ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԸ՝ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՈՒՀԱՍԸ

«Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ
Առաջին անգամ՝ իբրեւ ողբերգութիւն,
Իսկ երկրորդ անգամ՝ իբրեւ զաւեշտ»:
ՔԱՐԼ ՄԱՐՔՍ

Թերեւս ոմանք հարց տան, թէ Մարքսի այս տողերը ի՞նչ առընչութիւն ունին քորոնաժահրին հետ: Յստակացնեմ միտքս եւ խօսիմ օրինակներով:

Պատմութեան վաղ օրերէն ի վեր աշխարհն ու մարդկութիւնը ապրած են շարք մը փուլեր, որոնք կը նկատուին սարսափելի, հետեւաբար՝ ահ ու դողի մատնած են աշխարհը: Իսկ աւելի ուշ, 20-րդ դարուն, գիտնականներ ըրած են այնպիսի գիւտեր, որոնց շնորհիւ իրապէս 20-րդ դարը կոչուած է գիտութեան դար:

Հռոմէական կայսրութիւնը ապրած է փառքի օրեր, սակայն յետագային անկում արձանագրած է եւ անցած պատմութեան: Մեծն Տիգրանի թագաւորութեան ժամանակ հայութիւնը նոյնպէս հասած է իր գագաթնակէտին եւ նուաճած՝ Միջին Արեւելքը, սակայն դժբախտաբար չէ կրցած իր բարձունքին վրայ մնալ:

***

19-րդ դարու մեր կարկառուն բանաստեղծներէն՝ Պետրոս Դուրեան, զոհ գացած է թոքախտի հիւանդութեան, երբ հազիւ 21 գարուններ բոլորած էր: Նաեւ այլ բանաստեղծներ դարձեալ թոքախտի զոհ գացին: Բայց 20-րդ դարու գերմանացի գիտնական եւ մանրէաբան Քոխ հնարած է թոքախտի դէմ պատուաստը եւ փրկած միլիոնաւոր մարդոց կեանքը: Հիմա թոքախտը դարձած է խաղալիք եւ չքացած:

Ֆրանսացի գիտնական Լուի Փասթէօր հնարած է կատաղութեան դէմ պատուաստը, իսկ ռուս գիտնական Մանտելիեւ մշակած է արեան խմբաւորումները (Ա. փոզիթիւ, Պէ. փոզիթիւ…): Աշխարհը երախտապարտ է այս եւ այլ գիտնականներու, որոնք բոլորն ալ իրենց բնագաւառներուն մէջ աշխատած են եւ բարիք բերած մարդկութեան:

Եւ ահա 21-րդ դարու ներկայ գիտութեան սրընթաց վերելքին մէջ ի յայտ եկաւ քորոնա կոչուած ժահրը, որ խլեց ու տակաւին կը խլէ բազմահազար մարդոց կեանքը: Չինաստանի Ուհան քաղաքէն ծնունդ առած եւ ամբողջ աշխարհը կլանած ժահրին դէմ գիտութիւնը անզօր է եւ մինչեւ հիմա ոչ մէկ գիտնական կրցած է զայն հակակշիռի տակ առնել:

Աջակողմեան եւ ձախակողմեան հակումներով երկիրներ՝ քաղաքականութիւնը մէկդի դնելով, իրարու օգնութեան հասան: Երեւակայեցէք պահ մը Միացեալ Նահանգներ օգնութիւն առաջարկեց Իրանին, սակայն Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի մերժեց: Ռուսաստան իր կարգին՝ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնութիւն առաքեց Միացեալ Նահանգներուն:

***

Օրեր առաջ, երբ լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն երեկոյեան լուրերը կը դիտէի, տեսայ, որ Իտալիոյ մէջ լացակումած իտալացիներ արցունքոտ աչքերով եւ ջղային վիճակով իրենց մեռելները կը թաղէին: Եւ ոչ միայն Իտալիոյ մէջ:

Վստահաբար գիտութիւնը պիտի յաղթահարէ նաեւ ա՛յս խոչընդոտը եւ համայն մարդկութիւնը պիտի փրկէ քորոնա կոչուած ժահրի ճիրաններէն:

Այս անգամ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ իբրեւ ողբերգութիւն:

ԱՐՇԱԿ ՊԱՒՈՒԿԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2020