ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՁԳՏՈՒՄ ԵՒ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ

Դարերէ ի վեր, բայց յատկապէս՝ ներկայ ժամանակներուն, մարդիկ կը ձգտին երջանկութեան եւ զանազան ձեւերով կը փորձեն հասնիլ անոր: Կը հասնի՞ն, կարելի՞ է հասնիլ, հասնողներ եղա՞ծ են, ինչպէ՞ս: Հարցումներ, որոնք տարաբնոյթ պատասխաններ ունին, երբեմն ալ չունին: Ոմանք չեն նշմարեր, որ այդ ձգտումին մէջ երբեմն երջանիկ կ՚ըլլան, իսկ անգլիացի փիլիսոփայ Պ. Ռասըլ ըսած է. «Կարելիի՛ն ձգտումը մարդս կ՚երջանկացնէ»:

Երջանկութեան բնաբանով յօդուած մը հրապարակած է Ֆիւչըր կայքը: Կը ներկայացնենք հատուածներ:

*

ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԱՄԵՆԷՆ ԱՐԱԳ ՃԱՄԲԱՆ ԹԵՐԵՒՍ ԲԱՆ ՄԸ ՉԸՆԵԼՆ Է

Հոգեբանական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ մենք որքա՛ն շատ կը ձգտինք երջանիկ ըլլալ, այնքան քիչ հաւանական է, որ մենք հասնինք այդ նպատակին:

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷՔ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄԸ

Շատերու համար ատիկա անողոք ճամբորդութիւն է, եւ որքան ճիգ ի գործ դնէք մտնելու, այնքան աւելի շատ դուրս կու գաք: Նկատի առէք Էլիզապէթ Կիլպերթի հետեւեալ դրուագը՝ մեծ ժողովրդականութիւն վայելած «Կե՛ր, աղօթէ՛, սիրէ՛» գիրքէն, որուն մէջ ան կը յիշատակէ քանի մը խորհուրդ՝ իր կուրուէն (կրօնական ուսուցիչ եւ հոգեւոր առաջնորդ, հինտու): «Երջանկութիւնը անձնական ջանքերու արդիւնք է: Դուք կը պայքարիք անոր համար, կը ձգտիք անոր, կը պնդէք եւ երբեմն նոյնիսկ կը ճամբորդէք ամէն տեղ, կը փնտռէք զայն», կը գրէ ան: «Դուք պէտք է անողոք մասնակցիք ձեր սեփական շնորհներու դրսեւորումներուն: Եւ երբ հասնիք երջանիկ վիճակի, դուք պէտք է մեծ ջանքեր գործադրէք, որպէսզի յաւերժ լողաք այդ երջանկութեան մէջ, եւ որպէսզի ծփաք անոր վերեւ: Եթէ այդ չընէք, կը լքէք ձեր բնածին գոհունակութիւնը»:

Մինչ այսպիսի վերաբերմունք մը կրնայ ոմանց համար օգտակար ըլլալ, սակայն գիտական վերջին ուսումնասիրութիւն մը կը նշէ, որ այդ նոյնպէս կրնայ հակառակ հարուածը հասցնել բազմաթիւ ուրիշներու՝ առաջնորդելով ճնշուածութեան, առանձին զգալու եւ անձնական ձախողութեան: Ըստ այս տեսակէտին, երջանկութիւնը լաւագոյնս կը դիտուի իբրեւ երկչոտ թռչուն. որքան շատ կը ձգտիս բռնել զայն, թռչունը այնքան աւելի կը հեռանայ:

Այս արդիւնքները կ՚օգնեն բացատրել այն ծանօթ ճնշումը եւ յուսախաբութիւնը, զորս ոմանք կը զգան յատուկ միջոցառումներու ժամանակ, ինչպիսիք են՝ ծննդեան տարեդարձը, Սուրբ Ծննդեան տօները կամ Ամանորը: Բայց ուսումնասիրութիւնը նոյնպէս խոր հետեւանքներ կ՚ունենայ ձեր երկարատեւ բարեկեցութեան համար՝ որոշ օգտակար ուղղութիւն տալով ձեր կեանքի աւելի ընդարձակ նպատակները ձեւաւորելու համար:

ԻՆՔԶԻՆՔԻՆ ՕԳՆԵ՞Լ, ԹԷ՞ ԱՐԳԵԼՔ ԸԼԼԱԼ

Հոգեբան Իրիս Մուս կ՚ըսէ, որ ինք ոգեշնչուած է ինքզինքին օգնելու գիրքերէն, որոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուած են վերջին քսանամեակին, եւ որոնցմէ շատեր երջանկութիւնը ներկայացուցած են իբրեւ գոյութեան կենսական գործօն: «Ուր որ նայիք, կը տեսնէք գիրքեր, որոնց մէջ գրուած է, թէ երջանկութիւնը որքա՜ն կարեւոր է ձեզի համար, եւ ինչ պիտի ընէք, գրեթէ իբրեւ պարտականութիւն, աւելի երջանիկ ըլլալու համար», կ՚ըսէ ան: Բայց արդեօք այս հատորները մարդիկը յուսախաբ չեն դարձնե՞ր:

«Մարդիկ ասիկա ընելու համար պէտք է իրենց երջանկութեան համար շատ բարձր չափանիշ մը հաստատեն: Անոնք կրնան մտածել, որ պէտք է ամէն վայրկեան երջանիկ ըլլալ, կամ՝ ծայրայեղ երջանիկ, եւ ասիկա կրնայ պատճառ դառնալ, որ մարդիկ իրենք իրենցմէ յուսախաբ ըլլան՝ նկատելով, որ այդ աստիճան երջանիկ չեն»:

Հոգեբան Իրիս Մուս կը կարծէ, որ մարդիկ եթէ ուղղեն պարզ հարցում մը՝ «Որքա՞ն երջանիկ եմ ես», ասիկա կրնայ ստեղծել ինքնագիտակցութիւն, որ կը կասեցնէ այն զգացողութիւնները, որոնք դուք կը փորձէք զարգացնել:

Իրիս Մուս այլ հոգեբաններու հետ գործակցելով՝ այս գաղափարը ստուգեց ուսումնասիրութիւններու շարքով մը:

Օրինակ, մանրամասնեալ հարցաթերթիկով մասնակիցներէն խնդրեց գնահատել հետեւեալ խօսքերը.

- Իմաստալից կեանք մը ունենալու համար ես պէտք է միշտ երջանիկ զգամ:

- Ես կը գնահատեմ կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցածները, իրերը միայն այնքանով, որքանով ատոնք կ՚ազդեն իմ անձնական երջանկութեանս վրայ:

Ինչպէս կը սպասուէր, խումբը պարզեց, որ մասնակիցները որքան աւելի ուժեղ կը հաստատեն այդ տրամադրութիւնները, այնքան նուազ բաւարարուած կ՚ըլլան իրենց ներկայիս կեանքով:

Պատկերը բարդ էր մասնակիցներուն հանգամանքներով: Մարդոց համար, որոնք վերջերս զգացած էին ճնշուածութիւն պատճառող իրադարձութիւններ, օրինակ՝ անազնուութիւնը, երջանկութեան հանդէպ վերաբերմունքը ոչ մէկ նշանակութին ունէր: Ուրեմն երջանիկ ըլլալու ցանկութիւնը պարտադիր չէ, որ դուք ձեզ աւելի վատ զգաք, երբ ձեր հանգամանքներն իսկապէս ծանր են, բայց ատիկա կրնայ մեղմել գոհունակութեան զգացողութիւնները, որոնք, բնականաբար, կրնան յառաջանալ, երբ ժամանակները լաւ են:

Մուսի եւ անոր գործընկերներուն յաջորդ քայլը այն էր, թէ արդեօք իրենք կրնա՞ն շահարկել մարդոց վերաբերմունքը՝ կարճ ժամանակամիջոցի հեռանկարի մէջ փոխելու իրենց երջանկութիւնը: Այս ընելու համար անոնք մասնակիցներուն կէսէն խնդրեցին կարդալ թերթի կեղծ յօդուածը, որ կը պատմէ երջանկութեան կարեւորութիւնը, մինչ վերահսկիչ խումբը կը կարդար նման յօդուած՝ «լաւ դատողութեան» օգտակարութեան մասին, առանց զգացումի ակնարկութիւն ընելու: Ապա խումբը մասնակիցներէն խնդրեց դիտել յուզիչ շարժապատկեր մը՝ Ողիմպիական խաղերու յաղթանակի մասին եւ յետոյ հարցումներ ուղղեց անոնց զգացումներուն մասին: Անգամ մը եւս անոնք նկատեցին հեգնական ազդեցութիւն. շարժապատկերը աւելի նուազ հաւանական էր, որ վեր մղէր տրամադրութիւնը այն մարդոց, որոնք նախատեսուած էր, որ ցանկային աւելի մեծ երջանկութիւն՝ համեմատած չէզոք յօդուածը կարդացած մարդոց հետ:

Կը թուի, որ երջանկութեան մասին կարդալը ուղղորդած է մասնակիցներու ակնկալութիւնները, թէ ինչպէ՛ս պէտք է զգան «լաւ», երբ լաւատես եւ յուսադրող որեւէ բան կը դիտեն, ուրեմն անոնք անընդհատ կը հարցնէին, թէ ի՞նչ կը զգան: Երբ անոնց իրական զգացումները չհասան այդ չափանիշներուն, անոնք աւարտեցին շարժապատկերը աւելի յուսախաբ, քան՝ խանդավառ:

Դուք հաւանաբար այսպէս զգացած էք հարսանիքի կամ թանկարժէք ճամբորդութեան մը նման մեծ իրադարձութեանց ժամանակ. որքան աւելի շատ կ՚ուզէք վայելել իւրաքանչիւր վայրկեանը, այնքան աւելի նուազ հաճելի կ՚ըլլայ ատիկա, մինչ ոչ շատ հեռուները անսպասելի պտոյտ մը շատ աւելի դրական փորձառութիւն մը կ՚ըլլայ: Մուսի ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ այս իրողութիւնը կրնայ վերաբերիլ ձեր կեանքի բազմաթիւ այլ ոլորտներուն:

Մուս փաստած է, որ երջանկութեան ձգտումը (եւ հետապնդումը) նոյնպէս կրնան աւելցնել առանձնութեան եւ անջատուած ըլլալու զգացողութիւնը, թերեւս՝ այն պատճառով, որ ատիկա ձեզի կը ստիպէ ուշադրութիւն սեւեռել աւելի ձեր զգացումներուն վրայ, քան՝ գնահատել ձեր շուրջը գտնուող մարդիկը: «Ինքնակեդրոնացումը կրնայ ստիպել ինծի աւելի քիչ զբաղիլ այլ մարդոց հետ, եւ ես կրնամ դատել այլ մարդիկը աւելի ժխտական, եթէ ես հաւատամ, որ անոնք կը խաթարեն երջանկութիւնս», աւելցուց Մուս:

Այս ազդեցութիւնները այստեղ վերջ չեն գտներ: Տարեսկիզբին պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, որ երջանկութեան գիտակից հետապնդումը կրնայ հակահարուած յառաջացնել՝ մեզ մղելով խորհելու, թէ ժամանակը կը փախչի:

Ուսումնասիրութիւններէն մէկուն ընթացքին մասնակցողներէն պահանջուեցաւ թուել 10 բաներ, որոնք կեանքի մէջ զիրենք երջանիկ պիտի ընէին (որոնք կրնան ըլլալ ամենէն պարզ բաները, օրինակ՝ շաբաթը քանի մը ժամ ընտանիքին հետ անցընելը): Ապագայի մասին լաւատեսութեան զգացողութիւն յառաջացնելու փոխարէն՝ ատիկա մասնակիցներուն ճնշուածութիւն պատճառեց, յատկապէս՝ սահմանափակ ժամանակամիջոցի մը մէջ այդ տասը բաները կատարելու, եւ արդիւնքը եղաւ այն, որ անոնք նուազ երջանիկ եղան: Ասիկա ճիշդ չէր ըլլար, եթէ անոնք պատրաստէին ցուցակը այն բաներուն, որոնք այժմ զիրենք երջանիկ կը դարձնէ: Բուն խնդիրը իրենց երջանկութիւնը մեծցնելու ցանկութիւնն էր:

Ըստ հոգեբաններու, խնդիրն այն է, որ երջանկութիւնը մշուշապատ եւ շարժող նպատակ կը հանդիսանայ. շատ դժուար է զգալ, որ հասած էք առաւելագոյն երջանկութեան, եւ նոյնիսկ եթէ գոհ կը զգաք, կ՚ուզէք երկարաձգել այդ զգացողութիւնները: Արդիւնքը այն կ՚ըլլայ, որ դուք միշտ աւելին պէտք է ընէք: «Երջանկութիւնը հաճելի բան մըն է, որ ես հիմա կրնամ վայելել, կը վերածուի ծանրաբեռնող բանի մը, որ ես ստիպուած եմ շարունակել աշխատիլ աւելի ու աւելի, եւ՝ աւելի յաճախ»:

Յիշել Էլիզապէթ Կիլպերթի «Կե՛ր, աղօթէ՛, սիրէ՛» գիրքին բացատրութիւնը. «Ուժեղ ճիգը՝ միշտ լողալու դէպի վեր այդ յաւիտեան երջանկութեան մէջ, ծփալու անոր վերեւ»: Ճի՛շդ այսպիսի մտածումն է, որ մեզ իսկապէս աւելի նուազ երջանիկ կը դարձնէ, կ՚ըսեն ուսումնասիրող հոգեբանները:

Ասոնք պէտք չէ նկատուին՝ հոգեկան առողջութեան լուրջ խնդիրներու, ինչպէս՝ ճնշուածութեան, բուժումը չքաջալերող արդիւնքներ. դարմանական խնդիր ունենալու պարագային, միշտ աւելի լաւ է դիմել մասնագիտական օգնութեան: Ըստ հոգեբաններու, այս ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները պատճառ չեն, որպէսզի մենք խուսափինք կեանքի մեծ որոշումներէ, որոնք իսկապէս կրնան բարելաւել ձեր սեփական բարեկեցութիւնը, օրինակ՝ բռնացող ընկերոջմէ մը բաժնուիլը: Երբեմն մենք իսկապէս պէտք է կեդրոնանանք մեր անմիջական երջանկութեան վրայ:

Եթէ դուք կը դիմագրաւէք կեանքի մեծ մարտահը-րաւէր մը, այդուհանդերձ, այս ազդեցութիւնները մեզ կրնան մղել վերատեսութեան ենթարկելու մեր դիրքոշումը եւ վերաբերմունքը: Ընկերային ցանցերը մեզ յատկապէս կը ծանօթացնեն այլ մարդոց ուռճացուած, գունազարդուած կեանքերուն: Ասիկա մեր մէջ կը մեծցնէ աւելի երջանիկ, աւելի հետաքրքրական կեանք ապրելու մեր ցանկութիւնը: Ըստ հոգեբաններու, մենք աւելի երջանիկ կ՚ըլլայինք, եթէ լաւ եւ բովանդակալից կեանքի մը սահմանումը ընելու ատեն չնայէինք ուրիշներուն:

«Եթէ ընկերային ցանցը ձեզի անընդհատ կը յիշեցնէ ձեր ընկերոջ հիանալի պտոյտները կամ շքեղ ընթրիքներու պահերը, կը կարծեմ, որ այդ կրնայ իբրեւ յիշեցում ըլլալ, որ այլ մարդիկ ձեզմէ աւելի երջանիկ են, եւ դուք կրկին սկսիք երջանկութեան ձգտելու այդ նպատակը հետապնդելու», ըսաւ հոգեբան, բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Ս. Մակլիոն: «Ես կը կարծեմ, որ երջանկութեան այս ցանկութիւնը այս օրերուն կը մեծնայ», աւելցուց ան:

Ըստ հոգեբան Մուսի, բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ բացայայտած են, որ մարդիկ, որոնք, այսպէս կոչուած, մեր բարօրութեան համար թշնամի ժխտական զգացումներու հանդէպ փոխանակ մնայուն կերպով պայքարելու՝ «ընդունելի» մօտեցում կը ցուցաբերեն, իրականութեան մէջ երկարատեւ ժամանակի վրայ աւելի գոհ կ՚ըլլան իրենց կեանքէն: «Երբ դուք կը ձգտիք երջանիկ ըլլալ, դուք կրնաք դառնալ վճռական եւ չընդունելով բացասական բաները ձեր կեանքին մէջ՝ դուք ձեզ կը յանդիմանէք երջանկութեան հետ չհամապատասխանող զգացումներու համար», կ՚ըսէ ան: Այդ պատճառով ան խորհուրդ կու տայ որդեգրել աւելի անդրդուելի վերաբերմունք՝ կեանքի վերելքներու եւ անկումներու նկատմամբ, որոնց պարագային, դուք վատ զգացողութիւնները կ՛ընդունիք իբրեւ խուսափողական իրադարձութիւններ՝ փոխանակ փորձելու ատոնք ամբողջութեամբ վերացնել:

Ասոնցմէ ոչ մէկը կրնայ հերքել, որ որոշ փոքր հնարքներ, օրինակ՝ «երախտագիտութեան հանդէս» պահելը եւ ուրիշներու հանդէպ բարութիւն ցուցաբերելը, կը մեծցնեն ձեր բարեկեցութիւնը, յատկապէս՝ եթէ անոնք պատճառ կը դառնան միշտ ճանչնալու ձեր գոհունակութիւնը (գոյութիւն ունին օրական 10 վայրկեաննոց վարժանքներ՝ ձեր երջանկութիւնը բարձրացնելու):

Բայց մի՛ ակնկալէք մեծ, անմիջական բարձրացում ձեր տրամադրութեան եւ փորձեցէք միշտ չհարցնել, թէ ինչպէ՛ս կը զգաք:

Երջանկութիւնը իսկապէս երկչոտ անասունի նման է: Եւ անգամ մը, որ դադրիք զայն հալածելէ, կրնաք պարզապէս գտնել, որ ան, բնականաբար, կը յայտնուի իր կամքով:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019