ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԵՐԵՔ ՍԵՐՈՒՆԴ… ԵՒ ՄԷԿ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Պատերազմ։ Շատեր կը խօսին ատոր մասին։ Կեանքեր «փոխող», վէրքը վէրքին վրայ բարդող եւ արիւններու մէջէն ու արիւններու միջով նոր քարտէսներ գծող այս երեւոյթը, միայն կրօնական տարակարծութիւններու, ատելութեան, ոխի ու քէնի հիմքով եղած դրոյթ մը չէ, այլ աւելին։ Պէյրութի «Նոր Հաճըն» շրջանին կից կար «Ալ Պատաուի» թաղամասը, ուր ամէն շաբաթ այցի կ՚երթային։

Փողոցը նշանաւոր էր իր հայ արհեստաւորներով, որոնց «էմէկ»ին շնորհիւ հայերը յաջողած էին մեծ վարկ ստեղծել լիբանանցիներու մօտ։

Փոքր, մութ եւ նկուղի նմանող վաճառատուներուն մեծամասնութիւնը հիմնուած էին 1940-ականներուն, երբ գաղութը նոր կը կազմուէր ու այդ ժամանակ երիտասարդութեան համար կար մէկ ու միակ ուղղութիւն մը, որն էր արհեստագործութիւնը։

Ինքնաշարժ նորոգող վարպետներ, «թորնոճի» վարպետներ, ինքնաշարժը «տզող փչող» վարպետներ, մինչեւ խանութներու դուրսի երկաթէ փեղկերը նորոգող ու նորը պատրաստող վարպետներ։ Այս վերջինները «տարապաճի» կը կոչուէին։ Բառը թերեւս թրքերէն է, որուն իմաստը կը կապուէր խանութները պահպանող արտաքին երկաթեայ-վարագոյր փեղկերուն հետ։

Ամէն ինչ մէկ կողմ, սակայն լաւ կը յիշեմ, որ «Պատաուի» թաղին վրայ եղող ամենայայտնի «տարապաճիներ»ը երկու մեծահասակ եղբայրներ էին, որոնց հռչակը շատ հեռուները հասած էր։ Հակառակ իրենց յառաջացեալ տարիքին, այս մարդիկ կը շարունակէին աշխատիլ ու կը համարուէին պէյրութցիներու համար անհրաժեշտ համարուող արհեստին իրական «բժիշկներ»ը։

Հետաքրքրականն այն էր, որ անոնք՝ երկու վարպետները հայ մամուլի մոլի ընթերցողներ էին… Հիմա երբ երեսուն տար-ւան պատմութիւն ունեցող դիպաշարը կը փորձեմ մտաբերել, լաւապէս կը յիշեմ, թէ զանազան առիթներով ալ անոնց հետ ունեցած էի բուռն վէճեր...

Այդ մարդիկ ազգային ջիղ ունեցող մարդիկ էին, ու իրենց համար ամենաթանկ ու ամենաբարձր արժէքը Հայաստանն էր։ Անոնց հետ իմ ունեցած տարակարծութիւնը միայն քաղաքական դիմագիծ չունէր, այլ կար հարցերը դատողութեան նժարին վրայ դնելու եւ զանոնք քննարկելու բացորոշ տարբերութիւն մը։ Անոնք կը դաւանէին Խորհրդային Հայաստանը, որպէս հայութեան եւ հայ ազգին մէկ ու միակ «փրկութեան լաստ» ու քիչ մըն ալ թերահաւատ հայեացքներ ունէին այդ օրերուն դեռ նորանկախ Հայաստանին հանդէպ։

Հիմա՝ երբ իրերուն կը նայիմ այսքան տարուան հեռաւորութենէ, իրավիճակները աւելի «խաղաղ» ու հանգիստ կերպով ընկալելու փորձ կ՚ընեմ։ Այդ մարդոց համար եղած էր մէկ ճշմարտութիւն, որն էր Խորհրդային Հայաստանը, իսկ այս տողերը գրողին համար կար համայնավար Հայաստան մը, որուն մասին յաճախ կը լսէի հօրս՝ պարոն Աբրահամի բերնէն։

Իրավիճակը հասկնալի է կարծեմ. մեր պէյրութեան հասարակութեան մէջ այդ օրերուն ու վստահաբար աւելի վաղ ժամանակներուն, այդ յստակ, տեսանելի, կարծր եւ պինդ գիծերով իրարմէ բաժնուած երկու ճամբարներուն մօտեցումն ալ հասկնալի էր։

Տակաւին հարկ է նշել, որ ինչ-ինչ դարանակալ պայմաններու տակ Լիբանանի հայութեան երկու, մէկ կողմէ «հայաստանասէր» եւ յառաջադէմ, իսկ միւս կողմէ ալ «ազգայնական» եւ հակահամայնավար համարուած հատուածները, ինչպիսի արիւնալի վէրքեր կը պատճառէին իրարու։ Այդ բոլորը անշուշտ քննութեան արժանի դէպքեր են, որոնց մասին շատ քիչ կը գրուի, կամ առհասարակ շատ քիչ կը խօսուի…

Խնդիրը սակայն այդ մօտեցումներուն մէջ չէր, խնդիրը բոլոր կողմերուն անցած ու սուինի հարուածներ տուած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հարցն էր, որ աւելի ուշ տակնուվրայ պիտի ընէր Լիբանանի հայութեան կեանքը եւ շուրջ 250 հազար հայութիւն հաշուող հայագաղութը պիտի մատնէր բաւական դժուարին իրավիճակի։

Նոյն այդ պատճառներուն բերումով ալ շատեր պիտի գաղթէին, շատեր պիտի լքէին իրենց ծննդավայրը ու շատեր անորոշութեան մէջ իյնալու գնով առյաւէտ հեռանային Լիբանանի «տաք» ափերէն։

Ի դէպ, երկու «տարապաճի» բարեկամներուս հետ խօսած ատեն, տարբեր առիթներով ալ հակառակ եղած բուռն վէճերուն, կը փորձէի ականջ տալ անոնց խօսքերուն...

Ու հիմակուան պէս կը յիշեմ, որ վէճի ամենէն տաք պահուն, յանկարծ ձայնս կը խեղդուէր, երբ անոնք միաբերան մարգարէական խօսք մ՚արտայայտելով կը բարձրաձայնէին՝ «Տղաս, Սագօ, այս պատերազմները մերը չեն...։ Պիտի գայ օր մը, երբ դուն ալ մեր հետ համաձայնելով պիտի ընդունիս իրողութիւնը, ու վերջապէս հասկնաս, որ մեր երկրէն՝ Հայաստանէն դուրս եղած որեւէ պատերազմի պարագային մենք միայն վնասով դուրս պիտի գանք։ Վնասով դուրս պիտի գանք, որովհետեւ այս հողերը մերը չեն, հետեւաբար մղուող կամ մղուելիք պատերազմներն ալ մերը չեն»։

Հիմա, երկար տարիներ անցած են այդ օրերէն ու այսօր Սուրիոյ մէջ պատահող դէպքերը, ծանր ու յաճախ արիւնալի դէպքերը ցոյց կու տան, որ Հայաստանէն դուրս ո՛չ մէկ տեղ, ո՛չ մէկ ափի, ո՛չ մէկ եզերքի վրայ հայուն ապագան ապահովուած է... բացի իր երկրէն։ Այդ երկիրը վատ կամ լաւ, կարեւոր չէ, աղքատ կամ ինքնաբաւ, գեղեցիկ կամ նօթի կարեւոր չէ, երկիրը հողն է, այդ հողն է, որ կ՚երաշխաւորէ այսօրուան հայ մարդուն անվտանգութիւնն ու այդքան թանկ ապահովութիւնը։

Մենք տեսանք, թէ երէկ՝ ոչ վաղ անցեալին ի՛նչ պատահեցաւ Լիբանանի մէջ, ու այսօր նոյնպէս կը տեսնենք, թէ ի՛նչ կը պատահի Սուրիոյ մէջ...։

Ի դէպ, այս գաղափարները ուզեցի գրի առնել ձեւով մը արձագանգելով խօսքերուն մինչեւ այս պահը Հալէպ ապրող հայ բժիշկին, որուն կարծիքով ալ պատերազմին Հալէպը լքել ստիպուած մեր հայրենակիցները սխալական են...

Ամէն պարագայի, աւելի մօտէն իմանալու համար, որ այսօր ի՛նչպիսին է Հալէպի ընդհանուր իրավիճակն ու ի՛նչպիսի պայմաններու մէջ կը շարունակէ ապրիլ ու գոյատեւել հալէպահայը այսօր, կ՚արժէ կարդալ իմ սիւնակի այսօրուան հիւրին՝ մանկաբարձ բժիշկ Մելքոն Գալայճեանին հետ իմ ունեցած զրոյցը։

-Ներկայիս ինչպէ՞ս կը բնութագրէք Հալէպի ընդհանուր իրավիճակը:

-Ապահովական վիճակը, ինչպէս նաեւ օրուայ կենցաղային պահանջները՝ ելեկտրականութիւն, ջուր, հաց, հաղորդակցութեան միջոցներ, վառելանիւթ, օրէ օր կը բարելաւուին:

-Ի՞նչ են հալէպահայութեան գլխաւոր դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները:

-Դժուարութիւնները հիմնականին մէջ տնտեսական են: Հալէպահայը, որ դիմագրաւեց դաժան տարիները, ունի մէկ մարտահրաւէր եւ պարտաւորութիւն, այն է՝ Հալէպը վերականգնել որպէս մայր գաղութ՝ իր եկեղեցիներով, դպրոցներով եւ ակումբներով:

-Որպէս համայնքային գործիչ, ի՞նչ ոլորտի մէջ կը գործէք, ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք տալ ձեր գործունէութեան մասին:

-Ես բժիշկ եմ, մասնագիտութեամբ՝ մանկաբարձ, կնախտաբան-կանանց վիրաբոյժ: Համեստաբար անդամ եմ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Սուրիոյ Շրջանակային յանձնաժողովին եւ ատենապետը՝ ՀԲԸՄ-ի Առողջապահական յանձնախումբին, որուն կատարած բարեսիրական եւ առողջապահական գործունէութեանց մասին բոլորդ ալ տեղեակ էք: Տագնապի տարիներուն եւ մինչեւ այսօր կը շարունակեմ իմ մասնագիտական եւ հասարակական գործունէութիւնը:

-Ձեր կարծիքով՝ այսօր ի՞նչն է, որ կը պակսի հալէպահայութեան, որպէսզի ընթացք առնէ Հալէպի վերականգնումի այդքան կարեւոր գործը։

-Հալէպահայը հպարտ եւ արժանապատիւ անձ է եւ ոչ՝ խեղճ, ողորմելի: Դաժան տարիներուն համայն հայութիւնը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, իրենց ազգային պարտականութիւնը կատարեցին եւ կը կատարեն նիւթաբարոյական իմաստով, մինչեւ հալէպահայը ինքն իր ուժերը հաւաքէ եւ հաստատուն քայլերով ընթանայ դէպի առաջ:

-Տարբեր առումներով որոշ տեղաշարժեր տեղի ունեցան Հալէպի մէջ. օրինակ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցը, Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վերաբացումը, զանազան միութիւններու աշխատանքներու վերսկսիլը, արդեօք այս բոլորը բաւարա՞ր են, ըսելու համար, որ Հալէպը մտած է վերականգնումի փուլը:

-Ձեր նշած երեւոյթները գաղութը կ՚աշխուժացնեն, անոր յոյս եւ եռանդ կը ներշնչեն ու հիմք կը դառնան գաղութի ապաքինման եւ վերականգնման: Նշեմ, որ Հալէպի մարզամշակութային կեանքը կը շարունակուի նոյնիսկ աւելի եռանդուն, քան կարգ մը հայահոծ եւ կայուն եղող որոշ գաղութներու մէջ։

-Դուք չհեռացաք Հալէպէն, հակառակ պատերազմական թէժ իրավիճակին, արդեօք զղջացա՞ծ էք այդ որոշումին համար:

-Չեմ զղջացած եւ ոչ ալ կը զղջամ: Եթէ որպէս բժիշկ պատասխանեմ, ոեւէ բժիշկ վիրաւոր հիւանդը չի յանձներ ճակատագրի խաղերուն, այլ կ՚աշխատի անոր կեանքը փրկել: Եթէ պատասխանեմ որպէս սուրիահայ քաղաքացի, Հալէպը իմ ծննդավայրն է, մանկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան յիշատակարանը, մեր պապերու եւ տատերու արդար քրտինքով հիմնուած եկեղեցին, դպրոցը, ակումբը, իրենց շիրիմները այստեղ են. միթէ կարելի՞ է հեռանալ: Մահը մարդու իրաւունքն է, ես կ՚ըսէի մէկ անգամ կը մեռնիմ Հալէպի մէջ, քան թէ օտարութեան մէջ ամէն օր մեռնիմ: Անշուշտ Հայաստանը բացառուած է այս տողերէս:

-Որոշ պատգամ մը ունի՞ք Հալէպէն հեռացած ձեր հայրենակիցներուն, ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել անոնց:

-Հալէպէն հեռացողները իրենց պատճառները ունին, մարդիկ կամայ թէ ակամայ մեկնեցան: Եթէ զղջացած են, թող վերադառնան, եթէ ոչ՝ հալէպահայութիւնը հանգիստ թող ձգեն, չխրախուսեն զանոնք Հալէպը լքելու կապակցութեամբ: Նամանաւանդ «հայ» անունը կրող որոշ կազմակերպութիւններ, որոնք փոխանակ հալէպահայուն բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու, որպէսզի Հալէպի մէջ գոյատեւէ եւ ապրի կամ հայրենադարձութիւնը քաջալերելու, հայութիւնը օտար հեռու ափեր տանելու գործ կ՚ընեն:

-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հալէպի մօտիկ ապագան:

-Յոյսը մարդու գոյատեւման գրաւականն է, հալէպահայը յուսահատելու իրաւունք չունի: Հալէպի հայ գաղութը խոր արմատներ ունի։ Այո՛ ցնցուեցաւ, նօսրացաւ, սակայն, ինչպէս սուրիական հայրենիքը, չփլուզուեցաւ: Լաւատես ըլլալ պէտք է եւ ապագային նայիլ վարդագոյն ակնոցներով:

-Ապագայի առումով արդեօք վտանգուա՞ծ կը տեսնէք հալէպահայութիւնը:

-Սուրիահայութիւնը կը վայելէ արաբ ազնիւ ժողովուրդի յարգանքը, նաեւ ուշադրութիւնը եւ հոգատարութիւնը Սուրիոյ կառավարութեան եւ իշխանութիւններուն։ Ու այս բոլորը նաեւ պատճառ են, որ սուրիահայութիւնը շարունակէ իր երթը ապահով եւ անվտանգ պայմաններու տակ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 17, 2019