ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՏԱՆԻԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ…

«Հոգեւորականը այն սպասաւորն է Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, որ պէտք է մնայուն խոնարհութեամբ իր անձը դարձնէ նորին հրաւիրող աղբիւրը» (Յովնան Արք. Տէրտէրեան)։

Հոգեւորականը Եկեղեցւոյ դեսպանն է, իսկ Եկեղեցին քրիստոնէութիւնը մարմնաւորող եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալի շնչաւորեալ եւ գործարանաւորեալ արտայայտութիւն տուող նուիրագործուած հաստատութիւնը։ Հայ Եկեղեցին քարեղէն կառոյց մը չէ երբեք, այլ ոգեղէն տաճար իւրաքանչիւր հայորդիի համար։ Եկեղեցականը կոչուած է դառնալ Եկեղեցւոյ առաքեալը, ոչ թէ լոկ պաշտօնով, այլ ամբողջ էութեամբ, հոգեխառնութեամբ ու ապրումով։ Համեստութիւնը, խոնարհութիւնը, անխարդախ սէրը, ամուր հաւատքը, անանձնական ծառայութիւնը եւ անկոտրում կամքը իսկատիպ եկեղեցականին յատկութիւններն են։

Հայոց պատմութիւնը ինք կը վկայէ, թէ Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ մինչեւ Գրիգոր Տաթեւացի, բազմաթիւ սրբակենցաղ եկեղեցականներ ապրած են, որոնք Քրիստոսի խօսքերն ու ուսուցումները մարմնաւորած են եւ կեանքի կոչած։ Անոնց շրջահայեաց հսկողութեան եւ խորաթափանց զգուշաւորութեան շնորհիւ՝ խաւարասէր աղանդներ նզովուեցան եւ ուղիղ հաւատքի յաղթական նշանաբանը որպէս ծիածան պայծառացուեցաւ Եկեղեցւոյ երկնակամարին վրայ։ Եկեղեցին տուաւ հոյլ մը ընտրանիներ, որոնք որպէս մշակ ծառայեցին ի նպաստ հոգեշահ հունձքի։ Այդպիսիներէն էին՝ աղօթասաց հայրերը, շարականագիր սուրբերը, մեկնողական գրականութեան սպասաւորները եւ հաւատքի վկաները, որոնք քրիստոնէական հաւատքին հարազատ թարգմանը հանդիսացան։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը բերին ձեզի։ Նայեցէք թէ ի՛նչպէս ապրեցան եւ ի՛նչպէս մեռան անոնք, եւ օրինակ առէք անոնց հաւատքէն» (Եբր 13.7)։

Արդարեւ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը աչալրջութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ միշտ փորձած է որակաւոր եւ ուսեալ եկեղեցականներ ներգրաւել Արեւմտեան թեմէն ներս։ Ահա թէ ինչո՛ւ իր առաջնորդութեան պաշտօնավարման տարիներէն մինչեւ այսօր աւելի քան 10 եկեղեցականներ մաս կազմած են հոգեւորականաց դասուն՝ իրենց ծառայութիւնը մատուցելով Աստուծոյ, Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին։

Սրբազան Հայրը իր «Ապրուած կեանքի յուշեր» գրքին մէջ իր կատարած քահանայական ձեռնադրութեան զգացումները ընթերցողներուն հետ կիսած է՝ ըսելով. «Նորընծաներուն կեանքը ճշմարտապէս նոր աղօթք մը դարձաւ ինծի համար՝ իմ կեանքիս վրայ տարածուած: Կ՚ուզեմ եւ կը գիտակցիմ, որ մարդկային կարողութեանս համաձայն պէտք է հետեւիլ անոնց դողդոջ, սակայն, վճռակամ քայլերուն, որպէսզի անոնց կեանքը դառնայ պսակ՝ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան:

«Նորընծաներուն հոգիներուն մէջ կը տեսնեմ դարձի ճանապարհը բռնող մեր Ս. Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակները: Անոնց ծառայական կեանքը՝ որպէս հոգեւոր գործիք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, ինչպիսի հրաշքներ պիտի գործեն անհատ քրիստոնեաներու թէ համայնքերու կեանքերուն մէջ:

«Մէկ խօսքով, սիրելի՛ նորընծաներ, քահանայութիւնը ամէն օր աւելի սիրեցէք, աւելիով ապրեցէք ու ձեր անձերը դարձուցէք նոր կեանքի աղբիւրը՝ ձեր խնամքին յանձնուած Քրիստոսի հօտին: Երանի ձեզի, որ ձեր կեանքը քահանայութեամբ պիտի ապրիք։ Յիշեցէ՛ք ամէն րոպէ, որ Քրիստոս ձեր մէջ է եւ ամէն անգամ, երբ մեր մէջ քահանայական կոչումը կը տկարանայ, ապա աղօթքով պէտք է ձեռնադրութեամբ մեր մէջ բացուած հաւատքի գիտակցութիւնը լոյսի բերենք եւ յայտարարենք Պետրոս առաքեալի հետ. «Տէ՛ր, բարւօք է մեզ աստ լինել» (Մտ 17.4)»:

Այսօր, համաշխարհայնացած 21-րդ դարուն մէջ բազմաթիւ երիտասարդներ հեռացած են Եկեղեցիէն։ Եթէ երիտասարդը հեռացած է Եկեղեցիէն, ապա եկեղեցականը ինք պէտք է տանի Եկեղեցին երիտասարդին ու ժողովուրդին։ Եկեղեցականը պէտք է ուսեալ, բանիմաց, ազնիւ եւ խոնարհ ըլլայ, որպէսզի հայ երիտասարդը իրեն նայելով՝ օրինակ առնէ, մօտենայ Եկեղեցիին, իր հայրերու սրբազան հաւատքով եւ ուղիով առաջնորդուի ու իր կեանքը Աստուածորդիին խօսքերով ողողէ։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 18, 2018