ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ա.

ՄԵՐ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ չ՚ըսեր. «Աստուծոյ որդիներ ըրաւ», այլ՝ անոնց իշխանութիւն տուաւ:

Պատասխան. Երեք պատճառով. նախ, ով որ Աստուծոյ որդեգրութեան պատկերը ինքն իր վրայ կ՚առնէ, պէտք է բամաթիւ արթնութիւն եւ հոգ ընէ, որպէսզի Աստուծոյ պատկերը անջինջ մնայ:

Երկրորդ, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ բռնութեամբ իրմէ այս պատիւը շորթել, քանզի իշխանութիւն ունի քաւելու, եթէ ինքզինք իր կամքով զրկէ:

Երրորդ, որովհետեւ իշխանութեամբ իրողութեան մեծութիւնը կը ցուցնէ:

Իսկ որդիներ ըսելը, նախ՝ շատերը կը նշանակէ, երկրորդ՝ շնորհքի միջոցովները, երրորդ՝ որովհետեւ բոլորն ալ որդիներ կը ծնին եւ ո՛չ դուստրեր, ըստ այնմ. «Ես ըսի՝ “աստուածներ էք դուք”, կամ դուք բոլորդ ալ Բարձրեալին որդիներն էք» (Սղ 81.6), որովհետեւ մարմնաւոր ծնունդը այլ է:

Խօսք. «Ո՛չ արեան ճամբով [եւ ո՛չ մարմինի կամ մարդկային կամքով, այլ՝ Աստուծմէ ծնելով]» (Յհ 1.13), եւ այլն:

Մեկնութիւն. Ըսուած խօսքերէն ոմանք կրնան կասկածիլ, թէ մարդիկ Աստուծմէ մարմնաւորապէս կը ծնին, ատոր համար այս կասկածը կը վերցնէ, ըսելով՝ «ո՛չ արեան ճամբով»: Պէտք է շատ գրել, որովհետեւ սկիզբէն իսկ այսպէս է, քանի որ մարդուն ծնած ժամանակ կրկնակի արիւն կը պահանջուի, այսինքն՝ մօր կողմէն արիւն, որ դաշտանի արիւնն է, եւ այն արիւնը, որ տղայի մարմինին նիւթն է: Հօր կողմէն սերմը կը պահանջուի, որ զօրութիւն ունի մանուկին մարմինը ձեւացնելու, որովհետեւ այդ սերմը սննդական կերակուրներու աւելցուքն է եւ արեան բնութիւն ունի: Այսպիսի արիւնները Աւետարանիչը կը վերցնէ հոգեւոր ծնունդէն, երբ կ՚ըսէ. «Ո՛չ արեան ճամբով ծնած»: Բայց ոմանք կը մեկնեն, թէ հրեշտակներուն եւ Ադամին համար կ՚ըսէ. «Ո՛չ արեան ճամբով», սակայն կը յանդիմանուին այն բառէն, որ կ՚ըսէ. «Այլ՝ Աստծումէ ծնած», որովհետեւ անոնք [հրեշտակներն ու Ադամը] Աստուծմէ ստեղծուած են եւ ո՛չ թէ՝ ծնած: Ապա, պարզ է, թէ հաւատացեալներուն մկրտութեան շնորհքը պատիւով աւելի գերզանաց է, քան հրեշտակներունն ու Ադամինը: Եւ գիտելի է, թէ չորս բառերով հոգեւոր ծնունդը մարմնաւորէն կը զատէ, ինչպէս որ մարդուն սահմանումը մարդուն կը բնորոշէ եւ հրեշտակին սահմանունը՝ հրեշտակին. նախ, որովհետեւ մարմինի որդիները արիւնէ են, այսինքն՝ սերմին ցանկութիւնը նախ արիւն է եւ սերմի կը փոխուի ու դարձեալ արիւն կ՚ըլլայ, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ, ըստ այնմ. «Այս զաւակները մարդիկ են, մարմինով եւ արիւնով» (Եբր 2.14): Իսկ Քրիստոսին հաւատացողները Սուրբ Հոգիով՝ որպէս Աստուծոյ որդիներ կը ծնին: Երկրորդ, մարմինի որդիները մարմինէ կը ծնին, այսինքն՝ կնոջմէ, ըստ այնմ. «Անոր կողին ոսկորներէն մէկը առաւ ու անոր տեղը միս լեցուց» (Ծն 2.21), իսկ հաւատացեալները՝ Աւազանէն: Երրորդ, մարմինի որդիները տղամարդու եւ կնոջ կամքով յառաջ կու գան եւ ո՛չ թէ իրենց կամքով, իսկ հաւատացեալները՝ իրենց կամքով կը ծնին եւ ո՛չ թէ ուրիշներու: Չորրորդ, որովհետեւ մարմինի որդիները քառասունհինգ օր ետք կենդանութիւն կը ստանան եւ ինն ամիս եւ հինգ օր ետք կը ծնին: Այսպէս կ՚ըսեն նաեւ իմաստունները, թէ երկու սերմերուն խառնումը իրարու կը կպչին եւ վեց օր թարախի նմանութեամբ կը մնայ, ինչպէս որ է իսկ, եւ ինն օրեր ետք արիւնի կը փոխարկուի: Ապա, տասներկու օր ետք կը հաստատուի, եւ ապա տասնութ օր ետք ձեւ կը ստանայ մինչ անդամներու կատարումին հասնի, որ քառասունհինգ օր կ՚ըլլայ: Իսկ հաւատացեալները նոյն ժամուն եւ շուտ Սուրբ Աւազանէն որպէս Աստուծոյ որդիներ կը ծնին:

ԲԱՆԻՆ ՄԱՐԴԵՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Իսկ Աւետարանիչը երբ ցոյց տուաւ Փրկիչին գալուստն ու Անոր գալուստին պտուղը, ատկէ ետք կը ճառէ Անոր գալուստի ձեւին մասին, երբ կ՚ըսէ.

Խօսք. «Եւ Բանը մարմին եղաւ» (Յհ 1.14):

Մեկնութիւն. Որովհետեւ երբ ըսաւ՝ «Իր իսկ ստեղծած աշխարհը եկաւ», թերեւս ոմանք կարծեն, թէ միայն հոգեւորապէս եկաւ, ինչպէս նախապէս մարգարէներուն եկաւ, կամ թէ միայն նոր ներգործութեամբ եկաւ, ինչպէս կ՚ըսուի իջած, երբ Սորոդմը կ՚այրէր, ատոր համար կ՚ըսուի թէ այլ կերպով եկաւ, այսինքն՝ բնութիւնը [մարդկային] Իր Աստուածութեան միաւորելով, ատոր համար ալ կ՚ըսէ. «Եւ Բանը մարմին եղաւ»:

Դարձեալ, ըսաւ թէ մեր բարձութիւնը աւելին է քան հրեշտակներունը, որովհետեւ Աստուծմէ ծնանք եւ Ադամինէն ալ աւելի վեր, քանզի շնորհքով Աստուծոյ որդիներ եղանք: Այժմ պատճառը կ՚ըսէ, թէ Աստուծոյ Որդին Մարդու Որդի եղաւ, որուն համար մենք Աստուծոյ որդիներ եղանք: Եւ որովհետեւ պատճառն ու պատճառուածը զիրար կը հակադրեն, այսպէս, այդ պատճառով Ան խոնարհեցաւ, որպէսզի մենք բարձրանանք. այդ պատճառով մենք բարձրացանք, որովհետեւ Ան խոնարհեցաւ: Իսկ խոնարհիլը՝ մարդ (մարմին) ըլլալն ու աղքատանալն է, ո-րով աղքատ եւ անպատիւ բնութիւնն առաւ, որովհետեւ քարայրի մը մէջ ծնաւ, եւ այլն:

ԳԷՈՐԳԻՆ ՀԱՐՑՈՒՄԸ ԵՒ ԳՐԻԳՈՐԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Կաթնեղբօրս հարցումը. ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ այն խօսքը, թէ Աստուծոյ շնորհքը երեւցաւ որպէս Փրկիչ բոլոր մարդոց, որովհետեւ Բանը բնութեամբ ծնունդ է Հօրմէն, իսկ շնորհքով՝ Կոյսէն ծնաւ, այսպէ՞ս կ՚ըսուի, թէ՝ ո՛չ, կը խնդրեմ քեզմէ [ըսէ՛ ինծի]:

Պատասխան. Ամփոփ ձեւով կ՚ըսենք. նախ՝ հակառակը, եթէ Բանը բնութեամբ Հօր Որդի է, իսկ շնորհքով՝ Կոյսին Որդի, եւ մարմինը բնութեամբ Կոյսին Որդի է, իսկ շնորհքով՝ Հօր Աստուծոյ Որդի, այդ ատեն չորս որդիներ կ՚ըլլան. երկու՝ բնութեամբ եւ երկու՝ շնորհքով: Ահա նոր չարութիւն մը, եւ աւելին՝ քան Նեստորինը, որովհետեւ անիկա երկու որդի ըսաւ, իսկ դուն չորս կը կարծես:

Երկրորդ, կ՚ըսենք, թէ ի՞նչ է բնութեամբ եւ ի՞նչ՝ շնորհքով որդի: Կ՚ըսենք, թէ բնութիւնով չորս բան կը ցուցնէ, այսինքն՝ էութեամբ, անձամբ, գոյացութեամբ եւ միաւորութեամբ Որդի, իսկ շնորհքովը ասոնց հակառակ չորս բան կը ցուցնէ, այսինքն՝ որդեգրութեամբ, կոչումով, պատիւով եւ բնակութեամբ որդիներ:

Ասիկա սորված ըլլալով երրորդը կ՚ըսենք, պարզապէս իբր ի ներքուստ. նախ, երբ Քրիստոսի եւ մեր միջեւ կը համեմատես, այսպէս ըսէ. «Մենք՝ Աստուծոյ որդիներ ենք՝ շնորհքով, իսկ Քրիստոս՝ բնութեամբ. մենք՝ որդեգրութեամբ, իսկ Քրիստոս՝ էութեամբ. մենք՝ կոչումով, իսկ Քրիստոս՝ անձամբ. մենք՝ պատիւով, իսկ Քրիստոս՝ գոյացութեամբ. մենք՝ բնակութեամբ որդիներ ենք, իսկ Քրիստոս՝ միութեամբ Աստուծոյ Որդի է: Նմանապէս ե՛ւ Աստուած, ե՛ւ Տէր, ե՛ւ Յիսուս Քրիստոս, որովհետեւ այլ կերպով է մեզի Հայր, եւ այլ կերպով՝ Քրիստոսի, այլ կերպով է մեր Աստուածը, եւ այլ կերպով՝ Քրիստոսի, ըստ որում Ի՛նք կը սորվեցնէ.  “Ես կ՚ելլեմ Իմ Հօրս եւ ձեր Հօրը մօտ, Իմ Աստուծոյս եւ ձեր Աստուծոյն մօտ”  (Յհ 20.17)»: Այսպէս նաեւ երբ մեր մասին եւ Քրիստոսի մասին եւ Բանը կամ մարմինը տեսնես, այսպէս ըսէ (նախ Բանին կողմէ). «Բանը էութեամբ Հօր Որդի է եւ էութեամբ Կոյսին Որդի է: Անձամբ Աստուծոյ Որդի է եւ անձամբ՝ Կոյսին Որդի: Գոյացութեամբ Աստուծոյ Որդի եւ գոյացութեամբ՝ Մարդու Որդի»: Իսկ մարմինի կողմէն, այսպէս ըսէ. «Քրիստոսի մարդկութիւնը էութեամբ Կոյսին Որդի է եւ էութեամբ՝ Աստուծոյ Որդի: Քրիստոսի մարմինը անձամբ մօր Որդին է եւ անձամբ՝ Հօր Որդի: Տակաւին գոյացութեամբ, ե՛ւ բնութեամբ, ե՛ւ միութեամբ Մարիամի Որդի: Ե՛ւ գոյացութեամբ, ե՛ւ բնութեամբ, ե՛ւ միութեամբ մարմինը, որ Կոյսէն է, Հօր Աստուծոյ Որդին է»: Այսպէս նաեւ Աստուած եւ Տէր եւ Յիսուս եւ Քրիստոս. միաւորութեամբ անխտրաբար եւ անորոշապէս ըսէ Աստուածը մարդ եւ մարդը Աստուած, եւ միւսներն ալ նմանապէս:

Այսքանը Գէորգին որպէս պատասխան:

Դառնանք խօսքին, որ կ՚ըսէ. «Եւ Բանը մարդ (մարմին) եղաւ» (Յհ 1.14):

Գիտելի է, թէ չորս հերձուածներուն ընդդէմ է. նախ, որ կ՚ըսեն՝ «աչքին երեւցող մարմին առաւ»:

Կ՚ըսէ. «Եւ Բանը մարմին եղաւ», որովհետեւ թանձր եւ շօշափելի մարմինը միայն աչքին երեւցող ու ուրուական չէ:

Երկրորդ, ոմանք կ՚ըսեն, թէ բաժնուած մարմին առաւ, եւ բնակութեամբ:

Կ՚ըսէ. «Եւ Բանը մարմին եղաւ» ո՛չ բաժնուած, այլ՝ միութեամբ, որովհետեւ եղաւը միութիւն կը նշանակէ, այսինքն՝ Բանն Աստուածը մարմինին միացաւ եւ անով մէ՛կ անձ, մէ՛կ բնութիւն եղաւ, մէ՛կ կամքով եւ մէկ ներգործութեամբ, Աստուծոյ եւ Մարդու մէ՛կ Որդի:

Երրորդ, ոմանք կ՚ըսեն. «Եղաւ, ապա խառնուած է»:

Կ՚ըսէ. «Եւ Բանը մարմին եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ», որ ցոյց կու տայ, թէ անշփոթ միացած է: Սուրբ Կիւրեղը կ՚ըսէ. «Տէ՛րը, ապաւէն եղաւ մեզի», եւ ո՛չ թէ Տէր ըլլալէն փոխուեցաւ եւ ապաւէն եղաւ, նոյնպէս Բանը մարմին եղաւ, սակայն չփոխուեցաւ Բանն ըլլալէ: Սուրբ Նանան կ՚ըսէ. «Ինչպէս որ մենք շնորհքի միջոցով Աստուծոյ որդիներ եղանք, սակայն մեր բնութենէն չփոխուեցանք, այդպէս ալ Բանը մարմին եղաւ եւ Իր աստուածային բնութենէն չփոխուեցաւ, այլ՝ Աստուած մարմինը առաւ, ինչպէս լոյսը օդը կ՚առնէ լոյս միութեամբ, եւ հուրը՝ ջերմ երկաթը՝ առանց փոփոխմամբ, այլ՝ միութեամբ»:

Չորրորդ, ոմանք կ՚ըսեն. «Եւ Բանը մարմին եղաւ», հետեւաբար յայտնի է, թէ միայն մարմին առաւ եւ ո՛չ՝ հոգի:

Աւետարանիչը աւելի ուշ կ՚ըսէ. «Հոգին աւանդեց» (Յհ 19.30):

Սուրբ Կիւրեղը կ՚ըսէ, թէ «մասնիկէն ամբողջը կը հրաւիրուին, ինչպէս այն, որ իւրաքանչիւր մարմին քեզի պիտի գայ եւ իւրաքանչիւր մարմին փրկութիւն պիտի տեսնէ: Ո՛չ թէ մարմինը միայն՝ առանց հոգիի, այլ՝ մարմին ըսելով հոգին ալ ցոյց տուաւ, այստեղ նոյնպէս, մարմինն ու հոգին կը ցուցնէ»:

Աստուածաբանը կ՚ըսէ. «Մարմին առաւ, որպէսզի մարմինները փրկէ, հոգի առաւ, որպէսզի հոգիները ազատէ», այդ պատճառով Նիկիոյ Ժողովին ըսին. «Որով մարմին, հոգի եւ միտք առաւ՝ ճշմարտապէս»: Ուրիշներ ըսին, թէ Բանը մարմինին հետ եղաւ եւ ոմանք կ՚ըսեն անանձ եւ անգոյ է Բանը: Ասոնց պատասխանեց. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը» (Յհ 1.1), եւ այլն։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 7

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունիս 18, 2019