ՊԱՔՈՒԷՆ … ՏԱՒՈՒՇ. ԿԱՄ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ
Անցեալ կիրակի օր Հայաստանի Տաւուշ շրջանի սահմանային հատուածի ռազմական զարգացումը կը շարունակէ զբաղեցնել հայկական ընդհանուր օրակարգի առաջին դիրքը։
Անշուշտ մէկ կողմ դնելով անվտանգութեան ու մեծ պատերազմի բռնկման վտանգները, միջադէպ-զարգացումը կը զատորոշուի մի քանի կարեւոր հանգամանքներով։
Նախ այն, որ եղած զարգացումը եւ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած սահմանախախտումը առաջին անգամն է, որ տեղի կ՚ունենար Հայաստանի հետ սահմանին։ Դէպք մը՝ որ աւելին էր, քան անցեալ փուլերուն տեղի ունեցած կրակոցները, որոնք կը միտէին ինչ-որ փոքր սրացումներ ստեղծել ընդհանուր Հայաստան-Ատրպէյճան-Արցախ ապահովական համայնապատկերին վրայ։ Այստեղ անշուշտ հարցերուն հարցը կը մնայ հետեւեալը՝ արդեօք ատրպէյճանական կողմը միտումնաւո՞ր գնաց այս քայլին, եթէ իրապէս միտումնաւոր էր, ի՞նչ էին իսկական ակնկալիքները սահմանէ մը, որ բաւական հեռու է հայ-ատրպէյճանական իրական հակամարտութեան ընդհանուր ենթադաշտէն։
Հարկ կայ յիշատակելու, որ թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի համար հարցերուն հարցը կը շարունակէ մնալ արցախեան հակամարտութիւնը, որ նաեւ կարեւոր ներուժ ունի երկու երկիրներուն համար ալ ստեղծել, աճեցնել եւ հասցնել քաղաքական մեծ շարժումներու։
Այդպէս եղած է անցեալին Հայաստանի մէջ ու հնարաւոր է նաեւ, որ այդպէս ըլլայ այսօր Ատրպէյճանի համար։
Չնայած այս նուրբ տարբերակումին, ըստ երեւոյթին, շարքային ատրպէյճանցիին համար «հայկական խնդիր»ը ամբողջական ծրար է։ Այսինքն պարզ քաղաքացին մոռնալով, որ իր երկրի բանակը նախայարձակ եղած է ու խախտած «հարեւան» երկրի սահմանը, ինչպէս նաեւ մեծ կորուստներ ունեցած, գուցէ միամտաբար, բայց առաւելաբար միտումնաւոր կերպով փողոց կ՚իջնէ, պահանջելով Արցախի խնդրին լուծումը։ Ան մէկդի դրած բոլոր կանոնական սկզբունքները, ամբոխավարի ոճով մը կ՚երթայ ամենահեռաւոր եւ պատշաճութիւն չունեցող ձեւակերպումներուն։
Տաւուշի զարգացումները նաեւ կը կատարուին այն պահուն, երբ Պաքուի քաղաքական ընդհանուր տեսադաշտը մէկ բառով՝ «կ՚եռայ»… Կ՚եռայ ոչ միայն Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ կ՚ուզէր լուծել եւ լուծեց արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը պաշտօնանկ ընելու խնդիրը, այլեւ՝ ըստ երեւոյթին նպատակադրած էր հանրութիւնը «բաց ձգել», ապա այդ ֆոնին կատարել ուշագրաւ եւ նոյնիսկ աննախադէպ յայտարարութիւններ։
Այդ յայտարարութիւնները չեն միայն անշուշտ, որ կրնան օգնել մեզի երթալու աւելի հեռու հեռուներ եւ յանգելու կարեւոր եզրակացութիւններու, սակայն այսօր Պաքուի մէջ տիրող իրավիճակը հաշուի առնելով, կը հասնինք այն եզրակացութեան, թէ առնուազն վերջին տարիներուն գրեթէ առաջին անգամն է, որ նոյնիսկ ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ Պաքուի մէջ կատարուեցան բազմածաւալ բողոքի ցոյցեր։
Հիմա կը ծագի հարց մը. եթէ Ատրպէյճանի բանակը եւ աւելի վերջ նոյնիսկ այդ երկրի մասնայատուկ ուժերու գումարտակը կարողանային վերադասաւորել ստեղծուած իրավիճակը եւ դարձեալ յանգէին ինչ-որ «հաւասարակշռութեան», ապա նոյնպէս պիտի ըլլա՞ր, նոյն թատրերգութիւնով պիտի ընթանա՞ր ամէն ինչ, թէ՝ ստեղծուած վիճակն էր, որ կը մղէր հազարաւոր մարդկանց իջնել փողոց եւ պահանջել պատերազմ, համընդհանուր պատերազմ։ Անոնք վստահաբար կը մոռնան եւ կ՚անտեսեն, որ նման խնդիրներու, նոյնիսկ նեղ-դիրքային առանցքի խնդիրներու, «տաք գլուխ»ութեամբ լուծելու միտումները միշտ ալ յանգեցուցած են աղէտի։
Այս բոլորէն ետք նաեւ հարկ է նշել Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն աննախադէպ յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան պարզ ու մեկին ձեռնոց կը նետէր իր հասարակութեան անհանդարտ եւ «տաք գլուխ» միաւորներուն՝ ըսելով. «պատերազմ կ՚ուզէք, սակայն միայն 150 հոգի ներկայացած է զինուորագրուելու...»։ Այս խօսքը արդէն շատ բան կը մատնէ ու մեր առջեւ կը բանայ իրողութիւնը՝ Ատրպէյճանի հասարակութեան մօտ առկայ տրամադրութիւններուն ընդհանուր պատկերը։
Բաց աստի, կարծես առաջին անգամն է, որ հայկական սահմանին տեղի ունեցած գործընթացները կը զուգորդուին ատրպէյճանեան դէպքերու ծանրակշիռ տեսարանով մը, որ նաեւ մեծ միտումներու ունի Աւելիով զարգանալու։
Ամէն պարագայի, այս տողերէն ետք հարկ է նաեւ լսել հայրենի փորձագէտ Տարօն Յովհաննիսեանի տեսակէտները, որոնք զանազան առումներով մեզի կու տան հնարաւորութիւն՝ ճիշդ վերլուծելու այսօր ստեղծուած դրութիւնը, նաեւ եզրակացութիւններու յանգելու։ Յիշեցնեմ, որ հարցազրոյցը կատարած եմ այն պահուն, երբ սահմանին համեմատական հանդարտութիւն կը տիրէր, սակայն նիւթին մէջ առկայ միտքերը կ՚անդրացնին այսօր տիրող դրութիւնն ու վիճակները։
Մեր հարցումներուն պատասխանեց՝ «Օրբելի» հիմնարկի աշխատակից, ատրպէյճանեան հարցերու գիտակ փորձագէտ՝ Տարօն Յովհաննիսեան։
-Այս պահին սահմանային գօտիին վրայ տիրող յարաբերական հանգիստ վիճակը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք:
-Շուրջ 24 ժամ պահպանուած է յարաբերական անդորրը, որուն Տաւուշի մարզի սահմանամերձ հատուածը գտնուած ժամանակս ականատես եղած եմ նաեւ ես։ Այս իրավիճակը յաջորդած է բաւականին աշխոյժ փուլի, երբ Ատրպէյճան կրեց բաւականին ծանր կորուստներ։ Կը կարծեմ առաջին հերթին ատրպէյճանական կողմը, հասկնալով որ այս պահին իր որեւէ քայլը պիտի պատճառէ աւելի մեծ կորուստներ, որոշեց ժամանակաւորապէս դադրեցնել սադրանքները։ Դժուար է պնդել, թէ սա որքա՞ն կը շարունակուի։ Սակայն վստահաբար կրնանք ըսել, որ յետագային Ատրպէյճան եւս պիտի փորձէ սահմանի տարբեր հատուածներուն ռազմական սադրանքներ իրականացնել՝ ջանալով վերականգնել իր խարխլած հեղինակութիւնը։ Սակայն Հայաստանի բանակի գործողութիւնները ցոյց տուին, որ Հայկական զինեալ ուժերը այսօր պատրաստ է ոչ միայն դիմագրաւելու, այլ նաեւ շատ լուրջ վնաս պատճառելու յարձակումը նախաձեռնող կողմի բանակին։
-Ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք հաղորդել հայկական կողմի ձեռք բերած դիրքին մասին, այն ինչ-որ բան պիտի փոխէ՞ Տաւուշի սահմանային այդ հատուածին առումով:
-Առայժմ չէի ուզեր մեկնաբանել նման հարցում մը՝ հաշուի առնելով, որ դեռ վերջնական հրադադարի պայմանաւորուածութիւն չկայ եւ աշխոյժ գործողութիւններ դեռ կրնան ըլլալ։ Թերեւս որոշ ժամանակ անց հնարաւոր կ՚ըլլայ ամփոփել արդիւնքները։ Սակայն դիտարկումները յստակ ցոյց կու տան, որ հայկական բանակը բոլոր առումներով առաւելութիւն ունի։
-Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք Ատրպէյճանի ներքին զարգացումներու մասին. ցոյցերէն բացի, ըստ երեւոյթին, այնտեղ կայ նաեւ ներքաղաքական օրակարգ:
-Այս ձախողումը Ատրպէյճանի մէջ լուրջ տագնապային իրավիճակ յառաջացուցած է։ Բնակչութեան մօտ նաեւ կը նկատուի ակնյայտ բողոքի ալիք՝ իշխանութիւններուն դէմ։ Փորձելով խուսափիլ իրեն համար վատ զարգացումներէն՝ Ատրպէյճանի նախագահը ամբողջ մեղքը բարդեց արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովին վրայ։ Միւս կողմէ, կեղծ տեղեկատուութեան միջոցով այդ երկրի իշխանութիւնները կը փորձեն իրականութեան հետ աղերս չունեցող պատկեր ձեւաւորել։ Առայժմ սա կը յաջողուի, սակայն որեւէ պահու իրավիճակը կրնայ վերահսկողութենէն դուրս գալ, եթէ Ատրպէյճան նմանատիպ եւս մէկ կորուստ ունենայ։ Ինչ կը վերաբերի ցոյցերուն, ապա անոնք, կարելի է ըսել, առնուազն խրախուսուած էին իշխանութիւններու կողմէ, սակայն չընթացան իրենց ուզած բեմագրութիւնով։ Ըստ այդմ, Ատրպէյճանի նախագահը 15 յուլիսին յայտարարեց, որ ցուցարարներուն մէջ կային սադրիչներ, կեղծ հայրենասէրներ, փողոցային հերոսներ եւ այլն։ Կարեւոր է նաեւ, որ փորձելով պահպանել իր դէմքը՝ վերջինս նշեց, թէ հակառակ այդքան խօսելուն, ընդամէնը 150 մարդ դիմած է զինուորական կեդրոններ զօրակոչուելու համար։ Փաստացի Իլհամ Ալիեւ խոստովանեցաւ, որ իրենց երկրի բնակչութեան մեծ մասը կը վախնայ կամ պատրաստ չէ պատերազմի։
-Այս բոլորէն ետք լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու հաւանականութիւն կա՞յ:
-Հաւանականութիւնը միշտ կը պահպանուի։ Բացառել հնարաւոր չէ երբեք նման զարգացման հնարաւորութիւնը։ Սակայն այս պահին կը կարծեմ՝ այդ մէկը քիչ հաւանական է: Ատրպէյճանական կողմը այս գործողութեան ձախողումը ի նկատի ունենալով՝ չի կրնար այս պահուն աւելի մեծ ռիսքերու դիմել։
-Ի՞նչ տուաւ մեզի այս վերջին 4-5 օրերու թարմ փորձը: Նոր էջ բացուեցա՞ւ Հայաստան-Ատրպէյճան-Արցախ մեծ հակամարտութեան բնաբանին մէջ: Ի՞նչ պատգամներ ստացանք վերջին զարգացումներէն:
-Կը կարծեմ գլխաւոր հետեւութիւնըր այն է, որ Ատրպէյճանի հետ արդիւնաւէտ կարելի է խօսիլ միայն ուժի լեզուով։ Ըստ այդմ, հակամարտութեան կարգաւորման հարցով կարեւորագոյն գործօններն են՝ մարտունակ բանակը եւ զարգացող տնտեսութիւնը։ Անկախ որեւէ պայմանաւորուածութենէ՝ Ատրպէյճան յարմար առիթի պարագային կը դիմէ ռազմական յարձակման, որուն պէտք է մշտապէս պատրաստ ըլլալ, անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ՝ նախայարձակ/կանխարգելիչ գործողութիւններ իրականացնելով զայն կանխելու համար։ Միւս կողմէ, խաղաղ բնակավայրերու հրետակոծումը հերթական անգամ ցոյց տուաւ, որ Ատրպէյճան պիտի չհրաժարի իր քաղաքականութենէն եւ որեւէ կարգավիճակի մէջ Ատրպէյճանի իրաւասութեան տակ յայտնուելու պարագային հայու կեանքին եւ գոյքին մշտապէս վտանգ պիտի սպառնայ։ Ըստ այդմ, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը որեւէ պարագայի զիջման ենթակայ չի կրնար ըլլալ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան