Տ. ՍԱՄՈՒԷԼ Ծ. ՎՐԴ. ԱՂՈՅԵԱՆԷՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ «ԿՈՐԶԵԼ»ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «ՄԱՔՈՒՐ» ԽԱՂ

«Առնուազն ես երեք անգամ ներկայ եղած եմ այդ դէպքին: Կար նաեւ յունաց պատրիարքը եւ մենք միասին վառեցինք մեր լապտերները», մօտաւորապէս այս խօսքերն էին, որ պատճառ կը դառնային, որ Ուղղափառ աշխարհի ամենէն «վառ» ներկայացուցիչները քննադատութեան թիրախ դարձնէին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեանը: Խնդիրն այն էր, որ երբ խօսք կ՚երթայ Տիրոջ գերեզմանէն «դուրս բերուած» կրակին մասին, հարցը կը դիտուի հաւատքի եւ պաշտամունքի տեսանկիւնէն:

Յիշեցնեմ, որ այդ «աղմուկ»ը կը բարձրանար իսրայէլեան կայանի մը կողմէ պատրաստուած հաղորդումի մը սփռումէն անմիջապէս ետք: Իսրայէլացիք, որ բաւական «նրբանկատ» մօտեցում մը ունին Երուսաղէմի յատկապէս քրիստոնէական սրբավայրերուն հանդէպ, նախաձեռնութիւնը վերցուցած էին քրիստոնեայ լայն խաւերուն համար նախատեսուած եւ ճանաչողական ուղղութիւն ունեցող հաղորդում մը նկարահանել:

Ու այսպէս, բնականաբար Սուրբ Տեղեաց տարբեր շրջանները ներկայացնելէ ետք, հերթը հասած էր Տէրոջ Սուրբ գերեզմանին:

Երուսաղէմի «նրբութիւններ»ուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չունեցողներուն համար ըսեմ, որ Սուրբ Քաղաքի իւրաքանչիւր քրիստոնէական «անկիւն» ունի իր առանձնայատկութիւնները: Այն իմաստով, որ իւրաքանչիւր վանք, եկեղեցի, տաճար, աղբիւր եւ Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի տարբեր դրուագներուն հետ կապ ունեցող վայր ունի որոշ կանոնակարգ մը, որուն շնորհիւ է նաեւ, որ կը շարժին Երուսաղէմի գլխաւոր երեք եկեղեցիները՝ հայ, յոյն եւ կաթողիկէ: Աւելի պարզացնելու համար միտքը եւ գոհանալով առնուազն մէկ օրինակով ներկայացնեմ Տիրոջ գերեզամանին մէջ գտնուելու իրաւունքի տուեալները: Նախ ըսեմ, որ գործող հայեցակարգը կամ կրօնական «քոնսենսիւս»ը պատրաստուած է Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին ու յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի Տիրոջ Սուրբ գերեզմանին, ապա այդ գերեզմանին մօտ «պահակ»ի դեր կրնան կատարել բացառապէս յոյն եւ հայ կրօնաւորները: Եթէ հայ կրօնաւորներուն համար արտօնուած է Սուրբ գերեզման մուտք գործել, ապա գերեզմանի «հիմնական» հսկողի դերը վստահուած է յոյն կրօնաւորներուն: Այս առումով ալ, եթէ տուեալ օրը Սուրբ գերեզմանին մօտ թափօր կատարողները հայերն են, ապա անոր մօտ «հսկող» յոյն միաբանը պարտաւոր է Տիրոջ գերեզմանի անմիջական շրջակայքէն դուրս գտնուիլ: Այս «նրբութիւններ»ուն պատճառով է, որ շատ յաճախ յունաց միաբաններ խնդիրներ կ՚ունենան հայ եկեղեցւոյ միաբաններուն հետ: Այս նրբութիւնները նկատի առնելէ ետք ակներեւ է, որ մասնաւորապէս այս շրջանին Երուսաղէմի մէջ կատարուող որեւէ արարք, դէպք եւ արտայայտութիւն կ՚ընկալուի մեծ ուշադրութեամբ եւ կը դիտուի «խոշորացոյց»ով: Ու եթէ այս «սթաթիւքօ»ին վրայ գումարենք Երուսաղէմի այսօրուան վիճակը, ապա յստակ պիտի դառնայ, որ Սամուէլ Վարդապետ Աղոյեանին ըրած յայտարարութիւնները բաւականին «վտանգաւոր» են, մասնաւորապէս եթէ հաշուի առնենք Երուսաղէմի շուրջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը՝ պայմանաւորուած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի իր երկրի դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու որոշում եւ «ռազմավարութիւն» որդեգրելուն հետ:

ՀԱՅՐ ՍԱՄՈՒԷԼԻ ԽՕՍՔԵՐԸ՝ «ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ» ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԷՆ ԵՏՔ

Հայր Սամուէլի ըրած յայտարարութիւններուն ամենէն արագ կը հակազդէր Ռուսաց Ուղղափառ եկեղեցին եւ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսաստանի Քիրիլ պատրիարքի մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Ալեքսանտր Վոլկով։ Ան անընդունելի կը համարէր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Երուսաղեմի հայոց պատրիարքարանը ներկայացնող վարդապետին խօսքերը: Չնայած անոր, որ ինք՝ Հայր Սամուէլ այս տողերը գրողին հետ իր ունեցած զրոյցի ատեն շատ ալ «ընդվզած» չէր իրեն դէմ եղած յայտարարութիւններէն։ Ան կ՚ուզէր յստակօրէն բացատրել, որ իրեն համար ալ որպէս քրիստոնեայ կրօնաւոր մը՝ կայ, գոյութիւն ունի հրաշագործութեան մը պահը, որ սակայն «պատուէր»ով չի կատարուիր ու յատկապէս կապ չունի մարդոց կամ աւելի դիպուկ ըսուած «մարդկային քմահաճոյք»ին հետ: Հայր Սամուէլ իսրայէլեան կայանին կողմէ սփռուած հարցազրոյցին մէջ բառացիօրէն կ՚ըսէր. «Աստուած հրաշքներ կը գործէ, բայց ոչ մարդոց քմահաճոյքով»: Այս բոլորէն անդին Հայր Սամուէլ բաւական «վստահ» էր, որ իրեն դէմ ընթացք առած «դատապարտման» ալիքը երկար կեանք պիտի չունենայ: Ան կ՚ըսէր. «Շատ տեսած ենք նման բաներ, վաղը կը հանդարտին, ոչ մէկ բան պիտի պատահի ու ես սխալ բան չեմ ըսած»:

Սխալ բան ըսել-չըսելու խնդիրը անշուշտ «կը մեղմանայ», երբ հաշուի առնենք, որ Հայր Սամուէլ ինք ալ կը շեշտէ Քրիստոսի արարչագործութեան մեծութիւնը եւ սրբութիւնը: Ու ան այդ ընկալումը ունենալէ եւ հանրութեան հետ զայն բաժնեկից դարձնելէ անդին, կարեւոր հարց մը բարձրաձնելու «թիրախ» կը դարձնէ «մարդկային քմահաճոյք»ին կողմէ գործօնի վերածուած հարց մը, որ այս պարագային ամէն Սուրբ Զատկի տօնին նախորդող Ճրագալոյցի արարողութեան ընթացքին «կենարար կրակ»ի վառուելուն հետ կապ ունի, որ ըստ յոյն եկեղեցւոյ միաբաններուն «հրաշքի կրակ» մըն է:

Առանց մուտք գործելու դաւանաբանական եւ պատմական խոր արմատներ ունեցող աստուածաբանական վէճերու եւ մօտեցումներու մէջ, արդէն բոլորին քաջ յայտնի է, որ հայոց եկեղեցին եւ յունաց եկեղեցին ունին բաւական սուր տարակարծութիւններ: Ու այս առումով ալ երբեք գաղտնիք պէտք չէ համարել, որ այդ եկեղեցիներուն համար «շփման» հիմնական գետինը Սուրբ Քաղաքը՝ Երուսաղէմն է:

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐ

Գաղտնիք չէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ անցեալ Դեկտեմբերին «պայթեցուած» ռումբը ունի քաղաքական ենթագետին: Այսինքն, ամերիկացի «աւետարանական» նախագահին խօսքերը, ոչ միայն պատահական չեն, այլ նաեւ կը խօսին երկար ժամանակ առած ծրագրի մը մասին: Այս տողերը գրողը կիսողը չէ այն մօտեցումը, որ ամէն բանի ետին հրեաներն են «կանգնած», բայց Ամերիկայի կողմէ հրապարակ հանուած եւ Երուսաղէմ քաղաքի «սթաթիւքօ»ն «խառնել»ու բաւարար ներուժ ունեցող այդ որոշումը, վստահաբար սերտուած է երկար ժամանակի մը վրայ եւ բնական է, որ երկար «շունչ» ունեցող այդ ծրագիրը պիտի չբաւարարուի միայն Թրամփի բերանացի կամ գրաւոր «ռումբեր»ով: Գալով իսրայէլեան ճակատին՝ հոն եւս յստակ է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու ունի մեծ ու փոքր տարողութիւն ունեցող խնդիրներ, որոնք կապ ունին կաշառքի, դրամական ապօրինի իւրացումներու հետ: Հարցեր, որոնք զինք կրնան նստեցնել մեղադրեալի աթոռին ու նոյնիսկ պատճառ դառնալ, որ Նեթանիյահու ստիպուի լքել իր պաշտօնը եւ... դատուիլ: Թէեւ այս վերջին մօտեցումը այնքան ալ «վստահ» մօտեցում մը չէ ու չի բացառուիր, որ Նեթանիյահու իր հարցերը լուծելու համար երթայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու: Երկիր մը, որուն քաղաքական ընթացակարգերը շատ ճկուն են եւ պատրաստ է արագ լուծումներ բերել լուծելու համար քաղաքական որեւէ սրացում կամ թնճուկ. նման քայլեր սպասելի են:

Ու այս բոլորը «տեսնել»է եւ «ճիշդ հաշիւներ» կատարելէ ետք, կարեւոր է, որ հայոց միաբանները կատարեն «տեղին» յայտարարութիւններ, «խաղեր»էն հեռու մնալով ու մանաւանդ լաւ տիրապետելով Իսրայէլի ներքին խոհանոցին, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ խմորուող զարգացումներուն: Անշուշտ եղածին մեղաւորը Հայր Սամուէլը չէ: Սպիտակամօրուս եւ մեզի համար անձնապէս սիրելի վարդապետը «սխալ բան չէ ըսած»։ Մտահոգիչ է նաեւ, որ վարդապետը կը շարունակէ ըսել, ու դիմացինը փորձել համոզել, որ ինք «սխալ բան չէ ըսած», այն պահուն, երբ իւրաքանչիւր խօսք, տող, բառ եւ արտայայտութիւն կրնայ լուրջ տագնապ մը դառնալ, քաղաքի մը մէջ, որուն շուրջ եւ մէջ կը նիւթուին ամէն տեսակի դաւեր եւ որուն հզօր Սիոնին դիմաց կանգուն կը շարունակէ մնալ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնն ու Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 19, 2018