ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար Առակագիրը կը գրէ. «Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, բայց յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է» (Առ 12.1):

Պատասխան. Ճշմարտութեան եւ ուղղութեան մէջ քալողներուն համար խրատը համազօր է հարստութեան կամ թանկարժէք գոհարեղէնի, որովհետեւ խրատը կը դիտարկեն որպէս առաւել հզօրացման եւ ճշմարտութեան ու ուղղութեան մէջ ամրանալու միջոց, որով նաեւ իրենց գիտութիւնը կ՚աւելցնեն եւ զայն կը ծառայեցնեն յանուն իրենց շրջապատի օգուտին ու բարիքին, եւ միաժամանակ՝ Աստուծոյ փառքին համար: Իսկ բոլոր անոնք որոնք իրենց ԵՍ-ը աստուածացուցած եւ առաջին տեղը դրած են, այդպիսիները ո՛չ խրատը կը սիրեն, ո՛չ գիտութիւնը, առաւել եւս՝ զիրենք յանդիմանողները, կամ ուղղութեան հրաւիրողները: Ինչո՞ւ. որովհետեւ այդպիսիներուն համար աշխարհը իրենց շուրջ կը դառնայ եւ իրենք զիրենք աշխարհի կեդրոնը կը կարծեն, որով երբ ոեւէ մէկը փորձէ խրատէ զիրենք, երբեմն ալ յանդիմանէ գործած սխալի մը, կամ բռնած սխալ ընթացքին համար, ապա կը թշնամանան, որով իրենց անմտութեան ու տգիտութեան մէջ ա՛լ աւելի խորանալով, աւելիով կը չարանան ու կը հեռանան ճշմարտութենէն եւ ուղիղ ճանապարհէն, իրենք զիրենք կորուստի մատնելով:

Հ. Առակագիրին հետեւեալ նախադասութեան մէջ արդեօք խտրութիւն չի՞ նկատուիր Աստուծոյ կողմէ. «Բարի մարդը Տիրոջմէն շնորհք կը ստանայ, բայց Աստուած նենգաւոր մարդը պիտի դատապարտէ» (Առ 12.2):

Պ. Նայած ի՛նչ դիտանկիւնէ կը մօտենանք այս նախադասութեան եւ ինչպէ՛ս կը փորձենք հասկնալ զայն: Արդարեւ, Աստուած խտրութիւն չի՛ դներ մարդոց միջեւ. այս փաստին մասին Սրբազան Պօղոս առաքեալը յստակ կերպով կը խօսի, երբ կ՚ըսէ. «Աստուած խտրութիւն չի՛ դներ մարդոց միջեւ» (Կղ 3.25):

Առակագիրին այս ըսածը հասկնալը շատ դիւրին կը դառնայ, երբ հոգեւոր ակնոցով մօտենանք, որովհետեւ այստեղ խտրութեան նշոյլ իսկ չկայ: Աստուած մարդը ազատ ստեղծեց եւ անոր տուաւ անձնիշխան կամք եւ մտածելու կարողութիւն: Յետագային, երբ Իր ընտրեալներուն, մարգարէներուն եւ առաքեալներուն միջոցով Իր պատուիրաններն ու խրատները փոխանցեց մարդուն, այնտեղ յստակ կերպով ցոյց տուաւ մարդուն, թէ իր գործերուն միջոցով է, որ մարդ պիտի արժանանայ փրկութեան եւ ժառանգակից դառնայ Աստուծոյ Թագաւորութեան. հակառակ պարագային պիտի արժանանայ պատիժի, որովհետեւ հակառակ իր ունեցած ազատ կամքին եւ մտածելու կարողութեան, ճիշդը ընտրելու փոխարէն սխալը նախընտրեց, որով եւ ինքզինք արժանացուց դատապարտութեան:

Այս մօտեցումով եթէ կարդանք Առակագիրին վերոնշեալ տողը, ապա յստակ կը դառնայ, որ իւրաքանչիւր մարդ իր գործերուն համաձայն է, որ հատուցում պիտի ստանայ, եթէ բարի է՝ այսինքն ազնիւ կեանքով ապրի, ապա Աստուծմէ շնորհք պիտի գտնէ, իսկ եթէ անմտութեամբ իրեն տրուած ժամանակը վատնած է չար գործերով, ապա դատապարտութեան պիտի արժանանայ: Լսե՛նք դարձեալ Պօղոս առաքեալին. «Ինչ որ ալ ընէք՝ սրտանց ըրէք, այնպէս՝ ինչպէս պիտի ընէիք Տիրոջ, եւ ոչ՝ մարդոց: Գիտցէք, որ Տիրոջմէ է որ պիտի առնէք ձեր հատուցումը, որ խոստացաւ ձեզի տալ, քանի որ Տիրոջ՝ այսինքն Քրիստոսի է որ կը ծառայէք: Իսկ անիրաւը իր անիրաւութեան հատուցումն է որ պիտի ստանայ. որովհետեւ Աստուած խտրութիւն չի դներ մարդոց միջեւ» (Կղ 3.23-25):

Հ. Յաճախ կը նկատենք, որ անիրաւ ու մեղաւոր մարդիկ աւելի բարօր կեանք մը կ՚ապրին եւ յաջողութիւններու կը հասնին: Ի՞նչ է գաղտնիքը:

Պ. Ո՛չ մէկ գաղտնիք կայ այստեղ, որովհետեւ այս մտածումը սխալ է եւ իրականութեան չի՛ համապատասխաներ: Առ երեւոյթ շատերուս կը թուի, թէ անիրաւ ու մեղաւոր մարդիկ բարօր կեանքով կ՚ապրին եւ յաջողութիւններու կը հասնին, բայց այդ բոլորը խաբկանք է, որովհետեւ սխալին վրայ կամ սխալով կառուցուցած ո՛չ մէկ բան կրնայ հաստատուն ըլլալ, ինչպէս Առակագիրը կը գրէ. «Մարդը անիրաւութեամբ հաստատութիւն չ՚ունենար, բայց արդարներուն արմատը չի շարժիր» (Առ 12.3): Պարզ ու յստակ են Իմաստունին խօսքերը, անիրաւութիւնը երբեք չի՛ կրնար մարդուն հաստատութիւն տալ, ինչքան ալ մեր աչքերով տեսնենք ու տարուինք համոզուելու, թէ այդպէս է, անիրաւութիւնը պարզապէս խախուտութիւն կու տայ մարդուն, եւ եթէ նոյնիսկ այս կեանքին մէջ ձեւական «հաստատութիւն» տայ, ապա յաւիտենականին մէջ այդ ձեւական հաստատութիւնը՝ իրական դատապարտութեան ու պատիժի պիտի վերածուի: Կ՚ուզե՞ս յաջողութեան հասնիլ, ապա արդարութիւնը քեզի զինուորակից ըրէ, որով արմատներդ հաստատուն կ՚ըլլան եւ ինչքան ալ զօրաւոր փոթորիկներուն հանդիպիս, արմատներդ չե՛ն խախտիր ու չե՛ն շարժիր, որովհետեւ արդարութեան վրայ հիմնուած են:

Հ. Ի՞նչ առաւելութիւն ունի առաքինի կինը իր ամուսինին համար:

Պ. Սողոմոն իմաստունը կը գրէ. «Առաքինի կինը իր էրկանը պսակ է, բայց նախատինք բերողը անոր ոսկորներուն փտտութեանը պէս է» (Առ 12.4): Պարզ ու յստակ: Իսկ Առակաց գիրքին վերջին գլուխին մէջ Սողոմոն իմաստունը այսպէս կը գրէ առաքինի կնոջ մասին.

«Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել: Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է: Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ է ու աւարի կարօտ չ՚ըլլար: Անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ անոր բարիք կը բերէ եւ ո՛չ թէ չարիք: Բուրդ ու քթան կը փնտռէ եւ ուզածը ձեռքովը կը գործէ: Անիկա վաճառականի նաւերուն կը նմանի: Իր հացը հեռու տեղէ կը բերէ: Անիկա գիշերով կ՚ելլէ ու տանը մարդոցը՝ կերակուր եւ իր աղախիններուն գործ կու տայ: Արտի մը վրայ կը խորհի ու զանիկա ծախու կ՚առնէ: Իր ձեռքերուն պտուղէն այգի կը տնկէ: Իր մէջքը զօրութեամբ կը պնդէ ու իր բազուկները կը զօրացնէ: Իր վաստակին աղէկ ըլլալը կը հասկնայ: Անոր ճրագը գիշերը չի մարիր: Իր ձեռքերը իլիկին կ՚երկնցնէ ու ափովը բոքը կը բռնէ: Ձեռքը աղքատին կը բանայ ու ձեռքերը կարօտեալներուն կ՚երկնցնէ: Իր տանը մարդոցը համար ձիւնէն չի վախնար. քանզի բոլոր ընտանիքը կրկին հանդերձ հագած են: Իրեն ծածկոցներ կը շինէ: Իր հանդերձը բեհեզ ու ծիրանի է: Անոր այրը կը ճանչցուի դռներուն մէջ, երբ երկրին ծերերուն հետ նստի: Կտաւ կը գործէ ու կը ծախէ եւ վաճառականներուն գօտիներ կու տայ: Զօրութիւն ու փառք կը հագնի ու վերջին օրերը պիտի ուրախանայ: Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ եւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք կայ: Իր տան ճամբաները կը քննէ եւ ծուլութեան հացը չ՚ուտեր: Անոր տղաքը կ՚ելլեն ու զանիկա երանելի կ՚անուանեն: Անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ, ըսելով. "Շատ աղջիկներ առաքինի եղան, բայց դուն ամենէն գերազանցը եղար": Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, սակայն Տիրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի: Տուէք անոր իր ձեռքին պտուղէն ու անոր գործերը դռներու մէջ պիտի գովեն զանիկա» (Առ 31.10-31):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 26

1 յունուար 2023, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023