«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

ԶԳԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Հոգիի քաջութեան եւ հաստատութեան կրնանք հասնիլ.

ա) Մեր բանականութեամբ, որ կ՚օգնէ մեզի ըլլալ քաջ ու զօրաւոր: Ան կը սորվեցնէ մեզի, որ երեւակայութիւնը յաճախ եղելութիւնը կը մեծցնէ ու վնասները կը զօրացնէ, երբ շատ երկիւղ կը կրենք: Բանականութեան ոյժով մեծ եւ անտանելի կարծուած նեղութիւնները կը մեղմանան: Հոգիի հարստութեամբ բոլոր ընդդիմութիւնները կը յաթուին. իսկ հոգիի թուլութեամբ եւ ցնծութեամբ իւրաքանչիւր յառաջդիմութիւն կը խափանի: Անարժան է բնական մարդուն չընտելացնել եւ չվարժեցնել իր անձը այն նեղութիւններուն, որոնք պիտի գան: Պէտք չէ, որ մարդ մինչեւ այն աստիճան թուլութեան հասնի, որ չկարենայ իր պարտաւորութիւնը կատարել: Այս բոլորը շարունակ խորհելով, մարդ կրնայ հոգիի հաստատութիւն գտնել:

բ) Կրթութեամբ, որ մարդուն շատ կ՚օգնէ, երբ մանկութենէն երեւակայական եւ չափազանց երկիւղներէն կը հեռանայ եւ հաստատութեան մէջ կը զօրանայ: Մանուկներուն առջեւ երբեք մեր երկիւղը պէտք չէ յայտնենք, այլ՝ պէտք է պարզ կենցաղավարութեան վարժեցնել, որոհետեւ եթէ այս զգուշութիւնը չունենանք, անոնք իրենց թոյլ եւ փափուկ կեանքէն փափկասիրութեան կ՚ընտելանան, նեղութիւններուն չեն տոկար, վախկոտ կը մեծնան եւ թուլամորթ կ՚ըլլան:

գ) Քրիստոնէական կրօնքին ուսմունքը շատ կը զօրացնէ մեզ՝ եթէ մանկութենէն սորվինք. մեզի վստահութիւն կու տայ, արդարապէս դատել եւ որոշել բարութիւնն ու չարութիւնը: Ան կը հեռացնէ շատ աղմուկներէ եւ մտատանջութիւններէ, որոնց մէջ բազմաթիւ մարդիկ կը շփոթին ու կը տագնապին: Ան կը սորվեցնէ մեզի, որ Աստուծոյ երկիւղը մեծ է ամէն բանէ եւ կը ցրուէ բոլոր երկիւղները: Այն մարդը, որ ճշմարիտ Աստուածը կը ճանչնայ եւ միշտ օգնութեան կը կանչէ, այդպիսին իր Աստուծմով զօրաւոր է, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Զօրացէք Տիրոջմով եւ Իր ամենակարող զօրութեամբ» (Եփ 6.10). «Այս բոլորին հետ՝ աղօթեցէ՛ք, աղօթեցէ՛ք եւ խնդրեցէ՛ք տեւաբար» (Եփ 6.18): Աստուծմով զօրացած մարդը երբեք նախապաշարումներէն, ցնորքներէն, թշուառութեան վշտերէն եւ մարդոց չարութիւններէն չի՛ վախնար: Ան, Պօղոս առաքեալին հետ կ՚աղաղակէ. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8.31). «Բայց Տէրը օգնեց ինծի եւ զօրացուց զիս, որպէսզի ինձմով Իր խօսքին քարոզութիւնը կատարուի եւ բոլոր հեթանոսները լսեն զայն» (Բ.Տմ 4.17): Ով որ Աստուծոյ հետ հաշտուած է Յիսուսի Խաչով եւ արժանաւոր պսակի կը սպասէ, ան երբեք չ՚երկնչիր աշխարհի ձախողութիւններէն, մահէն չի՛ խռովիր, այլ՝ համարձակ կերպով կը գոչէ. «Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղթանակդ. ո՞ւր է Մա՛հ, քու խայթոցդ» (Ա.Կր 15.55):

Աւետարանը եւս շատ գեղեցիկ օրինակներ կ՚առաջարկէ, որոնք կրնան մեզի հաստատութեան հոգի ներշնչել, ինչպէս է մանաւանդ մեր Փրկիչին օրինակը. «Ով որ յաղթանակէ՝ անոր իրաւունք պիտի տամ նստելու Ինծի հետ Իմ գահիս վրայ, այնպէս՝ ինչպէս որ Ես յաղթեցի եւ բազմեցայ Հօրս հետ Իր գահին վրայ» (Յյտ 3.21). «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33). «Մեր աչքերը յառենք Յիսուսի, մեր հաւատքի Հիմնադիրին ու կատարելագործողին, որ գիտնալով թէ ի՛նչ ուրախութիւն կը սպասէ Իրեն՝ արհամարհեց ամօթը, յանձն առաւ խաչի վրայ մեռնիլ» (Եբր 12.2): Սուրբ Գիրքը կ՚առաջարկէ մեզի նոյնպէս քաջ մարդոց օրինակներ, որոնք յաւիտենական փառքին հասնելու համար, մինչեւ մահ պատերազմեցան (Եբր 11): Այսպէս, ուրեմն, կրնանք քրիստոնէական բարեպաշտութեան մէջ գտնել ամէն տեսակի անքակտելի եւ հաստատ օգնութիւններ: Այս օգնութիւններն են, որ Պօղոս առաքեալ զէնքերու կը նմանցնէ եւ Աստուծոյ զէնքեր կ՚անուանէ զանոնք. «Աստուծոյ սպառազինութիւնը առէք, որպէսզի երբ չար օրը գայ՝ կարենանք ետ մղել չարին հարուածները» (Եփ 6.13):

Քրիստոնէական համբերութիւնը նեղութիւն կրելու ուսումն է: Համբերութիւն չի՛ նշանակեր անզգայութիւն, որովհետեւ անզգայութեամբ համբերելը առաքինութիւն չէ: Համբերութիւնը չ՚արհամարհեր պատուաւոր եւ օրինաւոր միջոցները, որով կրնանք մեր նեղութիւնները թեթեւցնել ու ազատիլ: Համբերութիւնը չարահոգութիւն չունի, երբ կը համբերէ՝ իր վիճակէն չի՛ գանգատիր, Աստուծոյ դէմ չի՛ տրտնջար, մարդոց դէմ չի՛ գրգռուիր, իր տառապանքը չափազանց փափկասիրութեամբ չի՛ մեծցներ, երբեք չի՛ մոռնար այն բարութիւնը, որ ունի, կամ այն բարութիւնները, որոնք Աստուած նեղութեան փոխարէն կը պարգեւէ, որով մեր կեանքը փաթթուած է. չ՚երեւակայեր եւ չի՛ կարծեր, որ մեր նեղութիւնները անվախճան են, չար միջոցներ չի՛ փնտռեր նեղութիւններէն ազատելու համար, այլ՝ միշտ իր անձին վրայ կ՚իշխէ, եւ միշտ պատրաստ է Աստուծոյ կամքը կատարելու, որովհետեւ Աստուծոյ խոստումներուն յոյսով լեցուած է, միշտ օգնութիւն կը խնդրէ, մարդոց նկատմամբ քաղցր է, բարերարներուն հանդէպ երախտագէտ է, կը ջանայ իր պարտաւորութիւնները կատարել՝ ինչքան որ իր կարողութիւնը կը ներէ: Այսպիսի համբերողներու մասին է, որ մեր Փրկիչը կը խօսի. «Ամէն մարդ պիտի ատէ ձեզ՝ Իմ պատճառովս։ Սակայն ձեր գլուխէն մազ մը իսկ պիտի չկորսուի։ Եւ ձեր համբերութեամբ պիտի փրկէք ձեր հոգիները» (Ղկ 21.17-19):

Համբերութիւնը մեծ առաքինութիւն է.

1) Ան Նախախնամութեան գործիք է, որ կը փորձէ մեզ ինչպէս դժբախտութեան, այնպէս ալ բախտաւորութեան մէջ: Նեղութիւնը համբերութիւն կը ծնի, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. «...կը պարծենանք նաեւ մեր նեղութեանց մէջ, գիտնալով, որ նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան» (Հռ 5.3):

2) Աւետարանը կը պատուիրէ համբերութիւն, որ անբաժան է այն առաքինութիւններէն, որոնք իւրաքանչիւր քրիստոնեայի զարդն են. «Յոյսով ուրախացէք, նեղութեանց մէջ համբերող եղէք» (Հռ 12.12). «Գիտցէք, որ փորձութիւնը համբերութիւն կը ծնի, եթէ ձեր հաւատքը փորձին դիմանայ» (Յկ 1.3): Այսինքն՝ մի՛ դադրիք երբեք ձեզ կեանքի բոլոր դիպուածներուն մէջ պահել եւ միշտ հաւատքի հիմքին վրայ հիմնուիլ:

3) Համբերութիւնը այնպիսի գեղեցիկ առաքինութիւն է, որով կրնանք մեր հոգիին զգաստութիւնն ու հաստատութիւնը յայտնել, մինչդեռ անհամբերութիւնը մեր հոգին կ՚ապականէ:

4) Համբերութիւնը այնքան օգտակար է, որ կը բժշկէ ու կը մեղմացնէ մեր նեղութիւնները: Ի՞նչ կը շահինք, եթէ մրրիկին դէմ նեղսրտինք. մենք մեր տառապանքը աւելի կը զօրացնենք, մեր ցաւը կը սաստկացնենք եւ մեզ հանգստութենէ կը զրկենք, որ կրնայինք համբերութեամբ ունենալ: Մենք մեր մերձաւորներուն հետ կը կռուինք եւ կը կորսնցնենք խաղաղութեան եւ անդորրութեան ճանապարհը: Կրնանք ըսել, որ համբերութիւնը քիչ նեղութիւն կրելու արուեստն է: Ան մեզի համար օգտակար է, որովհետեւ մեր հոգին կը դնէ այնպիսի վիճակի մէջ, որով կրնանք Աստուծոյ օգնութիւնն ու ողորմութիւնը ստանալ, եւ նեղութիւններուն վարժուելով՝ արդարութեան անմահ պտուղները քաղել: Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Իսկ համբերութիւն պէտք է ունենալ մինչեւ վերջ, որպէսզի ամբողջական եւ կատարեալ ըլլաք, եւ ձեզի որեւէ բան չպակսի» (Յկ 1.4):

Եթէ կ՚ուզենք մենք մեզ համբերութեան վարժեցնել կամ համբերութիւնը սիրելի դարձնել, հետեւաբար, պարտաւոր ենք խոհեմութեան եւ հմտութեան տուած միջոցները գործածել՝ նեղութիւնները տանելու եւ կամ մեղմացնելու համար, մեր անձը համբերութեան մէջ կրթել, փափկասիրութենէ զգուշանալ, մեր սիրտը աշխարհին չտալ, մեր կեանքը որպէս փորձութեան ասպարէզ համարել, նեղութեան սպասել եւ [նեղութեան] հասած ատեն չզարմանալ, կանոնաւոր եւ բարի վարք ունենալ, որով տառապանքները մեր վրայ չեն ծանրանար, մանաւանդ երբ կը յիշենք, որ մեր տառապանքները մեր պատուիրանազանցութեան հետեւանք են: Մարդկային իմաստութիւնը նոյնպէս կրնայ այնպիսի դատողութիւններ յառաջ բերել, որոնք կրնան մեր վիշտերը մեղմացնել: Ան կրնայ իսկական եւ երեւակայական վիշտերն ու նեղութիւնները իրարմէ զատորոշել: Կրնայ մեզ հրաւիրել մեր անձնասիրութեան վրայ վստահ չըլլալու, որով երբեմն մեր արժանաւորութիւնը մեծցնելով եւ մեր բարի վիճակը ստոր համարելով՝ դժգոհութեան առիթ կու տանք: Կրնայ համբերութեան օգուտը, գեղեցկութիւնն ու այն քաղցրութիւնը նկարագրել, որ կը զգանք նեղութեան մրրիկը անցնելէն ետք: Բայց, յայտնի է, որ բոլոր մարդիկը չեն կրնար այսպիսի դատողութիւններու մասնակցիլ եւ մանաւանդ, որ յաճախ նոյնիսկ դատողութիւնները թոյլ եւ անզօր են նեղութիւններու նկատմամբ: Շատ ողորմելի կ՚ըլլայինք, եթէ մեր օգնութեան ու մխիթարութեան միայն սպասէին եւ կամ մեզ շրջապատող մարդոց դատողութեան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 32

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 19, 2019