«Սնուպարով» Սուրճը
Յետմիջօրէի քանի մը ժամերուն եղբօրս կառատունը շատ աւելի մեծ թիւով մարդ կը հաւաքուէր, քան՝ հայկական ակումբները: Անիկա դարձած էր անպաշտօն «ակումբ» մը:
Կարգ մը ընկերներ, երբ գործէն արձակուէին, նախքան իրենց տուները երթալը՝ անպայման պիտի հանդիպէին «ընկեր Անդոյին»:
Տորայի մայրուղիէն ներս, դէպի ծովեզերք տանող ճամբուն վրայ վերջին շէնքն էր կառատունը: Այդ ժամերուն դիմացի բաց դաշտը նորոգուելու կարիք ունեցող ինքնաշարժներէն աւելի, կը լեցուէր այցելու ընկերներու ինքնաշարժներով:
Ամէն օր նոյն ընկերներն էին, որ ամենայն հաւատարմութեամբ նոյն ժամերուն կը հաւաքուէին, անոնց շարքին՝ Արշաւիր Կիտցինեան, Սարգիս Ազնաւորեան, Յակոբ Կարպուշեան, Անթուան Թալաթինեան, Կիրակոս Պոյաճեան, իսկ երբեմն՝ Խաչիկ Արապեան:
Քանի մը ժամ ետք, անպաշտօն «ակումբ»էն իւրաքանչիւրը կ՚ուղ-ղըւէր իր շրջանի պաշտօնական ակումբը:
Սարգիս Ազնաւորեան կ՚երթար «Նիկոլ Դուման», Յակոբ Կարպուշեան եւ Խաչիկ Արապեան՝ «Սարդարապատ», եղբայրս՝ Անդրանիկը եւ Անթուան Թալաթինեան՝ «Ազիրեան» ակումբ, իսկ Կիրակոս Պոյաճեան՝ «Տիգրան Ծամհուր»:
Բացի ամէնօրեայ այցելող կուսակցական ընկերներէն՝ ինքնաշարժի նորոգութեան կարիքը չունեցող բարեկամներ նոյնպէս յաճախ կը հանդիպէին եղբօրս կառատունը: Տեսակ մը ժամադրավայր դարձած էր:
«Ընկեր Անդոյին սուրճը խմելու» եւ բարեկամներու հանդիպելու տիպար կեդրոն մը:
Կառատունը Պուրճ Համուտի սպանդանոցին կողքին էր, եւ այդ պատճառով, սպանդանոցէն գարշելի հոտ մը միշտ ներկայ էր: Նաեւ՝ անհամար ճանճեր, սակայն ո՛չ հոտէն, ո՛չ ալ ճանճերէն կը գանգատէին մարդիկ:
Օր մը բարեկամներէն մէկը իր սուրճին մէջ ճանճ մը գտած եւ անմիջապէս թափած էր: Եղբօրս՝ «Այս մէկը, սնուպարով սուրճ է» կատակին՝ բոլորը խնդացած, եւ այդ օրէն ընկեր Անդոյին սուրճին տուած էին նոր անուն մը՝ «սնուպարով սուրճ»:
«Երթանք ընկեր Անդոյին «սնուպարով սուրճ»ը խմելու»:
Այդ անձը, որուն գաւաթին մէջ գտնուած էր սատկած ճանճը, Լիբանանի պատերազմէն քանի մը տարի առաջ գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ, սակայն չէր վարժը-ւած Ամերիկայի կենցաղին: Լիբանանի ընկերային կեանքի կարօտը ունէր: Յաճախ կը գրէր՝ «Մէկ գաւաթ սնուպարով սուրճդ, ամբողջ Ամերիկային հետ չեմ փոխեր»:
Վրայ հասաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը:
Կառատան ամէնօրեայ այցելու ընկերները մեծամասնութեամբ մարտական տղաք էին, եւ գործէն արձակուելէն անմիջապէս ետք, փոխանակ հանդիպելու ամէնօրեայ ժամադրավայրը, կ՚ուղղուէին իրենց շրջանի ակումբները: Շատ յաճախ նոյնիսկ փախուստ կու տային իրենց գործերէն: Բոլորը անխտիր նուիրեալ ընկերներ էին:
Ամիսները տարիներու վերած-ւեցան: Պատերազմը մերթ սաստկացաւ, մերթ մեղմացաւ, սակայն ակնկալուածէն շատ աւելի երկարեցաւ:
Ընկեր Անդոյին կառատունը իրարու հանդիպելու սովորութիւնը պատմութեան անցաւ:
Կառատունը ծովեզերքին շատ մօտ էր եւ շրջակայքը՝ ամայի:
Քրիստոնեայ «միլիս»ներ այդ շրջանին մէջ աշխատող իսլամ անմեղ բանուորներ կը տանէին ծովեզերք ու կը գնդակահարէին:
«Տակաւին ականջիս մէջն են այդ անմեղ մարդոց լացի ու աղաչանքի ձայները, անոնք կը խնդրէին խնայել իրենց կեանքերը», օր մը պատմեց եղբայրս՝ շարունակելով. «Սակայն քանի մը վայրկեան ետք կը լսուէր կրակոց մը, ու աղաչական ձայնը կը լռէր»:
Բազմիցս ականատես եղած էր նման դէպքերու:
Հակառակ իր ջղուտ արտաքինին ու մարտական խառնուածքին՝ չափէն աւելի փխրուն սիրտ մը ունէր եւ չդիմացաւ այդ սրտաճմլիկ տեսարաններուն: «Տակաւին ականջիս մէջն են այդ անմեղ մարդոց լացն ու աղաչանքը»:
Անհանգստացաւ: Դադրեցաւ իր կառատունը երթալէ: Գործը «երեսի վրայ ձգած», յանձնած էր իր գործաւորին:
Օրական քանի մը ժամ կը հանդիպէր ակումբ, սակայն նախկին ընկեր Անդոն չէր: Օրէ օր առողջական վիճակը աւելի կը վատթարանար: Վարակուած էր անբուժելի հիւանդութենէ՝ քաղցկեղէ:
Որեւէ տեղ այցելելու կարողութիւն չունէր այլեւս: Տունէն հիւանդանոց, ապա՝ տուն, եւ՝ դարձեալ հիւանդանոց:
Լաւ ընկերներէն քանի մը հատը հեռացած էին Լիբանանէն: Ինք անհանգիստ էր, ուժասպառ եւ յուսալքուած: Լիբանան մնացած ընկերները յաճախ կ՚այցելէին իր տունը: Այցելող ընկերներուն մէջ պարտիմ յիշել անունը ի մասնաւորի Սարգիս Ազնաւորեան նուիրական անձին, որ ամէն օր անպայման կ՚այցելէր իր երբեմնի մարտական ընկերոջ, որ արդէն իսկ վե-րածուած էր անկողնին մէջ ուժասպառ, շարժելու կարողութիւն չունեցող անձի մը:
Չէր պատահած, որ օր մը բացակայէր: Կը պատահէր, որ կէս ժամով ուշանար, եւ այդ կէս ժամը շատ երկար կը թուէր եղբօրս: Աչքերը ժամացոյցէն չէր հեռացներ:
«Ընկեր Սարգիսը ուշացաւ»:
***
Պատերազմը կատաղօրէն կը շարունակուէր, երբ ընկեր Անդոն քաղցկեղի դէմ ճակատամարտը կորսնցուց եւ հեռացաւ այս աշխարհէն:
Քանի մը տարիներու տարբերութեամբ, իր կառատունը այցելող մար-տական ընկերները, բոլորը անխը-տիր հետեւեցան ընկեր Անդոյին:
Սարգիս Ազնաւորեան զոհ գնաց եղբայրասպան դաւաճան գնդակի մը:
Խաչիկ Արապեան եւ Յակոբ Կարպուշեան՝ «Սարդարապատ» ակումբի արթուն պահակներուն աճիւնները կը հանգչին Պուրճ Համուտի հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ:
Արշաւիր Կիտցինեան աչքերը փակեց Լոս Անճելըսի մէջ, իսկ Անթուան Թալաթինեանի անշունչ մարմինը Գանատայի ցուրտ հողին յանձնուեցաւ:
Կուսակցական խմբակ մըն էին, որոնք իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին անշահախնդիր նուիրուեցան հայկական ակումբներու եւ պաշտպանեցին հայկական թաղերը:
Բոլորը անխտիր նոյն նշանաբանը որդեգրած էին՝ «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»:
Հեռացան, սակայն ունեցան իրենց փոխարինող երիտասարդ նոր ուժեր:
Ներկայիս Լիբանանի պատերազմը պատմութեան անցած է:
Պատմութեան անցած են նաեւ այդ խոնարհ հերոսներուն անունները:
***
Այսօր Լիբանանի դաժան օրերը փոխադրուած են Լիբանանի դրացի երկիր՝ Սուրիա, ուր «Երազային Հալէպ»ը դարձած է «Դժոխային Հալէպ»:
Մեծ է թիւը նուիրեալ հայ երիտասարդներու, որոնք մոռցած են իրենց տան հասցէն: Հայկական ակումբներն ու հաստատութիւնները եղած են իրենց ամէնօրեայ ժամադրավայրը:
Հոն եւս շուտով կ՚աւարտի ու պատմութեան կ՚անցնի պատերազմը:
Նմանապէս պատմութեան կ՚անցնին ներկայ օրերու խոնարհ հերոսները:
Տասնամեակներ անցած են այդ թուականէն, երբ ընկերները կը հաւաքուէին վայելելու ընկեր Անդոյին կառատունը, եւ «սնուպար»ով սուրճը դարձած էր անկեղծ ընկերութեան խորհրդանիշ:
Ոչ մէկ տեղ կարելի է գտնել այդ կառատան դիմացի բաց դաշտին մէջ հաւաքուած ընկերներուն անկեղծ մթնոլորտը:
Կ՚անտեսէին գարշահոտութիւնն ու անհամար ճանճերը:
Կ՚այցելէին վայր մը, ուր ներկայ էր ամենակարեւորը՝ անկեղծ ընկերութիւնը:
«Բարի, գեղեցիկ, առաքինի ընկերը մարդուն» (Աշուղ Ջիւանի):
«Սնուպարով սուրճ»ի այցելուներուն աճիւնները, իրարմէ հեռու, կը հանգչին տարբեր վայրերու մէջ: Ո՛չ մէկուն բախտ վիճակուեցաւ հանգչիլ մայր հայրենիքի հողին մէջ:
Հակառակ իրարմէ հեռու վայրերու մէջ իրենց «հանգստարանին»՝ կը հաւատամ, որ բոլորին հոգիները միատեղ են «վերը», ուր ո՛չ «սնուպարով սուրճ» գոյութիւն ունի, ո՛չ ալ հայկական թաղերը պաշտպանելու կարիք: Իրենց կենդանութեան կատարեցին այդ ազգային պարտականութիւնը: Իրենց ողջ կեանքը անցուցին զոհաբերութեամբ: Ներկայիս այդ վեհ պարտականութիւնը փոխանցուած է նոր սերունդի երիտասարդ հերոսներուն:
Յարգա՜նք, հին ու նոր խոնարհ հերոսներուն, ըլլան անոնք ասդի աշխարհ, թէ անդի…
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լոս Անճելըս 2016
Հարթակ
- 11/22/2024