ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԶԱՐՄԱՑԱԾ Է, ԱՄՆ՝ «ԵՐՋԱՆԻԿ», ԻՍԿ ԻՐԱՆ՝ ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ

Հայաստանի մէջ իրականացուած «Թաւշեայ յեղափոխութեան» թեման կը շարունակէ մնալ լուսարձակներու տակ:

Խնդիրը այն չէ միայն, որ Հայաստանի մէջ իրավիճակ փոխուած է… Այլ այն հարցը, որ կը հնչեցուի, յատկապէս Հայաստանի հետ գործակցող կամ մեր երկրին հետ «հասարակաց շահեր» ունեցող տէրութեանց կողմէ, թէ ո՛վ կար այս շարժումին ետեւը: Այս առումով ալ թէեւ չեն պակսիր ամենատարբեր վերլուծութիւններն ու ենթադրութիւնները, սակայն յստակ սկսած է դառնալ, որ Հայաստան իրողապէս մտած է նոր փուլ, որ պիտի զուգորդուի այդ ազդեցիկ տէրութեանց կողմէ եղած կամ աւելի ճիշդը իրականացուած «խաղ»ին մաս կազմելու փորձերով: Այս առումով ալ երեւանցիք յոյժ հետաքրքրական խօսք մը ունին: Ցանկացած պարագայի մը, կամ անսպասելի ու շրջադարձային դէպքի մը առընթեր կ՚ըսեն՝ «խաղը իրանցով արեցին»: Հիմա հարցը, որ կը տրուի, ո՛ր կողմը կամ ո՛ր տէրութիւնը պիտի փորձէ այս «խաղ»ը «իրենցով ընել»: Երեւանի մէջ եղած «աննախադէպ» բողոքի ցոյցերու ատեն մասնաւորապէս Մոսկուան որոշ վերապահութիւններով կ՚արձագանգէր իրադարձութիւններուն: Քրեմլինի «անուղղակի խօսնակ» համարուող մէկէ աւելի գործիչներ տարբեր մակարդակի քննադատութիւններ կը կատարէին ու նոյնիսկ անձնաւորուած վիրաւորանքներ կ՚ուղղէին ընդդիմադիր առաջնորդ ու այսօր արդէն իսկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Անոնց կողմէ հնչեցուած կարգ մը մեղադրանքները այնքան մը վիրաւորական էին, որ Հայաստանի մէջ տիրող ամենէն անորոշ օրերուն Փաշինեանի ու անոնց միջեւ սպասուած հանդիպում մըն ալ կը տապալէր: Տակաւին չենք խօսիր Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Իվան Վոլինկինի մասին, որ իրեն մերձ եղող շրջանակներու մօտ իր անհանգստութիւնը արտայայտած էր իրադարձութիւններու վերաբերեալ՝ բացատրելով, որ իրենք մտահոգ են ոչ թէ Երեւանի մէջ տիրող իրավիճակին կապակցութեամբ, այլ անոր համար, Երեւան բնակող հարիւրաւոր ռուսաստանցի աշակերտներ ցոյցի եւ խցանումներու հետեւանքով չեն կարողացած իրենց վարժարանները հասնիլ: Նուազ հետաքրքրական չէ մօտեցումը Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլսի, որ բացի դէպքերու առաջին օրէն առկայ իրավիճակին «բաց աչքերով» հետեւելէ, տարբեր առիթներով հանդիպում ունեցած էր Փաշինեանի հետ եւ հանդիպումներու աւարտին ալ չէր թաքցուցած իր «խանդավառութիւն»ը գործող իշխանութիւններուն դէմ ընթացք առած (ու դեռ այն ատեն համեմատաբար թոյլ) բողոքի շարժումներուն շուրջ:

Յստակ էր նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը իր քայլերով կը փորձէր ամէն գնով իր երկրի իշխանութեան «հրամանով» նոր պատուհան մը բանալ եւ կապ ստեղծել աւելի ուշ իշխանութեան գլուխ հասած Նիկոլ Փաշինեանի ու անոր գաղափարակիցներուն հետ: Ուշագրաւ փաստ է նաեւ, որ այս շարժման առաջին օրէն սկսեալ քիչ չէր թիւը այն գործիչներուն, որոնք «բացայայտ» աքթիւիստներ ըլլալով, նաեւ բացայայտ ամերիկամէտ գործիչներ էին:

Անշուշտ այս մատնանշումը ընելը անպայման պէտք չէ հասկցուի՝ որպէս այդ աքթիւիստներուն դէմ եղող կամ արեւմտամէտ ըլլալը խարազանող մօտեցում մը, հապա խնդրի էութիւնը Հայաստանի մօտիկ անցեալին ընդդիմադիր ու այսօր արդէն իշխանութեան գլուխ հասած կողմին քաղաքական «նախասիրութիւններ»ը ճշդելն ու լոյսին բերելն է:

Երրորդ եւ ամենէն «խորհրդաւոր» պարագան՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ունեցած բաւական զգուշաւոր կեցուածքն ու դիրքորոշումն է: Իրան, որ աշխարհագրականօրէն աւելի մօտ է Հայաստանին, ոչ մէկ կերպով յայտարարութիւն կատարեց երկրին մէջ եղած փոփոխութեան կապակցութեամբ:

Մինչ հայկական լրահոսին մէջ տեղեկութիւններ կը հրապարակուէին, որ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցած է Երեւան ժամանած իրանեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը հետ, աւելի ուշ առաջին պաշտօնական լուրը Իրանի վերաբերեալ կ՚ըլլար վարչապետ Փաշինեանի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի միջեւ: Ի դէպ, Երեւանի մէջ կատարուող զարգացումները կը համընկնէին Միացեալ Նահանգներ-Իրան լարումի նոր փուլի մը ու բացայայտ կը դառնար, որ ԱՄՆ-ի Իրանի հետ կնքուած «կորիզային համաձայնագիր»էն քաշուելէն ետք, նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակարգը ամէն միջոց գործի պիտի դնէր ճնշելու եւ «ծունկի բերելու» շիի աշխարհի առաջատար ու զինուորական-քաղաքական մեծ ներուժ ունեցող Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը:

Այդ մտահոգութիւնը անշուշտ կապ ունէր ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի դէմ տրուելիք պատժամիջոցներուն հետ, այն իմաստով, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները արդեօք պիտի ըլլա՞ն այն նոր յենարանը, որուն վրայ Միացեալ Նահանգներ նոր ճնշումներ պիտի գործադրէ Թեհրանի դէմ, այս անգամ օգտագործելով Հայաստանի «պատուհան»ը:

Այս տեսակէտները լոյսին տալու զուգահեռ յայտնի կը դառնայ, որ ներքին մղումներով եւ մանաւանդ ընկերային մտահոգութիւններով ընթացք առած բողոքի երթերը ու ապա «Թաւշեայ յեղափոխութեամբ» մը տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնը միայն տեղական բնոյթ չունին: Աչքի առջեւ ունենալով Հայաստանի դիրքը, նաեւ կովկասեան այս գօտիին շուրջ տեղի ունեցող խմորումները պարզ կը դառնայ, որ որեւէ ցնցում կ՚արժանանայ շրջանի ազդեցիկ երկիրներու ուշադրութեան, բայց նաեւ ԱՄՆ-ի ու Ռուսաստանի անմիջական հետաքրքրութեան, որ սոսկական հետաքրքրութենէ աւելի Կովկասի մղիչ ուժին՝ այսինքն Մոսկուայի դիրքորոշումներուն համար կը բանայ նոր տեսարան մը, որուն դիմաց ալ բնական մղումով մը Ուաշինկթըն նոյնպէս պիտի կատարէ իր քայլերը եւ փորձէ աւելի «հաստատուիլ» ընդհանուր տեսարանին մէջ:

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂԻՆ ՈՒՇԱԳՐԱՒ «ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ»Ը

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը լայն արձագանգ գտան միջազգային մամուլին մօտ: Այդ արձագանգներէն պէտք է առանձնացնել «Washington Post»ի վերլուծաբան Աննա Էփըլպաումի ստորագրած յօդուածը, զոր որոշ յապաւումներով կը հրամցնեմ ընթերցողներուս ուշադրութեան:

Աննա Էփըլպաում մասնաւորապէս կը գրէր.

Երբ ես տեսայ Արեւելեան Գերմանիոյ ժողովուրդի այդ ստուար զանգուածը՝ հասկցայ, որ անոնք ճիշդ էին: Քառորդ դար անց այդպէս կը մեկնաբանէր գըն-դապետ Հերըլտ Եակէր՝ դարպասները բանալու եւ Պերլինի պատով իր համերկրացիներու անցումը թոյլատրելու իր որոշումը: Եակէր կը հսկէր սահմանային անցակէտը 9 Նոյեմբեր 1989 թը-ւականի այն ժամերուն, երբ Արեւելեան Գերմանիոյ առաջնորդները յայտարարեցին, որ մարդոց համար տեղաշարժման կանոնները կը փոխուէին: Երբ Պերլինի բնակիչները հաւաքուեցան պատին մօտ՝ պահանջելով անցնիլ դէպի արեւմտեան Պերլին, ան շարունակաբար հրահանգներ կը խնդրէր իր ղեկավարներէն, բայց ոչ մէկ պատասխան կը տրուէր իր հարցերուն:

Ի վերջոյ պերլինեան պատին մօտ հաւաքուած ամբոխը ստիպեց, որ ան գործի անցնի. «Այդ պահուն այնքան պարզ դարձաւ ինծի համար ամէն ինչ… Վերջապէս ես ինծի ըսի. «Կորսուեցէ՛ք բոլորդ: Հիմա ես կ՚ընեմ այն, ինչ որ ճիշդ կը համարեմ»: Այդ պահը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ կրնան փողոցային ցոյցերը երբեմն քաղաքական փոփոխութիւններու պատճառ դառնալ: Անոնք կրնան յղում ընել աւելի խորը թաքնուած բարոյականութեան եւ այդպէսով համոզել իշխանաւորները՝ փոխել քաղաքականութիւնը, հրաժարիլ ճնշիչ ձեւերէն եւ դադարեցնել ուժի կիրառումը:

Ես Եակէրի մասին մտածեցի այս շաբաթ, երբ Հայաստանի վարչապետը զարմացուց ամբողջ երկիրը ու հրաժարական տուաւ: Սերժ Սարգսեանը Հայաստանի նախագահն էր արդէն տասը տարի, 2008-էն մինչեւ 2018 թուականը: Սարգսեան իր իշխանութեան վրայ մնալը ապահովելու համար ստեղծած էր քաղաքական ու առեւտրական բազմապիսի կապեր: Պաշտօնը լքելու սպասման մէջ ան փոխած էր որոշ կանոններ. ուժեղացուցած էր վարչապետի իշխանութիւնը եւ կազմակերպած էր, որ խորհրդարանը զինք ընտրէ այդ պաշտօնին համար: Այդ յայտնի աճպարարութիւն է. Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Թուրքիոյ նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանը նման խաղեր խաղացած են՝ անցում կատարելով նախագահութենէն վարչապետութիւն՝ իշխանութեան վրայ մնալու համար:

Հայերը հասկցած էին այդ ամէնը: Տասնմէկ օր շարունակ բազմութիւնը ցոյցերու մասնակցած էր իշխանութեան զաւթման այդ փորձին դէմ՝ մայրաքաղաքի մէջ եւ այլուր: Յետոյ, անակնկալ կերպով, Սարգսեան հրաժարական տուաւ. «Ես սխալ էի», յայտարարեց ան: «Փողոցի շարժումը իմ իշխանութեան դէմ է: Ես կը կատարեմ ձեր պահանջը», ըսաւ ան։ Անակնկալի եկած հայերը կրկին փողոցները լեցուցին, այս անգամ խրախճանքի համար: Թոմաս տը Վաալ, որ Հայաստանի վերաբերեալ քանի մը գիրքերու հեղինակ է, ըսած է, որ Սարգսեան հաշուի առաւ այն փաստը, թէ Հայաստանը «փոքր երկիր է՝ ազգային համերաշխութեան ուժեղ զգացումներով»: Մէկ այլ հնարաւոր գործօն է այն, որ վերջին անգամ, երբ հայերը փողոցային լայնածաւալ բողոքի ցոյցեր կազմակերպած էին, 2008 թուականի Մարտին, եւ ոստիկանութեան գործողութիւններուն որպէս արդիւնք զոհուած էին տասը քաղաքացիներ: Հաւանաբար Սարգսեան «չէր ցանկացած կրկնել այդ փորձառութիւնը»: Որն ալ ըլլայ իրական պատճառը, քաղաքական ցոյցերը հասան իրենց նպատակին Հայաստանի մէջ: Ինչպէս աւելի վաղ տարբեր պատճառներով նոյնը կատարուած Պերլինի (1989) եւ Ուքրայնոյ մայրաքաղաքը՝ Քիեւի մէջ (2014):

Բողոքի ցոյցերը ստիպեցին հարցականի տակ առնել երկրի գլխաւոր ղեկավարին օրինականութիւնը: Եւ սա, ցաւօք սրտի, ոչ սովորական բան է:

Իւրաքանչիւր յաջողած ժողովրդավարականամէտ փողոցային ցոյցին զուգահեռ ես կրնամ նշել գոնէ նոյնքան ձախողած շարժումներ: Մոսկուայի մէջ 2012-ին, Հոնկ Քոնկի մէջ 2014-ին, Վարշաւիոյ մէջ 2015-ին: Կամ Վենեզուելլայի մէջ 2014, 2015, 2016 ու 2017 թուականներուն: Երբեմն այս ցոյցերը կը ձախողին, որովհետեւ անոնց պահանջները շատ լայն են: Երբեմն ալ կը ձախողին, որովհետեւ վարչակարգը կը դիմէ բռնութիւններու՝ զանոնք արգիլելու համար եւ մարդիկ կը վախնան: Երբեմն ալ կը ձախողին, որովհետեւ բաւարար չէ հասարակական վայրերը «գրաւուած» պահելը: Որոշ ժամանակ անց մարդիկ կը յոգնին, համաքաղաքացիները կը ցանկան փողոցները ազատ տեսնել եւ բոլորը կը մտածեն՝ աւելի ճիշդ է երթալ իրենց աշխատանքին: Բայց ամենէն աւելի անոնք կը ձախողին, քանի որ չկայ Եակէրը, չկայ Սերժ Սարգսեանի պէս մէկը, եւ վարչակարգը կը հրաժարի լսելէ: Իշխողը յաջողութեամբ կ՚արատաւորէ ցուցարարները՝ ըսելով, որ անոնք ներկայացուցչական ու հայրենասէր չեն, կամ ալ օտարներու կողմէ վարձուած են: Փոխանակ տպաւորուէր մարդոց անկեղծութեամբ ու անոնց զանգուածով, Փութինը 2012-ի ցուցարարները համարեց ամերիկեան խարդաւանքի ցուցադրութիւն, եւ նոյնը ըրին չինացիները՝ 2014-ին Հոնկ Քոնկի ցուցարարներու պարագային: Եւ սա նաեւ միայն միապետական վարչակարգերուն յատուկ մարտավարութիւն չէ. ամերիկացի «պահպանողականները» նոյնպէս կը պնդէին, որ զէնքերու ազատ վաճառքի դէմ անցեալ ամիս բողոքող ցուցարարներուն վճարած են այդ բողոքի ցոյցերը կազմակերպելու համար: Երբ այդ գործողութիւններէն չեն տպաւորուիր մարդիկ՝ ցոյցերը, քայլերթները կամ «փողոցներ զաւթել»ու շարժումները կը դառնան անբաւարար: Բաւարար չէ միայն ըլլալ այնտեղ: Այդ շարժումը կա՛մ պէտք է միանայ, կա՛մ ինքը պէտք է ստեղծէ նոր քաղաքական կուսակցութիւն, հրապարակի առաջնորդները պէտք է դառնան քաղաքական գործիչներ: Ժողովրդավարական համակարգերու մէջ անոնք պէտք է յաղթեն ընտրութիւններուն: Բռնատիրական պետութիւններու մէջ անոնք պէտք է այլ մեթոտներ կիրառեն իշխող կուսակցութենէն անոնց համակիրները վանելու համար: Քաղաքական «վաքումներու»ն (պարապութեան) մէջ, որու մենք հիմա ականատես կ՚ըլլանք Հայաստանի մէջ, անոնք ռազմավարութիւն պէտք է ունենան: Փոփոխութեան ցանկութիւնը աւելի արդար հասարակութիւն ստեղծելու ուժի փոխակերպելը աւելի երկարաժամկէտ խաղ է, որ կը պահանջէ երկար տարիներու քրտնաջան աշխատանք, ոչ թէ քանի մը ժամով տեղ մը կանգնիլ: Ցոյցերը կարեւոր են, նոյնիսկ եթէ անոնք չեն յաջողիր: Անոնք կ՚ոգեւորեն եւ համերաշխութիւն կը տարածեն: Երբեմն անոնք նաեւ կարեւոր արդիւնքներ կ՚արձանագրեն: Բայց ամենէն յաճախ, որպէս այդպիսին կարեւոր է յիշել, որ այդ բողոքի ալիքները բոլորովին բաւարար չեն, եթէ չեն կրնար օրինական դաշտ բերել «ամբոխներ»ուն պահանջները եւ ճանապարհներ գտնել զանոնք մշտական դարձնելու համար:

Ինչ ալ պատահի այսօր, արդէն յստակ է, որ Հայաստանի նոր առաջնորդը չի պատրաստուիր վերատեսութեան ենթարկել Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը, կամ նոյնիսկ վերանայիլ այն գործընթացներուն, որոնց ճանապարհով ալ Հայաստան կը շարունակէ մնալ «ռուսաստանեան ճամբար»ին մէջ:

Այս մէկը ոչ միայն դրական, այլ կենսագործական մօտեցում է իշխանութեան մը համար, որուն առաջին հիմնահարցը երկրի կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանումն է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 19, 2018