ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Խոհեմութիւն ի՞նչ կու տայ մարդուն։
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ» (Առ 19.11): Մարդ երբ խոհեմ է, իմաստուն է, ապա ինքզինք կը զսպէ այնպիսի պարագաներու, երբ հարցերը կարծէք երթալով կը սկսին դժուարանալ, կամ կնճռոտիլ, այն աստիճանի որ երբեմն մարդ հունէն դուրս գալով՝ ինքզինք ա՛լ աւելի մեծ ու վտանգաւոր դժուարութիւններու ու փորձանքներու մէջ կը նետէ: Ապա, խոհեմ մարդը ան է, նման իրավիճակներուն մէջ չի՛ բարկանար, ընդհակառակը, ինքզինք կը զսպէ, կը փորձէ խաղաղ մնալ ու խաղաղութեամբ դիմակայել իր դէմ ցցուած փորձութիւնը կան դժուարութիւնը: Աւելին, խոհեմ մարդը նման իրավիճակներուն, երբ նոյնիսկ հասկնայ որ իրաւունքը իր կողմն է, սակայն անիրաւութեան կ՚ենթարկուի, դարձեալ ինքզինք բարկութեան չի՛ տար, ընդհակառակը, աչքերը երկինք յառելով, Աստուծմէ կը խնդէ համբերութիւն ու տոկունութիւն, որպէսզի կարենայ յաղթահարել այդ հանգրուանը: Մարդ երբ հեռու մնայ բարկութենէն, ապա ինքզինք հեռու պահած կ՚ըլլայ տեսակ-տեսակի փորձութիւններէ եւ նեղութիւններէ:
Եկեղեցւոյ հայրերէն Յովհաննէս Քասեան կը գրէ. «Պէտք է բարկութեան թոյնը արմատախիլ ընել հոգիին խորերէն, որովհետեւ եթէ բարկութեան հոգին մնաց եւ հաստատուեցաւ մեր սիրտերուն մէջ, ապա մեր միտքերը կը մթագնէ, որով անկարող կը դառնան տեսնելու, քանի որ բարկութիւնը կուրութիւն կը պատճառէ եւ վնասակար մթութիւն, որով հոգեւոր տեսութիւնը անկարելի կը դարձնէ: Արդարեւ, չես կրնար ճիշդ դատաստան կատարել որեւէ մէկ հարցի մէջ, տակաւին թոյլ չի տար մեզի խորհրդածել, ինչ բանը մեր մէջ իմաստութիւնը կ՚աճեցնէ, այլեւ չենք կրնար արդարութեան մէջ հաստատուիլ, կամ ճշմարիտ հոգեւոր լոյսը ընդունիլ, որովհետեւ գրուած է. “Աչքերս բարկութենէն1 մաշեցան” (Սղ 6.7)»:
Մարդ, հետեւաբար, ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի վնասակար բարկութենէն, մեղքի առաջնորդող բարկութենէն հեռու մնայ: Ընթերցողը հիմա պիտի հարցնէ, ինչու անվնաս բարկութի՞ւն ալ կայ: Բարկութիւնը մարդու բնութեան մէկ յատկանիշն է, այսինքն՝ իւրքանչիւր մարդ կը բարկանայ, կրնայ բարկանալ: Սակայն, մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ եւ իր բարկութեան սահմաններ դնէ: Լսենք, թէ Սաղմոսագիրը ինչ կը գրէ. «Եթէ բարկանաք, մի՛ մեղանչէք, եւ ինչ որ ձեր սիրտին մէջ ըսէք՝ անկողինին մէջ զղջացէ՛ք» (Սղ 4.4): Ըսինք, բարկութիւնը բնական երեւոյթ է մարդու կեանքին մէջ, սակայն մարդ պէտք է տիրապետէ իր բարկութեան եւ ո՛չ թէ տիրապետուի իր բարկութեան կողմէ:
Աշխարհիկ կեանքի մէջ բարկութիւնը զսպելու համար մարդիկ յաճախ հետեւեալ խրատը կու տան, ըսելով, երբ կը զգաս, թէ պիտի բարկանաս, միտքիդ մէջ մինչեւ տասը հաշուէ, որով այդ պահը յաղթահարած կ՚ըլլաս: Չեմ գիտեր ընթերցողներէն քանի՞ն այս ձեւով յաջողած են յաղթահարել բարկութեան պահը… Աւելի լաւ առաջարկ մը ունիմ. երբ զգանք, թէ պիտի բարկանանք, մեր միտքին մէջ սկսինք հետեւեալ արտայայտութիւններէն մէկն ու մէկը կրկնել քանի անգամ որ կ՚ուզենք. կամ՝ «Տէր Յիսուս Քրիստոս, ողորմէ՜ ինծի, մեղաւորիս», կամ՝ «Տէր Յիսուս Քրիստոս, կը սիրեմ Քեզ»: Վստահաբար, եթէ այս ձեւը կիրառենք, ապա ո՛չ միայն պիտի յաղթահարենք բարկութեան պատառ դարձած տուեալ պահը, այլեւ մեր հարցին լուծումն ալ պիտի գտնենք՝ հարցերուն լուծում տուող Իմաստուն Վարդապետէն:
Սուրբ Ամպրոսիոսը բարկութեան մասին կը գրէ. «Եթէ բարկացած ես, դուն քու վրադ բարկացիր, որով կը բորբոքիս՝ բայց չես մեղանչեր: Ով որ ինքն իր վրայ կը բարկանայ՝ շուտով կը բորբոքի, որով ուրիշներուն վրայ չի՛ բարկանար: Իսկ ան որ կ՚ուզէ արդարացնել իր բարկութիւնը, ապա ա՛լ աւելի կը բորբոքի ու շուտով մեղքի մէջ կ՚իյնայ: Ինչպէս Սողոմոն կ՚ըսէ. “Իր հոգին զսպողը՝ քաղաք առնողէն [աղէկ է]”. բարկութիւնը, արդարեւ, նոյնիսկ զօրաւոր մարդուն կը մոլորեցնէ»:
Սուրբ Ապահուր Ալ Պահճուրին կը գրէ. «Քեզմէ վանէ՛ բարկութեան բոլոր պատճառները, որովհետեւ բարկութիւնը կը պղտորէ միտքը, ինչպէս որ երբ քարը ջուրին մէջ իյնայ՝ կը պղտորէ զայն»:
Վերը ըսինք, թէ բարկութիւնը մարդուն բնութեան մէկ մասն է, այլ կերպով, բարկութիւնը մարդուն մէջ կարելի է համարել բնազդ մը: Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ հայրապետ՝ Շնուտա Գ. Հայրապետը, հետեւեալ հարցումին, թէ՝ «կրնա՞յ ըլլալ, որ մարդ ձերբազատուի բնազդէ մը, որով ծնած է», հետեւեալ պատասխանը կու տայ.
«Մարդ չի՛ ոչնչացներ իր բնազդները, այլ՝ գիտակցութիւն կ՚ունենայ ինչպէս ուղղել զանոնք:
Սեռական բնազդը, օրինակ, ներուժի, սիրոյ եւ քնքշանքի արտայայտութիւն է: Եթէ մարդը յաջողի լաւ կերպով ուղղել իր ունեցած ներուժը, սէրը ու քնքշանքը, այդ ատեն չի՛ յոգնիր սեռական բնազդէն:
Որովհետեւ, այն ինչ որ մարդս կը յոգնեցէ բնազդը չէ, այլ՝ անոր մոլորելու հակումը:
Բարկութիւնը, օրինակ, կարելի է զայն բարիին ուղղել, որով շինիչ ներուժի կը վերածուի եւ ո՛չ թէ կործանումի, որմէ ազնուութիւնն ու արիութիւնը կը բխին, ինչպէս նաեւ արդարութիւնը պաշտպանելը եւ անիրաւուածին յաղթութիւնը: Այս բոլորը հոգեւոր կերպով, առանց մեղքին մէջ իյնալու, եւ ճիշդ եւ զգոյշ կերպով արտայայտուելով: Ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ. «Բարկացէք, բայց մի՛ մեղանչէք» (Սղ 4.4):
Հետեւաբար, փնտռէ՛ այն սխալները, որոնք պատճառ կը դառնան քեզի բնազդի մը մէջ մոլորելուդ, եւ աշխատէ՛ բուժել զայն: Գիտցի՛ր նաեւ, որ Աստուած մեր բնութեան մէջ սխալ բան մը չէ դրած, երբ մեզ ստեղծեց: Այլ՝ մեր մէջ ներուժեր դրած է, որպէսզի բարութեամբ օգտագործենք»:
Ի վերջոյ, վերը գրուածները մեզի հանգստութիւն չտան, որովհետեւ հակառակ այն իրողութեան, որ բարկութիւնը մեր մէջ ի ծնէ կայ, մեր բնութեան մէկ մասնիկն է, սակայն, նոյն այդ բարկութիւնը Եկեղեցւոյ Սրբազան Հայրերը դասած են Մահացու Մեղքերու շարքին մէջ՝ հպարտութեան, նախանձին, բարկութեան, ծուլութեան, ագահութեան, որկրամոլութեան եւ բղջախոհութեան կողքին, որով դարձեալ կրկնենք վերը մեր գրածը, թէ մենք պէտք է տիրապետենք մեր մէջ եղող բարկութեան վրայ եւ ո՛չ թէ տիրապետուինք բարկութենէն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 73
Վաղարշապատ
1 Արաբերէն թարգմանութեան մէջ է, որ «բարկութիւն»ը գործածուած է, մինչ գրաբար թարգմանութեան մէջ բարկութեան փոխարէն գործածուած է «խռովեցաւ ի սրտմտութենէ ակն իմ», արեւելահայերէն թարգմանութեան մէջ «այլայլուեց աչքն իմ», իսկ արեւմտահայերէն թարգմանութեան մէջ «աչքս մաշեցաւ ողբալէն»:
Հարթակ
- 01/15/2025