ՅՈՒՇԵՐ՝ ՈՒՍՈՒՑԻՉԷ ՄԸ

Սե­րունդ­ներ կու գան ու կ՚եր­թան, 
եր­բեմն ան­հետք, 
եր­բեմն բա­րի, 
եր­բեմն ալ չար յի­շա­տակ­նե­րով: 
Բայց ո՞րն է որ կը յի­շուի, 
ո՞վ կրցած է թո­ղուլ հետք մը իր ե­տին, 
դրոշմ մը
յուշ մը ան­մո­ռաց
պահ մը 
ժպիտ մը...

***

Երիտասարդ բարեկամներ համախմբուած են տան մը մէջ: Ամէն ոք ուշադրութիւնը սեւեռած է իր առձեռնին: Մէկը youtube-էն իրեն համար հաճելի երաժշտութիւն մը կը լսէ ու երբեմն շարժումներ կ՚ընէ դէմքի ու մարմնի, ականջներէն կախուած թելերը կը պարեն, զայն կրողին խանդավառութիւնը մեկնաբանելով: Ուրիշ մը արկածախնդրական ֆիլմի մը կը հետեւի, դէմքին ծամածռութենէն նշմարելի է, որ դէպքերը հասած են տաք կնճիռներու, կռիւներու մանրամասնութիւններուն: Հոն, բազկաթոռին վրայ ծուարած, սրտամօտ յօդուած մը կը կարդայ կարծես ուրիշ մը, որուն դէմքէն կը հոսին խաղաղութեան ու սիրոյ արտայայտութիւններ: Դէմը նստած մը կը թերթէ դիմատետրը ու յանկարծ բարձրաձայն կ՚աղաղակէ.

-Տղա՛ք, տեսէք ո՞վ մահացեր է, մեր երաժշտութեան ուսուցիչ՝ Պրն. Վահէ Գասարճեանը:

-Ի՞նչ կ՚ըսես,- կ՚ըսէ մին,- դեռ ե՞րբ էր տեսայ զինք հրապարակը նստած, մօտեցայ ու բարեւեցի, բարեւս առաւ, բայց կարծես չճանչցաւ զիս, շատ փոխ-ւած էր:

-Անհանգիստ էր վերջերս, այո, այդպէս կ՚ըսէին:

-Հայրենասէր մարդ էր, կը յիշեմ,- կ՚ընդմիջէ ներկաներէն ամենէն տարեցը,- երբ Ճեմարանի ուսանող էի՝ 1988-ին, Սպիտակի երկրաշարժը տեղի ունեցաւ, երաժշտութեան պահուն իմացանք այդ մասին, քանի հիմակուայ հաղորդակցութեան միջոցները չկային, համացանց եւ այլն գոյութիւն չունէր, հեռատեսիլի կայաններն ալ շատ չէին, միայն սուրիական տեղական կայանը ու թրքականները կային, անշուշտ վերջիններէն այսպիսի լուր մը չէր հաղորդուեր: Կը յիշեմ լուսահոգիին յուզումը, որ մեզի՝ ուսանողներուս ալ փոխանցուեցաւ: Ան երկրաշարժին մասին իր լսած տեղեկութիւնները հաղորդելէ ետք, որոշեց այն պահը երկրաշարժի զոհերուն նուիրել ու մեզի սորվեցուց երգ մը:

-Խանդավառ մարդ էր, ե՞րբ, ո՞ւր որ տեսնէր, կը բարեւէր: Դպրաց դասի իր դպիրներէն էի, բարձր կը գնահատէր իմ ձայնի ելեւէջներս շարականներու երգեցողութեան ընթացքին:

-Բայց միշտ չէ որ խանդավառ ու ուրախ կը տեսնէինք զայն, յաճախ զայրացկոտ էր, է քիչ մըն ալ իրաւունք ունէր անշուշտ, քանի մենք կը գրգռէինք իր զայրոյթը: Կը յիշեմ երբ պաքալորիայի հայկական վկայականաց հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենար, ինք էր մեր երգչախումբի ղեկավարը, երգերը կը սորվեցնէր, որոնց մէջ Ճեմարանի քայլերգը, որ եօթներորդ կարգէն սորված կ՚ըլլայինք, բայց, ճիշդը կ՚ուզէ՞ք, պետական քննութիւններու մղձաւանջէն նոր ելած՝ մեզի համար ազատութեան շրջան մըն էր, որ սկսած էր, մանաւանդ մինչեւ քննութիւններու արդիւնքներուն յայտարարութիւնը, ուստի շատ չէինք սորվեր:

-Բայց որքան կը զուարճանայինք Պրն. Վահէին հետ,- նոյն պահերը յիշելով կը շարունակէ ուրիշ մը,- կը հասկնար մեր տարիքը, կատակներով ու զուարթախոհութեամբ կը փորձէր լեզու գտնել մեզի հետ, սակայն, այո՛, մենք մեր չարաճճիութիւնները կ՚ընէինք, կը զայրացնէինք մարդը, չէինք սորվեր երգերուն բառերը ու միայն մեր բերանները կը բանայինք ու կը գոցէինք ձեւականօրէն. կը տեսնէր, կը զգար մեր բոլոր ըրածները, բայց եւ այնպէս կը գիտակցէր, որ երբ բեմ բարձրանայինք ծնողներու ներկայութեան իր երեսը պիտի ճեր-մըկցնէինք ու անկէ ետք ալ «Ապրի՛ք, տղաք» մը պիտի ըսէր մեզի գոհունակութեամբ:

Այսպէս յուշ-յուշ թափառեցաւ Պրն. Վահէն երիտասարդներուն մտքերուն ու խօսքերուն մէջ, ժպտեցան անոնք, նոյնիսկ իր ձեւերը կապկեցին, վերապրեցան այդ պահերը խանդավառութեամբ, անուշ յուշերու ծրարով քաղցրացուցին ներկան իրենց՝ ապահովութիւն որոնողներուն, որոնցմէ մէկն էր թերեւս նաեւ ինք՝ Պրն. Վահէն, որ դուսի հալէպահայերու փաղանգին մաս կազմեց պատերազմի տարիներուն խըլ-ւելով իր եկեղեցիէն, դպիրներէն, ուսանողներէն, բարեկամներէն ու իր տան անկիւնէն:

Մնաս սերունդներու անուշ յուշ, յարգելի՛ Պրն. Վահէ:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018