​ԶԱԽՈՅԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ Տ. ՄԱՄԲՐԷ ՔՀՆՅ. ՀՄԱՅԵԱԿԵԱՆ. «ՇԱՏ ԴԺՈՒԱՐ Է, ՈՐ ՀԱՅԵՐԸ ԿՐԿԻՆ ՄՈՒՍՈՒԼ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ»

Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը յատուկ նշականակութիւն ունեցաւ յատկապէս «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն Իրաքի զանազան քաղաքներու մաքրագործումէն ու յատկապէս Մուսուլ քաղաքի ազատագրումէն ետք: Այդ հանգրուանին էր նաեւ, որ շուրջ հարիւր հայ ընտանիքներ գաղթականի կարգավիճակով կը հասնէին Հիւսիսային Իրաքի տարբեր քաղաքները. ինչպէս՝ Էրպիլ, Զախօ, Հաւրեսք եւ Աւզրուք: Բացի այս բոլորէն, պէտք է հաշուի առնել, որ յատկապէս Զախօ քաղաքը հիմնադրուած է անցեալ դարու սկիզբին ու հոն ապրող հայութիւնը այսօր կը վարէ բարեկեցիկ կեանք: Զախոյի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով հեռախօսազրոյց մը ունեցայ տեղւոյն հոգեւոր հովիւին՝ Տ. Մամբրէ Քհնյ. Հմայեակեանի հետ։ Սոյն հեռախօսազրոյցը կը ներկայացնենք ստորեւ:

-Յարգելի տէր հայր, դուք ե՞րբ կոչուեցաք Զախօ քաղաքը հովուելու պաշտօնին:

-Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, 2016 թուականի Նոյեմբերին ես պաշտօնապէս կոչուեցայ որպէս Զախոն հովուելու պաշտօնին: Նախքան Զախօ  հասնիլս, ես կը ծառայէի Պաղտատի հայոց եկեղեցւոյ մէջ: Երբ Տ. Առաքել Քահանան վախճանեցաւ, ժամանակաւոր՝ 10-11 ամիս, որպէս Զախոյի հովիւ նշանակուեցաւ Տ. Աւետիք Քահանայ Մարտիրոսեանը։ Ապա Տ. Աւետիք Հայաստան տեղափոխուեցաւ, իսկ ես ստանձնեցի այս պաշտօնը:

-Դուք արաբերէն կամ քրդերէն գիտէ՞ք:

-Ո՛չ արաբերէն, ո՛չ ալ քրդերէն գիտեմ: Ես հայաստանցի եմ: Հոս հոգեւորականի պահանջքը կար եւ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ հոս՝ Իրաքի մէջ նշանակուեցայ: Պաղտատի մէջ քիչ մը արաբերէն սորվեցայ, բայց հոս արաբերէնը այդքան ալ կարեւոր չէ: Բոլորը քրդերէն կը խօսին:

-Զախոյի մէջ մեծ է հայերու թիւը:

-Այսօր Զախոյի մէջ կը բնակին 190 հայ ընտանիք, իսկ թիւը կը հասնի 700-ի: Պաղտատէն ետք Զախոյի համայնքը կը համարուի ամենամեծ հայ համայնք այս շրջանին մէջ:

-Ի՞նչ է ձեր ընդհանուր գործունէութեան ծիրը: Ի՞նչ աշխատանքներ կը կատարէք համայնքէն ներս:

-Որպէս քահանայ, իմ առաջին պարտականութիւնս հոգեւոր, ծիսական արարողութիւն-ները կատարելն է: Այս գլխաւոր պարտականութեան կողքին, հոս՝ Զախոյի մէջ կան մշակութային աշխատանքներ, որոնք կը սատարեն հայապահպանութեան գործին:

Զախոյի մէջ երբեք միութիւններ չեն հիմնուած, ո՛չ ՀԲԸՄ, ո՛չ ՀՄԸՄ, ո՛չ երիտասարդաց, ո՛չ ալ տիկնանց։ Այս պատճառով ալ համայնքը ծարաւ էր ձեռնարկներու եւ պակաս տեղ մը ունէր: Երբ հոս տեղափոխուեցայ, երկու ամիս ետք ընկերային յանձնախումբ կազմեցի, որուն նպատակն էր՝ Զախոյի մէջ ստեղծել օգնական մարմին մը՝ ազգային, եկեղեցական, հայրենասիրական տօներուն ձեռնարկներ կազմակերպելու համար: Օրինակ մը տալու համար, նշեմ Ս. Սարգիսի տօնին մեր կազմակերպած  միջոցառումը:

Դժբախտաբար ոչ միայն Զախոյի, այլ սփիւռքի մէջ աւելի շատ կը նշուի Ս. Վալընթայնի օրը՝ որպէս Սիրոյ օր, իսկ հայերէն շատեր նոյնիսկ չեն գիտեր, թէ Ս. Սարգիսը սիրոյ եւ երիտասարդներու բարեխօսն է: Այս գիտելիքը համայնքին մէջ տարածելու եւ մարդիկը եկեղեցիին մօտեցնելու նպատակով՝ Ս. Սարգիսի տօնին առթիւ կազմակերպեցինք պարահանդէս մը: Այդ օր բոլորին ներկայացուցինք տեղեկութիւններ, արաբերէն լեզուով, Ս. Սարգիսի մասին եւ պարահանդէսի ընթացքին հարցումներ հարցուցինք: Ով որ հարցումին ճիշդ կը պատասխանէր, նուէր մը կը ստանար: Այսպէսով, մենք ձեւով մը ստիպեցինք մեր համայնքի զաւակները, որպէսզի կարդան, մասնակցին եւ իմանան, թէ ո՛վ եղած է Ս. Սարգիսը Հայ Եկեղեցւոյ համար:

Նաեւ հիմնեցինք «Արցախ» անունով երգչախումբ մը: Ան կազմուած է ինն երգողներէ եւ ունի դաշնակահար մը: Մայիսի 28-ին կազմակերպեցինք ձեռնարկ մը, որու ընթացքին երգչախումբը հանդէս եկաւ ազգային երգերու կատարումով:

Շուտով մեր եկեղեցին պիտի հիմնէ միօրեայ դպրոց, ուր հայոց պատմութիւն պիտի դասաւանդուի: Գիրքերը արդէն Պաղտատ հասած են եւ մօտ օրէն կը հասնին Զախօ: Սա իմ նախաձեռնութիւնս է եւ ես պիտի դասաւանդեմ: Տարիքային սահմանափակում չկայ, դասերուն կրնան մասնակցիլ բոլորը: Ճիշդ է, մենք ունինք հայկական դպրոց, սակայն առիթ կու տան դասաւանդել միայն հայերէն եւ կրօն: Հայոց պատմութիւն իրաւունք չունինք դասաւանդելու, որովհետեւ կ՚ըսեն. «Դուն հոս կ՚ապրիս եւ մեր պատմութիւնը պէտք է սորվիս»: Այս պատճառով որոշեցի միօրեայ դպրոց մը հիմնել եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդել: Անշուշտ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ կ՚իրականացուի այս ծրագիրը: Սփիւռքի նախարարութիւնը խոստացած էր ոչ միայն գիրքեր, այլ նաեւ խտասալիկներ ուղարկել: Բացի այս, Սեպտեմբերին, եկեղեցին պիտի ունենայ իր մանկապարտէզը, ուր պզտիկներուն պիտի սորվեցնենք հայերէն գրել, կարդալ եւ խօսիլ:

Հետեւաբար կարելի է ըսել, որ Զախոյի մէջ ծառայութիւնը միայն կրօնական երես չունի, այլ կը կատարուի ազգային դիմագիծ ունեցող գործունէութիւններ:

-Տէր հայր, ո՞ր թուականին հիմնուած է Զախոյի եկեղեցին:

-Մեր եկեղեցին հիմնուած է 1923 թուականին:

Զախոյի եկեղեցին ճարտարապետական կառոյցով եկեղեցի չէ: Անուանի բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեան կառուցած է շատ մեծ սրահ մը, որ ունի թիւ 2-ի ձեւը: Այս սրահին մէկ մասը վերափոխած են եւ զանգակատուն կառուցելով եկեղեցւոյ վերածած են:

-Զախոյի հայերը ուրկէ՞ եւ ե՞րբ եկած են:

-Զախոն սկիզբը Թուրքիոյ սահմանակից գիւղերէն մէկը եղած է, եւ անցեալ դարասկիզբին հայերը հոս հանգրուան գտած են, ապա այստեղէն ցրուած են տարբեր երկիրներ: Իսկ այսօրուան Զախոյի հայերը, հիմնականը, Իրաքի տարբեր շրջաններէն հաւաքուած են, որովհետեւ այստեղ համեմատած միւս շրջաններուն, աւելի հանգիստ եւ խաղաղ է: Ինչպէս նշած էր Աւագ Սրբազանը ձեր հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, Իրաքի մէջ գոյութիւն ունի երկու տեսակի արտագաղթ՝ ներքին եւ արտաքին. ներքին ըսելով հիւսիսային շրջան գաղթած են, այսինքն նաեւ Զախօ: Հետեւաբար, հոս մեծամասնութիւն են Պաղտատէն եւ Մուսուլէն եկած հայերը: Գրեթէ յիսուն ընտանիք եկած է Մուսուլէն: Ուստի, այսօրուան Զախոն խառն համայնք մըն է՝ տարբեր տեղերէ հաւաքուած համայնք մը:

Իսկ եթէ խօսինք հարաւային մասը գտնուող Պասրա քաղաքին մասին, ապա այդտեղի հայերը եկած են Վանէն:

-Տէր հայր, խառն համայնք ըլլալը արգելք կը հանդիսանա՞յ, որ ժողովուրդը իրարու հետ բնականոն յարաբերութիւն ունենայ:

-Հակառակը, մեր համայնքը շատ միակամ է: Ինչպէս քիչ առաջ նշեցի, միութիւններ չեն եղած եւ այդ մէկը իր բացասական հետքը ձգած է համայնքին վրայ: Սակայն միեւնոյն ժամանակ, դրական հետքեր եւս ձգած է, նկատի ունիմ անցեալին եղած տարակարծութիւնները, որոնք այսօր վերացած են, որովհետեւ բոլորը հասկցան, որ տարակարծութիւնները զիրենք պիտի պառակտեն: Զախոյի մէջ նման խնդիրներ բնաւ տեղի չեն ունեցած, որովհետեւ միութիւններ գոյութիւն չեն ունեցած եւ բաժանումներ չեն եղած: Ամբողջ Տհոքի շրջանը 2 հազար հայ կայ։ Տարիներու ընթացքին պահպանելով հայու հետ ամուսնանալու ցանկութիւնը, խնամիական կապերով իրարու միացած են: Համայնքի անդամները բոլորը իրարու ծանօթ են:

-Ի՞նչ գործով կը զբաղին հայերը: Կրթական համակարգ կա՞յ:

-Զախոյի հայ համայնքի հետաքրքրութիւնները տարբեր են, անոնք զարգացած են զանազան բնագաւառներու մէջ: Նոյնիսկ, Հիւսիսային Իրաքի խորհրդարանին մէջ հայ անդամ կայ: Ունինք շատ լաւ եւ յայտնի բժիշկներ՝ մանկաբոյժներ, կանացի հիւանդութեան մասնագէտներ, ունինք ելեկտրածինի վարպետներ. ինչպէս գիտէք, Իրաքի պատերազմին պատճառով հոս ելեկտրականութիւն չկայ եւ այդ հսկայ ելեկտրածին գործիքներու շնորհիւ է, որ քաղաքին համար ելեկտրականութիւն կ՚ապահովուի. ունինք նաեւ շատ լաւ արհեստաւորներ: 

Իսկ կրթական ոլորտէն ներս ունինք հայկական դպրոց մը, որու ծախսերը կը հոգայ պետութիւնը: Դպրոցը անուանուած է Աւագ Սրբազանի անունով: Շատ հետաքրքրական պատմութիւն մը կայ դպրոցի անուան հետ կապուած: Դպրոցի բացման ժամանակ, երբ Սրբազանը ներկայ գտնուած է, տնօրէնը հարցուցած է. «Ի՞նչ է ձեր անունը Սրբազան Հայր», Սրբազանը պատասխանած է. «Աւագ», տնօրէնը ըսած է. «Ուրեմն դպրոցին անունը թող ըլլայ Աւագ դպրոց»:

Դպրոցը ունի վաթսուն աշակերտ եւ մինչեւ վեցերորդ դասարան է: Վեցերորդ դասարանը աւարտելէ ետք մեր հայ աշակերտները կը յաճախեն տեղւոյն դպրոցները, որովհետեւ մեր վարժարանի ծրագիրը քրդերէն է եւ միայն մէկ պահ յատկացուած է արաբերէնի, ինչպէս նաեւ հայերէն լեզուի ուսուցման համար:

-Դպրոցական ուսումը աւարտած երեխանները համալսարան երթալու դիւրութիւններ ունի՞ն:

-Այո՛: Զախոն ունի նորակառոյց պետական համալսարան: Բոլորս գիտենք, պետական համալսարանները ձրի են, սակայն հոն ընդունուիլը դժուար է, որովհետեւ շատ մեծ մրցակցութիւն կայ: Սակայն, կայ նաեւ բարձր մակարդակի անձնական, վճարովի համալսարաններ, ուր աւելի դիւրին է ընդունուիլը:

-Ինչպէ՞ս է Զախոյի քաղաքական վիճակը: Հայերը ապահո՞վ են: Ի՞նչ է ընդհանուր պատկերը:

-Հո՛ս, մենք՝ հայերս, շատ հանգիստ եւ ապահով կեանք կը վարենք: Տեղւոյն ղեկավարութիւնը քրիստոնեաներու հանդէպ շատ բարեհաճ է, որովհետեւ քրիստոնեաներուն մօտ վտանգ չի տեսներ: Զանոնք կը համարէ խաղաղասէր եւ աշխատասէր անձեր: Նոյնիսկ քրիստոնեաները կ՚անուանէ՝ «Իրաքի ծաղիկներ», որոնք ո՛չ ահաբեկիչներու հետ կապ ունին, ո՛չ կը սպաննեն, ո՛չ գողութիւն կ՚ընեն: Այս պատճառով ալ հոս ամէն ճիգ կը գործադրուի քրիստոնեաներու համար լաւ պայմաններ ստեղծելու, որպէսզի անոնք մնան եւ ներքին գաղթը դէպի Հիւսիսային Իրաք աւելնայ ու քաղաքի բնակչութեան թիւը բազմանայ, ինչ որ իրենց համար շատ կարեւոր է: Իսկ հայերուն նկատմամբ շատ աւելի բարեացակամ են: Այն պատճառով, որ  անոնք կ՚ընդունին, թէ հայերը նոյնպէս ապրած են այս տարածքներուն վրայ եւ անոնք ցեղակից եղած են, իբր այդ ալ հայերը կը համարեն իրենց եղբայրները: Իսկ եթէ հարցին նայինք քաղաքական առումով, իմ կարծիքով, Հիւսիսային Իրաքը կ՚ուզէ անկախանալ:

-Հիւսիսային Իրաքի մէջ այս կապակցութեամբ հանրաքուէ տեղի պիտի ունենա՞յ: Ինչ կը կարծէք, արդեօք վտանգաւո՞ր է այդ քայլը:

-Իրականութեան մէջ, շատ մտածած եմ այս հարցումին մասին, սակայն յստակ պատասխան մը չեմ գտած: Գիտէք, Հիւսիսային Իրաքը այսօր արտադրութիւն չունի, եւ իր բոլոր կարիքները՝ սննդեղէն, տնտեսական ապրանքներ, կահոյք եւ այլն, կը ներմուծէ Թուրքիայէն:  Իսկ Զախոն կը հանդիսանայ առեւտրական քաղաք եւ երկրի 90 տոկոս ապրանքը Զախոյի միջոցով է, որ մուտք կը գործէ:

Եթէ հանրաքուէն տեղի ունենայ, չեմ կրնար ըսել, թէ ինչ կը պատահի: Իմ կարծիքով, կա՛մ Թուրքիոյ հետ սահմանը կը փակեն, այս պարագային երկու կողմն ալ կը վնասէ, եւ կա՛մ առեւտրական յարաբերութիւնները կը շարունակեն: Իսկ քաղաքական վիճակը ինչպիսին կ՚ըլլայ, չեմ կրնար ըսել: Սակայն կ՚ուզեմ նշել, որ այս տարիներուն ընթացքին, երկիրը կրցաւ իր սահմանները յստակացնել եւ պաշտպանել: Անցեալ ամիս, մենք սահմանը պաշտպանող զինուորներուն ճաշ մատուցեցինք, եւ այդ օրը նկատեցինք, որ սահմանը փշալարերով փակուած ճամբայ մը չէ, այլ հողէ պատնէշ մը, որպէսզի Մուսուլէն ահաբեկիչներու մուտքը դժուար անցանելի ըլլայ: Սակայն, ինչպէս կը նկատենք, ահաբեկիչներուն գործողութիւնները ոչ մէկ պատնէշ կը կանխէ, եւ իրենց համար ոչ մէկ օրէնք գոյութիւն ունի: Ղեկավարութիւնը հնարաւոր բոլոր քայլերը ձեռնարկած է խաղաղ կեանք ապահովելու, սակայն վտանգը միշտ ալ կայ:

-Մենք լսած ենք, որ կարգ մը գիւղերու մէջ կան հայեր, որոնք զինուած են եւ ունին զինամթերք, տակաւին կա՞ն այդ խումբերը:

-Հաւրեսք գիւղը կան նման անձեր, որոնք պատրաստ են, պէտք եղած ժամանակ, պաշտպանելու իրենց գիւղը, որովհետեւ Հաւրեսքէն 15 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը դիրքաւորուած է, եւ որեւէ պահու կրնայ յարձակիլ գիւղին վրայ: Ուստի, հայերու խումբը կազմակերպուած զինուորական խումբ մը չէ, այլ տղաք են, որոնք կը հերթապահեն սահմանները եւ ամսական կը ստանան «Սարգիս Աղաճանեան» հիմնադրամին կողմէ, սակայն չունին ահաբեկիչներու դէմ պայքարելու ծրագիր, պարզապէս պատրաստ են պաշտպանելու իրենց գիւղը: Անոնց գործունէութիւնը շատ չափազանցուած ձեւով տարածուած է աշխարհով մէկ, սակայն իրականութիւնը շատ աւելի պարզ է:

-Մուսուլի պատերազմէն ետք, երբ հայերը ձեր քով յայտնուեցան, տեղեկութիւն կար, որ անոնք կը փափաքէին Հայաստան երթալ, սակայն փաստաթուղթեր չունէին: Արդեօք այդ մարդոց վիճակը ի՞նչ եղաւ, ո՞ւր են հիմա:

-Երբ Մուսուլի պատերազմը տեղի ունեցաւ ես հոս չէի: Ես Իրաք եկած եմ Մուսուլի դէպքերէն ետք եւ տեղեկութիւն չունիմ այն հայերու մասին, որոնք չեն կրցած Հայաստան գաղթել փաստաթուղթերու պատճառով: Սակայն այսօր կան բարեգործական կազմակերպութիւններ, որոնք կ՚օգնեն թէ՛ հայ, թէ՛ քրիստոնեայ փախստական ընտանիքներուն, նաեւ հայ եկեղեցին իր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ, ժամանակ առ ժամանակ օգնութիւն կը ցուցաբերէ Մուսուլէն գաղթած ընտանիքներուն: Իսկ ընտանիքները, արդէն համակերպած են իրենց նոր կեանքին եւ սկսած են լեզուն սորվիլ եւ աշխատիլ:

-Արդեօք կա՞ն անձեր, որոնք նպատակ ունին Մուսուլ վերադառնալ:

-Գիտէք, «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը Մուսուլի մէջ կազմակերպուած է, եւ նոյն Մուսուլի բնակիչներն են այդ խումբի անդամները: Անոնք քրիստոնեաներուն հանդէպ բարեացակամ չեն, եւ զանազան վնասներ պատճառած են՝ առեւանգած եւ թալանած են քրիստոնեաները: Ինչպէ՞ս կրնան երթալ եւ իրենց հետ նորէն ապրիլ: Սակայն կան անձեր, որոնք կ՚ուզեն վերադառնալ, մանաւանդ մեծահասակները, որոնք հոն ծնած են եւ իրենց ընտանիքը հոն հաստատած են, ունին տուներ, խանութներ, իսկ Զախօ տեղափոխուելով կ՚ապրին վարձով պզտիկ տան մը մէջ: Իրենց համար դժուար է հաշտուիլ այն գաղափարին հետ, որ այլեւս չեն կրնար հոն ապրիլ: Սակայն միշտ կ՚ըսեն, երբ վիճակը բարելաւուի, մենք պիտի վերադառնանք: Նոյնը չեմ կրնար ըսել երիտասարդներուն մասին: Երիտասարդները արդէն սկսած են կերտել իրենց նոր կեանքը եւ նպատակ չունին վերադառնալու եւ անգամ մը եւս սարսափ ապրելու, որովհետեւ անոնք տեսած են ահաբեկչական բոլոր գործողութիւնները, երբ մարդիկը սպաննած են իրենց աչքերուն առջեւ, ցոյց տալու համար, թէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը ինչի ընդունակ է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 18, 2017