ԿՈՃԻԿԵԱՆ. «ԱՅՍՕՐ ԽՈՐ ՏԱԳՆԱՊ Կ՚ԱՊՐԻ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ»

Անհատականը, հաւաքականը եւ ինքնութեան տագնապը…

Ի՞նչ լուրեր կու գան եւրոպական ցամաքէն։ Ի՞նչ կը կատարուի այն գաղութներուն մէջ, ուր կայ, գոյութիւն ունի մեծաթիւ համայնք մը, որու անդամներուն կարեւոր մէկ տոկոսը կը բաղկանայ երիտասարդներէ։

Խնդիրը այն է, որ գոյութենական տագնապ կ՚ապրի ոչ միայն եւրոպական զանազան երկիրներու մէջ ապրող հայութիւնը, այլեւ՝ եւրոպական հասարակութիւնը։

Ի՞նչ կը մտածէ այսօրուան մարդը, ի՞նչ են անոր առաջնահերթութիւնները, ինչպէ՞ս կը նայի ապագային եւ ի՞նչ միջոցներ կը գործածէ հասնելու համար իր նպատակին։

Մէկդի դնելով պայմաններու, մօտեցումներու, պահանջքի, նպատակասլացութեան հարցերը՝ հարկ է նաեւ նշել, որ եւրոպացիին համար այսօր ստեղծուած է բոլորովին նոր արժեհամակարգ մը, որ բազմաթիւ պարագաներու հեռու է մեզի համար ընդունելի կամ ընդունուած մօտեցումներէ։

Այսօրուան մարդը նպատակ մը ունի՞։ Երազ մը կը փայփայէ՞ իր հոգիին խորքը։ Աւելի՛ն. երազի մը համար կ՚ապրի ան, կամ ինչպէս հայաստանցիք կը սիրեն ըսել. քարշ կու տայ իր գոյութիւնը։

Անշուշտ կայ նաեւ ճշմարտութիւն մը, որ եւրոպական երկիրներու հասարակութիւններու մեծ մասը յաջողած է ստեղծել բարենպաստ պայմաններու ընդհանուր ենթագետին մը, որուն շնորհիւ ալ Եւրոպայի մէջ ապրող գրեթէ ամէն ոք կը յաջողի խաղաղ, բարօր եւ դրական լիցքերով լեցուն կեանք մը վարել։ Թէեւ միշտ չէ, որ այդ մօտեցումը կրնայ հայելին դառնալ ամբողջական իրականութեան, բայց եւրոպական կեանքին մասին արագ հայեացք մը նետելով՝ կարելի է եզրակացնել, թէ այսօրուան դրութեամբ այդ ցամաքի «կարեւորագոյն» մայրաքաղաքներուն բնակիչները քիչ թէ շատ կը վարեն բարեկեցիկ կեանք մը։

Այս բոլորէն անդին, երբ արագ «վերադարձ» մը կատարենք մեր բուն նիւթին՝ յստակօրէն պիտի նշմարենք, որ դարձեալ այդ ցամաքներուն վրայ ապրող մարդոց մեծ տոկոսը կը տառապի «ընելիք»ի տագնապէ։ Ճիշդ է, որ հոն բոլորը կ՚ապրին լաւ բնակարաններու մէջ. ճիշդ է, որ այդ մարդոց ջախջախիչ մասը ունի «գոհացուցիչ» կենսամակարդակ մը, գեղեցիկ ինքնաշարժներ, դրամատնային «բաւարար» հաշիւ, առողջապահական ոլորտի ապահովագրութեան ամենաանհրաժեշտ փաստաթուղթեր..., սակայն չունի երազ։

Հիմա ընթերցողները զարմանքով հարց պիտի տան, թէ ի՞նչ կարիք ունի մարդ արարածը երազի, երբ իր ձեռքին մէջ են ապահով եւ խաղաղ կեանք մը ապրելու հիմնական «քարտեր»ը։

Ես ալ պիտի ըսեմ՝ տեսակէտ է. շատ հանգիստ հայեացքով ընդունելէ ետք այդ մօտեցումը պիտի ըսեմ, թէ ամէն ոք ունի դէպքերն ու վիճակները հասկնալու եւ ընկալելու իր եղանակը։

Ի վերջոյ կեանքի, պայքարի, աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու ոեւէ անհատի մօտեցումը յարգելի է ու լրագրողին մօտեցումը եւ հարցադրումը կը յաջողի միայն այն ժամանակ, երբ ան կը յաջողի պահել «խաղի կանոններ»ը ու աւելի՛ն, յարգել իր դիմացինին «կեանքի օրէնքներ»ը։

Ներանձնական ոլորտէն հաւաքական մօտեցումներուն անցնելով՝ հարկ է նշել, որ ինչպէս անհատներու պարագային, այնպէս ալ ազգերու կամ ժողովուրդներու պարագային կայ ընդհանուր հասարակաց եզրագիծ մը, ուր իւրաքանչիւր հասարակութիւն պարտաւոր է կերտել իր երազած «երկիր»ը։ Երկիրը միայն աշխարհագրական տարածք չէ, միայն տարածութիւն չէ, միայն գոյներու, ճաշատեսակի, հացի, սիրելու, ապրելու կամ աղօթելու հասարակարգ մը չէ, այլ՝ աւելին…

«Երկիր»ը անցեալէն եկած, այդ անցեալին մէջ հունաւորուած, անկէ սնած ու դէպի ապագայ նայող հասարակութեան գոյութեան պատճառն է։

Այս բոլորը յիշատակեցի փորձել ներկայացնելու համար Եւրոպայի սրտին՝ Փարիզի մէջ ապրող հայ երիտասարդի մը մտահոգութիւնները։ Անոր տագնապը, հարցադրումները, կեանքի «իմաստ»ը եւ մաքառումները։

Իմ խօսակիցս Հալէպ ծնած հայ երիտասարդ Յակոբ-Պարոյր Կոճիկեանն է, որ պայմաններու բերումով Պէյրութէն գաղթած ու հաստատուած է Ֆրանսայի մէջ։

-Պր. Կոճիկեան, դուք վերջին տարիներուն զանազան հանգամանքներով հեռացաք Լիբանանէն եւ հաստատուեցաք Ֆրանսա, հակառակ անոր, որ Լիբանանի մէջ բաւական աշխոյժ էիք որպէս հասարակական գործիչ, ինչպէս նաեւ ձեր գրական առաջին փորձերը կատարեցիք Պէյրութի մէջ: Ի՞նչ պատճառներով հեռացաք Լիբանանէն:

-Ծնած եմ Սուրիա, բայց ապրած եւ մեծցած եմ Լիբանան: Կեանքիս ամենալաւ օրերը ապրած եմ Լիբանանի մէջ, բայց կան պատճառներ, որոնք զիս քաջալերեցին, որպէսզի հեռանամ Լիբանանէն: Առաջին հիմնական պատճառը այն էր, թէ որքան երկար տարիներ ապրիս Լիբանանի մէջ, դուն ի վերջոյ կ՚ընկալուիս որպէս սուրիացի եւ նոյնիսկ լիբանանահայ գաղութը նոյնպէս ունի այդ մօտեցումը. կը հաւատայ, թէ ինք աւելի զարգացած է սուրիահայերէն, աւելի գիտակից է, աւելի հիասքանչ եւ շատ անգամ կը ստորադասէ սուրիահայերը: Անշուշտ խօսքս բոլոր լիբանանահայ գաղութին չի վերաբերիր, բայց կը վերաբերի մեծամասնութեան: Եւ որպէս սուրիացի, որքան ալ Լիբանանի մէջ ապրիս, միշտ սահմանափակուած պիտի ըլլան քու կարողութիւններդ: Իսկ երկրորդ հիմնական պատճառը այն էր, որ կ՚ուզէի ապրելաձեւս փոխել, Լիբանանի մէջ ունէի իմ անձնական գործս, ունէի բաւական լաւ եկամուտ մը, բայց յոգներ էի կեանքէն, մխրճուած էի մեղքերու մէջ եւ սկսած էի հեռանալ այն Քրիստոսէն, որ ինծի համար խաչուեցաւ եւ Աստուծոյ դարձեալ մօտենալու համար, պէտք էր հեռանայի մեղքերուս բոյն եղած Լիբանանէն:

-Ի՞նչ կ՚ըսէք Ֆրանսա ձեր կեցութեան մասին, ինչպիսի՞ն են պայմանները, գո՞հ էք Ֆրանսայի մէջ ձեր կեանքի պայմաններէն:

-Յաճախ ժխտական մօտեցումներ կը լսենք Եւրոպայի կամ Ֆրանսայի մասին՝ ըսելով, թէ Ֆրանսայի կամ ընդհանրապէս Եւրոպայի բարոյական չափանիշները տարբեր են Միջին Արեւելքէն։ Բայց ըսեմ, թէ այն դրամապաշտութիւնը եւ կեղծաւորութիւնը, զորս ես տեսած եմ Լիբանանի մէջ, լիբանանցիներու մօտ, այդ մէկը գոյութիւն չունի ընդհանրապէս Ֆրանսայի մէջ: Ինչպէս նաեւ կ՚ուզեմ աւելցնել, թէ Ֆրանսայի մէջ յարգուած են ո՛չ միայն տեղւոյն քաղաքացիները, այլեւ՝ ամէն շնչաւոր էակ, որ կը գտնուին Ֆրանսայի սահմաններէն ներս: Ինծի համար դժուար էր ֆրանսերէն սորվիլը, երբ Ֆրանսա հասայ, ո՛չ բառ մը կը հասկնայի, ոչ ալ կը խօսէի, բայց ըսեմ, որ շատ արագ կերպով ֆրանսերէն սորվեցայ եւ լեզուին տիրապետեցի։

-Ինչպէս գիտենք, դուք հեղինակ էք երկու վիպակներու, որոնք հրատարակուած են Պէյրութի մէջ, շնորհիւ ձեր բարեկամներուն եւ հասարակութեան արժանացած որոշ ուշադրութեան։ Իսկ Ֆրանսայի մէջ կը շարունակէ՞ք ձեր գրական գործունէութիւնը:

-2011-ին հրատարակեցի իմ առաջին գիրքս՝ «Լուռ պատուհանը», որ մեծ յաջողութիւն գտաւ, ինչպէս նաեւ պարգեւատրուեցայ Լիբանանի Հայկազեան համալսարանին կողմէ, իսկ 2013-ին հրատարակուեցաւ երկրորդ գիրքս, որուն վերնագիրն էր «Հանգոյց»: Այո՛, Ֆրանսայի մէջ եւս կը շարունակեմ գրական գործունէութիւնս, վերջերս առաջարկ ստացած եմ եռամսեայ «Բանբեր» պարբերականէն, որպէսզի մաս կազմեմ խմբագրական կազմին, ինչպէս նաեւ կը պատրաստեմ իմ երրորդ գիրքս, որ յոյսով եմ, թէ 2019-ի ձմրան սկիզբը լոյս կը տեսնէ տարբեր լեզուներով:

-Ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ Ֆրանսայի երիտասարդութիւնը:

-Ֆրանսայի երիտասարդութիւնը կը բաժնուի երկու մասի. աշխատասէրներ եւ ծոյլեր: Ծոյլերը կ՚ըսեն՝ ինչ պէտք ունինք աշխատելու, երբ առանց այդ ալ կրնանք նոյնքան դրամ վաստկիլ զանազան օգնութիւններու միջոցաւ, իսկ աշխատասէր մասը կ՚ըսէ, թէ մինչեւ ե՛րբ մենք պիտի աշխատինք եւ մեր աշխատավարձէն պիտի տանք ծոյլերուն… Այսպէսով դժբախտաբար ծոյլ եւ դատարկապորտ մարդոց թիւը կը շատնայ: Ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ թմրեցուցիչի վաճառականները շատ հրապուրիչ ձեւերով կը փորձեն «հասնիլ» երիտասարդներուն: Ֆրանսայի կարգ մը քաղաքներուն մէջ արդէն սկսած են երիտասարդներ մէկզմէկու թմրանիւթ հիւրասիրել կամ հրաւիրել այնպէս, կարծես թէ զիրար կը հրաւիրեն գաւաթ մը սուրճ խմելու:

-Ի՞նչ կրնաք ըսել Ֆրանսայի հայ երիտասարդութեան մասին. արդեօք որեւէ ձեւով շփում ունի՞ք անոնց հետ: Ինչպէ՞ս կը բնորոշէք անոնց վիճակը, ի՞նչ կրցած էք տեսնել կամ հասկնալ, ինչպիսի՞ վիճակի մէջ է ֆրանսահայ երիտասարդութիւնը:

-Ֆրանսահայ երիտասարդութեան վիճակը ողբալի է. հայեր՝ որ հայերէն չեն խօսիր, հայեր՝ որ չեն հասկնար հայերէն եւ երբեք իրենց համար առաջնահերթութիւն չէ հայ ըլլալը, նոյնիսկ կան հայ երիտասարդներ, որոնք հայոց պատմութեան մասին որեւէ տեղեկութիւն չունին: Օտարամոլութիւնը ֆրանսահայ երիտասարդներուն ոսկորները փճացուցած է, բայց կան նաեւ զանազան կուսակցական կամ բարեսիրական հայկական խումբեր, որոնք կը փորձեն պայքարիլ օտարամոլութեան դէմ, կը փորձեն հայկական շունչ եւ ոգի սերմանել հայ երիտասարդներուն մէջ. խումբ մը եկեղեցիներ սկսած են նաեւ շաբաթական դրութեամբ հայկական լեզուի դասեր տալ:

Հսկայական ալիք մը կայ օտարամոլութեան, որ շատ մը երիտասարդներու ազդած է, բայց կը պայքարինք մնացեալին համար եւ կը փորձենք պահպանել անոնք, որոնք հետաքրքրուած են հայութեամբ, որոնց՝ հոգիները տակաւին չեն յանձնուած օտարամոլութեան:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 17, 2018