ԸՆԴԾՈՎԵԱՅ ԹԱՆԳԱՐԱՆ
Ի՞նչ է թանգարանի մը նպատակը՝ եթէ ոչ արուեստով հետաքրքրուող այցելուներու առիթ ընծայել, որպէսզի անոնք ըմբոշխնեն հոն ցուցադրուած իրերու գեղեցկութիւնը, ընդլայնեն իրենց մտահորիզոնն ու զարկ տան իրենց երեւակայութեան։
Ուրեմն թանգարան այցելելը պէտք է ձեռնտու ըլլայ՝ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն համար։ Սակայն երբ այդ թանգարանը ընդծովեայ ըլլայ, ժողովուրդի քանի՞ տոկոսը կրնայ այցելել այդ հաստատութիւնը։ Նախ պէտք է լողալ գիտնաս եւ ապա կարենաս յատուկ գործիքներով (snorkel) սուզուիլ ծովուն յատակը, որպէսզի կարենաս վայելել հոն ցուցադրուած առարկաները։
Ահաւասիկ իւրայատուկ բայց անտրամաբանական նախաձեռնութիւն մը՝ մի ոմն բրիտանացի երիտասարդ քանդակագործ Ճեյսըն Թէյլըրի (Jason deCaires Taylor) կողմէ, որուն մասնագիտութիւնն է ընդծովեայ թանգարաններ հիմնել աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ։ Ճեյսըն Թէյլըր ուսումը ստացած է Լոնտոնի Արուեստից համալսարանին մէջ։
Արդարեւ ան աշխարհի վրայ առաջին ընդծովեայ թանգարանը հիմնած է՝ Կրենատայի (Grenada) Սեն Ճորճ ծոցին (Saint George՚s Bay) մէջ, 2006 թուականին։ Կրենատա 106 հազար բնակիչ ունեցող փոքր կղզի մըն է, Քարիպեան (Caribbean) ծովուն մէջ, իսկ այդ թանգարանը ցուցակագրուած է որպէս աշխարհի առաջին քսանհինգ հրաշալիքներէն մին՝ «Նէյշընըլ Ճէոկթաֆիք» (National Geographic) պարբերաթերթին կողմէ։
Քանդակագործ Ճեյսըն Թէյլըրի հիմնած ընդծովեայ յաջորդ թանգարանը կը գտնուի դարձեալ Քարիպեան ծովուն մէջ, բայց այս անգամ Մեքսիկոյի ծովեզերեայ Քենքուն քաղաքի հանդիպակաց Կիներու կղզիին (Isla Mujeres) մօտ։ Այդ թանգարանը հիմնուած է 2009 թուականին։
Հուսկ ապա Ճեյսըն Թէյլըր իր ընդծովեայ թանգարանները կառուցելու կ՚անցնի Քարիպեան ծովէն Ատլանտեան ովկիանոս եւ անոնց առաջինը կը հիմնէ Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգէն ոչ շատ հեռու՝ Պահամաս կղզիին մօտ։ Այդ թանգարանը բացուած է 2004 թուականին։
Ճեյսըն Թէյլըրի հիմնած ընդծովեայ թանգարաններէն վերջինին բացումը կատարուեցաւ Սպանիոյ մէջ, այս տարուայ Փետրուար ամսուն, բողոքի մեծ ալիք ստեղծելով սպանական շրջանակներէ ներս։ Այս մէկը առաջինն է Եւրոպայի մէջ։
Արդարեւ այդ թանգարանը հիմնուեցաւ Սպանիոյ պատկան Քանարեան կղզեխումբի (Canary Islands) Լանզարոթ կղզիին մօտ։ Հոն ցուցադրուած գործերը կը բաղկանան մարդկային մարմիններէ, որուն նպատակն է գրաւել բոյսերն ու անասունները, ստեղծելով մօտիկ յարաբերութիւն մը մարդոց եւ բնութեան միջեւ։
Լանզարոթ կղզիի պատկան մարմինները հպարտ են այդ թանգարանով, որովհետեւ ան զարկ պիտի տայ զբօսաշրջութեան։ Միւս կողմէ սակայն անոնք շատ մտահոգ են՝ որովհետեւ այդ թանգարանի շինութիւնը պետութան վրայ արժած է 700.000 եւրօ։
Քանդակագործ Թէյլըր ուզած է, որ այս թանգարանը ըլլայ յարգանքի տուրք մը անոնց, որոնք կը յաջողին, ինչպէս նաեւ անոնց՝ որոնց երազներն ու յոյսերը կը մնան ծովուն յատակը:
Իսկ հոն ցուցադրուած գործերէն մին կը ներկայացնէ քաղաքական հալածանքներէ փախուստ տուող կամ տնտեսական բարելաւ պայմաններ որոնող գաղթականներու տագնապը, որոնք դժուարին պայմաններու մէջ, իրենց նաւակով կը հասնին Իտալիոյ Լամփետուսա (Lampedusa) կղզին, իրենց զաւակներուն համար կերտելու փայլուն եւ յուսալից ապագայ մը՝ եւրոպական երկիրներու մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»