ԾՆՈՂ-ԶԱՒԱԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ծնող-զաւակ յարաբերութիւնները Արեւելքի մեր ընկերութեան, մեր մշակոյթին մէջ տակաւին կենսական են ու կարեւոր, որովհետեւ տակաւին ծնող-զաւակ, զաւակ-ծնող փոխկապակցութիւն մը գոյութիւն ունի, եւ երկու կողմերը զիրար սիրելու, զիրար յարգելու եւ իրարու պարտաւորութիւններու գիտակցութիւնն ու հակումը ունին: Իրողութիւն մը, որ Արեւմուտքի մէջ գրեթէ սկսած է վերանալ, քանի որ այնտեղ տարբեր ձեւի մօտեցում, տարբեր ձեւի ընկալումներ կան, ուր զաւակի ազատութիւնը գեր ի վեր կը համարուի քան ծնող-զաւակ առողջ փոխյարաբերութիւնը: Այնտեղ, կարծէք զաւակի «ազատութիւն»ն է, որ կ՚որոշէ ամէն ինչ, թէկուզ այդ ազատութիւնը սխալ ուղղութեան վրայ ըլլայ, կարեւորը, զաւակին քմահաճոյքն ու «հանգիստ»ն է:
Միւս կողմէ շա՜տ յստակ է, որ հսկայ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի այդ բարքերը, այդ ընկալումները ներթափանցեն նաեւ Արեւելքի մշակոյթէն ներս ալ: Այսօր գաղտնիք չէ, որ Արեւելքի ընտանիքը հարուածի տակ է եւ ամէն տեսակի փորձեր կը կատարուին քանդելու համար այն ամուր կապը, որ այդ ընտանիքը դարերէ ի վեր կանգուն պահած է: Այդ փորձերը կը կատարուին կնոջ ազատութեան, երեխաներու բռնութեան չենթարկուելու, կնոջ հաւասարութեան, փոքրերու իրաւունքներ պիտակներուն տակ, կարծէք Արեւելքի ընտանիքը այդ բոլորէն անտեղեակ է եւ կամ այդ բոլորը իրեն համար գոյութիւն չունին:
Ունի՛ն, շա՜տ լաւ ալ ունին: Միւս կողմէ սակայն, արեւելեան բրտութիւնն ու կոշտութիւնն ալ լայն տեղ գտած են Արեւելքի ընտանիքէն ներս: Որոշակի ծայրայեղ ընկալումներ կը տիրապետեն շատ մը ընտանիքներու վրայ, ինչ բանը առիթ կու տայ դժկամութիւններու եւ երբեմն ալ բռնութիւններու:
Բռնութիւններու կ՚ենթարկուին յատկապէս փոքրերը: Պատճառը եթէ փորձենք փնտռել, թերեւս մեզմէ շատեր երկու կէտի վրայ կեդրոնանան: Առաջինը այն է, որ թերեւս տուեալ ծնողը որ իր երեխային կը ծեծէ, փոքր եղած ժամանակ զինք ալ ծեծած են, ու ինք անզգալաբար ինկած է այդ հիաւնդութեան մէջ, որ սովորութիւն դարձած է իր մօտ, ու հիմա, որ ինք եւս ծնող դարձած է, իր երեխաներուն հետ կը վարուի այնպէս՝ ինչպէս ժամանակին իր հետ վարուած են:
Իսկ երկրորդ պատճառը այն է, որ որոշ ծնողներ որովհետեւ կեանքի մէջ չեն կայացած, ապա կը փորձեն իրենց զաւակներուն միջոցով կայանալ: Իսկ իրենց կայանալու ձեւը ի՞նչն է, ծեծը… Նկատի ունենալով, որ իրենց զաւակները իրենցմէ թէ՛ մարմինով փոքր են եւ թէ ուժով աւելի նուազ, ապա անհաշիւ ու անողորմ կերպով կը սկսին ծեծել իրենց զաւակները: Այս կէտը լուրջ խնդիր մըն է եւ կարիք ունի խոր եւ լուրջ ուսումնասիրութեան, որպէսզի լուծումներ գտնուին եւ դաստիարակութեան միջոցով կամաց-կամաց պայքար մղուի այս երեւոյթին դէմ:
Ամէն պարագայի եւ ի՛նչ ալ ըլլան պատճառները՝ զաւակները ծեծելը անթոյլատրելի յանցանք է: Ճիշդ է, որ զաւակներու դաստիարակութեան ընթացքին ծնողները պէտք է երբեմն խիստ ու կոպիտ ըլլան, սակայն խստութիւնն ու կոպտութիւնը տարբեր ազդեցութիւն կը գործեն զաւակներուն վրայ, իսկ ծեծը՝ ամբողջութեամբ ուրիշ: Դարձեալ կը կրկնենք, ի՛նչ ալ ըլլան պատճառները, ծնողները երբեք իրենց զաւակներուն վրայ ձեռք պէտք չէ բարձրացնեն՝ ծեծելու համար: Կենդանիներուն կը ծեծեն եւ ո՛չ թէ մարդոց:
Տարիներ առաջ, տիկին Ծովիկ Դաւթեանի դիմատետրի էջին վրայ հանդիպեցայ իր մէկ գրութեան, որ կը կրէր՝ «Մի՛ ծեծէք ձեր երեխաները» խորագիրը: Տիկին Ծովիկը հայաստանաբնակ ազնիւ ու հաւատքով լեցուն տիկին մըն է, ով ամէն օր՝ առաւօտեան մանաւանդ, իր դիմատետրի էջին վրայ հոգեւոր ապրումներուն, Աստուածաշնչական ճշմարտութիւններուն, կրօնաբարոյական տարբեր ոլորտներուն: Վերը նշածս գրութիւնը այդ գրութիւններէն մէկն է: Հակառակ այն իրողութեան, որ գրութեան վրայ արդէն չորս-հինգ տարի անցած է, սակայն աւելի քան այժմէական է, այդ պատճառով ալ կ՚ուզեմ զայն կիսուիլ մեր սիրելի ընթերցողներուն հետ: Տիկին Ծովիկ կը գրէ.
* Երբ դուք ձեր երեխային կը ծեծէք, ատով երբեւէ ձեր սէրը չի՛ պակսիր անոր նկատմամբ, ատկէ կասկած չկայ: Սակայն, իւրաքանչիւր ծեծի ժամանակ, երեխան ինքզինք զերօ, ոչինչ կը զգայ: Յաջորդ պահուն դուք կը մոռնաք ծեծին մասին եւ փաղաքշական բառեր կ՚ըսէք անոր, որովհետեւ կը սիրէք զինք: Սակայն, ինչ որ կատարուեցաւ երեխային հոգիին մէջ, ոչ ոք տեսաւ... Ծեծելու վատ սովորութիւնը կրնայ կրկնուիլ օրուան ընթացքին մի քանի անգամ: Այստեղ, հակասութիւն կայ...: Քրիստոնեաներս գիտենք, որ սիրել կը նշանակէ ծառայել, հոգ տանիլ, խնամել, եւ այլն: Ձեռքը կը բարձրանայ այն պարագային, երբ լեզուն եւ բանականութիւնը անզօր կ՚ըլլան: Ծեծին վերաբերող բոլոր պատճառաբանութիւնները այն բանին համար են, որպէսզի արդարանայ ծեծելու վատ սովորութիւնը:
Այստեղ կարելի է եզրակացնել, որ մենք չենք տիրապետեր երեխայի դաստիարակութեան ամենէն պարզ կանոններէն՝ ամենէն կարեւոր օղակին, որ կը կոչուի արարք եւ հետեւանք: Իւրաքանչիւր արարք, որ երեխային կողմէ կը կատարուի, ըլլայ դրական թէ ժխտական, պէտք չէ անարձագանգ մնայ: Երեխան պէտք է տեղեակ ըլլայ, որ իր կողմէ կատարուած իւրաքանչիւր արարք՝ հետեւանք մը ունի: Լաւին համար՝ խրախուսանք, վատին համար՝ պատիժ: Մենք չենք տիրապետեր նաեւ խրախուսանքի եւ պատիժի կանոններուն: Երբեմն խրախուսանքը վնասակար կ՚ըլլայ, իսկ պատիժը՝ անպայման ծեծի տեսքով:
Մէկ խօսքով, երեխան դաստիարակելու յատուկ ծրագիր չկայ: Ամենէն լաւ ծրագիրը ծնողներուն օրինակն է, որ երեխան կը ստանայ՝ ինչպէս իր ամէնօրեայ սնունդը: Սխալ սնունդէն կը վնասուի երեխային առողջութիւնը, ինչպէս ֆիզիքական՝ այնպէս ալ հոգեւոր: Ծեծուող երեխան վաղը երբ ընտանիք կազմէ, նոյն կերպով պիտի վարուի իր երեխային հետ: Պարզ կը դառնայ, որ «չմտածուած» ծեծը կը վնասէ սերունդներուն յաջորդաբար...
Մեր երեխաները միայն մերը չեն, այլ նաեւ՝ ընկերութեան երեխաներն են:
***
Մեր երեխաները մերն են, այո՛, բայց չմոռնանք, որ անոնք մեզի վստահուած են մեր բոլորին Երկնաւոր Ծնողին՝ Աստուծոյ կողմէ, այսինքն՝ Աստուած նաեւ մեր զաւակներուն Հայրն է, եւ եթէ մենք ճիշդ կերպով չկարենանք մեծցնել ու դաստիարակել մեր զաւակները, հանդերձեալին մէջ Աստուած մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջէ, հետեւաբար պէտք է զգոյշ ըլլանք եւ ամէն ինչ ընենք, որպէսզի մեր երեխաները լաւ կերպով դաստիարակենք ու մեծցնենք:
Ծեծելու երեւոյթին վրայ կեդրոնացայ, որովհետեւ վերջերս յաճախ կը լսեմ ու երբեմն ալ կը տեսնեմ, թէ ինչպէս ծնողները իրենց երեխաները կը ծեծեն, ըլլա՛յ փողոցը՝ բոլորին աչքին դիմաց, ըլլայ իրենց տան բակերուն մէջ: Եթէ ծեծ կայ, ուրեմն այդտեղ առողջ դաստիարակութեան, առաւել եւս առողջ յարաբերութեան մասին կարելի չէ խօսիլ: Նախ եւ առաջ պէտք է ծեծը վերացնել, նոր միայն խօսիլ ծնող-զաւակ, զաւակ-ծնող փոխյարաբերութեան մասին:
Սիրե՛նք մեր զաւակները, գուրգուրա՛նք անոնց, եթէ սխալ մը ընեն, յիշենք, թէ երբ մենք ալ իրենց տարիքին եղած ենք, նոյն սխալը եւ թերեւս երբեմն աւելի ծանր սխալներ գործած ենք, սակայն մեր ծնողները մեզ չե՛ն ծեծած, այլ՝ խրատած են, բացատրած են մեր սխալը, իրենց օրինակով մեզի ցոյց տուած են ճիշդը, նոր միայն որոշենք, թէ ինչպէս պիտի վարուինք մեր երեխային գործած սխալին հետ:
Ինչպէս վերը նշեցի, այստեղ դարձեալ կը կրկնեմ, որ միշտ յիշենք, թէ մեր զաւակները Աստուծոյ կողմէ մեզի վստահուած են, եւ մենք պարտաւոր ենք զանոնք լաւագոյն կերպով պահել, խնամել ու մանաւանդ սիրել, մեր Երկնաւոր Հօր նման, որ հակառակ մեր բազմաթիւ մեղքերուն ու սխալներուն չի՛ դադրիր մեզ սիրելէ, այլ՝ կը փորձէ միշտ խրատել, երբեմն ցաւցնելով կը յանդիմանէ, պարզապէս որպէսզի մենք մեզ կորուստի չմտանենք, մեր կեանքը չփճացնենք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ