ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅԵՐ (Ա.)
Նախորդող յօդուածներուս մէջ գրած էի, որ համշէնցիներուն մէջ կան երեք ենթաբաժանումներ։ Առաջին. իրենք զիրենք համշէնցի-թուրք համարողները։ Երկրորդ. իրենք զիրենք զուտ համշէնցի համարողները, որոնք համշէնեան ինքնութիւնը աշխարահագրականէ եւ մշակութայինէ ազգայինի կը բարձրացնեն։ Երրորդ. իրենք զիրենք համշէնահայ համարողները։
Եթէ նախապէս գրած էի համշէնցիի ինքնութեամբ հանդէս եկողներու մասին, այս եւ յաջորդող մի քանի յօդուածներուն ընդմեջէն պիտի ներկայացնեմ երրորդ տեսակին պատկանող որոշ անհատներ ու իրենց հետ հանդիպումներս։
Աշնանային անձրեւոտ օր մըն էր, երբ որոշեցի առաջին անգամ երթալ ՀԱՏԻԿի կեդրոն։ ՀԱՏԻԿը պոլսաբնակ համշէնցիներու կողմէ հիմնադրուած մշակութային-հասարակական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը նպատակադրէ մէկ կողմէ քաղաքի համշէնցիները իրար կապել, միւս կողմէ համշէնական լեզուն եւ մշակոյթը վառ պահել։ Հիմնադիրները որոշած են կազմակերպուիլ ի տես պոլսաբնակ համշէնցիներու մշակութային ուծացման վտանգին։
Վոսփորի ալիքներու հետ օրօրուող նաւով պէտք է անցնէի Եւրոպական ափէն Ասիական ափ եւ մտնէի Գատըգիւղ, ուր կը գտնուէր կեդրոնը։ Ինծի խոստացած էր դիմաւորել համշէնահայ Մ.-ն, որուն մասին վստահաբար պիտի գրեմ յետագային։ Ժամադրավայրն էր Գատըգիւղի նաւամատոյցը։ (Ըսած էի, չէ՞, որ այս գեղեցիկ բառը սորված եմ պոլսահայերէն)։ Մ.-ն խիտ ու ճոխ մօրուքին մէջէն ժպտալով ձեռքը երկարեց ինծի, ըսաւ «բարեւ» հայերէնով (Համշէներէնի մէջ «բարեւ» չկայ, «մենք չենք բարեւեր, վայրենի ժողովուրդ ենք», կէս-կատակ կէս-լուրջ պիտի ըսէր Մ.-ն աւելի ուշ)։ Յետոյ աւելցուց, «պէ՞տք ես թա», որպիսութիւնս հարցնելով։ Ու քալեցինք դէպի ՀԱՏԻԿ։
Մտանք ներս. ամչկոտ ընդհանրական բարեւ մը տուի եւ ազատ աթոռ մը գտնելով տեղաւորուեցայ համշէնցիներու բազմութեան մէջ։ Քիչ ետք, աչքիս ծայրովը տեսայ, որ երիտասարդուհի մը Մ.-ի հետ կը խօսէր ինծի նայելով։ Շատ չանցած բաժնուեցաւ Մ.-էն եւ մօտեցաւ ինծի ու քովս նստաւ։ Թէեւ վստահ եմ արդէն գիտէր, բայց նիւթ բացած ըլլալու համար հարցուց, թէ արդէօք հա՞յ եմ։ Երբ հաստատական պատասխան տուի, շատ պարզօրէն ու առանց բարդոյթի արձագանգեց, որ ինքն ալ հայ է։ Յետոյ կանչեց քոյրիկը, որ նոյնքան խանդավառուեցաւ հայ ըլլալովս։ Վիճակն այնպիսին էր, որ կարծես երկու քոյրերը գանձ մը գտած ըլլային, կամ հազուադէպօրէն յայտնուող ոսկէ ձկնիկ մը, որմէ կը փորձէին քաղել այնքան, ինչքան հնարաւոր էր։ Ուրկէ՞ եկած եմ, Պէյրութ ինչո՞ւ հայեր կան, նախնիներս ուրկէ՞ գաղթած են, Հայաստան գացա՞ծ եմ, եւ այլն։
Եւ ամէն բանէ աւելի՝ լեզուական խաղ-հարցաքննութիւն մըն էր տեղի ունեցողը։ Թրքերէնի, հայերէնի, եւ համշէնահայերէնի խառնուրդով մը կը խօսէինք։ Բառեր կը փորձարկէին, տեսնելու համար, թէ իրա՞ւ այնքան նման են երկու լեզուները։ Եւ միաժամանակ կը զուարճանային ու յուզուէին՝ նմանութիւններ գտնելով։ Քիչ ետք, անդին նստած լաչակաւոր իրենց մօր դիմելով ըսին, որ ես հայ եմ, եւ առաջարկեցին հետս «մեր լեզուով» խօսիլ ու համոզուիլ, թէ համշէներէնի ու հայերէնի, համշէնցիներու եւ հայերու միջեւ կապեր կան։ Կինը կասկածամիտ եւ տատամսոտ նայեցաւ ինծի, ու որոշեց անտեսել աղջիկներուն առաջարկը։ Բայց երբ քոյրերը յամառեցան, մայրը ստիպուած համշէներէնով ըսաւ, որ այդ լեզուն չի գիտեր։ «Ես գիտեմ», ըսի անմիջապէս բարձրաձայն։ Եւ կինը սարսափահար բացաւ աչքերը՝ նախ վրաս, յետոյ աղջիկներուն նայելով։ Վերջիններս քահ-քահ մըն էր, որ ձգած էին…
Վերադարձանք մեր խօսակցութեան։ Քոյրերը ըսին, որ մեծ սերունդը չ՚ընդունիր, բայց իրենք կը գիտակցին, որ հայեր են։ Աղջիկներէն մէկը պատմեց ինչպէս այցելած է Անի, գիտակցելով անոր հայկական ըլլալը, ու նայած սահմանէն անդին եւ… յուզումով հայ հովիւները դիտած։ Միւսը պատմեց, թէ կը փորձէ «մեր հէքեաթները» հաւաքել, որպէսզի ձայնագրէ ու բաժնէ համշէնցի ծնողներու, որպէսզի երեխաները լսեն ու սորվին։ Ու խնդրեց օգնութիւնս այդ ծիրէն ներս, ըսելով, որ եթէ ես ալ «մեր հին հէքեաթներէն» գիտեմ, ապա կիսուիմ իրեն հետ։ Իր երեւակայութեան մէջ, ահաւասիկ, իրենց «մեր հէքեաթներ»ը եւ իմիններս նոյնն էին։ Ես իրենց «մենք»ին մաս կը կազմէի կարծես։ Զիս ու զիրենք նոյն մշակոյթին, նոյն ժողովուրդին մասնիկները կը համարէին։
Ջերմօրէն զրուցեցինք, յետոյ հրաժեշտ տուինք իրարու։
Իսկ մայրիկը, երբ դուրս կու գայի սենեակէն, լաչակին տակէն ամչկոտ ու թերահաւատ ժպիտով վրաս կը նայէր. կարծես աշխարհն իր տակնուվրայ եղած ըլլար։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ