ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԶԵՐՈՅԷՆ
Անցնող 3 հոկտեմբերին, արաբական երկիրները նշեցին Մանուկներու համաշխարհային օրը, յենլով ԻՒՆԷՍՔՕ-էն եկած պաշտօնական թելադրութեան վրայ, որ ուղարկուած էր Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան անդամ բոլոր երկիրներուն:
Այս առիթով բազմաթիւ կրթադաստիարակչական քննարկումներ եւ ժամանցային հանդիսութիւններ կատարուեցան, ինչպէս նաեւ տրուեցան դասախօսութիւններ, որոնք կը շեշտէին մանուկին ունեցած կարեւորութիւնը ընկերութեան կեանքին մէջ, եւ զգացնել կու տային, թէ պէտք է ուշադրութիւն դարձնել մանուկներուն, հետեւիլ անոր՝ ֆիզիքապէս, ընկերային գետնի վրայ, հոգեպէս եւ ազգային գետնի վրայ, նկատի ունենալով ապագային անոր ունենալիք յստուկ դերակատարութեան իր ազգի կեանքին ու անոր զարգացումին մէջ:
Իրականութիւնը, սակայն, այն է, որ արաբական երկիրները իրենց տարբեր հակուածութիւններով եւ վարչակարգերով, վերջերս սկսած են չափէն աւելի ուշադրութիւն դարձնել մանուկներու դաստիարակութեան եւ մանկութեան, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրմէ եկածը կը կատարէ ու կու տայ, որպէսզի օգնած ըլլան այս փոքրիկ բողբոջներու աճումին, բացուելուն, ինչպէս նաեւ անոնց ունեցած տաղանդներուն եւ ներուժին կատարելագործումին համար: Այս բոլորը կ՚ընեն ամենէն արդիական դաստիարակչական ձեւերով, այդ պատճառով, անոնք ո՛չ մէկ առիթ կը փախցնեն ներկայ գտնուելու համաշխարհային որեւէ մէկ համագումարի մը, որ առնչութիւն ունի մանուկի մը կամ մանուկներու, նոյնիսկ եթէ այդ համագումարը քննարկումներ պիտի կատարէ «ծծակներու եւ տակդիրներու» մասին:
Ինչ կը վերաբերի իւրաքանչիւր պետութեան, ապա նկատելի է, որ անոնք աւելի ընդարձալ եւ լուրջ մօտեցում կը ցուցաբերեն մանուկներուն: Օրինակ, մշակոյթի գետնի վրայ, ներկայիս հրապարակուած մանուկներուն յատուկ պարբերականներու կողքին, ինչպէս օրինակ, «Միքի Մաուս», «Սիւփեր մեն», «Թան-Թան», «Սամար եւ թռչող գորգը», «ալ-Սինտիպատ», «Սաատ եւ Սաատուն», «Համատ եւ Համտուն», արաբական աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը իւրաքանչիւր պետութեան բոլոր մշակութային եւ կրթադաստիարակչական հաստատութիւնները, իրենց նախահաշիւներուն մէջ հսկայ գումարներ կը նախատեսեն, որպէսզի առաւել քանակով նմանատիպ պարբերականներ հրատարակեն: Անոնք այս նպատակին համար կը հաւաքագրեն ամենէն նշանաւոր նկարիչները, մանրանկարիչներն ու խմբագիրները, որպէսզի արաբ մանուկին ներկայացնեն ամենէն հետաքրքրական նկարազարդուած պատմութիւնները, որոնք իր երեւակայութիւնը կը սնուցանեն, ինչպէս նաեւ աշխարհի պատմական ամենէն տարօրինակ դէպքերը, որոնք իր զգացումները կը շարժեն, նաեւ ամենէն ազնիւ իմաստութիւններն ու խրատները, որոնք կը կրթեն իր բարոյականութիւնը, ալ չեմ խօսիր այն խորհուրդներուն եւ հնարքներուն մասին, որոնք կ՚ընդլայնեն իր ընկալումները եւ կը մղեն իր դեռատի միտքը դէպի գիտութեան եւ գիտելիքի աղբիւրներ:
Միւս կողմէ, արաբական բոլոր ալիքներուն ու ռատիոներուն ծրագիրները անպակաս են մանուկներու համար յատկացուած ժամերէն, ուր անոնց կը մատուցուի ամենէն արդիական մարզական վարժութիւնները, ամենէն գեղեցիկ երգիծական ֆիլմերն ու նկարագանումները, ինչպէս նաեւ կրթական զրոյցներ՝ զորս հերթականութեամբ կը ներկայացնեն այդ ոլորտներու մասնագէտներն ու տոքթորները:
Տակաւին, չկայ օրաթերթ մը կամ շաբաթաթերթ մը, որու մէջ յատուկ բաժին մը չըլլայ մանուկներուն եւ մանուկներու գրականութեան: Աւելին, արաբական աշխարհի մայրաքաղաքներուն եւ մեծ քաղաքներուն մէջ պարտէզ մը չմնաց, որու մէջ յատուկ անկիւն մը չըլլայ մանուկներուն համար, ուր օրօրոցներ, ինչպէս նաեւ անոր կողքերը տարբեր խաղատեսակներ, սահնակներ դրուին՝ մանուկներուն ժամանցը ապահովելու եւ անոնց հոգիներուն եւ մարմիններուն մէջ եռանդ եւ աշխուժութիւն յառաջացնելու նպատակով: Տակաւին, արաբական աշխարհի ոեւէ մէկ պաշտօնական բարձրաստիճան պաշտօնեայի կամ տարածաշրջանի արքայազնի նկարներ՝ փառատօներու կամ հանդիսութիւններու ընթացքին այլեւս չե՛ն տեսնուիր, առանց անոնց խոնարհութեամբ մանուկներուն առջեւ՝ ժպտացող երեսներով:
Բնական է, որ վերը բոլոր յիշուածներուն նպատակը մանուկները դաստիարակել է ճիշդ դաստիարակութեամբ՝ մշակութապէս, հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս, ապագային ունենալու համար զգօն եւ զգաստ սերունդ մը, որ կառչած ըլլայ իր հողին, ժողովուրդին, պատմութեան, արաբականութեան եւ վարչակարգին, ինչպէս նաեւ պատրաստ ըլլայ զոհաբերելու ամէն ինչ իր սկզբունքներուն եւ արժէքներուն համար, որոնք փոքր տարիքէն պետութեան հաշւոյն սորվեցաւ: Այս նպատակին համար է, որ արաբական երկիրները տարեկան միլիոններ կը ծախսեն՝ գիրքերու, պարբերականներու, ֆիլմերու եւ հեռատեսիլի ու ռատիոյի ծրագիրներու վրայ:
Կը կարծեմ, սակայն, որ այս միլիոնները ի զուր կը ծախսուին:
Արդարեւ, այն ինչ որ արաբ մանուկը այս հանգրուանին ձեռք կը բերէ՝ գիտութիւն, ծանօթութիւններ, ուրախութիւններ, գրական ու կրթական մշակոյթներ, ապարդիւն է, որովհետեւ միայն մանկութեան շրջանը անցնի եւ արաբական արժանապատիւ կեանքին մէջ մտնէ…, ապա հանրակառքին մէջ առաջին հրմշտուքէն, բանակին մէջ առաջին՝ «է՛շ, ոտքերդ բարձրացուր» նախադասութենէն եւ հետախուզութեան կեդրոնէն ներս փորին ստացած առաջ հարուածէն ետք, խեղճը նոյնիսկ պիտի մոռնայ իր մօր կուրծքէն կերած կաթը… եւ զերոյէն պիտի սկսի:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 50 եւ վերջ
Վաղարշապատ