ՎԱՏ ՑԱՒ ԿԱՄ ՍԻՖԻԼԻՍ

ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍ

ԺԱՌԱՆԳԱԿԱՆ ՍԻՖԻԼԻՍ

դ. ՇՐԹՆԱՀԵՐՁՈՒԹԻՒՆ

Ժառանգական սիֆիլիսը նաեւ պատճառ կը դառնայ շրթնահերձութեան, այսինքն՝ շրթունքներուն ճեղքուած ըլլալուն:

Բոլորը տեսած կ՚ըլլան երեխաները, որոնց վերին շրթունքը մինչեւ քիթին ծակը ճեղքուած է: Ատիկա միայն սիֆիլիսէն չ՚ըլլար, բայց այդ ցաւէն աւելի շատ կը պատահի, քան միւս ժառանգական հիւանդութիւններէն:

ե. ՔԻԹՆ ՈՒ ԲԵՐԱՆԸ

Քիթին արմատը տափակ-պճած է, կարծես մատով հուփ տուած է: Երեխան յաճախ ամբողջ կեանքը կը տանջուի անվերջ հարբուխով, որմէ գարշելի հոտ կու գայ: Քիթին մէջին պատը փտած է, կերուած, քիմքը կերուած, ոսկորը փտած, այնպէս որ քիմք չկայ եւ երեխան մեծ դժուարութիւնով կրնայ բան մը ուտել եւ խմել, որովհետեւ կերած-խմածը դուրս կը թափի:

զ. ԱՉՔԵՐԸ

Աչքերը եւս ժառանգական սիֆիլիսէն շատ վնասուած կ՚ըլլան: Յաճախ շլութիւն կը պատահի: Բժիշկի մը ըսելով՝ 52 ժառանգական սիֆիլիսոտներէն 18-ը շիլ են: Կոյր ծնած երեխաներ ալ կ՚ըլլան:

է. ԱԿԱՆՋԻ ՎԱՏԱՃՈՒՄԸ

Դուրսի ականջը կրնայ ուղղակի չըլլալ, ծակը փակ ըլլալ կամ շատ տեսակ անկանոնութիւններ ունենալ. ետեւ-առջեւ փակած կ՚ըլլայ, կամ չափազանց վեր ու չափազան ներքեւ: Յաճախ մէկ կամ երկու ականջէն ալ թարախ կը հոսի (ժողովուրդը կ՚ըսէ. «Կը ծնէ»), կամ երեխաները ուղղակի խուլ կը ծնին:

ը. ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ՎԱՏԱՃՈՒՄԸ

Երբեմն մէկ ոտքը միւս ոտքէն կարճ ու երկար կ՚ըլլայ, մէկ թեւը միւսէն: Նոյն տձեւութիւնը ուրիշ մասերու վրայ կը նկատուի, օրինակ՝ կողերուն: Դէպքեր պատահած են, երբ որեւէ մէկ ոսկորը բացակայ եղած է:

Առաջին յղիութիւնը՝ աղջիկ, որ առողջ ծնած է:

2-րդ յղիութիւնը՝ վիժում:

3-րդ յղիութիւնը՝ մեռած երեխայ կը ծնի:

4-րդ յղիութիւնը՝ այս տղան ծնած է, որուն պատկերը դրինք:

5-րդ յղիութիւնը՝ երեխայ մը, որ վեց ամսական հասակին կարկամումներէ (մարմինի ջղային) ձգձգումէ կը մեռնի:

6-րդ յղիութիւնը՝ մեռած երեխայ:

7-րդ յղիութիւնը՝ երեխան կ՚ապրի, բայց նիհար է, փոքր ու արատաւոր մարմին ունի (վատասերուած):

8-րդ յղիութիւնը՝ նոյնպէս չափազանց թուլամորթ երեխայ:

Նկարի վրայի երեխան մարմինին զանազան ցաւեր եւ ոտքերուն վրայ խոցեր ունեցած է: Երբ դպրոց յաճախել սկսաւ, ծնողները նկատեցին, որ ոտքերը չափազանց երկար են եւ ծռած: Յետոյ աջ ոտքը աւելի երկարեցաւ, քան ձախը եւ երեխան սկսաւ կաղալ: Ընդհանուր առողջութիւնը երթալով վատացաւ եւ խեղճը այնպիսի դրութեան մէջ ինկաւ, որ զինք հիւանդանոց տարին: Ոտքերէն մէկը միւսէն մէկ վերշոկ երկար է, սրունքները խոցերով ծածկուած են եւ ծռմռած:

թ. ՄԷՋՔԸ

Ժառանգական սիֆիլիսը կը ծռմռէ ողնաշարը: Ասիկա կը ծռի կամ ետեւ ու առջեւ կամ ալ կողքերուն վրայ: Ողնաշարը ծռած ատեն, անշուշտ կողերն ալ, ուսերն ալ հետը կը ծռին ու խեղճ երեխան կուզ եւ այլանդակ կը դառնայ:

Բացի այս ծռութիւնները (կորութիւնները), սարսափելի հիւանդութիւն մը կայ, որ մահառիթ է. ասիկա ճեղքուած մեղքն է: Ողնաշարին մէկ մասը ճեղքուած կ՚ըլլայ եւ այդ ճեղքուածքէն ողնուղը դուրս կ՚իյնայ:

ժ. ՀՍԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԹԶՈՒԿՈՒԹԻՒՆ

Երեւակայեցէք, որ երեխային մէկ ոսկորը միայն չէ մեծցած (ինչպէս այն տղային ոտքերուն ոսկորները), այլ՝ մարմինի բոլոր ոսկորները, այսինքն՝ ամբողջ կմախքը: Ի՞նչ կ՚ըլլայ այն ատեն:

Այն ատեն այդ երեխան անշուշտ աւելի մեծ կ՚ըլլայ, աւելի յաղթանդամ:

Զանոնք հսկաներ կ՚անուանեն:

Մի քանի յայտնի հսկաներ զննուած են եւ դուրս եկած է. որ անոնց ծնողները սիֆիլիս ունեցած են եւ ուղղակի իրենք՝ այդ հսկաները, ժառանգական սիֆիլիսի շատ ուրիշ նշաններ ալ ունին իրենց վրայ:

Անոնց հասակը չորս արշինի կը հասնի, վիթխարի կուրծք եւ անդամներ ունին անոնք եւ կարծես աժդահաներ են: Տեսնողը կը կարծէ, թէ ատոնց նման առողջ մարդ չկայ աշխարհի մէջ. կարծես հարիւր տարի պիտի ապրին… Բայց բժիշկի աչքին ատոնք ժառանգական հիւանդներ են, որովհետեւ անոնց վրայ ժառանգական սիֆիլիսի բազմաթիւ նշաններ կը գտնեն:

Հսկաներու կողքին պէտք է դնենք թզուկները: Երեխաները չափազանց փոքր կը ծնին եւ շատ քիչ կը մեծնան: Անոնց հասակը (երբ արդէն կը հասուննան) հազիւ 1/2 արշին (նոյնիսկ աւելի պակաս) կ՚ըլլայ: Հասակին համեմատ, անդամներն ալ, ձայնն ալ, սեռական անդամներն ալ նուազ երեխայական կը մնան ամբողջ կեանքի ընթացքին, մօրուք եւ պեխեր գրեթէ չեն ունենար, նուազ եւ բթամիտ կ՚ըլլան եւ երկար չեն ապրիր:

Ժառանգական սիֆիլիսն ալ այսպիսի խաղեր կ՚ընէ…:

ժա. ՁԵՌՔԵՐՈՒ ԵՒ ՈՏՔԵՐՈՒ ԱՅԼԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Զարմանալի ազդեցութիւն ունի վատ ցաւի թոյնը ժառանգներուն ոտքերուն եւ ձեռքերուն կազմութեան վրայ:

Զանազան տեսակի անկանոնութիւններ կը նկատուին: Կամ երկու մատը ձուլուած (փակած) կ՚ըլլան իրարու եւ ձեռքի վրայ երկու-երեք մատ կ՚ըլլայ միայն, կամ որեւէ մէկ մատը, օրինակ՝ բութը բացակայ կ՚ըլլայ, կամ թէ ընդհակառակը մէկի տեղ երկու հատ դուրս եկած է ձեռքին վրայ 6-7 մատ կայ, կամ թէ մատներէն մէկը չափազանց երկար է, սիւները չափազանց կարճ, եւ այլն:

Օրինակ, ձեռքին վրայ երկու-երեք մատ կ՚ըլլայ միայն, իսկ ոտքին վրայ՝ նոյնպէս երկու մատ: Եղած մատները տձեւ եւ ծռմռած կ՚ըլլան, կիսատ: Կը պատահի, որ ընդհանրապէս ձեռք ալ չ՚ըլլար, կարծես արմուկէն կտրած են…:

ժբ. ԳԱՒԱԿԸ

Գաւակը նեղ կ՚ըլլայ, ինչ բանէն վիժումներ եւ դժուար ծնունդ կը յառաջանայ: Ոտքերուն ծռութիւնները բոլորին յայտնի են. թաթերը կամ դարձած կ՚ըլլան դէպի ներս, կամ շուռ տուած՝ դէպի դուրս, այնպէս որ քալած ատեն ստիպուած են ոտքերը շատ բարձրացնել, որպէսզի իրարու վրայով անցնին: Կը պատահի նաեւ, որ երեխան ոտքերը դուրս ինկած ծնի…:

ժգ. ՈՒՂԵՂԻ ՎԱՏԱԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

Ուղեղը երբեմն շատ փոքր կը մնայ, կամ անոր վրայ զանազան անկանոնութիւններ կ՚ըլլան: Ուղեղին մէջ գտնուած պակասութիւններէն երեխան խուլ-համր կը ծնի, կամ կոյր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 7

Վաղարշապատ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 18, 2022