ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՉԵՄ... ՍԱԿԱՅՆ ԿԸ ՍԻՐԵՄ ԳՐԵԼ...

Ո՞վ ես դուն,
կը հարցնեմ յաճախ բոլորին,
ծանօթին ու անծանօթին,
ու տարիներու թաւալումէն շուարած սիրտս,
յուշերուս դիմաց,
անուշ ու հաճելի նոր բաբախում մը կ՚ապրի,
մինչ միտքս, իր արդար խոյանքով,
նոր յոյսերու եւ խինդերու ակեր կը ծնի:
Եւ ակամայ մտքիս առջեւ կը բերեմ դէմքդ.
անուշ ժպիտովդ շաղուած նայուածքդ,
ու կը զգամ, որ աչքերուդ խորունկ հիացումէն,
գունաւոր կապ մը,
զիս կրկին անգամ քու ներկայութեամբ կը գօտեպնդէ:
Բայց… կ՚ուզեմ ճանչնալ քե՛զ,
անոր համար, հարց կու տամ,
ծանօթին ու անծանօթին,
թէ, ո՞վ է ան,
որ իր բոլոր տառապանքներուն դիմաց,
կեանքի պատերազմին մէջ,
մինակը լուռ ու մունջ,
յաղթութիւնը կերտեց: 
Ու հիմա տարիներ ետք, 
գիտեմ, թէ դուն ո՞վ ես:
Դո՛ւն, այն լուսաւոր ասուպն ես,
որ սրտիս տարիներու անհունութիւնը,
քու գոյութեամբդ լուսաւորեց,
ու առանց մոգական բառերու,
անհամար յուշերուդ արձանագրութեամբ
դարձաւ իմ բոլոր յուշերուս մէջ
Ճերմակ էջերով գիրքը անբիծ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024