ԱՂՕԹՔ

Դուն երբ կ­­՚ա­ղօ­թես՝ մտի՛ր սե­նեակդ, գո­ցէ՛
դու­ռը 
եւ ծա­ծուկ կեր­պով ա­ղօ­թէ քու երկ­նա­ւոր
Հօրդ։ 
Եւ Հայրդ որ անս­տե­սա­նե­լի է ու կը տես­նէ
կա­տա­րածդ, 
քե­զի պի­տի հա­տու­ցա­նէ յայտ­նա­պէս
(Մտ 6.6)

Մարդ արարածի արարման առաջին օրէն իսկ աղօթքը ներկայութիւն եղած է մարդու կեանքին մէջ: Բնականաբար, անցեալին այն հասկացողութիւնը չէ ունեցած, ինչ որ ունեցաւ քրիստոնէութեամբ: Բազմաթիւ խորհողներու կողմէ աղօթքը սահմանուած է, որպէս խօսակցութիւն, երկխօսութիւն Աստուծոյ հետ, ուր մարդը ազատ կերպով յարաբերութեան մէջ կը մտնէ Աստուծոյ հետ, կը խօսի Անոր, իր մտահոգութիւնները, խնդրանքները եւ երախտագիտական խօսքերը կը յայտնէ Անոր: Տակաւին, աղօթքը մարդուն համար եղած է նաեւ բարեխօսելու միջոց, իսկ երբեմն ալ Աստուծմէ խնդրեու պատիժ ու պատուհաս: Մէկ խօսքով, դարեր շարունակ, մտածողներ, խորհողներ, փիլիսոփաներ, աստուածաբաններ եւ սովորական մարդիկ, իրենց փորձառութեան լոյսին տակ զանազան եւ տարաբնոյթ բացատրութիւններ տուած են աղօթք հասկացողութեան:

Քրիստոնէութեան աշխարհ մուտքով սակայն, աղօթքը աւելի խօսուն եւ յստակ հասկացողութիւն ստացաւ: Մարդուն մօտեցումն ու ընկալումը աղօթքին նկատմամբ փոխուեցաւ եւ մարդը սկսաւ տարբեր կերպով աղօթել, տարբեր կերպով դիմել Աստուծոյ: Եթէ մինչ քրիստոնէութիւնը աղօթքը կ՚ուղղուէր անտեսանելի Աստուծոյ, Քրիստոսով, մարդը հասկցաւ եւ ըմբռնեց, թէ Որո՛ւ կ՚աղօթէ եւ Որո՛ւ հետ կը խօսի:

Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, այսպէս կը բնութագրէ աղօթքը. «Աղօթքը բառ եւ խօսք չէ, մարդ կրնայ շատ բան խօսիլ, բայց չաղօթել, կրնայ սակայն ո՛չ մէկ բառ արտասանել եւ սակայն զգացումով աղօթել: Նոյնիսկ բառերուն շատութիւնը աղօթողին ձանձրոյթ կը պատճառէ: Յիսուս կ՚ըսէ. «Միշտ աղօթեցէք, բայց մի՛ ձանձրանաք»: Աղօթքը այն զգացումն է, որ մարդը իր Արարիչին հետ կը կապէ, եւ, աղօթելու իղձն անգամ աղօթք է»: Բաւական հետա-քըրքրական բնութագրութիւն մըն է աղօթքի մասին, ուր հայրապետը հիմնական երկու գաղափարներ կը շօշափէ: Առաջին՝ շատ չշատախօսել աղօթքի ժամանակ, որովհետեւ բառերու շատութիւնը կարեւոր չէ, այլ՝ զգացումը, եւ երկրորդ, ըստ հայրապետին, մարդու ներաշխարհին մէջ երբ աղօթելու փափաք կը ծնի, արդէն իսկ տուեալ անձը աղօթական վիճակի մէջ կը յայտնուի եւ կը կապուի իր Արարիչին հետ:

Քրիստոնէութեան Գլուխն ու անկրկնելի Ուսուցիչը Քրիստոս, խօսելով աղօթքի մասին, այսպէս կը ներկայացնէ զայն. «Նմանապէս, երբ կ՚աղօթես, կեղծաւորներուն մի՛ նմանիր, որոնք կը սիրեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու անկիւնները կեցած աղօթել, որպէսզի մարդիկ իրենց աղօթելը տեսնեն։ Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը։ Դուն երբ կ՚աղօթես՝ մտի՛ր սենեակդ, գոցէ՛ դուռը եւ ծածուկ կերպով աղօթէ քու երկնաւոր Հօրդ։ Եւ Հայրդ որ անստեսանելի է ու կը տեսնէ կատարածդ, քեզի պիտի հատուցանէ յայտնապէս։

Տակաւին, երբ կ՚աղօթէք, մի՛ շատախօսէք հեթանոսներուն նման, որոնք կը կարծեն որ եթէ շատ խնդրեն՝ լսելի պիտի դառնան։ Արդ, մի՛ նմանիք անոնց, որովհետեւ ձեր Հայրը գիտէ ինչ որ պէտք է ձեզի, նոյնիսկ երբ տակաւին իրմէ խնդրած չէք» (Մտ 6.5-8): Ահաւասիկ աղօթքի ամենէն ճշգրիտ եւ ամենէն կատարեալ ձեւը.

ա) Աղօթել՝ առանց կեղծաւորներուն նմանելու:

բ) Աղօթել՝ ներքին մարդով, ծածակաբար, վստահ ըլլալով, որ ծածուկ բաները Քննողը, սիրով կը լսէ ծածուկ կերպով կատարուած աղօթքը:

գ) Աղօթել՝ առանց շատախօսելու:

դ) Աղօթել՝ այն վստահութեամբ, որ երկնաւոր Հայրը, գիտէ մեր կարիքները:

Առանձին-առանձին անդրադառնանք.

ա) Աղօթել՝ առանց կեղծաւորներուն նմանելու. Մեր Տիրոջ Իր աղօթքի մասին տուած առաջին բացատրութիւնը այն է, որ մարդ երբ կ՚աղօթէ, պէտք չէ կեղծաւորներու նման աղօթէ, որոնք ինչպէս մեր Տէրը կը նկարագրէ, կը սիրեն իրենց աղօթքները ընել ի ցոյց մարդկանց: Տիրոջ թելադրութիւնը յստակ է, որ մարդ արարածին կողմէ որեւէ աղօթք պէտք է պարտ ու պատշաճ ըլլայ Անոր՝ Որուն հասցէագրուած է մեր աղօթքը: Այսինքն՝ մարդ առաջին հերթին պէտք է գիտակցի, որ Անոր, որուն ինք կ՚աղօթէ, Ամենագէտ է եւ աւելին՝ մարդուն սիրտն ու խորհուրդները քննող Աստուած է եւ գիտէ մարդուն իւրաքանչիւր մտածումը կամ գաղափարը, նոյնիսկ երբ մարդ տակաւին չէ ըսած զայն: Այս պատճառով ալ, Քրիստոս կը թելադրէ, որպէսզի աղօթողները կեղծաւորներուն չնմանին, մարդոց հաճոյք պատճառելու կամ մարդոց աչքին երեւալու համար չաղօթեն, որոհետեւ «միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը» (Մտ 6.5):

Այսպէսով մեր Տէրը մարդու կը ձգէ ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութիւնը: Ան մեր առջեւ յստակ կերպով կը պարզէ, թէ ի՛նչ է վարձատրութիւնը կեղծաւորութեամբ աղօթելուն, հրապարակներու եւ կամ ժողովարաններու մէջ ի ցոյց մարդոց կանգնած աղօթելու:

Այստեղ կ՚արժէ նաեւ անդրադառնալ մերօրեայ աղանդաւորներուն եւս, որոնց հասցէին կարծես գրուած ըլլան այս տողերը: Մերօրեայ աղանդաւորները՝ փարիսեցիները արդարեւ կը սիրեն ի ցոյց մարդոց իրենք զիրենք ներկայացնել, որպէս աղօթողներ, կը ծնկեն, ձեռքերը կը բանան, կ՚երթան-կու գան, շատերը նոյնիսկ արցունքներ կը թափեն, այնքան՝ որ մարդ երբեմն կը տարուի մտածելու, թէ այդ ամէնը անկեղծ է, բայց երբ աղօթքի «ժամը» աւարտի, յաջորդ վայրկեանն իսկ, կը նկատես, որ քիչ առաջուան «աղօթող»ները փաստօրէն գիշատիչ գայլեր են, որոնք ո՛չ զԱստուած կը ճանչնան եւ ոչ ալ Աստուծոյ հետ առընչութիւն ունին: Ահաւասիկ կեղծաւորներու նման աղօթողներու կենդանի օրինակ՝ աղանդաւորները:

Զգոյշ պէտք է ըլլալ սակայն եւ այնպէս չհասկնալ, որ մեր Տիրոջ հետեւեալ խօսքերը արգելք են հրապարակային վայրերու մէջ աղօթելու: Այս ուղղութեամբ Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ. «Եթէ հոգիդ անպարկեշտ կիրքերէ մաքուր է, հետեւաբար փողոցին մէջ ըլլաս կամ ճանապարհին, դատարանին մէջ ըլլաս կամ ծովուն, հիւրանոցի մէջ ըլլաս կամ արհեստանոցին, միեւնոյնն է, ուր որ ալ ըլլաս, դուն կրնաս զԱստուած կանչել եւ խնդրածդ ստանալ»: Այսինքն՝ մարդ երբ իր սիրտը, միտքը ու հոգին մաքրած մօտենայ Աստուծոյ եւ սկսի Անոր հետ խօսիլ, կարեւոր չէ այլեւս վայրը, ո՛ւր որ ան կը գտնուի, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ բազմամարդ վայրի մէջ ալ գտնուի, իր շուրջինները չե՛ն նկատեր, որ ան կ՚աղօթէ, որովհետեւ այդպիսներուն համար կարեւորը ո՛չ թէ շուրջիններուն գիտնալն է, այլ՝ Աստուծոյ համար ընդունելի ըլլալն է իրենց աղօթքը:

Դարձեալ նոյն հայրապետին վկայութեամբ՝ այն մասին, թէ Աստուծոյ համար աղօթելու վայրը կարեւոր չէ, այլ՝ մարդուն միտումը: Ոսկեբերանը կը գրէ. «Եկէք չարդարանանք՝ ըսելով, թէ աղօթելը դիւրին չէ այն մարդուն համար, որ թաղուած է առօրեայ գործերու մէջ եւ շրջակայքին մօտիկ աղօթատուն չի գտներ։ Ուր ալ ըլլաս՝ դուն կարող ես սեփական աղօթասեղան ունենալ. ատիկա մեծ տեղ չի պահանջեր, ոչ ալ երկար ժամանակ։ Թէեւ դուն ծունկի չես գար, կուրծքդ չես ծեծեր, ձեռքերդ երկինք չես կարկառեր, այլ՝ միայն ջերմ հոգիդ ցոյց կու տաս, ապա՝ ատով իսկ կը կատարես այն ինչ որ անհրաժեշտ է աղօթքին։ Չէ՞ որ կարելի է, ի վերջոյ, փողոց ելլել եւ առանձինն քալելով՝ ջերմեռանդութեամբ աղօթել։ Կարելի է արհեստանոցին մէջ նստիլ եւ կօշիկ կարել, սակայն հոգին Տիրոջ առջեւ բանալ։ Կարելի է թէ՛ ծառայած ժամանակ եւ թէ առեւտուր կատարած ժամանակ, վար կամ վեր իջած-ելած ժամանակ, խոհանոցին մէջ աշխատած ժամանակ, երբ կարելի չէ եկեղեցի երթալ, անկեղծ եւ ջերմեռանդութեամբ աղօթել։ Աստուած տեղէն չի՛ խորշիր, այլ՝ միայն մէկ պահանջ ունի, բորբո՛ք սիրտ եւ կեդրոնացա՛ծ հոգի»:

Կեղծաւորաբար աղօթելու անօգտակարութեան մասին դարձեալ մեր Տէրը հետաքրքրական օրինակ մը տուած է մեզի, փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առակին միջոցաւ: Արդ, Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Այս առակն ալ պատմեց անոնց, որոնք իրենք իրենց համար այն համարումը ունէին, թէ արդար են եւ ուրիշները կ՚արհամարհէին։

-Երկու հոգի տաճար գացին աղօթելու. մէկը՝ փարիսեցի, միւսը՝ մաքսաւոր։ Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ՚աղօթէր. «Աստուած իմ, շնորհակալ եմ Քեզմի՝ որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափշտակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս մաքսաւորին պէս ալ չեմ։ Այլ՝ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ»։ Իսկ մաքսաւորը հեռուն կեցած, աչքերը առանց վեր բարձրացնելու՝ կուրծքը կը ծեծէր եւ կ՚ըսէր. «Աստուա՜ծ, ներէ՛ մեղաւորիս մեղքերուն»։

«Կ՚ըսեմ ձեզի,- եզրակացուց Յիսուս,- մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ փարիսեցին, որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Ղկ 18.9-14):

Մաքսաւորին եւ փարիսեցիին այս առակը վստահաբար շատերուն ծանօթ է, եւ ամենէն դիպուկ բացատրութիւնն է մեր Տիրոջ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ աղօթքի մասին ըսածին, թէ՝ «երբ կ՚աղօթես կեղծաւորներուն մի՛ նմանիր, որոնք կը սիրեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու անկիւնները կեցած աղօթել, որպէսզի մարդիկ իրենց աղօթելը տեսնեն: Վստահ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը»։ Այս առակին մէջ որովհետեւ ականատեսը կը դառնանք, թէ ինչպէս փարիսեցին տաճարին մէջ կանգնած ինքն իր գովքը կը կատարէր Աստուծոյ առջեւ՝ անարգելով մաքսաւորը, որ տաճարի մէկ անկիւնը կանգնած, իր ամօթէն գլուխն անգամ չէր բարձրացներ, ու կը խնդրէր Աստուծմէ, որպէսզի ներէ՛ իրեն: Եզրակացնելով՝ մեր Տէրը կ՚ըսէ իր աշակերտներուն, թէ մաքսաւորն է, որ արդարացած տուն գնաց, իսկ փարիսեցին, ինչպէս Մատթէոսի Աւետարանի տողերուն մէջ կարդացինք, իր վարձատրութիւնը արդէն իսկ ստացած եղաւ այստեղ՝ աշխարհի վրայ, այսինքն՝ աշխարհի գանձ դիզեց եւ ո՛չ թէ երկնային՝ անանցանելի գանձ: Եւ Տէր Յիսուս աղօթքի մասին այլ կարեւոր բացատրութիւն մը կու տայ այստեղ ըսելով, թէ՝ «ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ», այսինքն աղօթող հոգին ո՛չ թէ ինքզինք պիտի բարձրացնէ, ինքն իր գովքը պիտի կատարէ, ընդհակառակը աղօթող հոգին ամենայն խոնարհութեամբ պիտի ապաւինի Աստուծոյ ողորմութեան, խնդրելով Անկէ, որպէսզի ազատէ զինք մեղքերէն եւ զօրացնէ, կարենալ դիմակայելու ամէն տեսակ չարի յարձակումներուն: Խոնարհ հոգիով աղօթողի կերպարն է, որ մեր Տէրը մաքսաւորին միջոցով ցոյց կու տայ մեզի: Մեր ժողովուրդը եւս ունի իր այդ մաքսաւորը՝ խոնարհ հոգիով աղօթողը, յանձինս Ս. Գրիգոր Նարեկացիի, որու հեղինակած «Մատեան ողբերգութեան» աղօթամատեանը կենդանի վկայ մըն է դարերէ ի վեր խոնարհ սիրտով եւ հոգիով աղօթելու, Աստուծոյ հաճոյ կերպով աղօթելու, Աստուծոյ կամքին համաձայն աղօթելու: 

Մեր Ս. Եկեղեցւոյ Ս.Հայրապետը՝ Յովհան Մանդակունին այսպէս կը գրէ այս մասին. «Աղօթքի ընթացքին բազմաթիւ խօսքերու հիւսուածքներ պէտք չեն. մաքսաւորը մէկ անգամ բարբառեց եւ անոր աղօթքը ընդունելի եղաւ եւ իր մեղքերուն բազմաքանքար բեռները թեթեւցուց»:

Արդարեւ, երբ կ՚աղօթենք, կեղծաւորութեամբ չաղօթենք, այլ՝ մաքուր սիրտով եւ անկեծ հոգիով, վստահ ըլլալով, որ Աստուծոյ ուզածը այդ է: Տակաւին, երբ կ՚աղօթենք չշատախօսենք, որովհետեւ երբ մարդ իր աղօթքը կ՚երկարէ, ակամայ կերպով կը շեղի իր բուն նպատակէն եւ իր աղօթքը կը վերածուի շատախօսութեան: Աղօթքի կանգնած ատեն արդարեւ, մեր հոգին ու սիրտը բանանք Աստուծոյ առջեւ եւ թոյլ տանք, որ մեր հոգին խօսի իր Արարիչին հետ:

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ, 9 յուլիս 2018

Հինգշաբթի, Յուլիս 19, 2018