ՊԱՏԻ՞Ժ, ԹԷ ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ

Տարուայ մէջ իմ սիրելի օրերէն մին է մարտի 8-ը՝ Կանանց միջազգային օրը, որուն միշտ սրտատրոփ կը սպասեմ։ Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, այս տարի մարտի 8-ին առանձնայատուկ ոգեւորութեամբ կը սպասէի, չէ՞ որ առաջին անգամ հերթական հարցազրոյցս խորագրեալ՝ «Մտովի պտոյտ՝ աշխարհի եւ ժամանակներու մէջ» պէտք է լոյս տեսնէր մեր թերթի ճակատին վրայ. սա սկսնակ լրագրողի մը համար մեծ առաջընթաց մըն էր։ 

Երբ սենեակիս վարագոյրները քաշեցի, գարնանային պայծառ արեւը ժպտաց ինծի։

Ոգեւորուած տունէն դուրս ելայ եւ քառորդ ժամ ետք խմբագրատուն հասած էի։ Ինչպէս միշտ, առաւօտուն աճապարանքով սկսանք աշխատիլ։ Կէսօրին թերթը պատրաստ էր։ Ճաշէն ետք, թէյի սեղանի շուրջ բոլորուած աշխատակիցներով իրարու մարտի 8-ը շնորհաւորեցինք. օրուան խորհուրդը յաւերժացուցինք լուսանկարչական սարքի օգնութեամբ ու նոր եռանդով անցանք աշխատանքային օրուան երկրորդ փուլին։

Ժամը մէկը կ՚անցնէր, երբ համակարգիչներու դիմաց անցնելով յանկարծակի կայծակնահարուեցանք։ Ամբողջ համացանցը հեղեղուած էր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեանի վախճանման գոյժով։ Ժողովուրդի սիրեցեալ Պատրիարք Հայրը՝ տասնմէկ տարի առաջ անդարմանելի ու չարաբաստիկ հիւանդութեան ճիրաններու գերին դարձած էր։ Ահաւասիկ երկար ու անձայն պայքարէ մը ետք ան հոգին աւանդելով Աստուծոյ, ազատեցաւ հիւանդութենէն, իր ետին թողլով վիշտ ու կսկիծ։

Մեր բազմաչարչար ազգի ամենէն խոցելի հատուածներէն մին՝ որբացեալ պոլսահայութիւնը շաբաթէ մը ի վեր խոր վիշտի մէջ է։ Թէպէտ ժողովուրդը կը գիտակցի, թէ վերջապէս իր յոյժ սիրեցեալ Պատրիարք Հայրը առյաւէտ հանգստութիւն պիտի գտնէ, սակայն նորէն ալ բաժանումը շատ ցաւոտ ու խոցելի է։ Անգութ մահը մեզ մեր սիրելիներէն կը բաժնէ ֆիզիքապէս, բայց ո՛չ երբեք հոգեպէս։ Մահուան հետ համակերպիլը գրեթէ անհնարին է, միայն ժամանակն է, որ սպի ձգելով ի զօրու է դարմանել մեր հոգւոյն վէրքերը։

Սեւ կիրակի…

Հայութեան ժամադրութեան վայրը երէկ՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին եկեղեցին էր։ Բազմահազար ժողովուրդը կը փութար վերջին հրաժեշտը տալու սիրեցեալ Պատրիարք Հօր։ Ես նոյնպէս այդ շարքերուն մէջ էի։ Եկեղեցւոյ շուրջ տիրող մթնոլորտը ազդու էր եւ յուզիչ։ Թէպէտ զիս՝ նուաստիս երբեւէ բախտ չէր վիճակած տեսակցիլ կամ երկու բառ փոխանակել Մեսրոպ Պատրիարքին հետ, սակայն անոր մասին կարդացած էի համալսարանական դասագրքերուս մէջ։ Պատրիարք Հօր անդարմանելի երկարատեւ հիւանդութիւնը ժամանակին զիս շատ յուզած էր։

Վայրկեաններ անց հանդիպեցայ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի բազմաչարչար, անշնչացած մարմնին։ Անթարթ հայեացքով ու խորազգած վիշտով ճամբեցի Պատրիարք Հայրը եւ այդ վայրկեանին սկսայ խորհիլ։ Արդեօք այս չարաբաստիկ հիւանդութիւնը պատի՞ժ էր Աստուծոյ կողմէ պոլսահայութեան համար, թէ ոչ ապաշխարութեան հնարաւորութիւն ծանր մեղքերու փոխարէն։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2019