«Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը»՝ Ուրախութեամբ Ընթերցուելիք Գործ Մը
Նոր գիրք մը ունենալը աշխարհի ամենէն լաւ զգացումներէն մէկն է, քանի որ ընթերցողին յոյս կը ներշնչէ, թէ՝ ան նոր աշխարհ մը պիտի ճամբորդէ գիրքի էջերուն ընդմէջէն: Գիրքին բովանդակութիւնը` իր կարգին, բայց գիրքը ինքնին` կողքիը, կողքի նկարը, էջերուն որակը, էջադրումը, տառատեսակը՝ ամբողջութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունին գիրքի ընծայելիք փորձառութեան:
Երբ իմացայ, որ Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւնը «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» խորագրով հրատարակութեան մը ձեռնարկած է, հետաքրքրութիւնս արթնցաւ. նախ՝ քանի որ Կիրակնօրեայ վարժարան յաճախած օրերուս նման հրատարակութիւն մը գոյութիւն չունէր, ապա՝ որովհետեւ վերջապէս նոր սերունդի ընտանիքները, որոնք կլանուած են դրամատիրական աշխարհով, իրենց տրամադրութեան տակ ունին իրենց համար պատրաստուած ձեռնարկ մը: Արդարեւ, վերնագրէն ակներեւ է, որ հրատարակութիւնը ջանք խնայած պէտք չէ ըլլայ մատակարարելու 21-րդ դարու մշակոյթին մաս կազմող սերունդի մը, որ ամէն բանի կ՚ուզէ առանց արգելքներու տիրանալ, ըլլայ ատիկա առարկայ, գիտութիւն, թէ կարողութիւն:
Եւ ճիշդ էր ենթադրութիւնս:
«Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» արդարացիօրէն այն հրատարակութիւնն է, որ մանուկ ու պատանի ընթերցողին ձեռքերուն մէջ կը դնէ Աստուածաշունչը՝ արդիականացած: Աստուածաշունչ կարդալը լուր կամ վէպ կարդալու չի նմանիր: Ընթերցողը հոգեպէս ու մտապէս պատրաստ պէտք է ըլլայ Աստուծոյ շունչին՝ զայն ընկալելու համար: Այս հրատարակութիւնը ճամբան կը հարթէ դէպի այդ հոգեմտաւոր պատրաստութիւնը: Կարելի է ըսել, որ այս գործը նախապատրաստական դաշտ մըն է ապագայի Աստուածաշունչ ընթերցողներ արտադրելու, որովհետեւ անիկա ո՛չ թէ դասական ձեւով հրամցուած Աստուածաշունչ մըն է, այլ՝ մանկապատանեկան կազմուածքի յարմար:
Պատկերազարդ այս հրատարակութեան մէջ կը գտնենք 20 գլուխներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը բաղկացած է եօթ պատմութենէ: Պարզեցուած լեզուով կը կարդանք Յիսուսին ծնունդը, իսրայէլացիներուն չարչարանքն ու գաղթը, արարչագործութեան պատմութիւնները, հոգեւոր նախահայրերուն եւ մարգարէներուն պատմութիւնները, Յիսուսի առաքելութիւնը, խօսած առակները, հրաշքները, Երուսաղէմ մուտքը, չարչարանքն ու խաչելութիւնը, յարութիւնը եւ, վերջապէս, քրիստոնէութեան պատգամը: Իւրաքանչիւր պատմութիւն ունի իրեն յատուկ պատկեր, որպէսզի օգտակար դառնայ մանուկին կամ պատանիին՝ երեւակայութեան օգտագործման: Հարկ է նաեւ նշել, որ դիւրին ընթեռնելի է գիրքը՝ թէ՛ իր օգտագործած տառատեսակին ու գոյներուն համար, թէ՛ ալ պարզ լեզուին համար, որուն համար աշխատած են Արտա Ճէպէճեան (հայերէն շարադրութիւն), Նորա Բարսեղեան (սրբագրութիւն) եւ Մեղրի Շամմասեան (էջադրում): Հրատարակութեան աւարտին յատուկ գրութիւն մըն ալ ուղղուած է ծնողներուն, որպէսզի առաւելագոյն չափով օգտուի ընթերցողը այս արդիական ու ժամանակակից ոճով պատրաստուած գիրքէն:
Մանկավարժական բոլոր յատկութիւնները ունեցող ամբողջական գործ մըն է «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը»: Այլ խօսքով, շատ ուրախ էի այս հրատարակութիւնը կարդացած ժամանակս, որովհետեւ ան կապի մէջ դրաւ զիս իմ ներքին մանուկի ու պատանիի հոգիիս հետ, որ տարիներ առաջ Կիրակնօրեայ վարժարաններուն մէջ կիրակնօրեայի ուսուցիչներէն Աստ-ւածաշունչէն դրուագներ կ՚ընկալէր:
ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ