ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕԳՈՒՏԸ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ

Յայտնի ճշմարտութիւն մըն է, որ  ընթերցանութիւնը մանաւանդ երեխաներուն համար կենսական է: Հրատարակչատուներ, մշակութային միութիւններ, անհատ հեղինակներ, երբեմն՝ գերմարդկային ճիգեր ի գործ դնելով, մանկական որակաւոր հրատարակութիւններ կը հրապարակեն: Վերջին արհեստագիտութիւններով օժտուած սարքերու կողքին, որքան ուրախալի է տեսնել այլազան գիրքեր, որոնք իսկապէս կը հարստացնեն մեր կեանքը: Անշուշտ աւելի ուրախալի եւ դրական է, երբ ուսուցիչներ ընթերցանութեան կը մղեն փոքր աշակերտները, եւ ծնողներ իրենց երեխաներուն գիրք կը նուիրեն: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը խմբագրականով եւ յօդուածով մը անդրադարձած է այս երեւոյթին: Կարդանք հատուածներ:

*

ԿԱՐԴԱՑԷ՛Ք ԱՒԵԼԻ, ԱՒԵԼԻ ՅԱՃԱԽ

Կարդալը երեխաները աւելի լաւ եւ ընդարձակ աշխարհի մը կը ծանօթացնէ: Պէտք է զարգացնենք ատիկա:

Բրիտանիոյ մէջ վերջերս հրապարակուեցան երկու  ուսումնասիրութիւններ, որոնցմէ մէկը կը հաստատէ, որ ծնողներուն շուրջ 50 առ հարիւրը իրենց երեխաներուն ամէն օր գիրք կը կարդայ, իսկ միւս ուսումնասիրութիւնը կը նշէ, որ թուայնացած ժամանցի համար ծախսուած գումարը առաջին անգամ ըլլալով գերազանցած է գիրքին վրայ ծախսուածը: Նոյն ատեն հաղորդուեցաւ, որ Նորթհամփթընի քաղաքապետութիւնը, որ  արիւնաքամ սկսած է ըլլալ կեդրոնական կառավարութեան պիւտճէական կրճատումներէն, պիտի փակէ երկու գրադարաններ, եւ 21 այլ գրադարաններ շաբաթը միայն մէկ անգամ պիտի բանայ: Ասիկա միայն պարզապէս նահանջ մը չէ, այլ՝ խուճապային դրութիւն: Կրնայ տասնամեակներ տեւել լքուած ոլորտը վերականգնելու համար:

Հանրային գրադարանի կործանումը ընթերցանութիւնը դասակարգային խտրութեան կը վերածէ: Այն երեխաները, որոնց ծնողները անոնց համար կը կարդան, ամէն իմաստով կ՚ունենան հսկայական առաւելութիւններ՝ անոնց նկատմամբ, որոնց ծնողները ատիկա չեն ըներ: Գիրքեր կարդալը միայն թուղթին վրայի նշանները միտքին մէջ բառերու վերածելու ճարտարագիտական հմտութիւնը չէ: Դպրոցները կրնան եւ կը սորվեցնեն ատիկա, թէեւ հաւանաբար քիչ մը աւելի ուշ, ու թէեւ՝ տարբեր յաջողութիւններով: Բայց այդ հմտութիւնը իսկապէս սկիզբն է:

Ճշմարիտ ընթերցողները բառերով կը խաղան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս բառերը անոնց հետ կը խաղան: Փոքր երեխաներուն համար կարդալը նախ զուարճալի է, եւ այն ժամանակ, երբ երեխան յայտնաբերած է նախընտրած պատմութիւնը, աւելի ու աւելի՝ դաժան, որովհետեւ նոյն բառերը պիտի կրկնուին որպէս հմայք, բայց ատիկա երբեք չի մսխուիր: Պարզ խօսքով, ատիկա սիրոյ աշխատանք է: Լեզուին հետ ընտելացումը, աշխարհներ կառուցելու ունակութիւնը, ապա յետագային ատոնք տարանջատելը, ճանչնալու, հետեւելու, բարդ ապացոյցներ կառուցելու եւ պահպանելու ունակութիւնը հմտութիւններ են,  որոնք կը հարստացնեն աշխարհի մասին մեր ըմբռնումը եւ կ՚օգնեն մեզի՝ ատոր տիրապետելու: Ասիկա կու տայ ընթերցանութիւնը երեխաներուն, եւ ասիկա է, որ անոնցմէ կը կողոպտուի, երբ գրադարանները կը փակուին, եւ ծնողները չափազանց զբաղած են, յոգնած կամ նոյնիսկ անտարբեր են երեխաներուն համար կարդալու օգտակարութեան նկատմամբ:

Մանկական լաւագոյն գիրքերը աճող հոգիին համար կ՚ապահովեն միջոցներ: Այդ գիրքերը մեզի ցոյց կու տան քաջութիւն եւ զարմանք եւ վտանգները կը յաղթահարեն: Ատոնք բարձրաձայն կարդալը մանուկներու եւ չափահասներու՝ ընթերցողին եւ ընթերցանութեան միջեւ կամուրջ կը կառուցէ, այնպէս, որ ծնողքը կարդալով՝ կրնայ պահ մը երեխայի աչքերով վերականգնել աշխարհը: Ատիկա կրնայ ըլլալ խաղի ամենէն հզօր ձեւը, որ երբեւիցէ յօրինուած է:

Անշուշտ, ընթերցողները պէտք չունին ծնողներ ըլլալու: Այս պահուս, «Պի.Պի.Սի.»ի ամենէն մեծ աննկատելի նուաճումներէն մէկն է՝ նախքան քնանալը հինգ վայրկեաննոց ընթերցումները, կատարողութեամբ երեւելի անձնաւորութիւններու: Դերասաններ, ինչպէս՝ Թոմ Հարտի եւ Փաթրիք Սթիւարտ, դադար մը կ՚առնեն աշխարհը փրկելու կամ քանդելու աշխատանքէն եւ նկարազարդ գիրքեր կը կարդան՝ առանց շարժապատկերներու լսատեսողական հնարքներու: Ատիկա մեծ ծառայութիւն է ծնողներուն, որոնք ժամանակ կամ ուժ եւ կորով չունին աշխատանքային օրուան աւարտին: Այս ձեւի ընթերցանութիւնները յատկապէս աղքատ ընտանիքներուն ուրախութիւն կը ներշնչեն: 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԵՆԷՆ ՇԱՏ ՎԱՃԱՌՈՒԱԾԸ  ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՆ ԵՆ

Հայաստանի մէջ մանկական գրականութիւնը, յատկապէս՝ նախադպրոցական, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի երեխաներու համար նախատեսուած գիրքերը վերջին տարիներուն ամենէն շատ վաճառուողներն են: Այս մասին յայտարարած էր «Պուքինիստ» ընկերութեան տնօրէն Խաչիկ Վարդանեանը: Ըստ անոր, երկրորդ դիրքին վրայ է գեղարուեստական գրականութիւնը, երրորդ՝ գործնական հոգեբանութեան վերաբերող գրականութիւնը:

«Զանգակ» հրատարակչութեան թարգմանական ծրագիրներու համակարգող Արթուր Մեսրոպեանը նշած էր, որ Հայաստանի մէջ հետզհետէ կ՚աւելնայ գիրքի նկատմամբ ուշադրութիւնը:

Պատճառը, ըստ անոր, ոչ միայն այն է, որ Հայաստանի մէջ  վերջին տարիներուն սկսած են նշել Գիրքի տօնը, այլեւ՝ այն, որ հրատարակչութիւններու կողմէ պարբերաբար ծրագիրներ կ՚իրականացուին, գիրքի նշանակութիւնը բարձրացնելու եւ ընթերցանութիւնը քաջալերելու ուղղութեամբ:

Ատոնցմէ մէկն ալ «Ամառնային ընթերցանութիւն» ծրագիրն է, երբ Երեւանի եւ Հայաստանի զանազան շրջաններու գրախանութներուն մէջ կը ստեղծուին փոքր տաղաւարներ, ուրկէ գնելով գիրք մը եւ կարդալով ատիկա՝ կարելի է ամրան երեք ամիսներուն ընթացքին վերադարձնել ատիկա տաղաւար եւ փոխարինել այլ գիրքով: Այսինքն, վճարելով գիրքի մը համար, ամրան ընթացքին կարելի է կարդալ բազմաթիւ գիրքեր:

Յատկապէս թարգմանուող գրականութեան պարագային, ընթերցողները գրաւելու համար շատ կարեւոր է թարգմանութեան որակն ու գիրքի արտաքին տեսքը:

Հայաստանի մէջ տպագրուող գիրքերու տպաքանակի անկումին  մասին խօսելով՝ մասնագէտներ նշած են, որ եթէ Խորհրդային Միութեան ժամանակ 50 հազար  օրինակով կը տպագրուէին գիրքերը, ատիկա տակաւին չի նշանակեր, որ այդքան մարդ կը կարդար: Գիրք գնելը այդ ժամանակներուն պարզապէս նորաձեւութիւն էր: Այժմ գիրքերը 300-500 օրինակով կը տպագրուին, բայց մասնագէտներ համոզուած են, որ անոնք, որոնք կը գնեն, իսկապէս կը կարդան այդ գիրքերը:

Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութիւնը բազմաթիւ ծրագիրներ կ՚իրականացնէ ընթերցող-գիրք կապը ամրացնելու համար:

«Դարձի՛ր գրադարանի բարեկամը» ծրագիրի ընթացքին  բազմաթիւ ընթերցողներ գրադարաններուն նուիրած են գիրքեր, որոնք բաժնուած են սահմանամերձ գիւղերու դպրոցներուն եւ զօրանոցներուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութիւնը դպրոցներուն մէջ կը կազմակերպէ գիրքերու քննարկումներ, որոնց երեխաները մեծ ոգեւորութեամբ կը մասակցին:

Որոշ քայլեր նոյնպէս կը կատարուին հայ գիրքը երկրէն դուրս ծանօթացնելու եւ տարածելու համար:

ՄԻ՛ ՀԱՐՈՒԱԾԷՔ ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ՝ ԳԻՐՔԵՐ ՎԵՐԱԿԱՐԴԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: ՔԱՋԱԼԵՐԵՑԷ՛Ք ԶԱՆՈՆՔ՝ ԱՆԴԱԴԱՐ ԿԱՐԴԱԼՈՒ

Նոր զեկոյց մը կը հաստատէ, որ երկրորդական վարժարաններու աշակերտները չեն յառաջդիմեր ընթերցանութեան մէջ, որովհետեւ մեծամասնութիւնը կը վերակարդայ նախակրթարանի մէջ իր սիրած գիրքերը, կամ՝ ատոնց հեղինակներուն գործերը միայն:

Զեկոյցը կը վերաբերի «Վերածնունդի ուսուցում» ծրագիրին, որ դպրոցներու արագացուած ընթերցողի ծրագիրի ծիրին մէջ կ՚ընթանայ: Ասիկա կը մղէ աշակերտները՝ ընտրելու գիրքեր իրենց տարիքին համաձայն: Ատոր նպատակն է կառուցել ընթերցումը՝ որպէս գծային հոլովոյթ, որ պէտք է դիտարկուի եւ չափուի:

Ես կը պնդեմ, որ ատիկա աւելի բարդ է, յատկապէս՝ պատանեկան առաջին տարիներուն: Անշուշտ՝ մենք կ՚ուզենք, որ երեխաները աւելի լուրջ մարտահրաւէրներ ունենան, երբ մեծնան: Բայց կան չմտահոգուելու լաւ պատճառներ. եթէ ձեր 13-ամեայ տղան կրկին կը կարդայ նախակրթարանի օրերու գիրքերը, քանի  տակաւին կը վայելէ ընթերցանութիւնը, կանոնաւոր կերպով կը կարդայ եւ ունի ուսուցիչներ, որոնք կրնան զայն աստիճանաբար մղել դէպի նոր նիւթեր:

Ատոր առաջին պատճառը այն է, որ ընթերցանութեան օգուտները աւելի կը բխին կարդալու արարքէն, քան՝ նիւթի իւրայատկութիւններէն:

Զեկոյց զեկոյցի ետեւէ ցոյց կու տան ուղղակի յարաբերակցութիւն մը՝ հաճոյքի համար կանոնաւոր ընթերցանութեան եւ ակադեմական նուաճումներու:

Նոյնպէս կան զգացմունքային եւ ընկերային օգուտներ, որոնց շարքին՝ յաւելեալ ինքնավստահութիւն, զանազան  մշակոյթներու աւելի լաւ հասկացողութիւն եւ մարդկային բնոյթի աւելի լաւ պատկերացում:

Երեխաները, ինչպէս չափահասները, կը կարդան տարբեր տեսակի գիրքեր, երբեմն՝ կողք-կողքի

Երկրորդ, ծանօթ նիւթերու վերաքաղը կրնայ օգնել գրագիտութեան զարգացման: Մինչեւ 13 տարեկան պատանի ընթերցողները պէտք է վերադառնան այն հեղինակներուն, որոնք ծանօթ են: Եթէ անոնք արդէնկըւագրըգիտեն գրողին ընդհանուր սովորութիւնները, անոնք աւելի լաւ կրնան ընկալել լեզուն եւ իրենց շուրջի իրադարձութիւնները: Պատանի ընթերցողի եւ սիրուած գրողի միջեւ կապը հզօր է: Երեխաները պէտք չէ պարզապէս ընթերցանութիւնը դիտեն որպէս սորվելու կարելիութիւն, այլ՝ որպէս իմաստուն եւ վստահելի չափահասի հետ մտերիմ յարաբերութիւններ:

Շատ սիրուած գրողին վերադառնալը կը նմանի նախասիրուած հարազատի հետ հաղորդակցութեան: Դուք գիտէք, թէ ի՛նչ կը պատրաստուիք ստանալ, բայց ատիկա  բոլորովին հաճելի է:

Վերջապէս, մենք պէտք է ընդունինք, որ չափահասաներու նման, երեխաները կը կարդան տարբեր գիրքեր, երբեմն՝ կողք-կողքի: Վերածնունդի ուսուցման զեկոյցը կը կեդրոնանայ նախասիրութիւններու վրայ: Կը թուի, որ ընթերցանութեան ընտրութիւններու եւ ունակութեան միջեւ ուղիղ յարաբերակցութիւն մը կայ: Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ արդեօք տուեալները կը ներառե՞ն դասերու մէջ հանդիպող դժուար նիւթեր, նոյնպէս՝ «Արագացուած ընթերցող» ծրագիրէն ընտրութիւնները:

Ուսանիլը, սորվիլը յաջորդ փուլ անցնիլ է: Նախասիրած գրողներէն հրաժարիլը, սակայն, լուծումը չէ: Եթէ երկրորդական վարժարանի աշակերտները շարունակեն հետաքրքրուած մնալ, անոնց անձնական ընթերցանութիւնը այդ ժամանակամիջոցին կը զարգանայ: Մենք պէտք է խրախուսենք զանոնք՝ նոր տարածք մուտք գործել, եւ դպրոցները պէտք է փնտռեն արդիւնաւէտ միջոցներ՝ ատիկա կատարելու համար:

Լեզուի ուսուցիչները, մասնաւորապէս, պէտք է շատ լաւ տեղեակ ըլլան մանկական եւ չափահասներու գրականու կան ընկերային ցանցերու մէջ աշխոյժ եղող ուսուցիչներ, որոնք իրենց հակակրանքը կ՚արտայայտեն մանկական ժամանակակից գրականութեան հանդէպ՝ չհիմնաւորուած պնդումներ ընելով, որ միայն դասական գրականութիւնը առաւելութիւններ եւ օգուտ ունի: Կը կարծեմ, որ ասիկա պարտականութեան ուրացում, ժխտում է:

Եթէ մենք այս ձեւով թելադրենք, թէ ի՛նչ պէտք է կարդան, ե՞րբ պէտք է կարդան, երիտասարդ ընթերցողները չեն առներ այսպիսի գիրքեր: Փոխարէնը՝ անոնք կ՚անջատուին:

Պատանիները քանի տակաւին կը շարունակեն կարդալ, ուրեմն կարելիութիւն ունին իրենց սեփական պայմաններով նոր նիւթերու անցնելու:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018