ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

Վստահութիւնը մարդկային փոխյարաբերական կեանքին ամենէն էական եւ յատկանշական երեւոյթներէն մէկն է, որու բացակայութեան պարագային այնքա՜ն կը շատնան հակառակութիւններն ու դժուարութիւնները: Մարդը, տրամաբանող էակ ըլլալով, միշտ կարիքը ունի իր կողքին ունենալու վստահելի անձ մը, կամ ինչու չէ անձեր, որոնց հետ կիսուելով, բաժնեկցելով իր յուզումներն ու մտորումները, կը փորձէ իր կեանքին ղեկը առաջնորդել դէպի բարին եւ դէպի ընկերայինը:

Վստահիլ կը նշանակէ հաւատալ, յարգել, նուիրուիլ, ենթարկուիլ, առընչուիլ, եւ այլն:

Վստահիլ կը նշանակէ անվերապահօրէն յանձնուիլ անոր՝ որուն հանդէպ վստահութիւն տածած ենք:

Վստահիլ կը նշանակէ հաւատարմութեան ուխտ հաստատել երկու անձերու միջեւ, որոնք թէեւ ֆիզիքապէս իրարմէ անջատ են, բայց իրենց մտածելակերպով, ապրումներով եւ յուզումներով յաջողած են աներեւոյթ՝ ներքին միութիւն մը կազմել, որու ճիշդ բացատրութիւնը միայն այդ անձերը կրնան տալ:

Վստահիլ կը նշանակէ լռութեան դափնեկիր դառնալ, որովհետեւ տածուած վստահութեան շնորհիւ շատ յաճախ մարդիկ իրարու այնպիսի գաղտնիքներ կրնան յայտնել, որոնց մասին շատ յաճախ տեղեակ եղողները երեք են. Աստուած եւ տուեալ երկու անձերը, որոնք վստահութեան շաղկապով միացած են իրարու:

Տակաւին, վստահիլ կը նշանակէ սիրել. շատերը կրնան զարմանալ այս միտքին համար, ըսելով, թէ ի՞նչ կապ ունին վստահիլն ու սիրելը իրարու հետ: Պատասխանը շատ պարզ է. ուշի ուշով հետեւեցէք Ս. Պսակը ստացած զոյգի մը կեանքին, եւ կը հասկնաք, թէ ի՜նչ խո՛րքային կապ ունին վստահիլն ու սիրելը իրարու հետ: Արդարեւ, պսակը կամ ամուսնութիւնը զոյգի մը ի՛նչ է ըստ էութեան, եթէ ոչ՝ վստահութեան խորունկ խարիսխ մը, որու վրայ պիտի գայ հաստատուելու նոր կեանքի մը արշալոյսը: Զոյգ մը երբ համաձայնութիւն կը յայտնէ Ս. Պսակի խորհուրդին միջոցաւ իրարու միանալու, այդ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ երիտասարդին եւ երիտասարդուհիին կողմէ զգացած այն իրական վստահութիւնը, որ տուեալ անձերու պատկերացմամբ, իրենց կեանքը կրնան իրարու վստահիլ եւ Ս. Պսակի խորհուրդի պահէն սկսեալ իրենց կեանքին ղեկերը միացուցած, պարտաւորութիւնը վերցնելն է միասնաբար զայն վարելու, հասնելու համար դէպի բարին, դէպի լաւը, դէպի գեղեցիկը (անշուշտ խօսքը այստեղ կը վերաբերի մաքուր սէրէ բխած միութիւններու մասին, եւ ո՛չ թէ հարստութեան, հանգիստի ու հաճոյքի համար իրականացած միութիւններուն, որոնց վախճանը անմիջապէս կը յաջորդէ նոր բացուած արշալոյսին):

Հիմնականին մէջ երկու տեսակի վստահութիւն կայ:

Առաջին. վստահութիւն Աստուծոյ նկատմամբ:

Երկրորդ. վստահութիւն մարդուն նկատմամբ:

ԱՌԱՋԻՆ. ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ

Վերնագիրը կարդալով՝ վստահութիւն Աստուծոյ նկատմամբ, բնականաբար կը հասկնանք մարդուն կողմէ տածուած վստահութիւն: Խորքին մէջ սակայն ճիշդ հակառակն է՝ Աստուծոյ կողմէ վստահութիւն մարդուն նկատմամբ, ինչ որ ճիշդ հասկնալու եւ ըմբռնելու պարագային կը վերածուի՝ վստահութիւն Աստուծոյ նկատմամբ:

Ինչո՞ւ համար Աստուծոյ կողմէ վստահութիւն մարդուն նկատմամբ: Եթէ ակնարկ մը նետենք ստեղծագործութեան վրայ, պիտի նկատենք, որ Արարիչն Աստուած Իր կատարած արարչագործութեան աւարտին, որպէս Իր ստեղծագործութեան պսակը ստեղծեց մարդը, օժտելով զայն բանականութեամբ եւ ազատ կամքով: Տակաւին, Արարիչը մարդուն «տէր եւ իշխան» կարգեց իր ողջ ստեղծագործութեան վրայ: Այլ խօսքով, Ամենաբարին Աստուած Իր ողջ ստեղծագործութիւնը վստահեցաւ մարդուն, որպէսզի ան խնամէ եւ հոգ տանի անոր վրայ: Մարդը սակայն, հակառակ իրեն վստահուածին, չկրցաւ պահել այդ նուիրական պատուէրը եւ անհնազանդութեան պատճառով կորսնցուց Աստուծոյ վստահութիւնը, որով Աստուած մարդը վտարեց դրախտէն (կարդա՛ Ծն 1-3 գլուխները): Արդարեւ, մարդը իր իսկ սխալին պատճառով կորսնցուց Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած վստահութիւնը:

Աստուած, սակայն, մարդը դրախտէն արտաքսելէն ետք առանձին եւ անօգնական չձգեց մարդը, ընդհակառակը, միշտ Իր հայրական պատուէրներով եւ թելադրութիւններով առաջնորդեց մարդուն կեանքը, հակառակ այն իրողութեան, որ մարդկութեան շատ փոքր տոկոս մըն էր, որ կը հետեւէր Իրեն, իսկ մեծամասնութիւնը Իրմէ հեռու կեանք մը կ՚ապրէր, որ լեցուն էր անառակութեամբ եւ ամէն տեսակի մեղքերով ու պղծութիւններով: Այս բոլորով հանդերձ, Ամենաբարին Աստուած ցուցաբերեց Իր հայրութիւնը եւ որպէսզի մարդկութիւնը փրկէ յաւիտենական կորուստէն, Իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ, որպէսզի Անոր միջոցով փրկէ մարդկութիւնը: Աստուծոյ Միածին Որդին, մեր Տէրն ու Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս աշխարհ գալով եւ իրագործելով Իր փրկագործական ծրագիրը՝ վերահաստատեց այն վստահութիւնը, զոր Աստուած շնորհած էր առաջին մարդուն՝ Ադամին:

Վերահաստատեց այդ վստահութիւնը Իր երեքամեայ առաքելութեան ընթացքին, Իր ուսուցումներով, տուած պատուիրաններով եւ օրինակներով, որ կնքեց սակայն Իր երկինք համբարձման ժամանակ պատուիրելով Իր աշակերտներուն. «Ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ Ինծի երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ: Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, այնպէս ալ Ես ձեզ կը ղրկեմ: Հետեւաբար, գացէ՛ք եւ բոլոր ժողովուրդները Ինծի աշակերտ դարձուցէք: Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրանները, որ Ես ձեզի տուի. եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մտ 28.18-20): Քրիստոս այստեղ առաջին հերթին Իր ունեցած իշխանութեամբ Իր աշակերտները դէպի աշխարհ կը ղրկէ: Աշակերտները, որոնք անցնող երեք տարիներու ընթացքին վայելած էին Անոր ներկայութիւնը, Անոր խօսքերուն քաղցրութիւնը եւ միաժամանակ երբեմն դառնութիւնը, հիմա, երբ Իրենց Ուսուցիչը՝ Վարդապետը, կը վերանար իրենցմէ, նո՛ր պատուէր մը կը ստանային Անկէ, երթալ դէպի աշխարհ:

Երթալ ի՞նչ ընելու սակայն: Պատասխանը շուտով կը հետեւի. «Գացէ՛ք եւ բոլոր ժողովուրդները Ինծի աշակերտ դարձուցէք»: Արդ, Քրիստոս Իր առաքելութեան երեք տարիներու ընթացքին, արդէն յաջողած էր Իր աշակերտներուն մէջ սերմանել այն սերմերը, որոնք տարածուելով աշխարհի չորս կողմը, լաւագոյնս պիտի աճէին եւ պտղաբերէին, եւ այդ գիտութեամբ էր, որ Տէրը Իր աշակերտներուն կատարեալ վստահութեամբ աշխարհ կը ղրկէր, որպէսզի ամբողջ մարդկութիւնը իրենց աշակերտ դարձնէին: Քրիստոս, Իր այս պատուէրով, Իր աշակերտներուն այնպիսի նուիրական վստահութիւն մը կը պարգեւէր, որով անոնք Իր դեսպանները դառնալով, մարդիկը պիտի առաջնորդէին դէպի փրկութիւն, դէպի յաւիտենականութիւն:

Շատեր կրնան ըսել սակայն, որ Քրիստոս այդ վստահութիւնը միա՛յն Իր աշակերտներուն շնորհեց: Այո՛, Աւետարանին մէջ յստակ կերպով Տէրը Իր խօսքը Իր աշակերտներուն կ՚ուղղէ: Այստեղ սակայն պէտք է նկատի ունենալ նրբութիւն մը, որ շատ յաճախ մեր ուշադրութենէն կը վրիպի, այն է, որ Քրիստոս Ինք, հակառակ խաչ բարձրացուելուն եւ թաղուելուն, տակաւին կենդանի է եւ կը շարունակէ նախախնամել իր հետեւորդներուն եւ ամբողջ մարդկութեան կեանքը: Արդարեւ, Ի՛նք կենդանի ըլլալով, Իր հիմնած Եկեղեցին ալ կենդանի է եւ անոր անդամները ապրող մարդիկ են: Ապրող՝ ներկայիս, սակայն որոնք անքակտելի կերպով կապուած են իրենց նախնիներուն հետ, ժառանգելով անոնցմէ թողուած հոգեւոր, բարոյական եւ ամէն տեսակի արժէքներն ու սկզբունքները: Հետեւաբար, այդ ժառանգութեան մէջ է նաեւ մեր Տիրոջ Իր աշակերտներուն ուղղած վերոնշեալ պատգամը, երթալ եւ մարդկութիւնը Իրեն աշակերտ դարձնել, որով այդ պատգամը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի պարտաւորութիւնն ու կոչումն է, այլ խօսքով, նուիրական պարտաւորութիւն մը, որ մեր Տիրոջ կատարեալ վստահութեան դրսեւորումն է, մեր՝ Իր հետեւորդներուն հանդէպ: Վստահութիւն մը, որ շատ պարզ եւ դիւրաւ գործադրելի պարտաւորութիւն մը դրած է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի ուսին, որն է քարոզել՝ վկայել Քրիստոսի մասին, Անոր աշխարհ բերած բարի լուրին մասին, որ «Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ՝ յաւիտենական կեանք ունենայ: Որովհետեւ Աստուած Իր Որդին աշխարհ ղրկեց՝ ո՛չ թէ որպէսզի աշխարհը դատապարտէ, այլ՝ որպէսզի աշխարհը փրկէ» (Յհ 3.16-17):

Քրիստոս Իր զոհագործումով վերահաստատեց Աստուծոյ վստահութիւնը մարդուն նկատմամբ: Այլ խօսքով, դարձեալ մարդուն շնորհեց այն վստահութիւնը, որու ճիշդ օգտագործման պարագային, մարդ պիտի կարենայ իր կեանքը առանց դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու ապրիլ: Բնականաբար, կեանքը պատկերացնել առանց դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու հնարաւոր չէ, սակայն այդ դժուարութիւններն ու փորձութիւնները իրենց ազդեցութիւնը կը կորսնցնեն, երբ մարդ զինուի եւ իր մէջ զգայ Աստուծոյ կողմէ Իրեն շնորհուած վստահութիւնը, որովհետեւ այդ աստուածային վստահութեամբ, ան ի զօրու կը դառնայ յաղթահարելու որեւէ դժուարութիւն ու փորձութիւն: Այդ վստահութեան գիտակցութեամբ էր, որ Պօղոս առաքեալ քաջաբար կը յայտարարէր ըսելով. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8.31), այլ խօսքով, եթէ Աստուծոյ վստահութեամբ սպառազինուած ենք, եթէ վստահութիւն ունինք, որ մեր իւրաքանչիւր քայլափոխին Աստուած մեր կողքին է, մեզի կը սատարէ, այլեւս ո՞վ կրնայ խանգարել մեր ընթացքը, որ կ՚ուղղուի դէպի յաւիտենական հանգիստ, դէպի փրկութիւն:

Մարդիկ, ամո՛ւր բռնեցէք աստուածային վստահութիւնը, որպէսզի ձեր ընթացքը չխափանուի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ

12 Յունիս 2018

Երեքշաբթի, Յունիս 19, 2018