Նախադպրոցական Տարիքի ԵրԱխաներու Երաժշտա-Գեղագիտական Դաստիարակութիւնը
Ժամանակակից երախաները կը շրջապատէ հնչիւններու հարուստ աշխարհ, որուն աղբիւրը կը հանդիսանան՝ պատկերասփիւռը, ձայնասփիւռը, համացանցը…
Երախաները կ՚ունկնդրեն բազմատեսակ երաժշտութիւն՝ ընկալելի եւ ոչ ընկալելի իրենց հասկցողութեան, որ յաճախ նախա-տեսուած չէ իրենց տարիքին:
Այս պատճառով երաժշտա-գեղագիտական դաստիարակութիւնը նախադպրոցական հաստատութիւններու մէջ պէտք է ըլլայ նպատակադրուած:
Գեղագիտական կրթութիւնը նպատակաուղղուած, համակարգուած ընթացքն է երախայի անհատականութեան ազդեցութեան վրայ: Անոր նպատակն է զարգացնել երախային ունակութիւնը՝ տեսնելու զինք շրջապատող աշխարհի գեղեցկութիւնը եւ հաղորդակից ըլլալու անոր հետ: Ան կը զարգացնէ ուղեղը, զգացումները եւ կը նպաստէ պատկերացումներու եւ երեւակայութեան զարգացման:
Երախան դեռ իր ծննդեան առաջին ամիսներէն, չգիտակցելով, կը ձգտի ամենավառ, գեղեցիկ, անսովոր առարկաներուն: Ան կ՚ուրախանայ փայլուն, վառ, գունազարդ խաղալիքներով, որոնք փոքրիկին մէջ կը յառաջացնեն հաճելի զգացումներ, հետաքրքրութիւն: Դեռ ծննդեան առաջին ամիսներէն երախաները կը լսեն երգեր, օրօրոցայիններ, աւելի ուշ՝ հեքիաթներ, իրենց ծնողներուն հետ կը դիտեն պատկերազարդ գիրքեր, նկարներ: Երախային մօտ կը ձեւաւորուին գեղագիտական առաջին ապրումները:
Մանկութեան վաղ փուլին նկատելի դեր կը խաղայ երաժշտութիւնը՝ որպէս գեղագիտական ընկալման եւ զգացական ապրումներու աղբիւր: Այստեղ է, որ նախադպրոցական հաստատութիւնը պէտք է բարենպաստ պայմաններ ստեղծէ երախայի հնարաւորութիւններու եւ ընդունակութիւններու բացայայտման եւ զարգացման համար:
Երաժշտութեան ազդեցութիւնը երախային վրայ, կը նպաստէ լիարժէք անհատականութեան ձեւաւորման՝ դաստիարակելով եւ հարստացնելով իր զգացումները եւ յուզական աշխարհը: Եթէ երախան վաղ տարիքին կը լսէ գեղեցիկ երաժշտութիւն, ժամանակի ընթացքին անոր մէջ կը ձեւաւորուի երա-ժըշտական ճաշակ՝ յարաբերութիւն գեղեցիկի հետ, եւ անոր մէջ կը դրսեւորուի գեղեցիկը, արժէքաւորը գնահատելու ունակութիւն:
Երբ երախան հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ երաժշտական գործունէութեան հանդէպ, եւ եթէ երաժշտութիւնը կը ներթափանցէ իր զգացումներուն, եւ ան կրնայ որոշակի գնահատական կամ կարծիք տալ, ուրեմն երաժշտա-գեղագիտական գիտակցութիւնը հետզհետէ կը բարձրանայ, ինչ որ կը նպաստէ երաժշտական ընդունակութիւններու զարգացման:
Մինչեւ երեք տարեկան երախային մէջ կը ձեւաւորուի երաժշտական յուզականութիւն, կը կուտակուին երաժշտական տպաւորութիւններ:
Չորս տարեկանին երախան կրնայ լսել աւելի երկարատեւ երաժշտութիւն, կը յառաջանան հետաքրքրութիւն՝ երաժշտութեան հանդէպ, երաժշտութեան տարբեր դրսեւորումներու նկատմամբ՝ ինչպէս պարի, երգի, ունկնդրութեան, երաժշտա-կշռութային շարժումներու ընդմէջէն արտայայտուող պարագաներով:
Հինգ տարեկանին երախային մէջ կը ստեղ-ծըւի երաժշտութեան եւ երաժշտական արտայայտութիւններու հանդէպ կայուն հետաքրքրութիւն: Յուզականութիւնը, զգացականութիւնը կը դառնան աւելի խոր, ի յայտ կու գան երաժշտական ընդունակութիւններ:
Վեց տարեկանին երախան կրնայ հսկել իր կատարողականութիւնը՝ հիմնուելով նախապէս ունեցած իր փորձառութեան վրայ: Այս տարիքին կրնայ աւելի ուշադիր ուն-կընդրել, աւելի խոր զգալ ստեղծագործութեան բնոյթը: Կը զարգանայ կայուն հետա-քըրքրութիւն երաժշտութեան եւ անոր անհրաժեշտութեան հանդէպ:
Գլխաւոր խնդիրն է երախաներուն մէջ արուեստի հանդէպ սէր եւ հետաքրքրութիւն սերմանելը: Երբ երախան յուզականօրէն կ՚արձագանգէ, կը հիանայ գեղեցիկ ու բարի արժէքներով, այն ժամանակ կը ստեղծուի բարենպաստ միջավայր՝ երախայի անհատականութեան ձեւաւորման համար: Անոր մէջ բարութիւն, կամեցողութիւն եւ ուրիշի հանդէպ կարեկցանք կ՚ամրապնդուի:
Երաժշտական բոլոր ընդունակութիւնները կը յայտնուին եւ կը զարգանան երախայի երաժշտական գործունէութեան ընթացքին, ուր երախան կը դառնայ անմիջական կատարող:
Նախադպրոցական տարիքը այն շրջանն է, երբ երախային մէջ կը ձեւաւորուին նախնական ընդունակութիւնները եւ հնարաւորութիւնները՝ տարբեր նախասիրութիւններու:
Այստեղ է, որ կը հանդիպինք երաժշտական ունակութիւններու վաղ արտայայտման, ուր ուսուցիչին գլխաւոր խնդիրն է զարգացնել երաժշտական ընդունակութիւնները, յառաջացնել սէր, հետաքրքրութիւն, որ իր կարգին երախայի մէջ կը յառաջացնէ դրական զգացումներ:
Երախան երաժշտութեան կ՚արձագանգէ բազմատեսակ աշխոյժ գործողութիւններով: Եւ եթէ երաժշտութեան ազդեցութիւնը դրական անդրադարձ ունենայ երախային վրայ, ուրեմն զայն պէտք է օգտագործել որպէս մանկավարժական հաղորդակցութեան միջոց:
Երաժշտութիւնը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ ուսուցիչի եւ երախայի միջեւ դրական եւ զգացական շփման:
Երախայի ստեղծագործական ինքնաարտայայտման ձեւերէն մէկը խաղն է: Իսկ մանկավարժութեան մէջ խաղերը արդիւնաւէտ դեր ունին գիտելիքներ փոխանցելու մէջ:
Երաժշտական ունակութիւնները կրնան զարգանալ խաղային գործունէութեամբ՝ երախաներու մէջ յառաջացնելով լսելու, երգելու պարելու ձգտում:
Երաժշտական խաղերը կը դիւրացնեն երաժշտա-արտայայտչական միջոցներու իւրացումը, կ՚օգնեն զգալու երաժշտութեան եւ խօսքի բնոյթը: Նաեւ կը ստեղծեն հաղորդակցութիւն եւ ջերմ յարաբերութիւն երախաներու միջեւ:
Անհրաժեշտ է նաեւ երախաները ներգրաւել երաժշտական տարբեր դրսեւորումներու՝ ունկնդրման, երգեցողութեան, երաժշտա-կշռութային շարժման մէջ:
Երաժշտական ունկնդրութեան ժամանակ անհրաժեշտ է երախաները ընտելացնել ստեղծագործութիւնները ուշադիր լսելու եւ իրենց տպաւորութիւնները պատմելու:
Ժողովրդական, դասական եւ ժամանակակից երաժշտութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն յառաջացնել: Կարելի է տարբեր ստեղծագործութիւններու միջոցով ներկայացնել երաժշտութեան երեք տեսակները՝ երգային, պարային եւ քայլերգային:
Ուսուցիչի մասնագիտական պարտականութիւնն է մշակել ո՛չ միայն կատարողականութիւնը, այլ՝ ծանօթացնել երաժշտութեան բովանդակութեանն ու բնոյթին:
Ինչ կը վերաբերի երգեցողութեան, ուսուցիչի հսկողութեամբ, երախան պէտք է երգերը կատարէ թեթեւ, սահուն եւ արտայայտիչ ձայնով, առանց լարուածութեան: Երգեցողութեան հետ զուգահեռ, անհրաժեշտ է զարգացնել երաժշտա-զգացական ընկալումները՝ հնչիւնի բարձրութիւնը եւ ուժգնութիւնը/բարձրացած, ուժեղ-մեղմ, զգալու երաժշտութեան բնոյթը՝ ուրախ, տխուր, քնքոյշ, խրոխտ… Երգերու արտայայտիչ կատարողականութիւնը կ՚օգնէ աւելի վառ եւ խոր զգալու անոնց բովանդակութիւնը՝ յառաջացնելով գեղագիտական յարաբերութիւն երաժշտութեան եւ շրջապատող երեւոյթներու հետ:
Պէտք է նաեւ սորվեցնել երգերու բնոյթին եւ բովանդակութեան համապատասխան ներդաշնակ շարժումներ կատարել:
Երաժշտակշռութային զգացողութեան զարգացումը երախաներու երաժշտական դաստիարակութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է:
Երախաներու չափականութեան զգացողութեան զարգացումը կը սկսի քայլերգի հնչիւններու տակ՝ քալելով: Նպատակայարմար է, որ երախաներու դասարան մտնելու եւ դուրս ելլելու պահերը ուղեկցուին քայլերգով: Երախաներու երաժշտակշռութային կարողութիւնները եւ հմտութիւնները կարելի է ձեւաւորել՝ խաղերով, պարերով եւ վարժութիւններով՝ համապատասխանեցնելով անոնց շարժումները երաժշտական ստեղծագործութեան բնոյթին: Նաեւ կը կիրարկուին մանկական հարուածային նուագարանները՝ երաժշտակշռութային հմտութիւնները զարգացնելու եւ կատարելագործելու նպատակով:
Այսպէսով, պէտք է նկատել, որ երաժշտական զարգացումը դրական ազդեցութիւն ունի երախայի մը, ընդհանուր զարգացման վրայ: Երախային մէջ կը կատարելագործուին մտային կարողութիւնները, յիշողութիւնը, նաեւ կը հարստանայ յուզական աշխարհը:
Իսկ երաժշտութիւնը ապրելու եւ զգալու կարողութիւնը կ՚օգնէ, որ երախան սիրէ աշխարհը եւ գնահատէ գեղեցիկը:
ԳԱՅԻԱՆԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ-ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
Հարթակ
- 11/22/2024