ՆՇՈՒՄՆԵՐ՝ ԹԻԼԸՐՍԸՆԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ՏՈՒԱԾ ԱՅՑԻՆ ՄԱՍԻՆ

ԱՄԵՐԻԿԱ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ «ԲԱԶԿԵՐԱԿ»Ը 

Թրամփի վարչակարգը վճռած է մօտէն հետեւիլ Միջին Արեւելքի զարգացումներուն: Այդ անշուշտ չի նշանակեր, որ մինչեւ հիմա Միացեալ Նահանգներ «բարձիթողի» ըրած էր խնդիրները Միջին Արեւելքի, ուր շատ մը պարագաներու ինք, որպէս ոչ-օրկանիք մարմին մը կը մասնակցի դէպքերու հոլովոյթին։ Սակայն ակներեւ է, որ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով միջինարեւելեան շարք մը «դաշնակից» երկիրներ Թիլըրսընի տուած այցելութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ան (հետեւաբար Թրամփի վարչակարգը) նպատակ ունի տեղւոյն վրայ «ախտաճանաչումներ» կատարել՝ հետեւաբար նաեւ, որոշել Միջին Արեւելքի կապուած Ամերիկայի յառաջիկայ քայլերը: Երեւելի փաստ է, որ աշխարհագրական առումով ալ Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելքի «աշխարհագրութիւն»ը սկսած է նեղնալ:

Թիլըրսընի այցը ողջունելի չէ Սուրիոյ եւ Եմէնի, մասամբ նաեւ Իրաքի եւ Թուրքիոյ մէջ: Բացի այս երկիրներէն, Յորդանանն ու Լիբանանն ալ գետնի վրայ ազդեցութիւն ունենալու մեծ գործօններ չեն համարուիր, յատկապէս Լիբանանի պարագային կրնանք ըսել, որ Ամերիկան ընդհանրապէս «տանուլ տուած է» զայն: Թէ ինչքանով «օգտակար» պիտի դառնայ այս «սպասուած» այցելութիւնը, յստակ չէ, սակայն կարեւոր է նկատել, որ յատկապէս Սուրիոյ մէջ ընթացող զարգացումներուն առընթեր Ամերիկա ստիպուած է վերատեսութեան ենթարկել պատերազմական գօտիներէն ներս առկայ ընդհանուր իրադրութիւնը:

Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ՞ Սուրիոյ քիւրտ զինեալները զինել, կամ աւելի անդին երթալով պիտի շարունակէ՞ «քրտական խաղաքարտ»ով խաղալու: Անշուշտ այս խնդիրը բաւական «նուրբ» հարց մըն է. որովհետեւ յստակ սկսած է դառնալ, որ մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ առկայ եռակողմ դաշինքը գետնի վրայ սկսած է ունենալ բաւական մեծ ազդեցութիւն ու եթէ այդ դաշինքին միանայ Թուրքիան, ապա Միացեալ Նահանգներ ընդհանրապէս խաղէն դուրս պիտի գայ: Եռակողմ դաշինք ըսելով պէտք է հասկնալ Դամասկոս-Մոսկուա-Թեհրան դաշինքը, որուն հիմնական խնդիրը Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանելն է, իսկ այդ դաշինքին դէմ հանդէս կու գան քիւրտերը, որոնք մինչեւ երէկ կ՚ուզէին «անկախ հայրենիք» մը ստեղծել Սուրիա-Թուրքիա սահմանին։ Իսկ այսօր, երբ կ՚ենթարկուին զինուորական եւ քաղաքական ճնշումներու, բնականաբար պիտի փորձեն Դամասկոսի թեւին տակ մտնել ու այս անգամ խօսիլ Սուրիոյ ամբողջականութիւնը պաշտպանողի դիրքերէն:

Դամասկոսի համար քիւրտերուն «հաշիւ»ը հիմա չէ, որ պիտի փակուի, այլ աւելի ուշ, երբ սուրիական բանակը տիրապետած կ՚ըլլայ երկրի ամբողջ տարածքին: Ու այս զարգացումներուն լոյսին տակ է, որ Անգարայի այդ եռակողմ դաշինքի երկիրներուն հետ համագործակցութիւնը կը դառնայ մինչեւ երէկ անկարելի, բայց այսօր արդէն սպասելի դրոյթ մը: Չմոռնանք, որ տարբեր մակարդակներու վրայ ալ Անգարա բաւական սերտ գործակցութեան մէջ է Մոսկուայի, նաեւ Իրանի հետ։ Այս տուեալէն մեկնելով կարելի է ըսել, որ անցեալ Յունուարին ընթացք առած եւ սուրիական Աֆրինի դէմ ուղղուած «Ձիթենիի ճիւղ» անունը կրող գործողութիւնը համաձայնեցուած գործողութիւն մըն է:

Ի՛նչ ճակատագիր կրնայ ունենալ «Ձիթենիի ճիւղ»ը, կամ մինչեւ ո՛ւր կրնար երկարիլ այդ զինուորական գործողութեան սահմանները պարզ չեն, սակայն յստակ է, որ Թիլըրսընի Անգարա տուած այցէն ետք Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ բաւական լարում ապրող յարաբերութիւնները պիտի ապրին դրական նոր ուժականութիւն մը: Անգարայի համար Միացեալ Նահանգներու հետ առկայ դաշինքը առաջուան «համն ու հոտ»ը չունի, սակայն բազմաթիւ վերլուծաբաններու կարծիքով ալ գերտէրութեան եւ Թուրքիոյ կապերը զանազան առումներով ալ անքակտելի, ինչպէս նաեւ անփոխարինելի են:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ «ՈՉ-ՎԱՅԵԼՈՒՉ» ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Մինչեւ Պէյրութի միջազգային օդակայան ոտք դնելը, Լիբանանի քաղաքական ընտրանիին համար Թիլըրսընի այցը կը համարուէր ողջունելի: Խնդիրն այն էր, որ Թիլըրսըն հաւատարիմ մնալով Ամերիկայի քաղաքական գործիչներու «փրակմաթիզմ»ին, հանդէս կու գար երկու զիրար գրեթէ հակասող կեց-ւածքներով:

Թիլըրսըն Ամմանի մէջ խօսելով՝ նկատել կու տար, որ «Հիզպուլլահ»ը որպէս քաղաքական կողմ կարեւոր դեր ունի Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ, իսկ Պէյրութի վարչապետարանին մէջ վարչապետ Սաատ Հարիրիին հետ հանդիպում ունենալէ եւ համատեղ մամլոյ ասուլիս տալու պահուն կը յայտարարէր, որ «Լիբանանցիք պէտք է զգոյշ ըլլան «Հիզպուլլահ»էն, որովհետեւ այդ միլիսը կ՚աղարտէ Լիբանանի ընդհանուր պատկերն ու կը վնասէ երկրի ընդհանուր վարկին»: Թիլըրսըն այդպէս յայտարարելով «նեղ»ը կը դնէր վարչապետ Սաատ Հարիրին, որ իր կարգին ամերիկացի պետական քարտուղարի «հնչեցուցած» յայտարարութիւններէն ետք ստիպուած կ՚ըլլար յիշեցնել, որ «Լիբանանի կառավարութիւնը հետամուտ է ամէն գնով պահպանել ՄԱԿ-ի կողմէ հրապարակուած օրինագիծները ու յատկապէս անոնք, որոնք կապուած են Լիբանանին»: Հարիրի քիչ մը անդին երթալով նկատել տուաւ, որ «Մեր կառավարութիւնը պատրաստ է սահմանին (ան նկատի ունէր Իսրայէլի հետ սահմանը) այսօր առկայ առժամեայ համարուած հրադադարը վերածել մնայուն հրադադարի մը»: Թիլըրսըն Լիբանանի վարչապետին ու խորհրդարանի նախագահին հետ հանդիպելէ առաջ կը բարձրանար Պաապտայի նախագահական պալատ, ուր կ՚ընդունուէր նախագահ զօրավար Աունի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ:

Ուշագրաւ էր, որ Ռեքս Թիլըրսըն հակառակ իր բանբերին Լիբանանի նախագահին հետ հանդիպման մասին տրուած դրական գնահատանքին, ստիպուած կ՚ըլլար հինգ վայրկեան սպասել, մինչեւ որ նախագահ Աուն գար ու զինք դիմաւորէր:

«Ռէօյթըրզ» գործակալութիւնը, որ այդ մասին յատուկ լրատուութիւն մը կը կատարէր, կը յայտնէր, որ նախագահ Աունի այդ վերաբերմունքը սովորական եւ «սպասուած» վերաբերմունք մը չէ:

Իսկ լիբանանեան մէկէ աւելի աղբիւրներ կը հաղորդէին, որ նախագահը ուշացած է երկրի արտաքին գործոց նախարարին ուշանալուն պատճառով, որ ըստ այդ աղբիւրներուն, ուշացած էր ժամադրութենէն մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ առկայ խճողումին հետեւանքով:

Լիբանանի նախագահին Թիլըրսընի նկատմամբ ցոյց տուած բաւական «անփոյթ» վերաբերմունքին կապուած վերջ-նական եւ յստակ բանաձեւում մը տալը բաւականին անշնորհակալ գործ է, սակայն եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք, ապա յստակ կը դառնայ, որ լիբանանեան բանակին մէջ «ամերիկեան կրթութիւն» ստացած զօրավար Աուն ամերիկեան քաղաքականութեան մեծ «սիրահար» մը չէ: Աւելի՛ն. լիբանանեան պատերազմական փուլի ամենէն թէժ օրերուն Աուն իր մաշկին վրայ ապրած է Ամերիկայի «դաւաճանութիւն»ը, որուն հետեւանքով ալ «արծաթեայ սկուտեղ»ի մը վրայ անոր ճակատագիրը «կը յանձնուէր» Սուրիոյ նախագահ Հաֆըզ Էսատին, որ ստիպուած կ՚ըլլար Աունը նախագահական պալատէն հեռացնելու համար «Միկ» կործանիչներ գործի լծել ու հրթիռարձակումներ ընելով քանդել երկրի թիւ մէկ քաղաքական դէմքի նստավայրը:

Նախագահ Աուն այդ փաստը չի կըր-նար անտեսել, ոչ ալ մոռնալ… Եթէ հարցերուն այդ հարթութենէ նայինք, ապա շատ յստակ կը դառնայ անոր ամերիկացիներուն հանդէպ որդեգրած ընդհանուր կեցուածքն ու Թիլըրսընի հանդէպ այդ ոչ-վայելուչ ընթացքը:

Լիբանան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ կարեւոր դեր կը զբաղեցնէ վերջինիս Լիբանան-Իսրայէլ «միջնորդ երկիր» մը ըլլալու հանգամանքը: Ճիշդ է, որ բաւական «նայիֆ» մօտեցում մը կրնայ համարուիլ այս մէկը, սակայն տարբեր փուլերու ալ Միացեալ Նահանգներ պաշտպանելով Միջին Արեւելքի իր ամենէն «վստահելի» գործընկերոջ շահերը, նպատակ դրած է միջինարեւելեան կտրուածքով թիրախ դարձնել Իսրայէլի անվտանգութիւնը «անհանգիստ» ընելու հիմնական կողմերը: Խօսքը անշուշտ պաղեստինեան «Համաս»ին, բայց մասնաւորաբար լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ին մասին է: Եթէ Երուսաղէմի վերաբերեալ նախագահ Թրամփի ունեցած կեցուածքներով այսօր կարելի է ըսել, որ որպէս միջնորդ խափանուած է Ամերիկայի ընդհանուր դերը, ապա նոյնը կարելի չէ ըսել Իսրայէլ-Լիբանան ճակատին վրայ:

Լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող կազի հարց, Լիբանանի արտաքին պարտքերու խնդիր եւ «Հիզպուլլահ»ի ֆինանսական աղբիւրները ցամքեցնելու հիմնահարց… Ահա՛, ասոնք են այն օրակարգերը, որոնց մասին խօսած է Թիլըրսըն Պէյրութի մէջ: Ու այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ ինչպէս Թել Աւիւ, այնպէս ալ Ուաշինկթըն ներկայ փուլին չեն պատրաստուիր շրջանը տանիլ նոր մեծ ընդհանրումի մը, սակայն փաստ է, որ այդ երկու կողմերուն համար հիմնական մտահոգութիւնը «Հիզպուլլահ»ը վերահսկելի դարձնելն է:

Հարցում. պիտի յաջողի՞ Թիլըրսըն իր առաքելութեան մէջ: Պատասխանը կարելի է ստանալ յառաջիկայ ամիսներուն, անշուշտ միշտ հաշուի առնելով, որ հակառակ խաղաղարար ճիգերուն մէջ իր երեւելի ձախողութեան՝ Միացեալ Նահանգներ միշտ ալ կարողացած է պաշտպանել իր «սիրելի» Իսրայէլը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2018