ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

ԼՈՅՍԸ Ե՞ՐԲ ՍՏԵՂԾԵՑ

Հարցում. Ծննդոցին մէջ կը կարդանք թէ Աստուած լոյսը առաջին օրը ստեղծեց (Ծն 1.3). մինչ կը պարզուի թէ արեւը, լուսինն ու աստղերը չորրորդ օրը ստեղծեց (Ծն 1.14-18)։ Ի՞նչ է տարբերութիւնը այս երկուքին։ Ե՞րբ ստեղծուեցաւ լոյսը. առաջի՞ն, թէ՞ չորրորդ օրը։

Պատասխան. Աստուած լոյսը առաջին օրը ստեղծեց, ինչպէս որ Գիրքը կ՚ըսէ։ Սակայն, ո՞ր մէկ լոյսը։ Լոյսի նիւթը, այրուող կրակի գունդը, որմէ Աստուած արեւը, լուսինն ու աստղերը ստեղծեց չորրորդ օրը։ Այս չորրորդ օրուան մէջ էր նաեւ, որ Աստուած աստղաբանութեան օրէնքներն ու զօրաւոր կապերը դրաւ երկնային այս հսկայ մարմիններուն միջեւ։

Ո՞ՒՐ Է ԵՂԲԱՅՐԴ ԱԲԷԼԸ

Հարցում. Անկեղծ ըլլալու համար վախցած մնացի այս նախադասութեան դիմաց. «Ո՞ւր է եղբայրդ Աբէլը» (Ծն 4.9)։ Ես ինծի կը հարցնեմ -որպէս ծառայող-, ես արդեօք պատասխանատո՞ւ եմ եղբայրներուս եւ բարեկամներուս եւ բոլոր անոնց, որոնք կը շրջապատեն զիս՝ ընկերներ ու պաշտօնակիցներ, եւ ի՞նչ է այս պատասխանատուութեան սահմանը։

Բացատրութեան կարիք ունիմ, որովհետեւ շատ մտահոգուած եմ այս ուղղութեամբ…

Պատասխան. Չե՛մ սիրեր որ մտահոգուած ըլլաս, որովհետեւ մտահոգութիւնը ներքին խաղաղութեան հակառակ է։ Աստուծոյ որդիները պէտք է խաղաղութիւն ունենան իրենց սիրտերուն մէջ, որովհետեւ խաղաղութիւնը Հոգիի պտուղներէն է (Գղ 5.22)։

«Ո՞ւր է եղբայրդ Աբէլը» նախադասութիւնը, քեզ թող չմտահոգէ։ Այլ՝ քեզ աւելի զգաստ թող պահէ, քեզի զանգողներուն ծառայութեան համար։

Անշուշտ, Աստուած քեզմէ հաշիւ պիտի չպահանջէ քու կարողութիւններէդ վեր եղող բաներու, այլ՝ պիտի պահանջէ այն բաներուն համար, որոնք քու կարողութեանդ սահմաններուն մէջ են. այդ պատճառով, ինչ ծառայութիւն որ կրնաս մատուցել ուրիշին՝ մատուցէ։

Իւրաքանչիւր մարդ որ կրնաս Աստուծոյ ճանապարհին առաջնորդել՝ մի զլանար ուղղելու զինք։

Ծառայութեան ոգին թող որ վառ մնայ սիրտիդ ու կամքիդ մէջ։ Այդ ճամբով ընթացիր գործնապէս՝ այնպէս ինչպէս շնորհքը կարելիութիւններ կ՚ընծայէ քեզի։

Սակայն, մի՛ մտահոգուիր։

ԲԱՐԻՔ ԱՐԱՐՈՂԸ ԵՒ ՉԱՐԻՔ ԱՐԱՐՈՂԸ

Հարցում. Աստուած կատարեալ արդար չէ՞։ Հետեւաբար ինչպէ՞ս կ՚ըսուի Անոր մասին թէ բարիքն ու չարիքը արարողն է (Ես 45.7)։ Մինչ, չարը չի՛ համակերպիր Աստուծոյ բնութեան հետ։

Պատասխան. Նախ եւ առաջ պէտք է հասկնանք բարիք եւ չարիք բառերուն իմաստը Սուրբ Գիրքին մէջ, որովհետեւ իւրաքանչիւրը տարբեր իմաստներ ունին։

Չարիք բառը կրնայ մեղքի իմաստով ալ ըլլայ, եւ կարելի չէ այս իմաստով հասկնալ Եսայիի մարգարէութեան մէջ ըսուած՝ «չարիք արարող» նախադասութիւնը (Ես 45.7)։ Որովհտեւ, չարիք՝ մեղք հասկացողութեամբ, Աստուծոյ կատարեալ արդարութեան հետ չի՛ համպատասխաներ։

Չարիք, Սուրբ Գիրքին լեզուով կը նշանակէ նաեւ նեղութիւններ եւ յոգնութիւններ։

Նոյնպէս բարիք բառը երկու իմաստներ ունի. կրնայ արդարութիւն եւ անմեղութիւն նշանակել՝ մեղքին հակառակ, ինչպէս նաեւ՝ նեղութիւններուն հակառակ, կրնայ նշանակել հարստութիւն, առատութիւն, օրհնութիւններ եւ տարբեր շնորհքներ՝ նիւթական եւ աննիւթական։

Այս մէկը Յոբի պատմութեան մէջ յստակ է. երբ որ նեղութիւնները եկան անոր վրայ, իր կինը տրտնջաց, այն ատեն յանիդիմանեց զինք, ըսելով. «Դուն անզգամ կնոջ մը պէս կը խօսիս։ Աստուծոյ ձեռքէն միայն բարի՞ք ընդունինք ու չարիք չընդունի՞նք» (Յոբ 2.10)։ Յոբ չարիք ըսելով՝ մեղքը նկատի չունի, որովհետեւ անոր Աստուծմէ մեղք մը չդպաւ, այլ՝ չարիք ըսելով ըսել կ՚ուզէ նեղութիւնները, որոնք հանդիպեցան իրեն։

Իր զաւակներուն մահանալուն, տան քանդուելուն եւ հօտերուն գողցուելուն առումով, բոլորը չարիք կը կոչէ։ Այս փորձութիւններուն համար, Գիրքը կ՚ըսէ. «Յոբին երեք բարեկամները, …երբ լսեցին անոր գլխուն եկած բոլոր փորձութիւնները, ամէն մէկը իր տեղէն ելլելով եկան…, որպէսզի… ցաւակից ըլլան անոր ու զանիկա մխիթարեն» (Յոբ 2.11)։

Այս իմաստով Տէրը խօսեցաւ Իսրայէլի որդիները պատժելու համար ու ըսաւ. «Ահա ես այս տեղին ու անոր բնակիչներուն վրայ չարիք պիտի բերեմ, այսինքն՝ այն բոլոր անէծքները, որոնք Յուդայի թագաւորին առջեւ կարդացուած գիրքին մէջ գրուած են» (Բ.Մն 34.24)։ Վստահաբար այստեղ Տէրը չարիք ըսելով՝ մեղք ըսել չ՚ուզեր, այլ՝ աքսորը որու պիտի ենթարկուէին Իսրայէլի որդիները, իրենց թշնաիմներուն առջեւ կրելիք պարտութիւնը եւ մնացեալ հարուածները, որոնցմով պիտի պատժէր զանոնք։

Տակաւին ուրիշ օրինակներ ալ կան. Տէրը Երուսաղէմի համար կ՚ըսէ. «Ահա ես այս տեղին վրայ սարսափելի չարիք մը պիտի բերեմ, այնպէս որ զանիկա լսողին ականջները պիտի խօսին» (Եր 19.3)։ Այս չարիքին մանրամասնութիւնները յիշած է, ըսելով. «…զանոնք իրենց թշնամիներուն առջեւ սուրով… պիտի կործանեմ։ Անոնց դիակները երկինքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի տամ։ Այս քաղաքը աւերակ ու նախատինքի առարկայ պիտի ընեմ։ …Այս ժողովուրդն ու այս քաղաքը այնպէս պիտի կոտրտեմ, ինչպէս մէկը բրուտի ամանը կը կոտրտէ, որ ա՛լ չկրնան նորոգուիլ» (Եր 19.7-8,11)։ Նոյն իմաստը կը տեսնենք նաեւ Ամոսի մարգարէութեան մէջ (Ամս 9.4)։

Տիրոջ խոստումներուն՝ որ Իր ժողովուրդը պիտի փրկէ աքսորէն, նեղութիւններէն եւ պարտութենէն, կ՚ըսէ. «Քանզի Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. “Ինչպէս այս ժողովուրդին վրայ այս բոլոր մեծ չարիքը բերի, նոյնպէս անոնց վրայ պիտի բերեմ այն բոլոր բարիքը, զոր անոնց խոստացայ”» (Եր 32.42). այսինքն՝ պիտի վերադարձնէ զանոնք աքսորէն։

Բարիք բառը այստեղ արդար եւ անմեղ չի՛ նշանակեր. յստակ է նաեւ որ չարիք բառն ալ մեղք չի՛ նշանակեր։

Թերեւս բարիք բառէն՝ պարգեւներ իմաստով, բարիքներ բառը յառաջացած է։

Այս ուղղութեամբ Սաղմոսը կ՚ըսէ. «Ա՛ն է որ բարիքներով կը լեցնէ քու կեանքդ» (Սղ 103.5)։ Իսկ Երեմիայի մարգարէութեան մէջ Տէրը կ՚ըսէ. «Ձեր մեղքերը դադրեցուցին բարիքը» (Եր 5.25)։ Այս իմաստով է, որ Տիրոջ մասին ըսուեցաւ, թէ բարիքի ու չարիքի արարողն է, այսինքն՝ շնորհներ ու բարիքներ կու տայ, նոյնիսկ՝ պատիժ եւ նեղութիւններ կու տայ։

Որովհետեւ այսպէս է, պէտք է «չարիք» բառին իմաստը հասկանանք։

Եթէ չարիք բառին իմաստը նեղութիւններն են, կրնայ ըլլալ որ Աստուծմէ ըլլան, կը կամենայ կամ կ՚արտօնէ զանոնք, մարդիկը դաստիարակելու համար, կամ զգացնել տալ անոնց որպէսզի զղջան, եւ կամ հոգեւոր որեւէ մէկ առաջնահերթութեան համար, որ փորձութիւններուն միջոցաւ կու գայ (Հմմտ. Յկ 1.2-4)։

Հետեւաբար, չարիք արարող կամ չարիք շինող նախադասութիւնը կը նշանակէ այն, ինչ որ մարդիկը որպէս չարիք, յոգնութիւն եւ նեղութիւն կ՚ընկալեն, եւ նոյնը կը վերաբերի բարիքին։

Իսկ բարիք՝ արդարութիւն իմաստով եւ չարիք՝ մեղք իմաստով, օրինակներն են.

«Իր կողմէ նշանակուած են՝ չարագործները պատժելու եւ բարեգործները գովելու համար» (Ա.Պտ 2.14)։

«Հեռո՛ւ կեցիր չարիքէն եւ բարիք ըրէ» (Սղ 34.14)։

Եւ Տիրոջ ըսելը, «ձեր որդիները, որոնք այսօր աղէկն ու գէշը չեն ճանչնար» (Բ.Օր 1.39)։

Ինչպէս նաեւ հետեւեալ նախադասութիւնը. «…բարին ու չարը գիտնալու ծառն ալ…» (Ծն 2.9)։

Ասկէ յառաջացած է «բարիք կ՚ընէ անոր» նախադասութիւնը, այսինքն՝ կ՚օգնէ, կը խնամէ, կ՚ազատէ, կու տայ Իր պարգեւներէն ու բարիքներէն, կ՚ողորմի անոր եւ բարիք կ՚ընէ անոր։ Ճիշդ հակառակ «չարիք կ՚ընէ անոր», այսինքն՝ կը վնասէ անոր։

Աստուած երբ ազգի մը վրայ չարիք կը բերէ, կը նշանակէ, թէ զայն դաստիարակութեան գաւազանին տակ կը դնէ՝ նեղութիւններով եւ հարուածներով, որոնք մարդիկը չարիք կը համարեն։

ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԵՂԱՆԱԿՆԵՐՈՎ

Հարցում. Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այն շարկաններուն, որոնք ժողովրդական երգերու եղանակներով կը դրուին:

Պատասխան. Անոնք որոնք այդ բանը կ՚ընեն, իմաստին միայն ուշադրութիւն կը դարձնեն եւ կ՚անտեսեն եղանակին ունեցած ազդեցութիւնը հոգիին վրայ: Երաժշտութիւնը հոգիին մէջ որոշ զգացումներ կը տնկէ: Օրինակ, լուռ երաժշտութեան կտոր մը (առանց բառերու), կրնայ ուրախացնել մարդը, կամ լացնել, կամ քաջալերել, կամ գրգռել, կամ անոր մէջ ցանկութիւն մը արթնցնել: Պէտք չէ մոռնանք երաժշտութեան ազդեցութիւնը հոգիին վրայ:

Շարականը հոգեւոր երգ է եւ պէտք է անոր երաժշտութիւնն ալ հոգեւոր ըլլայ, ու եղանակները՝ սուրբ: Արդարեւ, ճիշդ չէ, որ զայն խառնենք որոշակի եղանակի մը հետ, որ կրնայ ո՛չ հոգեւոր ու սուրբ զգացումներ յառաջացնել՝ ինչ որ շարականին նպատակն է (հոգեւոր եւ սուրբ զգացումներ յառաջացնելը): Ապա, հակադրութիւն կը նկատենք անոնց մէջ (երաժշտութեան ու շարականին): Երբեմն ալ երաժշտութիւնը կ՚անշքացնէ շարականին բառերը:

Տակաւին, այդ (երաժշտութիւն) կրնայ շարական երգողին յիշեցնել ժողովրդական երգին բառերը, որով իր միտքը եւ սիրտը կը ցրուի, ու իր զգացումները իրարու կ՚անցնին: Եղբայրներս, պէտք է Առաքեալին ըսածը յիշենք. «Ի՞նչ նոյնութեան եզր կրնայ ըլլալ լոյսին ու խաւարին միջեւ» (Բ.Կր 6.14):

ՏԱՍԱՆՈՐԴԷՆ ԲԱԺԻՆ ԿԸ ՏՐՈԻՒ՞ ԱԶԳԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

Հարցում. Շատերէն եկած է այս հարցումը մեզի: Եթէ աղքատ ազգականներ ունինք՝ հայր, մայր, քոյր, եւ այլն, տասանորդէն պէ՞տք է տանք անոնց:

Պատասխան. Այո՛. կարելի է կարօտեալ ազգականներուն տասանորդէն տալ...: Առաքեալը կ՚ըսէ. «Իսկ մէկը՝ որ իրեններուն եւ մանաւանդ իր ընտանիքի անդամներուն հոգ չի՛ տանիր, այնպիսին իր հաւատքը ուրացած մըն է, շատ աւելի գէշ՝ քան անհաւատ մը» (Ա.Տմ 5.8):

Սակայն, ճիշդ չէ, որ ամբողջ տասանորդը ազգականներուդ տաս եւ հոգ չտանիս միւս աղքատներուն, որոնք ազգականներդ չեն. ասիկա երկու պատճառով.

1) Որպէսզի չըլլայ թէ ինչ որ ազգականներուդ կու տաս ընկերային պարտաւորութիւն ըլլայ, զորս անպայման պէտք է կատարես, ըլլա՛յ տասանորդ տալու պարագայիդ կամ չտալուն: Կամ ալ արեան կապով կապուած ըլլալդ ըլլայ պատճառը աւելի քան պատուիրանը կատարելը կամ ողորմիլն ու կարեկցիլը կարօտեալներուն:

2) Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ աղքատներ ըլլան, որոնք ազգականներէդ աւելի կարիքի մէջ են, եւ ճիշդ չէ, որ անոնց հոգ չտանիս:

Արդարեւ, կարօտեալ ազգականները տասանորդէն մասնիկ մը կրնան առնել:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019