ՆԵՐԳՈՐԾՕՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ

Ի՞նչ փուլի առջեւ կանգնած է հայութիւնը ազգովին։ Դէպի ո՞ւր կը տանին այսօրուայ ընթացքները, որոնց խորքերուն կամ շոգեկառքի մեծ անիւներուն շուրջ կապուած-փակցուած է գործուած մեղքերու մեծ ենթաբաժինը։ Ի վերջոյ, ի՞նչ պատահումներով հայութիւնը հասած է այս օրուան. պատահումներ, որոնք իր դիմաց բացին նաեւ իր իսկ խոցելիութեան աստիճանաչափերը։ Հայութիւնը կը քալէ տարբեր ուղղութիւններով, երկար ընթացքներու համար, որոնք իրմէ կը պահանջեն բարդ եւ ցաւոտ զիջումներ։

Աշխարհը ուղղութեամբ մը, իսկ հայութիւնը բոլորովին այլ ուղղութեամբ կը խուսանաւէ։ Հայերը ստեղծած են երկուութիւն, երկու լեզու, երկու խօսոյթ, երկու ուղղութիւն եւ այս բոլորին հետ մէկտեղ կ՚ուզեն խաղալ ներսի ու դուրսի անկայուն խաղը։ Նոյնիսկ շատեր գիտէին, թէ հայերը ինքզինքնին կը խաբեն… Ճիշդը այն էր, որ դարձեալ գիտէին, թէ անկարող են այս բեռերու տակէն դուրս գալ ու միեւնոյն ժամանակ անկարող են խաբել ամբողջ աշխարհը։ Սուտը ունի թեւեր ու այդ թեւերուն վրայ հայերը քնացուցին իրենց հասած, հասունցող սերունդներուն մեծ ու փոքր երազները։ Կանգնեցան, անշուշտ, հին ու սովետէն մնացած շէնքերու սիւներուն առջեւ, կաղապարներուն մէջ եւ ուզեցին անպայման բաժնել հերոսական էջերու արիւնոտ պատմութիւնները։

Տակաւին կարծեցին, թէ այդ ամէնը յաւերժ է եւ պիտի շարունակուի այնքան ժամանակ, որ իրենց երակներուն մէջ արիւն կը հոսի։ Սիրեցին յաղթանակը, ո՜վ չի սիրեր յաղթանակը ի վերջոյ ու մոռցան, որ յաղթանակին բերկրութիւնը մտած է իրենց ուղեղներուն մէջ ու դարձան հարստահարութեան հոմանիշ։ Անկէ ետք ընթացք առաւ կեղեքումի ժամանակ մը, որ մաշեցուց անոր եսը։ Նախ կեղեքուեցաւ երկիրը, յետոյ զուգահեռաբար կեղեքուեցաւ ու հայէն խլուեցաւ մեծ երազը։

Ի վերջոյ հզօր պետութիւն մը կերտելը չէ՞ր այդ երազը։ Գիտէի՞ն արդեօք, որ այդ երկու ճանապարհներուն՝ հոգիի կեղեքումին ու պետական համակարգ ստեղծելու ճանապարհներէն միայն մէկն էր, որ պարտաւոր էին ընտրել։ Բարդ էր վիճակը թերեւս ու ատոր համար ալ սայթաքեցան ու ինկան… Ինկան պարտութեան ճահիճին մէջ, ուրկէ մինչեւ այս ժամը չեն կրնար դուրս գալ ու այս բոլորին պատճառը այն էր, որ չունէին, չէին ունեցած ու դեռ ալ չեն ուզեր ունենալ իրական համակարգ։

Ահա այս բոլորին մասին ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ տքթ. Վիգէն Յովսէփեան ունի շատ ուշագրաւ մօտեցումներ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խորհրդածութիւններուն սղագրութիւնը։

*

-Պատերազմի տագնապը կը շարունակուի եւ անոր ուղեծիրին մէջ ինկած է նաեւ հայկական սփիւռքը։ Այսօր շատ յաճախ կը խօսուի, թէ սփիւռքահայ մը ինչպէս կարծիք կրնայ յայտնել Հայաստանի իրադարձութիւններուն մասին։ Ի՞նչ կը մտածէք։

-Ես դժուարութիւն ունիմ ինքզինքս պարզապէս սփիւռքահայ նկատելու՝ բացի անկէ, որ տարիներէ ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի եմ եւ հարկերս կը մուծեմ այնտեղ, բայց բնակութեան վայրս սփիւռքն է՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափը։ Լոս Անճելըսի մէջ ապրիլս որոշ ընտրութիւն մը եղած է, որովհետեւ ըլլալով համազգային խնդիրներով մտահոգ անհատ եւ այս ուղղութեամբ ծառայական աշխատանքի մարդ՝ շարունակաբար մտածած եմ, թէ ո՞ւր ապրիլը աւելի նպատակայարմար է ազգին ու հայրենիքին առաւելագոյնը տալու համար։ Գալով այսօրուան պատկերին, որ յետպատերազմեան տագնապը միայն սփիւռքի խնդիրը չէ։ Կարելի է առընչուիլ Հայաստանի հասարակութեան շերտերուն, ժողովուրդին հետ եւ զգալ, թէ այսօր իսկապէս հոգեբարոյական անկում մը գոյութիւն ունի՝ յատկապէս 44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն ետք։ Պէտք չէ մոռնալ, անշուշտ, որ պարտութիւնները, նահանջները հայոց պատմութեան մաս եղած են։ Մենք յաղթանակէ աւելի պարտութիւն ունեցած ենք,  սակայն երբ պարտութիւն կրած ենք, աւելի վեհ գաղափարներ, երազանքներ, իտէալներ բիւրեղացած են՝ պարտութեան հոգեվիճակէն դուրս գալու համար։ Այսօր այս բանն է, որ կը պակսի ո՛չ միայն սփիւռքի, այլեւ Հայաստանի մէջ։ Կարծէք պարտութիւնը մեզի բացատրելու փոխարէն ընդունիլ տալու ճիգ մը կայ։ Մենք պէտք չէ ընդունինք, այլ պէտք է հասկնանք, որ իրադրութիւնները այսօր այդպիսին են։ Պարտաւոր ենք որոշ իրողութիւններու, կորուստներու հետ հաշուի նստելու՝ հասկնալու համար, թէ պարտութիւնները շատ յաճախ ժամանակաւոր են։ Օրինակները շատ են ո՛չ միայն հայոց պատմութեան, այլեւ մարդկութեան պատմութեան մէջ։ Ուղղակի այդ ամէն ինչէն դուրս ելլելու, վեր բարձրանալու գաղափարական ճիգ մը պէտք է։ Այդ բանը երբեք չեմ տեսներ։ Կը հաւատամ, թէ սա պէտք է ըլլայ նաեւ համազգային ճիգերով, առաւելաբար ղեկավարներու ճիգերու ընդմէջէն՝ հոգեւոր, քաղաքական, հասարակական, մշակութային, գիտական, եւ այլն։ Կը կարծեմ, թէ այսօր ամենէն մեծ բացը այս է։ Պէտք է հասկը-նանք, որ ժողովուրդները իտէալներով, երազանքներով կ՚արարեն եւ կը սկսին աւելի մեծ նպատակներով առաջնորդուիլ։

-Արցախի խնդրով զանազան առիթներով հանդէս եկած էք։ Ի՞նչ կ՚ըսէք առկայ իրավիճակին մասին։

-Ամիսներու վաղեմութեամբ գրառումս, որուն մասին նաեւ տարիներ շարունակ խօսած եմ, հետեւեալ տրամաբանութեամբ էր. որպէս հայեր՝ կը հաւատանք, թէ Արցախն ու անոր ժողովուրդը իրաւունքը ունին անկախ ըլլալու, սեփական պատմական հողերուն վրայ ապրելու, արարելու եւ ինքնիշխան ձեւով իրենց պատմութիւնը կերտելու։ Բայց եթէ կայ իրավիճակ մը, իրողութիւն մը, երբ միջազգային հանրութիւնը եկած եւ խրած է «տարածքային ամբողջականութեան» այդ տարբերակին (…) այսօրուան վիճակը հասած է։ Կը կարծեմ, թէ կը կարողանանք ժամանակի ընթացքին տարբեր ձեւերով ներկայացնել այս մէկը։

-Յատկապէս պատերազմէն ետք, մեծ հարցականներու առջեւ ենք։ Ի վերջոյ, ի՞նչ է սփիւռքին ներուժը, այսօր ի՞նչ կ՚ընէ ան։ Այն ներուժը, որ մենք կը տենջանք ունենալ կամ կը կարծենք, թէ ունինք, արդեօք կա՞յ, գոյութիւն ունի՞։

-Անպայման, որ գոյութիւն ունի եւ աւելին։ Կեանքս ապրած եմ սփիւռքի մէջ։ Պատանեկութեան տարիներուս եղած եմ Լիբանան, ապա՝ Միացեալ Նահանգներ։ Առիթն ունեցած եմ շրջագայելու սփիւռքեան տարբեր համայնքներ եւ կրնամ անվարան հաստատել, թէ մենք՝ ազգովին որեւէ փուլի ընթացքին, սփիւռքահայութեան կարողականութեան հինգ տոկոսը չենք կարողացած գործի դնել։ Նախ, այստեղ պէտք է խնդիր դնենք մեր առջեւ, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք սփիւռքը այլեւս դադրած է ըլլալէ այն հասկացողութիւնը, որ մենք ընդունած էինք սովետական տարիներուն։ Այնտեղ քաղաքական որեւէ մէկ տարազ չկար։ Այնտեղ շերտեր կան, ենթամշակոյթներ կան, ուր կայ սփիւռքահայութիւն, շատեր կը կոչեն՝ սփիւռքներ։ Ես պիտի նախընտրէի կոչել՝ արտերկիր։ Այսինքն, Հայաստան աշխարհէն դուրս այն ինչ որ կայ կոչել արտերկիր։ Ուրեմն, արտերկրի հայութեան կարողականութիւնը բացարձակապէս չենք կարողացած օգտագործել, որովհետեւ, եթէ կազմակերպուած որեւէ ճիգ եղած է մինչեւ օրս, եղած է քաղաքական նկատառումներով։ Վերջին քսան-քսանհինգ տարիներուն այդ քաղաքական նկատառումները առաւելապէս ուղղորդուած են Հայաստանէն՝ Հայաստանի իրերայաջորդ իշխանութիւններուն կողմէ։ Օրինակի համար, Գալիֆորնիոյ հայկական համայնքը ներկայիս հզօրագոյնն է նաեւ քանակի իմաստով։ Այդ համայնքով ներկայիս ո՞վ զբաղած է՝ բացի տեղական ղեկավարութիւններէ եւ ասիկա քննադատաբար կ՚ըսեմ։ Լրիւ չենք ալ պատկերացուցած, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, որովհետեւ առաջնայինը եղած է Հայաստան աշխարհի կարիքները։ Հասած ենք այդ բոլորին՝ երկրաշարժ, Արցախ, Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր ոլորտներու մէջ բարեսիրական, բարեգործական նախաձեռնութիւններ, որոնք պէտք է շարունակուին։ Բայց ասկէ դուրս, մենք մեր ինքնութիւնը ներգործօն դարձնելու որեւէ աշխատանք չենք կատարած։ Այսինքն, աշխատանք, որ հայ մարդը հասկնայ, թէ ինք հայ կը մնայ նպատակի մը համար, ո՛չ անոր համար, որ իր հայրը հայ եղած է կամ իր մեծ հայրը հայ եղած է, այլ քանի որ իր էութեան մէջ ինք պէտք է ինչ-որ բան բաւարարէ։ Այս խնդիրներով չենք զբաղած։ Ներկայիս, կը կարծեմ, թէ որեւէ նախաձեռնութիւն եթէ առաջնահերթութեան վերածուի, ապա սփիւռքը կամ որեւէ սփիւռքեան համայնք կրնայ գլուխ հանել։ Խնդիրը այն է, որ կարելի չէ սփիւռքը առնել՝ որպէս գործիք։ Հայաստանը սփիւռքին կապելու եւ անմիջական, ամենօրեայ, ընթացիկ խնդիրներէն վեր ելլելով՝ համազգային խնդիրներով զբաղելու բանական որեւէ ծրագիր չեմ տեսներ, ո՛չ ալ այս բանին ճիգը կը տեսնեմ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17, 2023