ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

Ճշմարտութեան մասին միշտ գրուած է, կը գրուի եւ տակաւին պիտի շարունակուի գրուիլ, այնքան ատեն որ մարդուն ձեռքին մէջ գրիչը կը շարժի: Այսօր, բնագիրին հաւատարիմ մնալով, մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Ստեփան Շահպազի մէկ շահեկան եւ իմաստալից գրութիւնը՝ «Ճշմարտութիւնը» խորագիրով, որ լոյս տեսած է «Նայիրի» ազգային-գրական շաբաթաթերթին մէջ (ԺԱ. տարի, թիւ 31), Պէյրութ 1963, էջ 1, 8:

Պէ՞տք է ասել ճշմարտութիւնը: Բոլո՛ր ճշմարտութիւնը: իրակա՛ն ճշմարտութիւնը:

Հին, շա՛տ հին հարցում մըն է այս, որ դարերէ ի վեր զբաղեցուցած է խորհող մարդիկը, մինչ պատասխանն ալ եղած է հաստատական:

Որովհետեւ առանց ճշմարտութեան՝ մարդկային ընկերութիւնը չի հիմնուիր, չի կրնար յառաջդիմել, զարգանալ:

Որովհետեւ ե՛ւ առանց ճշմարտութիւնը գիտնալու, քննութիւն ալ չի կրնար տեղի ունենալ, իսկ քննադատութիւնը՝ երբեք։

Ճիշդ է նաեւ, թէ «ամէ՛ն ճշմարտութիւն չ՚ըսուիր». այս տեսակէտն ալ իր որոշ, հիմնական արդարացումը ունի։ Բայց ճշմարտութիւնը՝ առ հասարակ, անհրաժեշտ է մարդկութեան համար, իր ներկային եւ ապագային համար:

***

Այս մասին, սակայն, երկու գլխաւոր դժուարութիւններ գոյութիւն ունին, արգելքի իմաստով: Միշտ գոյութիւն ունեցած են անոնք. անձնական շահերու գիտակցութենէն եւ մարդուն արտայայտուելու կարելիութենէն ի վեր:

Նախ՝ ճշմարտութիւնը գտնելը, գիտնալը կայ:

Յետոյ կայ՝ ճշմարտութիւնը ըսելու, յայտնելու քաղաքացիական արիութիւնը ունենալու անհրաժեշտութիւնը։

Երկուքն ալ բարձրագոյն, հազուագիւտ առաքինութիւններէն կը սեպուին:

***

Շատ անգամ, անշուշտ, ճշմարտութիւնը կը խուսափի մեզմէ, զանազան պատճառներով, մեր կամքէն անկախաբար: Եւ ամէն մարդ չի կրնար, օրինակ, զայն տեսնել, ըմբռնել, կամ հասկանալ. կան աչքեր՝ որ կը նային, բայց չեն տեսներ: Յաճախ, միջոցներն ալ կրնան պակսիլ մարդուն, բարի կամքը չի՛ բաւեր այն ատեն: Ամէն պարագայի տակ, զարգացումը, քննելու ձիրքը, նեղմիտ չըլլալու առաւելութիւնը, անկողմնակալ, աննախապաշարեալ հետաքրքրութիւնը, պարկեշտ դատումը, ճշմարտութեան սէրը՝ անհրաժեշտ տարրերն են այս մասին. բայց քիչերուն տրուած:

Դժբախտութիւնը այն է, որ մարդիկ ընդհանրապէս կը կարծեն, թէ գտած են, գիտեն ճշմարտութիւնը, ու իրենցը միակ հիմնականը, միակ անշեղն է: Չեն մտածեր իսկ, թէ կրնան սխալիլ: Որովհետեւ խորհուրդ ստանալը, քննութիւնը չեն սիրեր։

Եւ առաջ կու գայ, այն ատեն, միշտ ու անպայման իրաւունք ունենալու նեղմտութիւնը, որ կը դառնայ հետզհետէ մտայնութիւն մը, յաւակնութիւն մը: Անգամ եթէ ընդունինք իրենց անշահախնդրութիւնը:

***

Եթէ ճշմարտութիւնը ըսելու անհրաժեշտութիւնը չընդունինք, պէտք է մերժել, այն ատեն, նաեւ ճշմարտութիւնը գիտնալու պէտքը: Հետեւաբար եւ քննադատութեան հարկը, օգտակարութիւնը։

Որովհետեւ ճշմարտութիւնը ըսողը կերպով մը կը քննադատէ ալ:

Այս իմաստով, Հայ ժողովուրդին ամէն ատեն չէ որ ճշմարտութիւնները ըսուած են, ուրեմն:

Նախընտրած են իր ծափը, նախընտրած են ամբոխավարութիւնը:

Ծափը եւ ամբոխավարութիւնը մեր պատմութեան մէջ շատ կարեւոր տեղ կը գրաւեն. տիրական բռնակալներու պէս: Տպագրելու եւ խօսելու դիւրութիւններուն ստեղծուելէն ի վեր մանաւանդ: Չպակսեցան, աւելցան իսկ այս միջոցները:

Իր ժողովուրդը սիրելու կերպը այն չէ, անշուշտ. երբե՛ք իսկական, անկեղծ սէրը:

Յանցանքը կրկնապէս կը ծանրանայ, երբ ճշմարտութիւնը կը խաթարուի, ու ժողովուրդն է ունկնդրողը:

Ի հարկէ, ամէն ճշմարտութիւն շատ անգամ կարելի չէ ժողովուրդին, զանգուածին հաղորդել. պատճառները երբեմն մէկէ աւելի կրնան ըլլալ կարգ մը հարկադրուած լռութիւններուն: Ատենը տակաւին չհասած ճշմարտութիւններ ալ կան: Նման պարագաներուն՝ եթէ լռելը կրնայ արդարանալի ըլլալ, նոյնիսկ իմաստունօրէն յանձնարարելի, բայց երբեք չարափոխումը, կամ այլակերպումը:

Թէ մեր ժողովուրդը այլեւս կ՚ուզէ ճշմարտութիւնները իմանալ, այս մասին ամէն հայ կրնայ իր անհերքելի վկայութիւնները բերել: Իր արդար հակազդեցութիւնը յաճախ չէ որ յայտնած է, ճիշդ է, բայց գիտէ, թէ շատ անգամ իր կրաւորական ընթացքը հաշուի առած են։ Զինքը օրօրողներուն նպատակը ամէն ատեն նոյնը չէ եղած անշուշտ. բայց կայ:

Պարտուողականութիւն չի սեպուիր, սեպելու չէ, ամէն անգամ որ անհրաժեշտութիւնը տեսնուի իր ժողովուրդին ըսելու ճշմարտութիւնը, երբ նոյնիսկ դա՛ռն է ան. առանց կացութիւնը, իրականութիւնը գիտնալու, կարելի չէ որոշել, գործել, օգտակար ըլլալ:

Վերջին ընդհանուր պատերազմին, - յիշատակելու համար որպէս օրինակ ամենէն յատկանշականն ու մեծը, - Դաշնակիցներու պետական առաջին գիծի վրայ գտնուող մարդիկը քանիցս յայտարարեցին իրենց ժողովուրդներուն. «Հայրենիքը վտանգի մէջ է»: Ասիկա, սակայն, յուսահատական, յոռետես, պարտուողական արտայայտութիւն մը, կերպ մը չէր անշուշտ, այլ՝ խոհեմութիւն մը, այլ՝ հայրենասիրական անկեղծ հրաւէր մը, կո՛չ մը, գիտակից պարտականութիւն մը, որ իր որոշ, անհերքելի արիութիւնն ալ ունի՝ միախմբելու համար երկրին ամբողջական ոյժերը ի սպաս հայրենիքին պաշտպանութեան: Եւ հակառակը պիտի ըլլար աններելի անհոգութիւն մը, անարժան քաղաքացիութիւն մը, իրատեսութեան պակաս մը: Ըսին ուրեմն ճշմարտութիւնը, եւ ի վերջոյ յաղթեցին:

Մեր՝ Հայերուս ամենէն ողբերգական սխալներէն մին, հաւանաբար գլխաւորը, եղած է այն բացառիկ, այն սարսափելի իրողութիւնը՝ որ, մեր մէջ, դիւրութեամբ, արագօրէն կը շինուին «ճշմարտութիւնը» եւ հանրային կարծիքը: Քննել չկայ. առտուան թերթը կը բաւէ վերջնականապէս իր կարծիքը կազմելու եւ վճիռ տալու համար: Հայը պիտի չտատամսի անգամ վերյիշելու, թէ նախորդ օրը սեւ, կամ ճերմակ ըսուած էր. «իր» թերթը այս հրաշքը կրնայ գործել: Պարագան սոսկում կու տայ. միշտ զայն սարսափելի գտած եմ ես: Երէկուան պաշտածը՝ հետեւեալ օրը քանդելը, կամ նախորդ օրը իր սիրածը այսօր ատելը, մէկէն, ամենա՜յն հեշտութեամբ, առանց վայրկեան մը խորհրդածելու։ Բայց այդ հոգը «իր» թերթը ստանձնած է, եւ «իր» թերթը չի սխալիր: Բայց ո՛չ թէ Հայը չի զբաղուիր, չի շահագրգռուիր ազգային հարցերով. ընդհակառակն՝ իրմէ աւելի «ազգայինճի» չկայ. միայն թէ՝ իր կարծիքները կը կաղապարէ միայն մէ՛կ ակէ ելած տեղեկութեանց ու արտայայտութեանց վրայ: Բայց տիսիփլինէ մարդն ալ չէ. այլ՝ միտքով ծոյլը, ա՛յսպէս վարժուածը:

Եւ իրեն հակառակ մտածողը խաչը կը հանէ։ Պարզապէս վախ կ՚ազդէ այս կեցուածքին բռնակալութիւնը։ Ամենէն աններող բռնակալն է հայկական մտայնութեան հոսանքը:

Որուն յաճախ կը հանդիպինք մեր հին եւ ժամանակակից պատմութեան մէջ, երբ ուզենք ուսումնասիրել մեր պարտութիւններուն, մեր ստացած յաճախակի հարուածներուն պատճառները։

Եւ որոնցմէ թշնամին միայն օգտուած է:

***

Ճշմարտութիւնը գիտնալ փորձելը, սիրելը, յետոյ եւ ըսելը՝ քաղաքացիական առաքինութիւն եւ արիութիւն կը պահանջեն։

Ամէ՛ն մարզի մէջն ալ:

Հակառակը՝ ուշ կամ կանուխ, կը տանի կորուստի, անկումի, տխուր անակնկալներու: Կը ստեղծէ ե՛ւ քննելու, սողալու, միշտ ալ գլուխը դէպի ուրիշին ոտքերը ծռելու տրամադրութիւնը, հոգեբանութիւնը։ Ժամանակաւոր «յաջողութիւնները» երբեք չեն կրնար սրբագրել այսպէս գործուած սխալները։

Առէք, որպէս օրինակ, մամուլը ամենէն յառաջադէմ ու բարգաւաճ նկատուող երկիրներուն. չեմ ըսեր, թէ կատարեալ է այս մամուլը. չեմ ըսեր, թէ ան գիտէ ամբողջ ճշմարտութիւնը եւ կ՚արտայայտէ բոլոր ճշմարտութիւնները. պիտի չըսեմ նաեւ, թէ այդ մամուլը կողմնակալ չէ յաճախ, կամ անձնական, կուսակցական յետին նպատակներ չի հետապնդեր, ու հոն կաշառուածներ չկան. այս մասին՝ սիրով, հպարտութեամբ կ՚ընդունիմ մինչեւ անգամ, թէ մեր մամուլը, շա՛տ աւելի մաքուր է, ճակատը աւելի բաց, եւ սակայն մենք զգալիօրէն աւելի քիչ կերպով մտահոգ ենք ճշմարտութիւնը, իրականութիւնը փնտռելու եւ ըսելու ջանքերուն, փորձերուն մէջ: Լաւին, աւելի լաւին, բարենորոգութեան հասնելու առաջադրութիւնները չենք ընդունիր, չենք քններ իսկ, մինչ կարծիք կազմելէ աոաջ ճշմարտութիւնը գտնելու անհրաժեշտութիւնը՝ երբեք, կամ գրեթէ երբեք:

Այս առթիւ, արդար ըլլալու համար ընդունելու է նաեւ, որ մամուլ եւ ընթերցող, մեր մէջ, մեղսակից են, գուցէ հաւասարապէս:

Պիտի ուզէի ընդգծել, թէ Ճշմարտութենէն լոյսին՝ ջղջիկները կը վախնան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Աղեքսանդրիա

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2021