ԶԱՔԱՐԻԱ ՁԱԳԵՑԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՈՑ

Իսկ այսօր, այսօրուան մեծ եւ հոյակապ օրը՝ Հինգշաբթին, կարգելով շարակարգեցինք խորհրդածութեան բացափայլութիւնը, որ նոյնինքն արարչագործութեան հինգերորդ օրուան օրինակն ու պատկերն է, որուն ընթացքին ջուրերը բղխեցան՝ Աստուծոյ հրամանով, բոլոր տեսակի կենդանիները՝ երկրի, երկինքի եւ ջուրերուն մէջ եղող, իւրաքանչիւր սեռրն ու տեսակները բաժնուած եւ որոշուած (իրարմէ), որոնք կ՚ընթանան ջուրերու շաւիղներէն. (անոնց) շնչառութիւնը՝ ռնգուքներով չեն կլաներ օդը, այլ ջուրէն կ՚արտաշնչեն, ինչպէս ցամաքայինները՝ օդը։ Հողմերը անոնց ըմպելիքներն են, ինչպէս ցամաքայիններունը՝ ջուրերը. որովհետեւ խորերէն դէպի վեր կ՚ընթանան օդ կլանելու. ինչպէս որ ցամաքայինները խեղդելով կը սպաննեն ջուրերը, նոյնպէս եւ ջրայինները՝ օդը։ Ցերեկ ըլլալով ու գիշերը լմննալով, եղաւ հինգերորդ օրը, որ ունի հինգերորդ դարուն պատկերն ու օրինակը, սկսելով Սամուէլ մարգարէին 16-րդ տարիէն, եւ վախճանելով այն օրը, երբ տաճարը շինուեցաւ, դարձեալ նորոգուեցաւ եւ Իսրայէլի որդիները Բաբելոնի գերութենէն վերադարձան։

Ադամ, Աստուծոյ ոտնաձայնին միջոցաւ արտաքսուեցաւ. որովհետեւ, գիտութեան փայտին մօտեցաւ ստուգելու համար Պատուիրանագիրին հրամանները։ Եւ այն, որ հրամայեց մեծն Մովսէսին կօշիկները հանել, որովհետեւ մորենիին մէջ տեսաւ աստուածութեան հուրը. եւ այսօր, աշակերտներուն կօշիկները կը հանէ, որովհետեւ անպարագրելի Աստուածը տեսան մարմնի մէջ, (ճիշդ այն ժամանակ) երբ Մովսէսն ալ մօտեցած էր երթալ քարոզելու Իսրայէլի որդիներուն։ Հանելով իր հանդերձները, առաւ ղենջակը, որպէսզի նախահօր մաշկեղէն հագուստները պատռէ եւ զարդափայլած արփիափայլ պատմուճանով՝ պճնելով պարածածկէ մերկացածները։  

Եւ արդ, Աստուածորդիին գալուստին ծածկուած խորհուրդը մօտեցած էր տարածուելու աշխարհին մէջ եւ Աստուծոյ անժամանակ Որդին՝ (պիտի) ըլլար մարդու Որդի։ Եւ շարակարգելով կը բովանդակէ ամբողջ ժամանակաշրջանը, սկսելով առաջին մարդէն (հասնելով) մինչեւ մարմնացեալ եւ անժամանակ Բանին՝ Քրիստոսի, աշխարհակեցոյց չարչարանքները։ Առաջին շրջանին, 15 Նիսանին, Ադամին մօտ եկաւ եւ տենչալի դրախտէն բաժանումը տեղի ունեցաւ։ Երկրորդ շրջանը, Ենովսը իր կեանքի 97-րդ տարին յուսալով կանչեց Տիրոջ, որ Նիսան ամսուն 15-րդ օրն է։ Երրորդ շրջանը Յարեդի 102-րդ տարին եղաւ, երբ Աստուած որոշեց եւ Սեթի ցեղը հանեց Կայէնի անմաքուր ցեղէն, եւ Սեթի ցեղը Աստուծոյ որդիներ կոչեց. (այդ մէկն ալ) Նիսան 15-ին էր։ Չորրորդ շրջանը, Նոյ հրաման ստացաւ շինելու տապանը իր տան փրկութեան համար։ Հինգերորդ շրջանը՝ լեզուներու բաժանումը։ Վեցերորդ շրջանը, Թայրայի օրերուն Աբրահամի ծնունդին։ Եօթներորդ շրջանը, Եգիպտոսէն ելքն է։ Ութերորդ շրջանը, Սողոմոն տաճարը շինեց եւ նաւակատիքը կատարեց։ Մովսէսին միջոցաւ Իսրայէլի վրայ ազատութիւն բերաւ. Նիսան 14-ին գիշերը գառնուկները զենեցին եւ (դռներուն) սեմերը գառնուկներու արիւնով շաղախեցին։ Պարսպելով կը պահէր ժողովուրդը անդրանկածախ սատակումէն, որ գուշակելով կը նշանակէր Աստուծոյ Գառնուկին աշխարհակեցոյց զենումը։ Եւ եգիպտական ցեղին անդրանիկները կը հարուածէր, որ կը նշանակէր սատանային առաջին մոլորութեան կորուստը, որն է կռապաշտութիւնը, որ կամակոր վիշապը իր դառնութեան թոյնը հեղեց երկրին մէջ։ Եւ Իսրայէլի որդիներուն ելքը Եգիպտոսէն, որ Նիսան ամսուն 15-ին է՝ լուսնի լրումին, եւ նաւարկողները ճանապարհ կը բռնեն դէպի պարգեւներու երկիրը։ Ութերորդ շրջանին, Սողոմոնի միջոցաւ տաճարը կը շինուի։ Իններորդ շրջանին, Զօրաբաբելի միջոցաւ կը նորոգուի։ Տասներորդ շրջանին, անժամանակ եւ անչարչարելի Բանն Աստուածը, իր մարմնով չարչարանքներուն կու գայ։ Հօր հաճութեամբ եւ ինքնակամ չարչարուցեաւ եւ նորոգելով փոխակերպեց ապականացած աշխարհը եւ կործանելով գերեց մահուան իշխանութիւնը։

Իսկ Մեծ Հինգշաբթիին, Փրկագործը՝ Յիսուս, խորհրդաւոր վերնատունը կու գայ, օրինականը կնքելու համար, բաղարջակերացին նախորդող օրը՝ աշակերտներուն հետ Զատիկը ուտելու, Մովսէսի սահմանած օրէնքներուն համաձայն. որովհետեւ այն ժամանակ, եգիպտացիներուն երկրին մէջ Տիրոջ կողմէ հրամայուեցաւ Մովսէսին, երեկոյեան զենել գառնուկները՝ Իսրայէլի որդիներուն փրկութեան համար, եւ կը հրամայէր արիւնով շաղախել դրան սեմերը, ներքին եւ արտաքին, որ կը խորհրդանշէ հոգին եւ մարմինը, խօսքն ու գործը, մեր ներքին եւ արտաքին մարդը, եւ մեր զգայրանքները օծուած կ՚ըլլան Աստուծոյ Գառնուկին արիւնով՝ աշխարհի մեղքերը շալկողին։ Եւ գիշերուայ ընթացքին, անկէ անցնելով հրեշտակը, եգիպտացիներուն անդրանիկները կը զարնէր, որովհետեւ սատանան վիրաւորեց մարդկային ցեղին անդրանիկը՝ նախաստեղծ Ադամը։

Ամսուան 14-րդ օրուան գիշերը գառնուկը կերան եւ յաջորդ առաւօտ Եգիպտոսէն ելան։ Նոյնպէս եւ մենք, երէկ վերնատան մէջ մշտնջենաւոր Քահանայապետին հետ ճաշակեցինք հռչակաւոր եւ անծախելի պատարագը։ Իսկ այսօր, բարգաւաճելով բերկրեցանք ամբիծ եւ փրկագործ արիւնով՝ մեծ եւ աշխարհակեցոյց զենումին։ Եւ աւազակին հետ, այսօր խաչակից եղանք Քրիստոսի, որովհետեւ Անոր հետ պիտի թագաւորենք անվախճան ուրախութեան մէջ։ Արդ, Նիսան ամսուն 14-ին, երեկոյեան գառնուկին արիւնը կը թափուէր, բաղարջակերացը կը կատարուէր եւ Իսրայէլի փրկութեան սկիզբը կ՚ըլլար։ Իսկ այսօր, Նիսան ամսուն 14-ին, տիեզերքի փրկաւէտ խորհուրդը՝ Քրիստոս, ծագեցաւ, ինչպէս կը գրէ երանելի Մատթէոսը. «Բաղարջակերաց տօնին առաջին օրը աշակերտները մօտենալով Յիսուսի, ըսին. ուր կ՚ուզես որ քեզի համար զատկական ընթրիքը պատրաստենք» (Մտ 26.17)։ Յիսուս իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց, որ կը խորհրդանշէ Հին եւ Նոր կտակարանները, մարգարէներն ու առաքեալները։ Եւ կ՚ըսէ անոնց. «Քաղաք գացէք» (Մտ 26.18), որն է՝ աշխարհը, որուն մօտեցած էին փրկութեան խօսքը աւետարանել։ «Յիսուս ըսաւ. հազիւ քաղաք մտած՝ մարդու մը պիտի հանդիպիք, որ ջուրի սափոր մը շալկած է։ Հետեւեցէ՛ք անոր եւ մտէք այն տունը ուր ինք կը մտնէ» (Ղկ 22.10)։ Այս նախատեսութիւնը յառաջգիտութեամբ ցոյց տուաւ աշակերտներուն՝ հաւատարմապէս գործադրելու խօսքը, զոր օրինակ՝ Սամուէլ մարգարէին Սաւուղը Իսրայէլի վրայ թագաւոր օծելը եւ գալիքներուն մասին մարգարէութիւն ընելը։ Կ՚ըսէ. «Այսօր քովէս գացած ատենդ՝ Բենիամինին սահմանը Սելսահի մէջ՝ Ռաքէլին գերեզմանին քով երկու մարդ պիտի գտնես, որոնք քեզի պիտի ըսեն. գտնուեցան այն էշերը, որոնք փնտռելու գացած էիր։ Քու հայրդ էշերուն հոգը թողուց ու ձեզի համար կը մտահոգուի ու կ՚ըսէ. Տղուս համար ի՞նչ ընեմ» (Ա.Թգ 10.2)։ Եւ ինչպէս անապատին ոսկի սափորը երկինքէն իջած հացը՝ մանանան կը խորհրդանշէ, եւ Եղիշէի սափորը Յորդանանի ափերուն մօտ՝ Երիքով քաղաքին առողջութիւնը խորհրդանշեց. (Ես. 52.7: Հռ 10.15), եւ կամ եթէ աւազանին ջուրը ըսաւ։ Եւ որովհետեւ սափորը խեցեղէն աման էր եւ ջուրը իր մէջ կը պարփակէր, նոյնպէս եւ մեր նիւթական եւ հողեղէն մարմինները, կենդանի ջուրը՝ զՔրիստոս ունին իրենց մէջ, հաւատքով՝ մեր սրտերուն մէջ բնակած։

«Երբ Օրէնքը գիրերով կը դրոշմուէր քարեղէն տախտակներուն վրայ, Աստուծոյ փառքը յայտնուեցաւ եւ Մովսէսի դէմքը այնպիսի՛ փայլքով մը կը փայլէր, որ Իսրայէլացիները չկրցան անոր երեսին նայիլ, թէպէտ այդ փայլքը շուտով պիտի անցնէր» (Բ.Կր 3.7). «Եւ մտէք անոր գացած տունը եւ տանտիրոջ ըսէք «Վարդապետը կը հարցնէ՝ թէ ո՛ւր է սենեակը, ուր աշակերտներուս հետ զատկական ընթրիքը պիտի ուտեմ»» (Մր 14.14). «Եւ տանտիրոջ ըսէք. «Վարդապետը կ՚ըսէ, թէ ո՛ւր է սենեակը ուր ես աշակերտներուս հետ զատկական ընթրիքը պիտի ուտեմ»» (Ղկ 22.11)։ Որովհետեւ, մարդը որ սափորը շալկած էր, Յովսէփի սպասաւորներէն էր, եւ տանուտէրը Արեմաթացի (Յովսէփն) էր, որ արժանի եղաւ մեծ գիշերին Տիրոջ սպասարկելու, պատանքելու եւ թաղելու անապական մարմինը։ «Անիկա վերնայարկը մեծ եւ կահաւորուած սենեակ մը ցոյց պիտի տայ ձեզի։ Հո՛ն պատրաստեցէք ընթրիքը մեզի համար» (Մր 14.15). «Անիկա վերնայարկը մեծ եւ կահաւորուած սենեակ մը ցոյց պիտի տայ ձեզի։ Հոն պատրաստեցէք ընթրիքը» (Ղկ 22.12)։ Որովհետեւ, բոլոր անոնք որոնք իրենց անձերը գետնաքարշ եւ աղտերով լեցուն կենցաղէն կը բարձրացնեն, եւ զարդարուելով առաքինութեան գործերով կը պաճուճուին, Աստուծոյ Բանը տաճարագործելու ընդունակ կ՚ըլլան։ Զոր օրինակ, ինչպէս որ անցեալին Սինա լերան վրայ Մովսէսը կը կանչէր, որ հուրով վառուած եւ բորբոքելով կը ցոլար, որ Իսրայէլի որդիները չէին կրնար տեսնել անճառելի, հրաշափառ եւ վայլեչազարդ տեսքը փառաց Աստուծոյ, եւ հոն, Մովսէսին կու տար գրաւոր օրէնքները (10 պատուիրանները), իսրայէլի բանակին համար։

«Ելաւ սեղանէն, մէկ կողմ դրաւ իր վրայի հագուստը եւ ղենջակ մը առնելով՝ մէջքին կապեց։ Ապա ջուր առնելով՝ լեցուց կոնքին մէջ եւ սկսաւ աշակերտներուն ոտքերը լուալ եւ մէջքին կապած ղենջակով սրբել» (Յհ 13.3-4)։ Անցեալին, երբ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն պիտի հանէր, (առաջնորդելով) պարգեւներու երկիրը, գիշերին զատիկը կ՚ուտէին բաղարջակերացի սկիզբը, եւ Կարմիր ծովը կ՚անցնէին. իսկ այսօր, երբ բաղարջակերացի զատիկը կերան, աշակերտներուն ոտքերը կը լուայ, որպէսզի ճանապարհ բանայ անոնց դէպի վերին Երուսաղէմ եւ անոնց ճամբայ բացաւ դէպի կենաց ծառը։

«Եւ մինչ անոնք կ'ուտէին, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց, կտրեց եւ բաժնեց աշակերտներուն, ըսելով.- Առէք, կերէք, ասիկա Իմ մարմինս է» (Մտ 26.26)։ Որովհետեւ, Եգիպտոսի մէջ գիշերը հրամայեց որպէսզի ուտեն, որ իսկական օրինակն է Աստուծոյ գառնուկին՝ աշխարհի մեղքերը շալկողին։ Առաւ օրինակը եւ զայն կատարեց. ճշմարտութեան սկիզբը կ՚ընէ, որովհետեւ այնտեղ ալ տասներկու ցեղերը, կրակով խորովուած գառնուկին միսը ճաշակեցին։ Իսկ այստեղ, տասներկու աշակերտներով, բոլոր տիեզերքը կը հրաւիրեն պատրաստուած սեղանին։ Այնտեղ, բազմաթիւ անբան գառնուկներ կը մորթուէին, իսկ այստեղ, մէկ հոգեւոր գառնուկ, բաւական եղաւ որպէս մշտնջենաւոր եւ անծախելի պատարագ, որովհետեւ ճաշակեցինք եւ գիտութեան փայտին ճաշակումին փոխուեցանք։

«Ապա առաւ բաժակը, գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ տուաւ Իր աշակերտներուն, ըսելով.- Բոլորդ խմեցէք ասկէ. ասիկա Իմ արիւնս է, որով Աստուծոյ հետ նոր ուխտ կը կնքուի եւ որ շատերու համար կը թափուի իրենց մեղքերու թողութեան համար» (Մտ 26.27-28)։ Հոն, դռներու սեմերուն վրայ դրոշմուած գառնուկներուն արիւնը, աներկիւղ կը պահէր ժողովուրդը անդրանիկներուն կոտորածէն, եւ գաւազանահար վէմէն հոսած ջուրը, (կը յագեցնէր) ծարաւացած Իսրայէլի ազգը։ Իսկ այսօր, իր պատուական սուրբ արիւնը կը բաշխէ տիեզերքի փրկութեան համար, որ տիկախոց կողէն մեզի բղխեցուց՝ կենդանի արիւն եւ ջուր։ Որովհետեւ հինը, որ ըստ օրէնքի օրինակ էր՝ անցաւ. եւ արդ նորը նորոգուեցաւ աշխարհի փրկութեան համար։

Ընթրիքէն ետք, նոր ուխտին սկիզբը դրաւ, աշակերտներուն բաշխեց իր սուրբ մարմինն ու արիւնը։ Երբ իր աշակերտները ճաշակեցին իր մարմինն ու արիւնը եւ անոնց հողացած սրտերուն մէջ իջնելով տէրունական անապական ճաշակումը, անմահագործեց անոնց մարմինները, Տիրոջ խօսքին համաձայն, որ նախապէս ըսած էր, թէ՝ «ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արինէս կը խմէ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ունենայ եւ ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը» (Յհ 6.54)։

Իսկ այսօր, այսօր խորհրդաւոր վերնատան մէջ կը պատժէ ու կը դատապարտէ անդրանիկն ու դեւերու առաջնորդը, աշակերտներուն ըսածին համաձայն, թէ՝ «Եւ չարին դատաստանը՝ որովհետեւ սատանան, այս աշխարհի իշխանը, արդէն իսկ դատապարտուած է» (Յհ 16.11)։ Այս է այն գիշերը, որ Քանանացիներու երկրին մէջ Աբրահամին խօսցեաւ, որ չորսհարիւր տարի ետք կատարեց Մովսէսի՝ Աբրահամի զաւկին միջոցաւ, չարչարելով անոնց նեղիչները եւ հանելով զանոնք բարձր բազուկով խոստացուած երկիրը։ Տարիներուն փոխարէն չորս ազգերուն փոփոխումը կը դնէ, որ Ադամէն Նոյ էր, եւ Նոյէն Աբրահամ, եւ Աբրահամէն Դաւիթ, եւ Դաւիթէն մինչեւ իր աշխարհակեցոյց գալուստը։ Եկաւ դատապարետլու դեւերու լէգէոն բանակաները եւ մարդիկը փրկելու անմարմին փարաւոնին ձեռքէն։

Ղուկաս կ՚ըսէ, թէ երբ Ան աղօթքի կեցած էր, անկէ քրտինք կը հոսէր արեան կաթիլներու նման, ոլոռն ոլոռն կ՚իջնէին, արիւնի շիթերու նման։ Ո՛չ թէ արիւն, այլ արիւնի նման. որպէսզի Մանիքէցիներուն, Պանդուկեցիներուն, Լիկանացիներուն եւ Եիտիքեաններուն բերանները գոցէ, որոնք աչքով անոր մարդեղութեան մասին կը խօսին, եւ կ՚ուրանան մարմնին կիրքերը, որպէս թէ աստուածութեան ցոյց տալով չարչարանքները։ Քրտինքով ցոյց տուաւ իր մարմինին ճշմարիտ երկիւղը։ Ադամին կ՚ըսէ. «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. որովհետեւ հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս» (Ծն 3.19)։ Քրտինքով վերցուց քրտինքի պատուհասը եւ երկիւղէն ազատեց՝ «եւ ազատագրէ անոնք՝ որոնք իրենց ամբողջ կեանքը մահուան վախովը կ՚անցընէին, ստրուկներու պէս» (Եբր 2.15)։ Յուդա մօտենալով համբուրեց զինք։ Տէրը կ՚ըսէ. որո՞ւն համար եկար, ընկե՛ր. «Յուդա՛, համբուրելո՞վ կը մատնես Մարդու Որդին» (Ղկ 22.48). որովհետեւ Ադամ օձը կամ սատանան չմեղադրեց երբ դաւաճանելով մօտեցաւ անոր, այլ անոնցէ բաժնուեցաւ։ Եւ հոս, Տէրը Յուդան եւ ոչ ալ Հրեաները մեղադրեց, որպէսզի կատարէ մարգարէին խօսքը՝ որ կ՚ըսէ.

Եղբայրասպան Կայէնը, անամօթաբար կ՚ըսէր Տիրոջ. «Տէրը Կայէնին ըսաւ. «Ո՞ւր է քու եղբայրդ Աբէլը»։ Անիկա ըսաւ. «Չեմ գիտեր, միթէ ես իմ եղբօրս պահապա՞նն եմ»» (Ծն 4.9)։ Եւ այստեղ, աստուածավաճառ անկիրթ Յուդան կը հարցնէր. «Վարդապե՛տ, միթէ ե՞ս եմ» (Մտ 26.25)։ Կայէնին կ՚ըսէ. պահապան չէիր, սպաննող ինչո՞ւ եղար։ Իսկ այստեղ Յուդային կ՚ըսէ՝ «Ահա դուն ըսիր» (Մտ 26.25)։ Հոն, Կայէնին վրայ նշան մը դրաւ, եւ երկրի վրայ կը շրջէր. իսկ այստեղ մերկացուց Յուդան աստուածային օգնականութենէն եւ սատանային մատնեց։

«Այս խօսքերը ըսելէ ետք՝ Յիսուս հոգեպէս խռովեցաւ եւ բացայայտօրէն ըսաւ.- Լա՛ւ գիտցէք, թէ ձեզմէ մէկը պիտի մատնէ զիս։ Աշակերտները իրարու կը նայէին, շուարած՝ թէ որո՞ւն համար կ՚ըսէ։ Աշակերտներէն մէկը, զոր Յիսուս կը սիրէր, բազմած էր Յիսուսի կողքին։ Սիմոն Պետորս նշան ըրաւ անոր՝ հարցնելու թէ որո՞ւն համար կ՚ըսէ։ Այդ աշակերտը Յիսուսի կողմը դառնալով՝ հարցուց.- Տէ՛ր, ո՞վ է։ Յիսուս պատասխանեց.- Պատառը թաթխելով որո՛ւն որ տամ՝ ան է։ Եւ պատառը թաթխելով տուաւ Իսկարիոտացի Յուդային։ Յուդա հազիւ պատառը առած՝ սատանան իր մէջ մտաւ։ Յիսուս ըսաւ անոր.- Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտ ըրէ։ Սեղանին շուրջ նստողներէն ո՛չ ոք հասկցաւ, թէ ինչո՛ւ այս խօսքը ըսաւ անոր։ Եւ որովհետեւ Յուդայի մօտ կը գտնուէր գանձանակը, աշակերտներէն ոմանք կարծեցին՝ թէ Յիսուս անոր ըսաւ. «Գնա՛ եւ տօնին առիթով ինչ որ մեզի պէտք է՝ գնէ, եւ կամ աղքատներուն բան մը տուր»։ Յուդա պատառը առնելէ ետք՝ անմիջապէս դուրս ելաւ։ Եւ գիշեր էր» (Յհ 13.21-30)։ Որովհետեւ, պատառը ջուրին թաթխելով, լուաց օրհնութիւնները եւ մերկացուց զայն պահպանական օգնականութենէն, ինչպէս որ ժամանակին ըրաւ Կայէնին, Սաւողին եւ Եսաւին, որ մերկացաւ անդրանկութենէն։ «Յուդա հազիւ պատառը առած՝ սատանան իր մէջ մտաւ։ Յիսուս ըսաւ անոր.- Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտ ըրէ» (Յհ 13.27), ինչպէս որ այն ատեն Հոգին Սաւուղէն վերացաւ եւ չար դեւ մը Տիրոջմէ՝ կը խեղդէր զայն։ Յիսուս կ՚ըսէ անոր. «Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտ ըրէ»։ Տասներկու առաքեալներուն հետ դասեցի քեզ, քեզ Իսրայէլի տասներկու ցեղերուն դատողական աթոռներուն՝ Պետորսեաններուն հետ խոստացայ. դեւերը քեզի հնազանդող ըրի, գանձանակին պատասխանատու ըրի քեզ եւ խոստացայ երկինքին մէջ անունդ գրել. իսկ դուն, այս բոլորը արհամարհեցիր եւ երեսուն արծաթը ընտրեցիր, որպէս գին քու Արարիչ Տիրոջդ։ Արդ, ամէն ինչ առի քեզմէ եւ երեսուն արծաթը տուի ձեռքդ, զոր օրինակ, որովհետեւ Գեեզն Նէէման առաւ արծաթը, եւ բորոտութիւնը զգեցաւ. կամ ինչպէս որ Եսաւը, որ անդրանկութիւնը տուաւ եւ ոսպէթանը ստացաւ։ «Յուդայի մեկնելէն ետք, Յիսուս ըսաւ.- Այժմ փառաւորուեցաւ Մարդու Որդին եւ Աստուած փառաւորուեցաւ անով» (Յհ 13.31)։

Ջուր կը լեցնէ կոնքին մէջ, որ կը խորհրդանշէ աւազանին արգանդը, որով հեթանոսները որդեգրութեան (շնորհին) կը վերածնին։ Եւ սկսաւ աշակերտներուն ոտքերը լուալ. որպէսզի անոնց նեղ դռնէն եւ նեղ պողոտայէն անցնելու ճանապարհ բանայ։ Ղենջակով կը սրբէր, որպէսզի խորհրդանշէ թէ մարմինի քրտիքին եւ աշխատութեան միջոցաւ, մաքրելով կը նորոգէ ներքին մարդը, արեան չափ հակառակելով մարմինին եւ արեան կարմրութեան տաժանալից աշխատանքով, բանուլ հրեշտակներէն եւ դէպի կենդանիներուն աշխարհը թեւապարել, ինչպէս որ Իսրայէլի ժողովուրդը Կարմիր ծովուն խորերէն դէպի խոստացուած երկիրը կ՚ուղղուէր։

Եւ երբ աշակերտներուն ոտքերը լուաց, հագուեցաւ իր հագուստները եւ դարձեալ սեղան նստաւ. որովհետեւ անճառ փառքէն խոնարհեցաւ եւ հողանիւթ բնութիւնը զգեցաւ եւ մեզ Ադամի կրած անէծքներէն ազատեց եւ կրկին փառքի աթոռին վրայ նստեցուց։ Սակայն կ՚ըսէ. «Արդ, եթէ ես՝ որ Տէր եւ Վարդապետ եմ՝ լուացի ձեր ոտքերը, դուք ալ պարտաւոր էք իրարու ոտքերը լուալ» (Յհ 13.14)։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2019