէջ։ Իրեն կը պարտինք միջնադարեան հայ տաղերգութեան գեղեցկութիւնները վերծանելու եւ մեր սերունդներուն ու ամբողջ աշխարհին ծանօթացնելու անփոխարինելի ներդրումը։

Չօպանեան հայերէնով եւ ֆրանսերէնով հրատարակեց միջնադարեան ու նոր շրջանի գրական յուշարձաններ՝ Նահապետ Քուչակին վերագրուող քառեակներուն եւ ընդհանրապէս միջնադարեան «հայրէններու» ժողովածոները («Նահապետ Քուչակի դիւանը», 1902, «Հայրէններու բուրաստանը», 1940), «Նաղաշ Յովնաթան աշուղը եւ Յովնաթան Յովնաթանեան նկարիչը» (1910), «Հայ էջեր» (1912) գիրքերը։

Չօպանեան առաջինը եղաւ, որ Գրիգոր Նարեկացիի ժառանգութիւնը վերլուծեց իբրեւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւն՝ բացայայտելով կրօնախորհրդապաշտ շղարշի տակ պահուած Նարեկացիի խոր մարդասիրական էութիւնը եւ, իբրեւ այդպիսին, Նարեկացին դասելով համաշխարհային գրականութեան հսկաներու կողքին։

Չօպանեան նաեւ կազմեց ու առանձին հատորներով լոյս ընծայեց Պետրոս Դուրեանի (1894) եւ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի (1907) երկերը, որոնց նուիրեց նաեւ ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ։

Չօպանեան-քննադատի նախասիրած մարզը էսսէ-դիմանկարի գրական ոճն է. սեղմ շրջագիծերու մէջ ան կը ներկայացէ ծանօթ գրողներու ընդհանրական, խոր եւ դիպուկ բնութագիրը, կը բացայայտէ անոնց ստեղծագործական մտածողութեան, աշխատակարգին (մեթոտ) եւ ոճին էական գիծերը։

Այդպիսի յօդուածներ նուիրած է Խ. Աբովեանին, Ղ. Ալիշանին, Յ. Պարոնեանին, Գ. Սունդուկեանին, Րաֆֆիին, Պ. Պռօշեանին, Ա. Շիրվանզատէին, Համաստեղին եւ այլոց (անոնց զգալի մասը ամփոփուած է «Դէմքեր» (հ. 1-2, 1924-29) ժողովածոներուն մէջ։

Վերջապէս, Չօպանեան մեծ աշխատանք կատարեց հայ գրականութիւնը Եւրոպայի մէջ քարոզելու եւ հայ ժողովուրդին դատը պաշտպանելու ուղղութեամբ։ Անձնական եւ նամակագրական կապեր ունեցաւ ժամանակի եւրոպացի գրողներու եւ հասարակական գործիչներու հետ։ Թարգմանեց եւ ֆրանսերէնով հրատարակեց հին ու նոր շրջանի հայ բանաստեղծներու բազմաթիւ երկեր։ Այդ աշխատանքին պսակը եղաւ «Վարդենիք Հայաստանի» ֆրանսերէն (հ. 1-3, 1918-1929) ժողովածոն։

Մեծանուն հայը զոհ գնաց պատահական ինքնաշարժի արկածի, 1954 թուականի Յունիսի 8-ին եւ արժանացաւ համազգային յուղարկաւորութեան ու թաղումի։

Արշակ Չօպանեանի հարուստ վաստակէն մեր սերունդները ժառանգեցին անսպառ սէրն ու պաշտամունքը մեր Մայրենիին՝ արձագանգելով հայ մշակոյթի մեծանուն գործիչի պատգամին. «Ո՜վ մեր լեզուն, հայելի մաքրութեան, գորովի եւ արիութեան, դուն մեր հոգին ու մեր արիւնն ես, դուն մեր զրահն ու մեր փառքն ես»:

Ա. Չօպանեանի ժառանգութեան կոթողական նուաճումին՝ «Անահիտ» ամսագրի արժեւորման նուիրուած է արուեստաբանութեան դոկտոր Գ. Խ. Ստեփանեանի հետագայ վկայութիւնը, գրուած՝ մեծանուն հայուն ծննդեան հարիւրամեակին առիթով.

«Անահիտ» հանդէսը լոյս է տեսնում երկու պարբերաշրջաններով՝ 1898-1911թթ. եւ 1929-1949թթ.: Արշակ Չօպանեանը իր հանդէսում եղել է ե՛ւ խմբագիր, ե՛ւ գրել է իւրաքանչիւր համարում հայ հասարակական, քաղաքական, մշակութային յօդուածներ, ինչպէս նաեւ հանդէսի լրատուական բաժինը: «Անահիտ» հանդէսի ծրագիրն էր՝ տպագրել ուսումնասիրութիւններ հայ ժողովրդի պատմութեան, գրականութեան, գեղարուեստի եւ լեզուի մասին, ուսումնասիրութիւններ գիտութեան մասին, վիպակներ, վէպեր, բանաստեղծութիւններ եւ արձակներ՝ թէ՛ հայերէն եւ թէ օտարալեզու:

«Լրատուական բաժինը իրենից ներկայացնում էր հայ հասարակական եւ մտաւոր կեանքի անգին մի տարեգրութիւն, որն ընդ-գըրկում է գրական, գեղարուեստական, քաղաքական իրադարձութիւններից մինչեւ կեանքից հեռացած գործիչների մահախօսականներ: Ի հարկէ, հետագայում այս ծրագիրը համալրուեց եւ կատարելագործուեց:

«Արշակ Չօպանեանը «Անահիտ»ում տպագրել է անտիկ շրջանի եւ հետագայ դարերի դասական գրականութեան շատ նմոյշներ, արուեստի տարբեր ճիւղերին՝ նկարչութեանը, քանդակագործութեանը, երաժշտութեանը, թատրոնին, ճարտարապետութեանը նուիրուած յօդուածներ: Հանդէսում տեղ են գտել Թորոս Թորոմանեանի արժէքաւոր ուսումնասիրութիւնները հայ հին ճարտարապետութեան մասին, Գարեգին Յովսէփեանի յօդուածները՝ հայ մանրանկարչութեան վերաբերեալ: Արշակ Չօպանեանը տպագրել է նաեւ առանձին յօդուածներ Կոմիտասի, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի, Էդգար Շահինի եւ արուեստի այլ բնագաւառների ներկայացուցիչների մասին: Ի դէպ, Էդգար Շահինը «Անահիտ» հանդէսի առաջին ճակատազարդի հեղինակն է՝ հին հայկական մանրանկարչական ոճով, իսկ երկրորդինը՝ Մելքոն Քեպապճեանն էր:

«Սա հսկայական աշխատանք էր, որը կարող էր անել միայն շնորհալի, բարձր կրթը-ւածութեամբ եւ աշխատասէր մարդը, որը անսահման հայրենասէր էր եւ իր հայրենիքի մշակոյթն էր տարածում ամբողջ աշխարհով, այդպիսով կռուելով թշնամու դէմ, թոյլ չտալով նրան ոչնչացնելու իր ազգը: «Անահիտ» հանդէսը ծառայում էր ընթերցողների մտաւոր մակարդակի բարձրացմանը, նրանց հաղորդակից էր դարձնում համաշխարհային գեղարուեստական մտքին»:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 17, 2017