ՍԻՐԷ՛, ԲԱՅՑ ԻՆՔՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԴ ՄԷԿ ԿՈՂՄ ԴԻՐ

Շատերու համար ժամանակավրէպ եւ նոյնիսկ այլեւս անիրագործելի թուացող այս խորագիրը գլխաւոր բանալիներէն մին է, որուն միջոցաւ կրնաս խաղաղութիւն կոչուած գանձատան դուռը բանալ եւ անոր հարստութիւններով լիացնել ընդհանուր մարդկութիւնը։ Ներկայ դարը այնքան զարգացած է, որ մարդիկ կեանքի ամէն բնական երեւոյթ կնճռոտած են, բարդացուցած ու մոռացութեան տուած։ Անոնք իրենց փոխյարաբերութիւնը հիմնած են միայն շահի ու շահագործութեան վրայ։

Պահ մը կը նայիս չորսդիդ կատարուող երեւոյթներուն եւ իսկոյն դուն քեզի հարց կու տաս. ինչո՞ւ այսքան տագնապ եւ դժբախտութիւն՝ մարդոց ձեռքով, երբ բոլոր մարդիկ հաւասարապէս քաջ գիտեն, թէ վախճան մը ունին եւ անոր կը դիմեն քայլ առ քայլ, րոպէ առ րոպէ։ Ինչո՞ւ համար խռովքն ու անվերջ ալեկոծութիւնը մարդկային կեանքին մէջ մարդոց կողմէ, երբ բոլորը անխտիր լաւ կը ճանչնան անցաւոր բնոյթը այս ժամանակաւոր կեանքին։ Ինչո՞ւ այնքան անիրաւութիւն եւ անարդարութիւն, բռնութիւն ու բռնաբարութիւն, ինչո՞ւ այնքան ոճիր եւ սպանութիւն, փլուզում ու աւերածութիւն անհատ թէ հաւաքական մարդոց կողմէ մարդոց հանդէպ, երբ մեռնիլ կայ եւ նոյն հասարակաց անխուսափելի վախճանը դարանի մը նման կը սպասէ բոլորին եւ բոլորն ալ անխտիր օր մը հող պիտի իջնեն ու փոշիանան։

Պարզ է պատասխանը։ Մարդիկ իրենց մարմնաւոր ըլլալու բնութեամբն իսկ, նիւթապաշտ, աշխարհամոլ են եւ բուռն կերպով կառչած են նիւթական բարիքներու, զգայարանական հաճոյքներու եւ վայելքներու։ Այս իրողութեան բերումով, առաւելագոյն նիւթական բարիքներ եւ վայելքներ ապահովելու համար՝ կը զրկեն, կ՚անիրաւեն, կը բռնադատեն, կը յափշտակեն, առանց խղճահարութեան՝ հետեւեալ ախտաւոր եւ եսամոլ հոգեբանութեամբ. «Ես միայն իմ անձս կը ճանչնամ, միայն իմ անձիս բարիքը գիտեմ, զիս շահագրգռողը միայն իմ անձիս վայելքն է, ուրիշները հոգս չեն, ի՛նչ կ՚ուզեն թող ըլլան»։

Անձնասիրութեան այս ախտն է ահա, որ բոյն դրած է մարդոց սրտին ու հոգիին մէջ, տեւական տագնապի եւ խռովքի մէջ կը պահէ մարդկութիւնը, կը վերացնէ փոխադարձ սէրն ու յարգանքը, կը խախտէ փոխադարձ վստահութիւնը, կը չքացնէ խաղաղութիւնը եւ աշխարհի վրայ կեանքը բոլորովին կը շեղէ իր բուն ընթացքէն ու նպատակէն՝ զայն վերածելով անստուգութեան եւ անձկութեան մատնուած խռովայոյզ կեանքի մը, փոխանակ ապահովութեան ու խաղաղութեան մէջ ծաղկող երանական երջանիկ կեանքի մը։ Իսկ եսասիրութեան ծնունդ տուող ախտերը՝ ատելութիւնը, նախանձը, անվստահութիւնը, քինախնդրութիւնը, չարախնդութիւնը սիրոյ գլխաւորագոյն հակառակորդներն են, որոնք արմատախիլ կ՚ընեն ընդոծին քու մէջդ սերմանուած աստուածադիր առաքինութիւններն ու աստուածատուր շնորհքները։

Հոգեբան Ճերեմի Նիքըլսըն (Jeremy Nicholson) իր աշխատասիրութեանց մէկուն մէջ խօսելով անվերապահ եւ անշահախնդիր սիրոյ մասին՝ կ՚ըսէ. «Սէրը մարդ արարածի յոյզերու մէկ մասն է, որ կապուած է մեր մտքին ու հոգիին հետ։ Իմ կատարած հետազօտութիւններս ցոյց տուած են, որ շատեր սէրը կ՚ընկալեն որպէս մտքի ծնունդ եւ երեւակայութիւն։ Այդպիսիները ինքնախաբէութեամբ խարխափող մարդիկ են, որոնք իրենց կեանքին մէջ սիրոյ ինչութիւնն ու տարողութիւնը երբեք չեն կրնար հասկնալ։ Անխարդախ սէրը ուրախութեան աղբիւր եւ ապրում է, զոր մարդը աւելի կենսունակ եւ լաւատես կը դարձնէ…։

«Ինծի դիմող մարդիկ ալ կան, որոնք իրենց շրջապատէն շարունակ կ՚անարգուին եւ կ՚անտեսուին եւ որոնք ժամանակ մը ետք չարացած են եւ կամ ջղագրգիռ վիճակի մատնուած։ Շատեր կը մոռնան, որ նման տկար անձնաւորութիւններ մեր կաթիլ մը սիրոյն կարիքը ունին եւ ոչ թէ մեր քմծիծաղին եւ անարգանքին։ Իսկական սէրը մեր «ես»ը մէկ կողմ դնել է եւ մեր նմանակիցին «ես»ին հետ նոյնանալ է։ Ի՞նչ օգուտ երբ կը յայտարարենք, թէ մեր ընկերը կը սիրենք, սակայն անոր օգնութեան չենք հասնիր։ Այսպիսով «սէր» ըսուածը անիմաստ, աննպատակ եւ անհեռանկար երեւոյթի մը կը վերածուի»։

Սիրելի՛ բարեկամ, եթէ անկեղծ ու մաքուր մարդ ես, գթասիրտ եւ անկողմնակալ ընկեր մըն ես, այդ պարագային քու նմանակիցդ որեւէ մէկ ակնկալիքով, շահախնդրութեամբ չես սիրեր, ոչ ալ միայն գեղեցիկ դէմք եւ բարեմասնութիւններ ունեցող մարդոց կ՚ընկերակցիս։ Քեզ սիրողին սիրելը դրուատելի արարք է, բայց քեզ չսիրողին ներելը ու սիրելը՝ քաջագործութիւն։ Իր կեանքը բարեգործութեամբ եւ սիրով տոգորած մարդը ձեռք կը կարկառէ բոլորին, տխուրներն ու աղքատները կը սփոփէ, զրկեալներն ու չքաւորները կը մխիթարէ, անուղղելին կ՚ուղղէ եւ անարգուածին տէր կը կանգնի։

Այս աշխարհին մէջ կան բազմատեսակ սէրեր, բայց անոնք գլխաւորաբար երեք տեսակ են. պայմանաւորուած սէր, պատճառաւորուած սէր եւ անկեղծ սէր։ Պայմանաւորուած սիրոյ գլխաւորագոյն զէնքը «եթէ»ն է։ Այս խումբին պատկանող մարդոց կեանքը «եթէ»ներով ու հաշուարկներով ողողուած է։ Անոնք մարդիկը կը դիտարկեն ոչ թէ որպէս գոյակ, այլ որպէս թիւ եւ շահի աղբիւր։ Պատճառաւորուած սիրոյ մակդիրը «երբ»ն է։ «Երբ» պայմանագրով սկսած նախադասութիւնները միշտ ալ շահի եւ ակնկալիքի վրայ հիմնուած նախադասութիւններ են, որոնք մարդուս մտահայեացքը, սեւեռակէտը ամբողջապէս ջրած են։ «Երբ» անուանեալ ոլորապտոյտ ճամբաներով հարթուած մօտեցումները մարդս ամբողջապէս կը պարունակազրկեն իր մարդկութենէն եւ զինք կը դարձնեն աննպատակ կեանք ապրող անբան անասունի։ Իսկ անկեղծ սէրը չունի յետին նպատակ, ակնկալիք, խարդախութիւն, կեղծաւորութիւն եւ շահախնդրութիւն, այլ ունի մէկ նպատակակէտ՝ Աստուած։

Թմբուկ զարնողները եւ կեանքի «ուսուցիչ»ները սիրոյ մասին այնքա՜ն լոլոզուած ճառախօսութիւններ կը կարդան, որ երբեմն կը կարծես, որ շրջապատդ քեզ կը սիրէ եւ բարիքդ կը կամենայ։ Այսօր, դժբախտաբար մարդիկ կը խօսին միայն սիրոյ մասին, բայց զայն կեանքի չեն կոչեր։ Սիրելու, սիրոյ բարիքներու եւ անհրաժեշտութեան մասին կը խօսին, բայց այդ բոլորը միայն խօսքի զսպանակին մէջ սահմանափակուած կը մնան։ Ոմանց լեզուները անդադրում կերպով եւ ամէնուրեք սէր կը քարոզեն, սակայն նմանօրինակ մարդոց հոգիները ատելութեան մաղձով տոչորուած են եւ գերի՛ն դարձած։

Յաճախ կը զբաղինք ըսի-ըսաւներով, որովհետեւ հեռու ենք Աստուծոյ խօսքէն։ Նախանձ ունինք, որովհետեւ չենք գործադրեր Քրիստոսի այն խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս» (Ղկ 10.27)։ Անհանդուրժող ենք, որովհետեւ մենք զմեզ անսխալական ու ամենագէտ կը կարծենք։ Կ՚անարգենք մեր նմանը, որովհետեւ Աստուծոյ պատկերը չենք տեսներ մեր ընկերոջ մէջ։ Կը բամբասենք, որովհետեւ կ՚ուզենք մեր յանցանքները ծածկել։ Սակայն միւս կողմէ, անպայմա՛ն ժամանակ կը գտնենք վատ խորհուրդներ մշակելու, մոլութեանց անձնատուր ըլլալու, բամբասող շրթներուն յաւելեալ լորձունք մատակարարելու, վատերուն գործակից դառնալու, չար ծրագիրներէ հաճոյք առնելու, անսանձ կիրքերով հաճոյանալու, ոչ պատուաբեր ուղիներէ ընթանալու, այլոց թերութիւնները քննադատելու, ծաղրանքի գինիով արբենալու եւ չարին լծակից դառնալու…։ Միշտ մտաբերէ՛, որ նման մտածելակերպեր ու խորհուրդներ միայն չարի՛ն կը վայելեն, միայն խաւարաբնակներո՛ւ յատուկ են, եւ ոչ թէ մեզի՝ քրիստոնեաներուս։ Միթէ մոռցա՞նք, որ մեր մօրը որովայնէն մերկ ծնանք ու մերկ ալ պիտի երթանք։ Միթէ մոռցա՞նք, որ առանց Աստուծոյ ոչինչ ենք եւ մեր ունեցած չնչին գիտութիւնը դրամագլուխ ընելով՝ կը ծախենք ասոր-անոր։ Ինչ որ ենք, Աստուծոյ կը պարտինք։

Երբեք մի՛ մոռնար, որ Աստուած սէր է։ Ամէն ինչի ստեղծիչն ու արարիչը ըլլալով՝ ամէն բան Աստուծմով կ՚իրականանայ եւ իր վախճանաբանական իմաստը կը գտնէ Աստուծոյ մէջ։ Աստուած աշխարհը սիրով ստեղծեց եւ արարեց, սա նշանակ է, որ ամէն բանի սկզբնակէտը եւ մեկնակէտը սէրն է, որ կեանքի վարար աղբիւրն է եւ կեանքի ընթացք տուող ուժը։ Աստուած սիրելը առկախ եւ անիմաստ սէր մը կը դառնայ առանց մարդը սիրելու։ Աստուած սիրելու մարտահրաւէրը մարդը սիրելն է, քեզի հանդէպ իր առթած բոլոր դժուարութիւններուն մէջ։ Մարդը սիրելու պատկերին կրկնօրինակն է Աստուած սիրելը։ Այն սէրը, որ կ՚ուզես Աստուծոյ հանդէպ տածել, եթէ հաւասարապէս արտայայտես նմանիդ հանդէպ, մեծ փոփոխութիւն մը յառաջացուցած կ՚ըլլաս անձնական կեանքիդ ու շրջապատիդ մէջ։

Մարդիկ իրե՛նք է որ մեր սիրոյն կարօտ են եւ ո՛չ թէ Աստուած։ Յովհաննէս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ով որ չի սիրեր իր եղբայրը՝ որ կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել զԱստուած՝ որ չի տեսներ» (Ա.Յհ 4.20)։ Անտեսանելիին հանդէպ մեր սէրը կ՚ապացուցուի տեսանելիին հանդէպ մեր ցուցաբերած սիրով։ Ի՞նչ օգուտ երբ սէր կը ցուցաբերես Աստուծոյ հանդէպ, որուն կարօտ չէ բնաւ, եւ սիրոյ ո՛չ մէկ նշոյլ մարդոց, որուն այնքան կարօտ են։ Ի՞նչ օգուտ երբ կը սիրես զԱստուած, բայց չես սիրեր մարդը, որուն սիրոյն համար Աստուծոյ սիրտը սրախողխող եղաւ խաչին վրայ։ Ինչո՞վ կ՚օգտուիս, երբ սիրոյ անթիւ մարգարիտներ ունիս քու սրտիդ մէջ, մինչ շրջապատդ լի է սիրոյ անթիւ «մուրացկան»ներով։

Քրիստոս խօսելով սիրոյ մասին՝ կ՚ըսէ. «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք իրար։ Ինչպէս որ ես ձեզ սիրեցի՝ դուք ալ իրար սիրեցէք։ Ձեր իրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք»։ Բոլոր պատուիրաններու պարագլուխը սէրն է, որմէ ծնունդ կ՚առնեն թէ՛ հաւատքը եւ թէ յոյսը, թէ՛ ողջտմութիւնը եւ թէ խաղաղութիւնը, թէ՛ իրերօգնութիւնը եւ թէ հանդուրժողութիւնը, թէ՛ գթասրտութիւնը եւ թէ համեստութիւնը…։ Աստուածորդին այլուր կ՚ըսէ. «Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները եւ աղօթեցէք անոնց համար՝ որոնք ձեզի նեղութիւն կը պատճառեն» (Ղկ 6.27-28)։ Որքան ալ խոտորինք Աստուծոյ ճամբէն եւ սայթաքինք, Աստուած մեզ միշտ գրկաբաց կ՚ընդունի։ Ան ամէն նոր օր կրկին կը սիրէ մեզ, կարեւոր չէ Անոր համար որ երէկ ինչ էինք։ Նոյնպէս ալ փորձութեանց ենթարկուած մեր եղբօր, մեր թշնամիին, իր տան ճանապարհը կորսնցուցած թշուառին վրայ չխնդանք, չանարգենք, չանպատուենք, այլ ընդհակառակը գուրգուրանք եւ սէր տածենք, որովհետեւ անոնք ալ սիրոյ կարիք ունին։ Պետրոս առաքեալ եղբայրսիրութեան կոչ կ՚ընէ՝ ըսելով. «Ամէն ջանք ըրէք՝ որ ձեր հաւատքով առաքինութիւն ձեռք բերէք, առաքինութեամբ՝ գիտութիւն, գիտութեամբ՝ ժուժկալութիւն, ժուժկալութեամբ՝ համբերութիւն, համբերութեամբ՝ աստուածպաշտութիւն, աստուածպաշտութեամբ՝ եղբայրսիրութիւն, եղբայրսիրութեամբ՝ սէր» (Բ.Պտ 1.5-7)։

Օր մը, իշխանի մը զաւակը, ընկերներով ձի նստած, որսի կ՚երթայ անտառները։ Ճամբան կը հանդիպի խրճիթի մը, որուն մէջ կը տեսնէ պժգալի վէրքերով բորոտ մը եւ անոր քովը՝ հիւանդը խնամող գեղեցիկ օրիորդ մը։ Իշխանազունը եւ իր հետեւորդները պահ մը կը սահմռկին ի տես այս սրտաճմլիկ տեսարանին։ Ապա, իշխանի որդին հարց կու տայ օրիորդին եւ կ՚ըսէ.

-Արդեօք հա՞յրդ է այս հիւանդը, որուն համար յանձն առած ես զոհել կեանքդ։

-Ո՛չ հայրս է, ոչ ալ ազգականս։

-Ո՛վ գիտէ, որքա՜ն սուղ կը վճարեն քեզի այս մեծ զոհողութեանդ համար։

Աղջիկը կ՚ըսէ.

-Կրնա՞ս ինծի ըսել, թէ որքան է վարձքս։

-Հազար ոսկի, երկու հազար ոսկի։

-Ո՜չ, ո՜չ։ Ես խե՞նթ եմ, որ հազար, երկու հազար ոսկիի համար իմ երիտասարդութիւնս զոհեմ։

Իշխանիկը ճարահատ կը խնդրէ հիւանդապահուհիէն, որ ինք ըսէ իսկական գումարը։

-Այս աշխատանքներուս փոխարէն եթէ բոլոր աշխարհի հարստութիւններն ալ ինծի տային, յանձն չէի առներ խնամել այս հիւանդը։ Աստուծոյ հանդէպ ունեցած անհուն սէրն է, որ զիս մղեց այս գործին։ Իմ վարձքս երկնքի յաւիտենական երջանկութիւնն է։

Սիրելի՛ ընթերցող, մահէդ ետք Աստուած քեզի պիտի չհարցնէ, թէ դրամատան հաշիւդ ո՞րքան էր, ոչ ալ անձնական նախասիրութիւններուդ մասին հարցում պիտի ուղղէ քեզի, այլ պիտի հարցնէ, թէ ինչպէ՞ս վարուեցար մարդոց հետ, մանաւանդ երբ անոնք կարիքի մէջ էին։ Միշտ յիշէ՛, որ սէրը կացութեան մը եւ դէպքի մը դրսեւորումը չէ, այլ գործադրութիւն եւ յարաշարժ շարժում է։ Սէրը համագումարն ու շաղախն է բոլոր առաքինութեանց, որովհետեւ «Սէր ունեցողը համբերատար կ՚ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ։ Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անպատշաճ վարմունք չ՚ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ՚ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ՚ըլլայ ճշմարտութեան։ Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ» (Ա.Կր 13.4-7)։

Առ այդ, հասիր տապալած ընկերոջդ օգնութեան ինչպէս պիտի հասնէիր մէկ հատիկ զաւկիդ, որ խեղդամահ ըլլալու վտանգին ենթակայ է։ Ձեռք կարկառէ թշուառին ու կեղեքեալին, ինչպէս եթէ տղմոտ հորի մը մէջ ինկած ըլլայիր, պիտի ուզէիր ուժեղ ձեռքեր։ Եղիր ճշմարիտ քրիստոնեայ ընկերասէր մը, որպէսզի արժանանաս փառաց պսակին։ Պտղունց մը սէրը կրնայ քու եւ նմանակիցիդ կեանքը ամբողջապէս փոխակերպել՝ կեանքի բարութեամբ, շողով ու լոյսով լեցնելով։ Սիրէ եւ սիրոյ շեփորահարը դարձիր ամէնուրեք…

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2018