ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ
ԶԱՄԲԻՒՂԸ
Արտաքին երեւոյթով դաշտագնացութեան զամբիւղ մըն է սա (picnic basket), սակայն խորքին մէջ՝ ուրիշ բան է այդ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ եւ վստահ եմ պիտի զարմանաք։
Արդարեւ, Օհայօ նահանգի Նիւ Եորք քաղաքին մէջ եօթ յարկանի շէնք մըն է այդ՝ որ կը ծառայէ որպէս գլխաւոր կեդրոնատեղի, Longaberger ընկերութեան։ Անշուշտ կռահած պէտք է ըլլաք, որ այդ ընկերութեան մասնագիտութիւնն է արտադրել դաշտագնացութեան զամբիւղներ, ինչպէս որ նկարը ցոյց կու տայ…
Այդ շէնքը կառուցուած է 1997 թուականին եւ արժած՝ 32 միլիոն տոլար։ Իսկ հիմա այդ շէնքը ծախու դրուած է 5 միլիոն տոլարի, սակայն հետաքրքրուող չկայ։
Կար ժամանակ՝ երբ գործերը լաւ էին, այդ շէնքը կը պարբակէր մինչեւ 225 պաշտօնեայ։ Բայց Ամերիկայի մէջ՝ ինչպէս այլուր, գործերը լաւ կ՚ընթանան ժամանակ մը եւ յանկարծ ամէն ինչ կը յեղաշրջուի՝ ի վնաս պաշտօնեաներուն, որոնք պէտք է ճկուն ըլլան, որպէսզի կարենան ուրիշ գործով մը իրենց ընտանիքներուն ապրուստը ապահովել։
Ըստ իս՝ դաս առնելիք երկու կէտ կայ այս տխուր երեւոյթին մէջ։ Նախ որ գործատէրեր պէտք է հեռատես ըլլան եւ անդրադառնան, որ գործառնութիւններ կրնան ելեւէջ ունենալ, այսինքն՝ գործը այսօր լաւ է, բայց կրնայ վաղը լաւ չըլլալ։ Ուրեմն պէտք է ըստ այնմ ծրագրել՝ առաջքը կարենալ առնելու համար նման դժբախտութեան մը։
Երկրորդ, գործատէրեր պէտք է ըլլան տրամաբանական՝ իրենց ծրագիրներուն մէջ եւ ոչ թէ զգացումէ մղուած իրենց որոշումներուն մէջ։ Այսինքն՝ եթէ արտադրութիւնդ զամբիւղ է, պայմա՞ն է որ կեդրոնատեղիդ նմանի զամբիւղի մը։ Տրամաբանական նոյն ենթադրութեամբ, եթէ դագաղագործ ես՝ պէ՞տք է որ գործատեղիդ նմանի դագաղի մը եւ այլն…
ՓԵՐԵԶԱԿԸ
Այս դէպքը կը պատահի Շիքակոյի մէջ։ Ֆիտէնսիոյ Սանչէզ 79 տարեկան թոշակառու մըն է, որ կ՚ապրի իր թոշակառու տիկնոջ հետ։ Մի քանի շաբաթներ առաջ, իրենց դուստրը անակնկալօրէն կը մահանայ, որբ ձգելով իր երկու մանչ զաւակները։
Ուրեմն, թոռնիկներուն ապրուստը կարենալ հոգալու համար, Ֆիտէնսիոյ Սանչէզ կը ստիպուի ետ գործի երթալ։ Ան կը դառնայ փայտէ ցողիկներու վրայ պաղպաղակ (popsicle) ծախող փերեզակ։
Պաղպաղակ ծախող փերեզակները կարելի է գտնել ծովեզերեայ շրջանները, փոքրիկներու խաղավայրերուն մէջ եւ դպրոցներու մուտքերուն մօտ։ Այդ վայրերու մէջ, պաղպաղակը փնտռուած ուտելիք է, յատկապէս ամառուան տաք օրերու համար։
Սէրանդէս Մասիաս անունով բարի մարդ մը կը տեսնէ ծերուկ մարդուն չարչարանքը, որ դժուարութեամբ կը քշէ պաղպաղակներու կառքը: Ան կը մեղքնայ անոր վիճակին եւ կ՚ուզէ ձեւով մը օգտակար հանդիսանալ։
Մասիաս ուստի յայտարարութիւն/կոչ մը կը հրատարակէ ֆէյսպուքի (facebook) վրայ, որպէսզի փափաքողներ նուիրատուութիւն կատարեն եւ ծերուկ մարդը փրկեն այդ անել կացութենէն։ Ի՜նչ հրաշք՝ 15.000 անհատներ, 52 երկիրներէ կը մասնակցին նուիրահաւաքին եւ կը գոյացնեն 384.000 տոլար… Ահա քեզի «Բարի Սամարացի»ի մը հազուագիւտ նախաձեռնութիւնը, որ արձագանգ գտաւ աշխարհի չորս կողմերը։
Սանչէզ հիմա երկրորդ անգամ ըլլալով հանգստեան կոչուեցաւ եւ այս անգամ աւելի ամուր հիմերու վրայ դրուեցաւ իր եկամուտը, որպէսզի իբրեւ միակ հոգատարը իր թոռնիկներուն՝ ան կարենայ ապահովել անոնց ապրուստն ու դպրոցական այլեւայլ ծախսերը։
Մեզի կը մնայ «Պատիւս Արժանաւորաց» ըսելով, ցանկալ որ նման արարքներ անպակաս մնան աշխարհի երեսէն եւ դառնան վարակիչ՝ ծառայելով որպէս լամբար (beacon), խաւարով պարուրուած քսանմէկերորդ դարու մեր առօրեայ տաժանակիր կեանքին մէջ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ