Նո­րօ­րեայ Հե­քիա՞թ, Թէ՞ Ի­րա­կա­նու­թիւն

Լի­բա­նա­նի մէջ ե­րէց­նե­րը կը պատ­մեն, թէ հան­րա­պե­տու­թեան նախ­կին նա­խա­գահ­նե­րէն Սլէյ­ման Ֆրեն­ժիէ (1970, ե­րես­փո­խան Ս. Ֆրեն­ժիէի մեծ հայ­րը) նա­խա­գահ ընտ­րուե­լով՝ յայ­տա­րա­րած է, որ օր պի­տի գայ, երբ լի­բա­նան­ցի­նե­րը այ­լեւս դռնե­րը պի­տի չկղպեն (այն­քան ա­պա­հով պի­տի ըլ­լայ): Ե­կած են քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի օ­րե­րը, եւ մար­դիկ իս­կա­պէս պէտք չեն ու­նե­ցած կղպե­լու դռնե­րը, ո­րով­հե­տեւ ո՛չ դուռ մնա­ցած է, ո՛չ ալ պա­տու­հան: Այս­պէս կ՚ը­սեն: Կա­տա­կը՝ կա­տակ, կար­դա­ցէ՛ք…

*

ԳԻՒ­ՂԸ, ՈՐ ՉԻ ԿՂՊԵՐ ԴՌՆԵՐ

Ա­մէն օր 40 հա­զար ջեր­մե­ռանդ բա­րե­պաշտ­ներ Շա­նի Շինկ­նա­փուր կ՚այ­ցե­լեն՝ հրա­պու­րուած ա­նոր 300 տա­րուան նշա­նա­ւոր ա­ռաս­պե­լով:

Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէ՛ք գիւղ մը, ուր բնա­կա­րան­նե­րուն  մուտ­քի դուռ չկայ, խա­նութ­նե­րը չեն կղպուիր, եւ տեղ­ւոյն բնա­կիչ­նե­րը միշտ ա­պա­հով կը զգան: Ա­սի­կա պատ­մու­թիւնն է Շա­նի Շինկ­նա­փու­րի, Հնդկաս­տա­նի Մա­հա­րաշտ­րա նա­հան­գի, ուր գիւ­ղա­ցի­նե­րը զերծ են վտանգ­նե­րէ, ա­պա­հո­վա­կան հար­ցե­րէ, գիւ­ղի պա­հա­պա­նը նկա­տուող Շա­նի աս­տու­ծոյ՝ Ե­րե­ւակ աս­տու­ծոյ հան­դէպ ու­նե­ցած ի­րենց ան­վախ­ճան հա­ւատ­քին շնոր­հիւ:

Ըստ ա­ռաս­պե­լին, շուրջ 300 տա­րի ա­ռաջ, տե­ղա­տա­րափ անձ­րեւ­նե­րէ եւ հե­ղե­ղէ ետք, ծանր ժայ­ռի կտոր մը յայտ­նա­բե­րուե­ցաւ ժա­մա­նա­կին գիւ­ղին մէ­ջէն հո­սող Փա­նաս­նա­լա գե­տի ա­փին: Երբ գիւ­ղա­ցի­նե­րը փայ­տով դպան 1.5 մեթր­նոց սա­լա­քա­րի բե­կո­րին, ա­րիւն սկսաւ ծո­րիլ ան­կէ: Ա­ւե­լի ուշ, այդ գի­շեր, Շա­նի յայտ­նուե­ցաւ գիւ­ղա­պե­տի ե­րա­զին մէջ՝ յայտ­նե­լով, որ այդ սա­լա­քա­րը իր սե­փա­կան պատ­կերն է՝ կուռ­քը, հրա­մա­յե­լով, որ սա­լա­քա­րը պէտք է պա­հել գիւ­ղին մէջ, ուր ինք պի­տի բնա­կի: Բայց Շա­նի պայ­ման մը ու­նէր. սա­լա­քա­րը եւ ա­նոր  վիթ­խա­րի զօ­րու­թիւն­նե­րը պէտք չէ պատս­պա­րել, ծած­կել, որ­պէս­զի կա­րե­նայ ա­նար­գել հսկել գիւ­ղը: Շա­նի ա­պա օրհ­նեց ա­ռաջ­նոր­դը եւ խոս­տա­ցաւ գիւ­ղը պաշտ­պա­նել վտան­գէ: Գիւ­ղա­ցի­նե­րը հսկայ սա­լա­քա­րը երբ տե­ղադ­րե­ցին գիւ­ղին կեդ­րո­նը գտնուող անկ­տուր սա­լա­յա­տա­կի մը վրայ, ա­նոնք ո­րո­շե­ցին թա­փել բո­լոր դռնե­րը եւ կղպանք­նե­րը: Ա­նոնք այ­լեւս պէտք չու­նէին ա­տոնց, ո­րով­հե­տեւ  Տէ­րը կը հսկէր, կը պահ­պա­նէր զի­րենք:

Այս ա­ւան­դու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի սե­րունդ­նե­րու հա­մար: Տե­ղա­ցի­նե­րը եր­բեմն փայ­տէ բա­րակ վա­հա­նակ­ներ կը հաս­տա­տեն ի­րենց  տան առ­ջե­ւի դրան շրջա­նա­կին մէջ, որ­պէս­զի թա­փա­ռա­կան շու­նե­րը դուրս պա­հեն, բայց մնա­յուն դռներ չու­նին, եւ ի­րենց ար­ժէ­քա­ւոր զար­դե­ղէնն ու դրա­մը ան­պաշտ­պան կը ձգեն՝ հաս­տա­տա­պէս հա­ւա­տա­լով, որ ի­րենց սուրբ խնա­մա­կա­լը ո­րե­ւէ ան­յա­ջո­ղու­թե­նէ պի­տի պաշտ­պա­նէ զի­րենք: Նոյ­նիսկ գիւ­ղի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կի հան­րա­յին ար­տաք­նոց­նե­րը մուտ­քին  միայն բա­րակ վա­րա­գոյր մը ու­նին:

Նոր  կա­ռոյց­նե­րը այս ա­ւան­դու­թիւ­նը պէտք է յար­գեն: Ոս­տի­կա­նա­տու­նը, որ միայն Սեպ­տեմ­բեր  2015-ին բա­ցուե­ցաւ եւ գիւ­ղա­ցի­նե­րէն  ցարդ ոչ մէկ բո­ղոք ստա­ցած է, մուտ­քի դուռ չու­նի:

«Եու­նայ­թըտ քո­մեր­շըլ» դրա­մա­նա­տու­նը 2011-ին Շա­նի Շինկ­նա­փու­րի մէջ բա­ցաւ Հնդկաս­տա­նի ա­ռա­ջին «ա­ռանց կղպան­քի» մաս­նա­ճիւ­ղը,  թա­փան­ցի­կու­թեան ո­գիով տե­ղադ­րե­լով ա­պա­կեայ մուտք մը եւ հա­զիւ նշմա­րե­լի՝ հե­ռուէն կա­ռա­վա­րուող կղպան­քով մը,  յար­գե­լով գիւ­ղա­ցի­նե­րուն հա­մո­զում­ներն ու հա­ւատ­քը:

Տե­ղա­ցի­նե­րը այն­քան ա­պա­հով կը զգան եւ մտա­հոգ չեն, որ գիւ­ղէն ո­րոշ ժա­մա­նակ մը հե­ռա­նա­լու ա­տեն չեն ալ խնդրեր ի­րենց դրա­ցի­նե­րէն  հսկե­լու ի­րենց տու­նը: Գիւ­ղա­ցի­նե­րը կը հա­ւա­տան, որ գո­ղե­րը ան­մի­ջա­պէս պի­տի պատ­ժուին ա­չազր­կու­թեամբ, եւ թէ՝ ան­պար­կեշտ ոե­ւէ անձ 7.5 տա­րուան ան­բախ­տու­թիւն պի­տի դի­մա­կա­յէ:

Ի դէպ, ըստ գիւ­ղին մէջ տա­րա­ծուած տե­ղե­կու­թեան մը, երբ գիւ­ղա­ցի մը իր տան մուտ­քին փայ­տէ վա­հա­նակ­ներ տե­ղադ­րած է,  յա­ջորդ օրն իսկ ինք­նա­շար­ժի ար­կա­ծի են­թար­կուած է: Այս տա­րօ­րի­նակ պատ­մու­թեան շնոր­հիւ՝  ամ­բողջ Հնդկաս­տա­նէն ա­մէն օր առ նուազն 40 հա­զար ջեր­մե­ռանդ բա­րե­պաշտ­ներ կ՚այ­ցե­լեն տես­նե­լու հա­մար եր­բեմ­նի խո­նարհ սրբա­վայ­րը, որ վե­րա­ծուած է խո­շոր  մե­հեա­նի՝ ըն­դար­ձա­կուող կա­լուա­ծով եւ նուի­րա­տուու­թեամբ:

Թէեւ Շա­նի Շինկ­նա­փուր դա­րե­րով պաշ­տօ­նա­պէս զերծ մնաց գո­ղու­թիւն­նե­րէ,  2010-ին այ­ցե­լու մը տե­ղե­կա­ցուց, թէ իր ինք­նա­շար­ժէն գող­ցուած են 35 հա­զար րու­պի գնա­հատուող ար­ժէ­քա­ւոր ի­րեր եւ կան­խիկ գու­մար: Ոս­կիի այլ գո­ղու­թեան մը մա­սին (70 հա­զար րու­պի) հա­ղոր­դուե­ցաւ 2011-ին: Սա­կայն  մե­ղադ­րանք­նե­րը չհաս­տա­տուե­ցան, ո­րով­հե­տեւ գիւ­ղա­ցի­նե­րը կը պնդէին, թէ գո­ղու­թիւն­նե­րը գիւ­ղէն դուրս տե­ղի ու­նե­ցած են:

Թե­րա­հա­ւատ­նե­րը կը պնդեն, թէ շրջա­նին մէջ ցած յան­ցա­գոր­ծու­թեան մա­կար­դա­կը պայ­մա­նա­ւո­րուած է գիւ­ղե­րուն հե­ռա­ւոր վայ­րե­րու մէջ գտնուե­լու հան­գա­ման­քով, այլ ոչ թէ՝ լորտ Շա­նիի զար­մա­նահ­րաշ զօ­րու­թիւն­նե­րով: Ինչ որ ալ ըլ­լայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, ժա­մա­նակ­նե­րը կը փո­խուին, կարգ մը գիւ­ղա­ցի­ներ ա­ռար­կու­թիւն­ներ ու­նին այս հին­ցած սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն հան­դէպ՝ ար­տօ­նու­թիւն պա­հան­ջե­լով կրամ-փան­չա­յա­թէն (տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մի­նէն) դռներ եւ կղպանք­ներ տե­ղադ­րե­լու, ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րուն ա­պա­հո­վու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար:  Բայց Շա­նի Շին­կա­փու­րի բնա­կիչ­նե­րուն մեծ մա­սը կը յու­սայ, որ ա­ւան­դու­թիւ­նը կը  շա­րու­նա­կուի, որ՝ Շա­նի կը շա­րու­նա­կէ զի­րենք բո­լոր չար աչ­քե­րէ պաշտ­պա­նել գա­լիք բազ­մա­թիւ դա­րե­րուն:

ԳԻՒ­ՂԻՆ ՄԵ­ՀԵԱ­ՆԸ ԻՆ­ՉՈ՞Ւ
­ՇԱՏ ՀՌՉԱ­ԿԱ­ՒՈՐ Է

Շա­նի Շինկ­նա­փուր գիւ­ղը այս տա­րես­կիզ­բին իր վրայ կեդ­րո­նա­ցուց լու­սար­ձակ­նե­րը, երբ հա­րիւ­րա­ւոր կին գոր­ծիչ­ներ փոր­ձե­ցին Սու­փա գիւ­ղէն ուղ­ղուիլ մե­հեան՝ բո­ղո­քե­լու հա­մար  մե­հեա­նի ներ­քին ա­ռանձ­նա­րան կի­նե­րու մուտ­քի ար­գել­քին դէմ: Ա­պա­հո­վա­կան ու­ժեր չար­տօ­նե­ցին կի­նե­րուն յա­ռա­ջա­նալ:

Ստո­րեւ հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ՝ գիւ­ղին եւ մե­հեա­նին մա­սին.

ԳԻՒ­ՂԸ

Շա­նի Շինկ­նա­փուր գիւ­ղը կը գտնուի Մա­հա­րաշթ­րա­յի Ահ­մետ­նա­կար շրջա­նին մէջ: Գիւ­ղը կը ճանչ­ցուի հռչա­կա­ւոր մե­հեա­նով Շա­նիի` Հին­տու աս­տուա­ծը, որ կ՚առըն­չուի Ե­րե­ւակ մո­լո­րա­կին:

Ա­ՌԱՆՑ ԴՈՒ­ՌԻ ԵՒ ԿՂՊԱՆ­ՔԻ

Շա­նի Շինկ­նա­փուր ճանչ­ցուած է աշ­խար­հի միակ գիւ­ղը, ուր տու­նե­րը դռներ եւ կղպանք­ներ չու­նին, իսկ գիւ­ղը գո­ղու­թե­նէ զերծ կը մնայ: Նոյ­նիսկ ազ­գա­յին դրա­մա­նա­տան Շա­նի Շինկ­նա­փու­րի մաս­նա­ճիւ­ղը դռնե­րուն վրայ կղպանք­ներ չու­նի: Մար­դիկ կը հա­ւա­տան, որ ա­ւա­զակ­նե­րը չեն կրնար գող­նալ կամ կո­ղոպ­տել գիւ­ղը, որ պաշտ­պա­նուած է Շա­նի աս­տու­ծոյ կող­մէ, եւ թէ` փոր­ձան­քի կը մատ­նուին, երկ­նա­յին պա­տի­ժի կ՚են­թար­կուին ա­նոնք, ո­րոնք կը փոր­ձեն գող­նալ:

ՄԵ­ՀԵԱ­ՆԸ

Իւ­րա­յա­տուկ բա­ցօ­թեայ մե­հեա­նը պա­տեր կամ տա­նիք չու­նի: Բնու­թեան մէջ յա­ռա­ջա­ցած շուրջ 1.5 մեթր բարձ­րու­թեամբ  սեւ սա­լա­քա­րը (սուա­յամպ­հու) կանգ­նած է հար­թա­կի մը վրայ եւ կը պաշ­տուի իբ­րեւ Շա­նի­տեւ աս­տուած:

ՄԻ­ԼԻՈ­ՆԱ­ՒՈՐ ԱՅ­ՑԵ­ԼՈՒ­ՆԵՐ

Մե­հեա­նին հար­թա­կը կանգ­նած է գիւ­ղին կեդ­րո­նը, ուր կ՚այ­ցե­լեն մի­լիո­նա­ւոր զբօ­սաշր­ջիկ­ներ եւ բա­րե­պաշտ­ներ՝ աշ­խար­հի բո­լոր կող­մե­րէն եւ Հնդկաս­տա­նէն:

ԿԻ­ՆԵ­ՐՈՒՆ՝ ԱՐ­ԳԻ­ԼՈՒԱԾ

Բա­րե­պաշտ կի­նե­րուն, սա­կայն, ար­տօ­նուած չէ պաշ­տա­մունք կա­տա­րել այս մե­հեա­նին մէջ: Շա­նի Շինկ­նա­փուր կ՚ար­գի­լէ կի­նե­րուն մտնել մե­հեա­նի հիմ­նա­կան տա­րած­քի կեդ­րո­նը՝ պնդե­լով, թէ կի­նե­րը ան­մա­քուր են: Ըստ հին ա­ւան­դու­թեան, կի­նե­րուն ար­տօ­նուած չէ  բարձ­րա­նալ մե­հեա­նի աս­տի­ճան­նե­րէն եւ իւղ թա­փել եւ ա­ղօ­թել Շա­նի­տե­ւի:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

«Ազդակ»

Շաբաթ, Յունիս 18, 2016