ԵՍԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ (Բ.)
ԵՍԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵԱՆ ԳԼՈՒԽՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Եսայի մարգարէին գիրքը կը սկսի Աստուծոյ յանդիմանութիւններով ուղղուած Իսրայէլի ժողովուրդին, սկիզբը Տիրոջ բարկութիւնը, ահեղութիւնը անհաւատ քաղաքներուն հանդէպ, բարոյական ազդարարութիւնները կը նկարագրուի (Հմմտ. Ես.1-12), որոնց համար Աստուած Եսայի մարգարէն կը ղրկէ։
Աստուած Եսայիին յայտնուելով՝ կոչ կ՚ուղղէ, թէ պէտք է երթայ ու ժողովուրդին ազդարարութեամբ յայտնէ եւ ըսէ, թէ Տէրը բարկացած է իրենց անօրէնութիւններէն։ Շատ չանցած՝ Եսային կը սկսի մարգարէանալ Աքազ թագաւորին առջեւ, թէ «Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի մը ծնանի, եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչուի» (Ես 7.14)։
Աստուած խոստում կու տայ Իսրայէլի ժողովուրդին, թէ Ինք պիտի փրկէ զիրենք իրենց մեղքերէն, եթէ անոնք իրենց յոռի ճանապարհներէն Աստուծոյ վերադառնան։ Ապա մարգարէն կը կանխատեսէ, որ բազմաթիւ երկիրներ Աստուծմէ դատապարտութիւն պիտի կրեն, որովհետեւ Աստուած պիտի թագաւորէ, եւ այն օրը միայն Ինք պիտի բարձրանայ ու իր բարձրանալով՝ հպարտները պիտի ոտնակոխէ (Հմմտ. Ես 13-18)։
Ասկէ ետք Աստուած պատգամ կու տայ իր ժողովուրդին՝ իր մարգարէին բերնով, ոմանց պատժելու, իսկ ոմանց փրկութեան խոստումը փոխանցելու, իսկ այստեղ ժողովուրդը ապահով զգալով՝ Տէրը կը փառաւորէ ու կ՚օրհներգէ (Հմմտ. Ես 25-28)։ Աստուած վերստին կը բարկանայ՝ տեսնելով իր ժողովուրդին անօրէնութիւնն ու կռապաշտութիւնը, եւ Եսայի մարգարէին միջոցաւ կ՚ազդարարէ հեռու մնալ ամէն տեսակի կռապաշտութենէ։ Աստուած կ՚ըսէ. «Ես Եհովան եմ, իմ անունս այս է, իմ փառքս ուրիշին չեմ տար, ոչ ալ իմ պատիւս կուռքերուն» (Ես 42.8)։
Իսկ այս վերջին հանգրուանին, Աստուած դարձեալ կ՚ազդարարէ, կը պատգամէ, կը խոստանայ Փրկիչ ղրկել, կը յորդորէ, կը մխիթարէ իր ժողովուրդը ու բոլորին իր նախախնամութիւնը ցոյց կու տայ, իսկ իրեն հաւատարիմ գտնուողներուն վարձատրութիւն կը խոստանայ (Հմմտ. Ես 60-66)։
Ամփոփ բովանդակութիւն.
- Աստուծոյ յանդիմանութիւնները Իսրայէլի ժողովուրդին։
- Եսայիին կոչումը Աստուծոյ կողմէ՝ որպէս ազդարարող մարգարէ։
- Աստուծոյ կողմէ մարգարէին պատգամները հրեայ ժողովուրդին ուղղուած։
- Մեսիային գալստեան մարգարէութիւնները կամ խոստումները որպէս մխիթարութիւն։
- Աստուած իր ժողովուրդը փրկելու նախախնամութիւնները ցոյց կու տայ։
- Աստուած իր բծախնդրութիւնը ցոյց կու տայ մարդոց։
- Պատրաստութիւն ապագայի պատահելիքներուն, գերութիւն եւ այլն։
Եսայի մարգարէն ունի Աստուծոյ անմիջական միջնորդը ըլլալու յատկութիւն, այսինքն՝ յայտնութեան ուղղակի գործիքը, ինչպէս նաեւ ունի ազդարարելու եւ մխիթարելու յատկութիւններ։ Այս բոլորի կողքին, զինք կը տեսնենք որպէս Իսրայէլի ժողովուրդի բարեխօսը եւ ժողովուրդին օրինակ հանդիսացող ճշմարիտ մարգարէն։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԳԼՈՒԽՆԵՐՈՒ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
1. Գլուխ
Եսայի մարգարէի գրքի առաջին գլխու առաջին համարէն իսկ կը տեսնենք սկիզբը եւ նշոյլները իր յայտնութեան, որ ինքնին տեսիլք է եւ Աստուծոյ կողմէ իրեն հրաւէր։ Այս առաջին տեսիլքէն իսկ Աստուած կը բարկանայ ու կը յանդիմանէ ժողովուրդը իր կենցաղին համար (Հմմտ. Ես 1.3)։ Աստուած իր ժողովուրդէն վրդովելու խօսքեր կ՚արտայայտէ, որ ազդարարութեանց սկիզբն է, որովհետեւ հրեաներուն կողմէ ամէն ինչ ձեւականութեան վերածուած էր (Հմմտ. Ես 1.11)։
2. Գլուխ
Այս գլխուն մէջ հիմնական դերը պատգամն է, այսինքն՝ Եսային Աստուծմէ պատգամ ստացած է, որուն մէջ ան տակաւին միայն կը լսէ, այլ խօսքով կը սորվի եւ Տիրոջ կը հնազանդի, որ նաեւ սկիզբն է մարգարէութեան։ Այս ընթացքը իրեն համար քննութենէ անցք մըն էր։ Յաջորդ համարները պատրաստութիւնն են Տիրոջ բարկութեան եւ այնտեղ Ինք իր բծախնդրութիւնն է, որ կ՚արտայայտէ (Հմմտ. Ես 2.11, 2.18)։
3-5 Գլուխ
Այս գլխուն մէջ տակաւին Եսայի պատրաստութեան մէջ է, երբ Տէրը կը բարկանայ ու կ՚ըսէ. «Մանուկները ծերերուն վրայ պիտի գոռոզանան, եւ անարգները՝ պատուականներուն» (Ես 3.5)։ Այլ խօսքով տուեալ առաջին հինգ գլուխները նախապատրաստութիւն են Եսայիին համար՝ զգաստանալու, զօրանալու եւ դէմ դնելու այն ինչ որ Աստուծոյ կամքին հակառակ է։
6. Գլուխ
Ամենէն յատկանշական դէպքը այս գլխուն մէջն է, երբ Աստուած կը կանչէ Եսային մարգարէութեան կոչումին համար։ Այստեղ Աստուած Եսայիին կը յայտնուի տեսիլքով եւ այս մէկը յատկանիշ մըն է մարգարէին համար, որովհետեւ Ան ուղղակի կը խօսի Եսայիին հետ՝ կանչելով զինք եւ անոր հետ դէմ յանդիման խօսելով։
Եսայի ուղղակի Աստուծոյ բերանն է որ կը դառնայ, եւ այս մէկը կը տեսնենք երբ հրեշտակը ունելիով իր շրթունքը կը սրբէ (Հմմտ. Ես 6.6)։ Սա կը նշանակէ, թէ Աստուած շատ անգամ ուղղակի իր բերանով է որ կը խօսի։ Այս գլխուն մէջ կը նկատենք, որ Եսային նոյնպէս մտահոգ է եւ Տիրոջ օրուան կը սպասէ, որովհետեւ աստուածային մթնոլորտին ընտելացած՝ իր դժգոհութիւնն ալ կը յայտնէ (Հմմտ. Ես 6.11)։
Այս գլխուն հիմնական նպատակն է Աստուծոյ կանչը Եսայիին, զինք քաջալերել եւ իր զօրութիւնը փոխանցել անոր։
7. Գլուխ
Այս գլխուն մէջ Եսայի կը մարգարէանայ Աքազ թագաւորին առջեւ Մեսիայի ծնունդի մասին, թէ «ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ որդի մը ծնի» (Ես 7.14)։ Այս գլխուն բուն նպատակն է աւետել լուր մը, պատրաստել մարդկութիւնը՝ Աստուծոյ խոստումը փոխանցելով։
8-9 Գլուխները
Այս գլուխներուն մէջ Աստուած կը խօսի դէմ առ դէմ Եսայիին հետ ու կը քաջալերէ զինք՝ ըսելով. «Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք, այլ Տէրը փառաբանեցէք» (Ես 8.12)։ Աստուած խոստումներ կու տայ Եսայիին ապագայ Թագաւորին համար, որ լոյս պիտի բերէ իր ժողովուրդին եւ մարդոց միջեւ խաղաղութիւն պիտի հաստատէ (Հմմտ. Ես 8.2), եւ մարգարէանալով՝ կ՚ըսէ. «Մեզի մանուկ մը ծնաւ, ու մեզի որդի մը տրուեցաւ, եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ, Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան» (Ես 9.6)։ Այս երկտողը ինքնին ակնարկութիւնն է Քրիստոսի ծնունդին։
14. Գլուխ
Այս գլուխը ամենայատկանշական գլուխներէն մէկն է, ուր կը ներկայացուի Արուսեակին՝ Սատանային անկումը, որ կը փորձէր ինքզինք աւելի բարձրացնել իր ստեղծիչէն եւ իր գահը անկէ վեր հաստատել (Հմմտ. Ես 14.12)։ Սակայն Աստուած բարկանալով՝ կը զարնէ զինք դէպի անդունդ։ Ամենագեղեցիկ Քերովբէն ամենատգեղը կը դառնայ՝ հպարտութեան մեղանչումով։ Մարգարէն կ՚անուանէ զայն Բաբելոնի անկումը, որ խորհրդանիշ է Սատանային։
Այստեղ Աստուած իր պատիւը եւ բծախնդրութիւնը ցոյց կու տայ, որովհետեւ չի հանդուրժեր, որ իր պատիւը ուրիշ մէկը զգենու։
Ասկէ ետք Տիրոջ բարկութիւնը կը բորբոքի կարգ մը ազգեր բնաջնջելու, օրինակ՝ Բաբելոնը, Ասորեստանը, Փղշտացիները, Մովաբը եւ կ՚ըսէ. «Զօրքերու Տէրը նախասահմանեց, ո՞վ կրնայ զանիկա խափանել, Անոր ձեռքը երկարած է, ո՞վ կրնայ զանիկա ետ դարձնել» (Ես 14.27)։
20. Գլուխ
Այս գլխուն մէջ Աստուած Եսայիին մարմինը գործածելով՝ ժողովուրդին կը յայտնէ իր ապագայի կրելիք պատիժը, աքսորը եւ նեղութիւնը։ Աստուած կը պատուիրէ Եսայիին, որ մերկանայ եւ երեք տարի երկիրը շրջի որպէս ապագայի՝ մարգարէութեան իրականացում, այլ խօսքով՝ որպէսզի զիրենք անդրադարձնէ ապագայի պատահելիքնրուն մասին։
Այստեղ Եսայի մարգարէն ուղղակի Աստուծոյ բերանն է, որովհետեւ Տէրը մարգարէին միջոցաւ իր ժողովուրդը կը յանդիմանէ։
21-23 Գլուխները
Առաջին գլխուն մէջ կը տեսնենք, թէ Աստուած տեսիլքով մը կը յայտնէ Եսայիին ապագայի՝ Բաբելոնի անկումը. «Յափշտակողը կը յափշտակէ ու կործանողը կը կործանէ» (Ես 21.2)։ «Աղաղակեց առիւծի պէս. ո՛վ Տէր, ես ցորեկը միշտ իմ դիտանոցիս մէջ կը կայնիմ ու բոլոր գիշերը իմ պահպանութեանս տեղը կը կենամ։ Ինկաւ Բաբելոն, ինկաւ ու անոր աստուածներուն բոլոր արձանները կտրտուեցան ու գետինը նետուեցան» (Ես 21.8-9)։ Իսկ միւս երկու գլուխները կը խօսին ազգերու պատգամներու մասին, որոնք պիտի կատարուին ապագային։
28. Գլուխ
Այս գլխուն մէջ Աստուած վերստին կ՚ազդարարէ ժողովուրդը իր անօրէնութեան համար, որուն կը յաջորդէ Մեսիային գալստեան մարգարէութիւնը. «Ահա ես Սիոնի մէջ վէմ մը կը դնեմ իբրեւ հիմ. ընտիր վէմ՝ պատուական անկիւն, հաստատուն հիմ. ով որ հաւատայ անոր, պիտի չարտորայ փախչելու» (Ես 28.16)։ Այս գլխուն նպատակն է զօրութեան ու յաղթանակի խոստում փոխանցել։
40. Գլուխ
Այս գլխուն մէջ Աստուած խօսիլ կու տայ Եսային՝ ժողովուրդը մխիթարելու։ Այստեղ իր դերն է խրատել, յորդորել ժողովուրդը՝ ըսելով. «Մխիթարեցէ՛ք, մխիթարեցէ՛ք իմ ժողովուրդս, կ՚ըսէ ձեր Աստուածը» (Ես 40.1)։ Յաջորդող համարներուն մէջ կը տեսնենք, որ մարգարէն կ՚ակնարկէ Յովհաննէս Մկրտիչի առաքելութեան սկիզբը եւ կ՚ըսէ. «Անապատին մէջ կանչողին ձայնը. Տիրոջ ճամբա՛ն պատրաստեցէք, ու ամայութեան մէջ մեր Աստուծոյն համար շաւիղ շտկեցէք» (Ես 40.3)։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ