«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՌՕՏՈՒԹԻՒՆ

Այս երկու պատուիրանները՝ սէր առ Աստուած եւ սէր առ ընկեր, օրէնքներու համառօտութիւն կը կոչուին: Այս պատուիրանները Տասնաբանեայ պատգամներէն առաջ տրուած էին, որոնք Օրինաց եւ Ղեւտացւոց գիրքերուն մէջ կը յիշուին. «Քու Տէր Աստուածդ բոլոր սիրտովդ, բոլոր հոգիովդ ու բոլոր զօրութիւնովդ սիրէ» (Բ.Օր 6.5). «Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ» (Ղւ 19.18): Այս երկու պատուիրանները կը կազմեն բարոյական օրէնքներուն գլխաւոր մասը, որ մեր Փրկիչը անբաժան կերպով իրարու միացուց. որովհետեւ, միեւնոյն նպատակը ունին: Երբ եբրայեցի օրինականը Յիսուսին հարցուց՝ «Վարդապե՛տ, Օրէնքին մէջ ո՞րն է մեծագոյն պատուիրանը։ Յիսուս ըսաւ անոր.

-“Սիրէ՛ Քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ միտքովդ”։ Ասիկա է մեծագոյն եւ կարեւորագոյն պատուիրանը։ Երկրորդը ատոր նման է. “Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս”։ Այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներուն ուսուցումները» (Մտ 22.36-40): Պօղոս առաքեալ իր քարոզութեան նպատակը՝ սէր առ Աստուած եւ սէր առ մարդ կ՚անուանէ. «Գերագոյն պատուիրանը սէրն է»(Ա.Տմ 1.5). «Սիրել՝ կը նշանակէ Աստուծոյ Օրէնքը լման գործերը» (Հռ 13.10): Ան է խաղաղութեան ամենէն գլխաւոր կապը. «Սէրը ամէն ինչի ամբողջացուցիչ շաղախն է» (Կղ 3.14): Մեր Փրկչին աւելցուցած այս խօսքերը, թէ՝ այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներուն ուսուցումները, կը նշանակեն, որ այս պատուիրաններուն պահպանութիւնն ու կատարումը բարոյական Օրէնքի քաղցրութիւնն ու ճաշակը կու տան, որովհետեւ, ով որ սիրով ոգեւորուած է, այդպիսին կը պարտաւորուի ամբողջապէս տեղեկանալ ամբողջ բարոյականութեան. պատճառը, որ սէր ունենալով՝ անոր սիրտը արդէն բարոյականութեամբ լեցուած է, ինչպէս շատ գեղեցիկ կերպով կ՚ըսէ [Սուրբ] Օգոստինոս. «Սիրէ՛ զԱստուած եւ ըրէ՛ ինչ որ կ՚ուզես»: Որովհետեւ, զԱստուած սիրելը բոլոր տեսակի առաքինութեան աղբիւրն է, եւ Դաւիթ մարգարէն ինչ որ երկիւղածներուն համար կ՚ըսէ, նոյնը նաեւ կրնանք ըսել աստուածասէրներուն համար. «Տէրը իրմէ վախցողներուն մտերմութիւն ցոյց կու տայ եւ իր ուխտին պատուիրանները անոնց կը սորվեցնէ» (Սղ 25.14): Օրէնքներու այս համառօտութեան մէջ կը պարունակուին նաեւ մեր անձին նկատմամբ ունեցած պարտաւորութիւնները, թէեւ այս պարտքերուն վրայ յստակ կերպով խօսուած չէ: Որովհետեւ, զԱստուած ամբողջ սիրտով սիրելով, իսկ մեր ընկերը՝ ամբողջ մեր անձով, կը պարտաւորուինք անոր հետ աշխարհի ունայնութեան եւ վայելչասիրութեան չցանկալ, մեր սիրտը սնոտի բաներու չընծայել, անոնց մէջ երջանկութիւն չփնտռել եւ կատարեալ մխիթարութիւն չյուսալ, այլ՝ պատրաստ ըլլալ ամէն ինչ զոհել Աստուծոյ սիրոյն եւ ամէն տեսակի զրկանքները համբերութեամբ տանիլ:

Փրկիչը մեզի պատուիրելով զԱստուած սիրել ամբողջ սիրտով, իսկ ընկերը ամբողջ մեր անձով, կ՚արգիլէ մեր սիրտը Աստուծմէ բաժնել եւ նուիրել այլ առարկաներու, որոնք Աստուծոյ հակառակ են: Մենք կրնանք Աստուծմով, Աստուծոյ մէջ եւ Աստուծոյ համար ամէն բան սիրել. այս մասին, որ Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ աշխարհին յատուկ որեւէ բան» (Ա.Յհ 2.15): Յիսուս կը պատուիրէ ընկերը սիրել, ո՛չ թէ Աստուծոյ պէս, այլ՝ մեր անձին պէս: Կը պատուիրէ մեր սիրոյն արժանցած արարածները սիրել ծայրագոյն Էակին ամենամեծ սիրոյն համար: Յիսուս կը սորվեցնէ մեզի, ոեւէ արարածի մէջ չփնտռե՛լ հանգստութիւն եւ երջանկութիւն՝ որ միայն Աստուծոյ մէջ կը գտնուի: Կը սորվեցնէ սիրել մեր ընկերը, աշխատելով անոր երջանկութեան համար, ինչպէս կ՚աշխատինք մեր անձնականին համար:

ՄԱՐԴՈՒՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐ ԱՆՁԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Մարդուն իր անձին նկատմամբ ունեցած պարտաւորութիւնները հետեւեալներն են.

ա) Պահպանել իր անձը, կեանքը, զօրութիւնը եւ առողջութիւնը, խնամք տանելով ինչպէս մարմնին, այնպէս ալ հոգիին, չմոռնալ, որ եթէ մարդ կոչուի, պարտաւոր է զոհել՝ ինչպէս առողջութիւնը, այդպէս ալ կեանքը, թոյլ չտալ, որ իր մարմնին խնամքը մինչեւ փափկասիրութեան հասնի եւ ինք անձնատուր ըլլայ միայն մարմնի յօժարութիւնը կատարել եւ մարմնական ցանկութեան մէջ խորասուզուիլ: Պէտք է տիրել մարմնին եւ խստութեամբ վարուիլ, որպէսզի մարմինը հնազանդի, իսկ հոգին՝ իշխէ, նիւթը խոնարհի, իսկ բարոյականութիւնը՝ թագաւորէ, որով մարդ կարողանայ մարմինը իբրեւ գործիք՝ հոգիին ծառայեցնել. «Ես այսպէս կը վազեմ, ահա, եւ ո՛չ թէ անորոշ ուղղութեամբ. կը մրցիմ կռփամարտիկի մը պէս, որ օդը չի ծեծեր: Բայց ինքզինքս սեղմումներու կ՚ենթարկեմ ու կը զսպեմ, որպէսզի չըլլայ թէ ես ինքս մրցանակէն զրկուիմ, ես՝ որ ուրիշներուն կը քարոզեմ» (Ա. Կր 9.26-27):

բ) Մարդը պարտաւոր է իր հոգիին ընդունակութիւնները գործի դնել եւ կատարելագործել, որ, մարմնէն աւելի կարեւոր ըլլալով, մեծ ուշադրութիւն եւ հոգածութիւն կը պահանջէ: Մարդը պարտաւոր է իր միտքը կատարելագործել, ունականալով բարի մտածութեան, բարի դատողութեան եւ իր դատողութիւնը համաձայնեցնելով աւետարանական լոյսին, որպէսզի կարողանայ ամենէն կարեւոր ճշմարտութիւնները ճանչնալ եւ եւ չջանայ լուծել այն խորհուրդները, որոնք մարդկային միտքէն բարձր են: Պարտական է հեռանալ այն մոլորութիւններէն, որոնք վատ եւ թիւր հասկացողութենէ կը յառաջանան: Պարտական է իր կամքը կատարելագործել, միշտ բարին, արդարը եւ կատարեալը խնդրելով, ու այպէս բարձրանալ եւ Աստուծոյ հետ միանալ: Որովհետեւ, երբ ճշմարտութեան ճանաչումը եւ առաքինութեան սէրը իրարու միանան, այս միութեան մէջ կը բովանդակուին նաեւ հոգիին առողջութիւնն ու կատարելութիւնը:

գ) Մարդը պարտական է նաեւ չար գործի չծառայեցնել այն աշխարհային բաները, զորս Աստուած պարգեւած է մեզի, մեր բարիքին համար: Այսպէս վարուելով, մարդ կը կատարէ այն պարտքը, որ ուղղակի իր անձին եւ իր սեփական բարութեան կը վերաբերի: Այս պատաճռով ալ մարդը զգալու օգուտ կը քաղէ ներկայ կեանքին մէջ եւ կը մտնէ սկզբնական այն վիճակին մէջ, որու մէջ կը գտնուէր՝ երբ Աստուծոյ հետ էր, երբ իր հոգին հեզ էր, խոնարհ եւ Աստուծոյ կամքին կը հնազանդէր, ինչպէս որ մարմինը հոգիին կը հնազանդէր: Անձին նկատմամբ ունեցած մեր այս պարտաւորութիւնները Ս. Գիրքին մէջ ընդհանուր առումով՝ զգաստութիւն կը կոչուին:

Քրիստոնէական զգաստութիւնը իմաստուն եւ բարեպաշտ չափաւորութիւնն է, ինչ որ պարտաւոր ենք ամէն ժամանակ ունենալ՝ երբ կը ցանկանք, երբ կը փնտռենք, երբ կը վայելենք եւ երբ կը զրկուինք մեր երկրաւոր կեանքին մէջ, որով կրնանք նաեւ Աստուծոյ հաճոյանալ եւ մեր կամքը համաձայնեցնել Անոր կամքին: Քրիստոնէական զգաստութեան կանոններուն հետեւելու համար՝ պարտաւոր ենք.

1) Հեռանալ ամէն բանէ ինչ որ արգիլուած է եւ մեղանչական:

2) Ներկայ կեանքի բարութեանց մէջ կատարեալ երջանկութիւն չփնտռել, այլ՝ միայն բարի ճանապարհով վայելել անցաւոր՝ բայց անմեղ եւ քաղցր բարիքները:

3) Ամէն ժամանակ պատրաստ ըլլալ խոնարհութեամբ ձգելու ամէն բան, երբ Աստուած կը հրամայէ եւ երբ մեր Աստուածպաշտութեան պարտաւորութիւնը կը պահանջէ:

Քրիստոնէական զգաստութեան պարտաւորութիւնները խիստ մեծ են մարդուն համար.

ա) Որ մարդ չի՛ կրնար ոտնակոխել այս պարտաւորութիւնները, առանց շեղելու իր կեանքի նպատակէն, առանց դժբախտանալու եւ առանց կատարաելութենէն հեռանալու:

բ) Մարդը իր անձնական պարտաւորութիւնները չկատարելով, ո՛չ թէ միայն իր անձին կը վնասէ, ինչպէս ոմանք կ՚ուզեն համոզել, այլ՝ բոլորին. որովհետեւ, հնարաւոր չէ անվայել կեանք վարել, առանց վնասելու իր հետ յարաբերութիւն կամ կապակցութիւն ունեցող անձերուն, որոնք իրաւունք ունէին օգնութեան սպասել՝ քան թէ վնասի: Նմանապէս, հնարաւոր չէ Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած պարտքը կատարել, եթէ մարդուն սիրտին մէջ աշխարհային ցանկութիւնները սանձուած չեն:

գ) Աստուած Ի՛նք, որ մեր կենսատուն եւ հոգեւոր պարգեւատուն է, կը պատուիրէ չափաւորել եւ ազնուացնել մեր բոլոր ցանկութիւնները: Որովհետեւ, յատուկ եւ ընդհանուր պարտաւորութիւնները իրարու միացած են: Զգաստութիւնը արդարութեան եւ Աստուածպաշտութեան հետ միացած է, այսինքն՝ անձին վերաբերեալ պարտաւորութիւնը միացած է ընկերոջ եւ Աստուծոյ նկատմամբ մեր ունեցած պարտաւորութեան հետ. «...զգաստութեամբ ու բարեպեշտութեամբ ապրինք այս աշխարհի մէջ» (Տիտ 2.12):

դ) Նոյնիսկ հեթանոսները անբարոյական կեանքէն յառաջ եկող ամօթը կը ճանչնային եւ կը յորդորէին ունենալ խոհեմութիւն, ողջախոհութիւն, զգաստութիւն եւ համբերութիւն՝ որպէս օգտակար առաքինութիւններ: Քրիստոնեաները առաւել եւս պարտաւոր են ի գործ դնել այս առաքինութիւնները, որովհետեւ անոնք աւելի շնորհք եւ լոյս ստանալով Աստուծմէ, կոչուած են աւելի հզօր կերպով կեանքի սրբութեան, սիրտի սրբութեան եւ վարքի սրբութեան, որպէսզի կարողանան Քրիստոսի քարոզած եւ խոստացած ծայրագոյն եւ յաւիտենական երջանկութեան հասնիլ. «Կ՚աղաչեմ, սիրելինե՛ր, իբրեւ աշխարհի մէջ պանդուխտներ եւ օտարականներ՝ հեռո՛ւ մնացէք մարմնական ցանկութիւններէն, որոնք հոգիին դէմ կը պատերազմին» (Ա.Պտ 2.11): Յովհաննէս առաքեալին այս խօսքերը՝ «մի՛ սիրէք աշխարհը, ոչ ալ աշխարհին յատուկ որեւէ բան։ Ով որ աշխարհը կը սիրէ՝ Հօր Աստուծոյ հանդէպ սէր չունի իր մէջ։ Որովհետեւ աշխարհին յատուկ բաներն են՝ մարմինի ցանկութիւնը, աչքին տեսածը ունենալու ցանկութիւնը եւ երկրաւոր ինչքերով հպարտանալը» (Ա.Յհ 2.15-16), կրնանք անուանել՝ անձին նկատմամբ մեր ունեցած պարտաւորութիւններուն համառօտութիւնը. որովհետեւ Առաքեալը պարզապէս մեր անձնական պարտքերուն սահմանը կ՚որոշէ: Նախ՝ ցոյց կու տայ երկու առարկայ, որոնց մէջ մարդ իր սէրը կը բաժնէ եւ երջանկութիւն կը փնտռէ, այսինքն՝ Աստուծոյ եւ աշխարհի միջեւ կը բաժնէ: Սակայն, Աստուած եւ աշխարհ ո՛չ միայն իրարմէ տարբեր են, այլ՝ իրարու ներհակ, եւ հնարաւոր չէ երկուքը միասին սիրել եւ երկուքին միասին ծառայել: Եթէ զԱստուած կը սիրենք եւ Անոր մէջ երջանկութիւն կը փնտռենք, պարտաւոր ենք աշխարհը բարի ճանապարհով ի գործ դնել, այսինքն՝ քրիստոնէական զգաստութեան կանոններուն հետեւիլ, մեր յօժարութիւններուն իշխել եւ ամէն բան Աստուծոյ կամքին հնազանդեցնել: Մեր օգուտն ալ կը պահանջէ այս կանոններուն հետեւիլ, որովհետեւ հանգստութիւնը եւ երջանկութիւնը միայն Աստուծոյ մէջ է: Աշխարհը սիրել՝ կը նշանակէ սիրել այն ամենաբարի Էակը, որուն հնարաւորութիւնը եւ որուն մօտենալը մեզի յաւիտենական կեանքը ժառանգել կու տայ: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 23

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2018