ՀՈԳԵՄԱՏԵԱՆ
2018-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնադրամը իր թիւ 23-ով, ի լոյս աշխարհ ընծայեց լուսահոգի Կորիւն Արք. Պապեանի «Հոգեմատեան» հաստափոր հատորը: Հատորի խմբագիրն է Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան: Հատորը թղթակազմ է ու կը պարունակէ 592 էջ:
Կորիւն Արք. Պապեան ծնած է Լիբանան, 1941-ին: 1957-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք: Չորսամեայ ուսումնական տարիները աւարտելէ ետք, 1961-ին ձեռամբ երանաշնորհ Զարեհ Ա. Փայասլեան Կաթողիկոսին ստացած է քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում:
Կորիւն Սրբազան վարած է հոգեւոր ծառայութիւն Գամիշլիի՝ Սուրիա, Նոր Ջուղայի՝ Պարսկաստանի մէջ (1978-2002) եւ Քուէյթի ու Ծոցի երկիրներուն մէջ (2002-2011): 2011-ին վերադարձած է Անթիլասի Մայրավանք եւ նուիրուած է իրեն համար այնքան սիրելի եւ հարազատ աշխատանքին՝ մտաւորականութեան:
Դպրեանքէն ներս դասաւանադած է Աստուածաբանական եւ եկեղեցագիտական նիւթեր: 1967-73 տարիներուն բարձրագոյն ուսման հետեւած է Օքսֆորտի համալսարանէն ներս: 1977-ին վկայուած է որպէս տոքթոր Աստուածաբանութեան եւ Արեւելագիտութեան, իրեն նիւթ ունենալով՝ «The relations between the Armenian and Georgian Churches»:
1963-ին ստացած է վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն՝ ձեռամբ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսին: 1978-ին ձեռամբ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ստացած է ծայրագոյն վարդապետի աստիճան. 1980-ին դարձեալ Գարեգին Կաթողիկոսի ձեռամբ ստացած է եպիսկոպոսական օծում, իսկ 1986-ին արժանացած է արքութեան տիտղոսին: Վախճանած է 2015-ին:
Լուահոգի Կորին Սրբազան իր տեսակին մէջ եզակի անձնաւորութիւն մըն էր, խոնարհ, բարի, ընկերասէր եւ մանաւանդ կատակասէր: Գիտական առումով, մանաւանդ հայ մշակոյթին ու պատմութեան պատկանող նիւթերու վերաբերեալ կարելի էր անոր հետ ժամերով զրուցել եւ անկէ ամէն անգամ լսել նորովի բացատրութիւններ, նորովի տեսութիւններ, նորովի միտքեր ու գաղափարներ: Հայ գիրին ու գրականութեան նուիրեալ մըն էր ան, ու իր այդ նուիրումը գիրի ու խօսքի միջոցով տարիներ շարունակ փոխանցած է զինք ունկնդրողներուն ու իր գրութիւնները ընթերցողներուն: Տակաւին, ինչպէս գիրքի խմբագիր գերպ. հայր սուրբը հատորին սկիզբը տեղադրուած երկու խօսքին մէջ կը գրէ, թէ՝ «Կորին Արք. Պապեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այն մտաւորական միաբաններէն է, որ անշեղօրէն քալեց գրագիտութեան ուղիէն: Սրբազան Հօր համար, գրագիտութիւնը կամ գրագէտ ըլլալը՝ լոկ գիրք կարդալու կամ գրելու հմտութիւնը չէր, այլ՝ գիրքին հետ խոր մտերմութիւնն էր, եւ անոր հանդէպ գուրգուրոտ վերաբերմունք ցուցաբերելը»:
Հատորը կը բաղկանայ չորս մասերէ:
Առաջին մասին մէջ տեղ գտած են 25 բանաստեղծութիւններ, որոնք գրուած են 1961-1967 տարիներու ընթացքին:
Երկրորդ մասին մէջ ընթերցողը իր տրամադրութեան տակ կը գտնէ 17 հոգեւոր խորհրդածութիւններ, որոնք կ՚անդրադառնան զանազան թեմաներու: Խորհրդածութիւնները այնքան պարզ եւ դիւրահաս կերպով գրուած են, որ ոեւէ ընթերցող որեւէ խորհրդածութիւն կարդացած ժամանակ, անպայմանօրէն դաս մը կ՚առնէ այդ գրութիւններէն:
Երրորդ մասին մէջ կը գտնենք Եկեղեցւոյ սուրբերէն ոմանց մասին գրութիւններ: Այդ գրութիւններուն ընդմէջէն սրբազան հայրը փորձած է ներկայացնել տուեալ սուրբերուն վարքը, գործունէութիւնն ու Հայ Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս Ընդհանրական Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ բերած նպաստը:
Չորրորդ մասը բաժնուած է հիմնական երեք գրութիւններու, որոնց ընդմէջէն սրբազանը ընթերցողին մանրամսնութեամբ կը ներկայացնէ՝
ա. Յովհաննէս Վրդ. Ջուղայեցի (Քթռէշէնց), ռահվիրայ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի տպարանի եւ անոր տխուր վախճանը:
բ. Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի, հիմնադիր Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի տպարանի եւ այդ առիթով խորհրդածութիւններ:
գ. Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքը:
Ընթերցողը այս երեք գրութիւնները երբ կարդայ, ինքզինք մասնակից եւ ներկայ կը զգայ կատարուած անցուդարձերուն, շնորհիւ լուսահոգի սրբազանին ա՛յնքան կենդանի եւ տպաւորիչ ներկայացման ձեւին:
Իսկ հատորի աւարտին տեղ գտած է գրութիւն մը՝ նուիրուած Լեւոն Շանթին, որ կը կրէ «Շանթ-մտաւորականը, արմատներ» վերնագիրը:
Լուսահոգի Կորիւն Սրբազանի բանաստեղծութիւնները կարդալով, ընթերցողը հաղորդակից կը դառնայ նորաօծ երիտասարդ հոգեւորականին ներքին ապրումներուն եւ յոյզերուն, ապրած փոթորիկներուն եւ խաղաղ ովկիանոսին մէջ նաւարկած ժամանակին:
Սրբազան Հօր կրօնաբարոյական գրութիւնները դիւրընթերցելի, պարզ, եւ սակայն միաժամանակ խորունկ եւ ծանրակշիռ գաղափարներով ու մտածումներով լեցուն են: Մարդուն առ Աստուած ունեցած յարաբերութիւնը եւ մարդուն առ մարդ ունենալիք կապն ու պարտաւորութիւնը ա՛յնքան կենդանի կերպով ներկայացուած են իր գրութիւններուն մէջ, որ ընթերցողը նաւարկելով այդ տողերուն մէջ, խաղաղ ու հանգիստ կերպով կը հասնի հասցէագրուած նաւահանգիստ:
Սրբազանին գրութիւնները սուրբերու կեանքին եւ անոնց ունեցած գործունէութեան մասին, պտղունց մը խունկ են յիշատակուած սուրբերու յիշատակին, ուր սրբազան հայրը ներկայացնելով զանոնք վեր կ՚առնէ անոնց ունեցած տպաւորիչ ազդեցութիւնը մեր Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի կեանքէն ներս:
Ինչ կը վերաբերի սրբազանին կատարած ուսումնասիրութիւններուն, որոնք տեղ գտած են այս հատորին մէջ, արդարեւ այդ ուսումնասիրութիւնները կարդալով ընթերցողը ինքզինք տեղափոխուած կը զգայ Պարսկաստան՝ Նոր Ջուղա, եւ կը վերապրի այն բոլոր իրադարձութիւնները, որոնց մասին Կորիւն Սրբազանը մանրամասնութեամբ եւ կենդանի կերպով ներկայացուցած է:
Այստեղ, ընթերցողներուն «Հոգեմատեան» հատորէն հատուածներ պիտի ներկայացնեմ, որպէսզի յարգելի ընթերցողը կարողանայ որոշակի չափով կարծիք կազմել լուսահոգի սրբազանին հոգեմտաւոր պաշարին: Իսկ անոնք որոնք փափաք կ՚ունենան հատորէն օրինակ մը ունենալ, կրնան դիմել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գրատուն:
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ (հատուած)
Այնպէ՜ս խաղաղ է հոգիս, գիշերին մէջ այս անդորր
Որ կարծէք չեմ երկնած ես քաոսն իմ մէջ ահաւոր,
Ուրկէ պիտի այգանար, նոր օրերու իմ արփին՝
Արարչագործ, բոցավարս, խորունկ սրտէն անհունին:
ՆՈՐ ՊԱՏՐԱՆՔ (հատուած)
Ինձմէ փախչող այս կեանքին լուսէ տեսիլքն երբ հիմա
Անզօր է իր հրայրքով, հին գինիով արբեցնել
Երակներէս կարկաչող աւիւնն կեանքին խենթ գարնան,
Իրա՜ւ, նո՛ր ցաւ է քալելն ափունքներուն անծանօթ:
ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ՂՕՂԱՆՋՆԵՐ (հատուած)
Գիտե՜ս Դուն Տէր թէ ինչպէ՜ս
Անճառ սէրդ երգելէն,
Եւ անունդ մեր շուրթին
Փառքիդ դափնին հիւսելէն
Սպառեցան մեր օրերն:
Տո՜ւր մեզի Տէր, ժայռարմատ
Հաստատութիւն՝ դարերէն,
Միակ ժառանգ մեր ուխտին:
Հիւանդագին անձկութեամբ
Վերադարձիդ սպասող
Ջղագալար մարդկութեան
Տո՜ւր Թագաւոր յաւիտեան
Խաղաղութիւնդ անվախճան:
- Աղօթքը հոգեւոր կեանքի ամենասրբազան վայրկեանն է, երբ մարդ ուղղակիօրէն դէմ յանդիման կը գտնուի Իր Տիրոջ հետ. որովհետեւ, ան մտքին ու հոգիին ամբողջական վերացումն է առ Աստուած եւ մտերիմ յարաբերութիւնը տկար ու միշտ օգնութեան կարօտ արարածին ու ամենակարող Արարիչին միջեւ: Աղօթքը, քրիստոնէական իմացումով, լուսեղէն ու երկնաճեմ ճամբայ մըն է, որ զմեզ կը միացնէ ու մասնակից կ՚ընէ աստուածային յաւիտենապէս երանեալ կեանքին:
- Տէ՜ր իմ, ինչո՞ւ առիր մեզմէ մեր Երազը. ա՛լ միաբանութիւնն ու մեր ժողովուրդը Քու մասիդ վկայող, Քու անհամար ստորոգելիներէդ մէկ քանին իր մէջ մարմնացնող Զարեհ Կաթողիկոսը չունինք: Աստուած իմ, Հայր իմ, սա ափ մը ժողովուրդին պաշտամունքի հասնող սէրը հանդէպ իր Հօր, մեղաւո՞ր սէր մըն էր: Բարձունքներու բնակիչ, գաղտնիքներու լուծիչ, սրտիս սա ծովը տալէ ետք, մտքիս ալ արեգակ մը տուր, որ հասկնամ թէ տարաժամ այս գիշերը Հայ ժողովուրդի յաւիտենական Գողգոթայի ճամբուն վրայ, ի՞նչ իմաստ ունի: Մանաւանդ Դո՛ւն, ո՜վ Ամենագէտ, Դուն լաւ գիտես, թէ մեր ժամանակները քիչ կը ծնին նման իրաւ ու Շնորհազարդ Վեհափառ Հայրապետներ, եւ որոնց, յատկապէս մեր դարու մարդերը այնքա՜ն պէտք ունին: Դուն լաւ գիտես, Անճառելի Մեծութիւն, թէ Քու արարածներդ ամէն օր քիչ մը աւելի կը խրին իրենց մեղքերուն մէջ՝ անհաւատութեան ու նիւթապաշտութեան ճամբաներուն վրայ Մադկութիւնը կորսնցուցեր է Քու Որդիովդ յայտնուած ճշմարտութեանց փարոսին ուղղութիւնը, եւ եթէ Զարեհ Կաթողիկոսին պէս իմաստուն եւ անվեհեր նաւապետներն ալ երկնաքաղաքացիութեան հրաւիրես, ալ ո՞վ, ո՞վ պիտի առաջնորդէ քառաթեւ հովանիին տակ հանգչող Հայց. Եկեղեցին՝ մեր Փրկութեան Նաւը:
- Եւ հիմա դարձեա՛լ այս գիրքը: Պէտք չէ՛ փնտռել այնտեղ վարդապետական վերլուծումեր կամ ուսուցողական մեկնութիւններ, որովհետեւ հոն կարելի է գտնել անոնցմէ անդին՝ յաւիտենականութենէն անվախճանօրէն բխող ճշմարտութեանց բիւրեղացումները միայն: Պէտք չէ՛ փընտ-ռել այնտեղ Աստուածորդւոյն Աստուածութիւնը աղքատ բառերու կաղապարով սահմանաւորող աստուածաբանական սառած տարազներ, այլ՝ տիեզերքի լոյսերուն եւ մութերուն խտացումով գոյացած, անգին գոհարներու ստեղնաշարեր, որոնցմէ կը ճառագայթէ «Օտարական»ին ներքին դիմագիծը պատկերող լոյսերու ծիրանի գօտին:
- Ա՜խ այս մեծ անծանօթը՝ Ադամորդին, որի կեանքը՝ անսկիզբ ու անվախճան ժամանակի, անհուն ու անսահման տիեզերքի մէջ լոկ մէկ աւազի հատիկ է. այսուհանդերձ իր մտածումերով, սէրերով, տագնապներով ու երազներով, անմահութեան ձգտող ներքին տենչերով, նա իր մէջ է պարփակում մի ամբողջ տիեզերք:
- Քրիստոս, որպէս աստուածային մեծագոյն միջամտութիւնը մարդկութեան պատ-մութեան մէջ, եկած էր հռչակելու թէ Իր երկնաւոր Հօր Թագաւորութիւնը պիտի չկառուցուէր այս աշխարհի վրայ բռնի ոյժին, սուրին հզօրութեան կամ հրէական Թովրային՝ Հին Կտակարանի օրէնքներուն ու մարգարէներուն գիրքերուն վայելած հեղինակութեան վրայ, այլ մարդոց սրտերէն դէպի ուրիշ մարդեր եւ դէպի Աստուած երկարող սիրոյ, խաղաղութեան, համերաշխութեան, հեզութեան, անանձնական ու սրբակրօն զգացումներու անկապուտ առաքինութեանց վրայ: Այլ բառերով, տիեզերական ու համամարդկային եղբայրութեան մը տանող աստուածահաճոյ կեանքի մը սկզբունքներուն անժխտելի հիմերուն վրայ, որոնք պիտի չըլլային պայմանաւորուած - ինչպէս Քրիստոսի ժամանակակիցները կը դաւանէին - հռոմէական լէգէոններու զօրութեամբ եւ ո՛չ ալ կաշկանդուած ու խեղդուած՝ հրէական օրէնքին տառացիօրէն գործադրութեամբ: Արդարեւ, Քրիստոս որպէս Աստուածորդի եկած էր հռչակելու, թէ Իրմով կը փակուէր մարդկութեան պատմութեան մէկ գիրքը ու կը բացուէր Իր անձին ընդմէջէն դուռը, նոր ճանապարհը մարդերը Աստուծոյ եւ յաւիտենական երջանկութեան առաջնորդող:
- Նիւթապաշտութիւնն ու ընչաքաղցութիւնը, նախանձն ու քինախնդրութիւնը, նախապաշարումներն ու կոյր ատելութիւնը կը մթագնեն մեր միտքը, կը խոցոտեն մեր սիրտը ու կը թունաւորեն մեր կեանքի օրերը: Իսկ անոր հակառակը՝ սիրոյ զգացումը, երբեմն հրաշքի համազօր գործերու ծնունդ կու տայ մեր կեանքին մէջ:
- Ինչպէս տիեզերքն ու մեր մոլորակը առանց լոյսի՝ կեանք, իմաստ ու գեղեցկութիւն պիտի չունենային, այնպէս էլ այս կեանքը մեզ համար մեծագոյն ողբերգութեան թատերաբեմ ու տրտմութեան մթին մի հովիտ էր լինելու, եթէ մեր գիտակցական կեանքի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, մեր հոգու երկնակամարի վրայ արշալոյսի նման չճառագայթէր յետ մահու յարութեան յոյսը, եթէ չունենայինք այն ժայռարմատ հաւատքը, որ մահուան ցուրտ դամբանից այն կողմ բացուելու են մեր առաջ լիութեան ու կատարելութեան, յաւիտենական կեանքի երանութեանց տանող Երկնքի Թագաւորութեան ոսկեդրուագ դռները:
- Նրանք որ բաժանում են արարածներին իրարից, դառնում են սատանայի ծառաները, չարի գործիքները այս աշխարհի վրայ, իսկ նրանք որ հարթելով դժուարութիւնները, վերացնելով տարակարծութիւնները, սովորեցնելով ներել ու սիրել, յաջողում են մարդկանց մօտեցնել եւ միացնել իրար քրիստոնէական մեծ սիրոյ զգացումի մէջ, նրանք անկասկած որ արժանի են լինում Աստուծոյ որդիներ կոչուելու:
- Այս օրերուն աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած մեր Եկեղեցւոյ զաւակներուն կը սպառնան ո՛չ միայն անհաւատութեան, անտարբերութեան, ուծացման եւ ձուլման վտանգները, այլ նաեւ վճարովի թունաւոր սերմեր եւ կործանարար վարդապետութիւններ քարոզող աղանդաւորները: Անոնք գառնուկի մորթով մեզի մօտեցող խաւարի որդիներ են, որոնք կը փորձեն մոլորեցնել միամիտները եւ որսալ անգէտները իրենց ստապատում վարդապետութեան թակարդին մէջ: Անոնք դէմ կը խօսին քրիստոնէական վարդապետութեան հիմնական գաղափարներուն, կ՚անարգեն Եկեղեցւոյ դարաւոր սրբութիւնները եւ բաժանումներ կը յառաջացնեն Եկեղեցիէն եւ ընտանեկան յարկերէն ներս: Արդար է զանոնք կոչել խաբեբայութեան վկաներ կամ քրիստոնէութեան թշնամիներ, քան թէ Եհովայի Վկաներ:
- Հայ հաւատացեալը Աստուածամայրը համարելով այս աշխարհի վրայ Յիսուսի ամենէն մօտիկ անձը, ի խորոց սրտի կը հայցէ անոր բարեխօսութիւնը մեր Փրկչին մօտ, ներելու իր մեղքերը, լսելու իր աղօթքները եւ ի կատար ածելու իր խնդրանքները:
- Մեր ազգային եւ եկեղեցական պատմութեան մէջ արդարեւ բացառիկ երեւոյթ մըն է Շնորհալին, իր բազմատաղանդ անձով ու բազմավաստակ կեանքով: Սրբազան քնար մը եւ աստուածավառ լապտեր մըն է ան կախուած Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ խորանին վրայ, որուն քաղցրահունչ եւ աստուածահաճոյ նուագով եւ պայծառ ու արդար լոյսով, ինչպէս անցնող 800 տարիներու ընթացքին, տակաւին դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը պիտի տեսնէ Աստուծոյ ու ցեղային յաւերժութեան տանող ճամբան:
Փա՜ռք իր գրկին մէջ Շնորհալիներու ծնունդ տուող Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ:
Փա՜ռք Շնորհալիները յաւերժացնել գիտցող հայ ժողովուրդին:
- Հայ Եկեղեցւոյ աստղաքանդակ երկնակամարը զարդարող բազմաթիւ լուսապսակ սուրբերի եւ մարտիրոսների, մշակոյթի ու գրականութեան լուսապայծառ դէմքերի, շնորհալի քերթողների եւ հայրենապաշտ պատմիչների, ճգնասուն վանականների եւ աստուածարեալ աղօթողների, սրբազան հայրերի ու սրբակրօն հայրապետների համաստեղութեան մէջ իր իւրայատուկ տեղն ունի Սբ. Ներսէս Պարթեւ Հայրապետը: Նա իր առաքելատիպ անձնաւորութեամբ, բացառիկ անհատականութեամբ եւ ժողովրդանուէր ծառայութեամբ արդարօրէն արժանացել է «Մեծն» տիտղոսին եւ իր Բանաւոր հօտի զաւակների կողմից հռչակուել է որպէս Լուսաւորիչ Սրտերի:
- Սահակ Կաթողիկոսէն մեզի փոխանցուած անգին աւանդը անոր անձին օրինակն է, որպէս Լուսաւորիչ Միտքերու, հայրենանուէր ու քաջարի հովուապետ, ան եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ ներշնչումի անսպառ աղբիւր բոլոր անոնց համար, որոնք կ՚ուզեն քալել Թարգմանիչ Վարդապետներու դէպի աղբիւրը լոյսին տանող ուղիէն:
- Որպէսզի ապրի ու գոյատեւէ, պայքարի ու ստեղծագործէ մեր ազգը, անհրաժեշտ է սորվիլ ու պաշտելու չափ սիրել մեր մայրենի լեզուն ու գրականութիւնը: Չաղաւաղել զայն օտար բառերու եւ ասութեանց գործածութեամբ: Մեր ամէնօրեայ հոգեւոր եւ ազգային սնունդը ստանալ հայ մշակոյթի արմատներէն: Հայօրէն մտածել ու գործել, հայօրէն ծրագրել ու գոյատեւել՝ իրագործելու համար մեր համազգային անկատար տենչերը:
- Առհասարակ Նոր Ջուղան եւ ի մասնաւորի Սուրբ Ամենափրկիչ Վանքը՝ իր միաբանութեամբ, իր անջնջելի դրոշմն է թողել 17-րդ դարի մեր Եկեղեցւոյ պատմութեան վրայ: Ջուղան գրաւել է առաջին տեղը հայ կեանքի կրթական ու մշակութային զանազան բնագաւառների իրագործումների մէջ: Դրանց շարքին առաջին հերթին յիշատակութեան արժանի է Սուրբ Ամենափրկիչ Վանքի տպարանի հիմնադրութիւնը, որը ո՛չ թէ միայն Իրանում, այլ՝ ո՛ղջ Միջին Արեւելքում հանդիսացել է առաջին տպարանը:
- «Հին աստուածներ»ը իր վրայ էր կեդրոնացրել հայ մտաւորական ընտրանիի ուշադրութիւնը. ահա համառօտ ցանկը այն անձանց, որոնք որեւէ ձեւով արտայայտուել են թատերգութեան մասին. Կոմիտաս Վարդապետ, Դ. Վարուժան, Ռ. Զարդարեան, Մելքոն Կիւրճեան, Տիգրան Չէօկիւրեան, Ն. Աղբալեան, Ս. Լիսիցեան, Արտաշէս Յարութիւնեան, Գասպար Իփէկեան, Լէօ, Յ. Թումանեան, Յակոբ Օշական, Երուանդ Օտեան, Գարեգին Խաժակ, տարբեր գաղափարներ, տարբեր նախասիրութիւններ ունեցող անհանտների միաժամանակ ցուցադրած հետաքրքրութիւնը պայմանաւորուած էր «Հին աստուածներ»ի բացառիկութեամբ՝ հայ գրականութեան մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
7 հոկտեմբեր 2019, Վաղաշապատ