Ահաբեկչութեան Դէմ Եւ Ոգիի Պահպանման Պայքար
14 Յուլիսի կէս գիշերին թունուզցի մը բեռնակառքով վրայերթի ենթարկեց Նիսի մէջ Ֆրանսայի ազգային տօնին առթիւ հրավառութիւնները դիտող ժողովուրդը: Իսկական թիրախը, սակայն, այդ անմեղ զոհերը չեն:
Մոլիէրի երկիրը 2015-էն ի վեր հաւատադրժողական իսլամականներու յարձակումներուն թիրախ դարձած է, եւ պատահական չէր, որ Նիսի մէջ դժոխային ծրագիրի գործադրութեան համար ընտրուած էր Պասթիյի գրաւման օրը, որովհետեւ նպատակը հարուածելն էր Ֆրանսայի Հանրապետական արժէքները՝ ազատութիւնը, հաւասարութիւնն ու եղբայրութիւնը:
Հաւատադրժողականները կ՚ուզեն ֆրանսական կառավարութիւնն ու հասարակութիւնը մղել անվտանգութեան նկատառումներով սահմանափակելու իսլամ ֆրանսացիներուն ազատութիւնները. այդպիսի քայլ մը պիտի խախտէ քաղաքացիներուն միջեւ հաւասարութեան սկզբունքը եւ ի վերջոյ քայքայէ իսլամ եւ ոչ իսլամ ֆրանսացիներուն միջեւ եղբայրութիւնը:
Հաւատադրժողականներուն համար ատելի են Վիքթոր Հիւկոյի երկրին հանրապետական արժէքները. անոնք ազատութեան չեն հաւատար, այլ մէկ տեսակէտի ու մտածելակերպի գոյութեան, անոնց համար քաղաքացիները իրարու հաւասար չեն, այլ բաժնուած երկու դասակարգի, գերադաս՝ իսլամները , եւ ստորադաս՝ ռայաները: Անոնց համար գարշելի է տարբեր կրօններու պատկանող անհատներու միջեւ եղբայրութիւնը, որովհետեւ, ըստ անոնց, միայն հաւատադրժողականներն են եղբայր, «իսկական իսլամը» չի կրնար անհաւատներու եղբայրը ըլլալ:
Ֆրանսան այսօր ո՛չ միայն ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարի, այլ նաեւ իր ոգիին ու ինքնութեան պահպանման համար: Այդ պատճառով թէ՛ իշխանութիւնները, թէ՛ ժողովուրդը պարտաւոր են զգոյշ կերպով գործել՝ չիյնալու համար հաւատադրժողականներուն լարած թակարդին մէջ: Հարկ է իմաստուն ու հեռատես ըլլալով պահպանել հիմնականը՝ երկրի ոգին, առանց որուն Ֆրանսան կը դադրի Ֆրանսա ըլլալէ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Հարթակ
- 11/22/2024