ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, սա առաջին անգամն է, որ մեր հայրենիքը պիտի դիմաւորէ Նոր տարին։ Անկախութենէն ետք, սա առաջին անգամն է, որ հայրենի մեր ժողովուրդը իրապէս ուրախ է եւ ապագայի նկատմամբ յոյսերով առլցուն ու օժտուած՝ բարձր տրամադրութեամբ։
Ժողովուրդին ուրախութիւնն ու դրական կեցուածքը՝ իրենց ապագայի նկատմամբ, ակներեւ էր ամէնուրեք, երբ կինս եւ ես բախտորոշ առիթը ունեցանք այցելելու մեր հայրենիքը, այս տարուան մայիս ամսուան ընթացքին։
Քսանամեայ ծաւալուն կաշառակերութեան ու մենաշնորհեալներու տիրապետութեան ծանր լուծին տակ ճնշուած հայրենի մեր ժողովուրդը վերջապէս կրցաւ ազատ շունչ մը քաշել եւ նայիլ ապագային՝ տեսնելու ռամկավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած կառավարութեան մը կազմութիւնը։
Կառավարութիւն մը՝ որ բաղկացած է երիտասարդ անձերէ, որոնց միակ նպատակն է օգտակար հանդիսանալ ազգին եւ աշխատիլ որ մեր երկիրը դառնայ բարգաւաճ եւ ժողովուրդին ընծայէ ապրելակերպի համեստ պայմաններ։ Ես կը կարծեմ, որ եթէ անոնք յաջողին իրենց առաքելութեան մէջ, արտագաղթը ոչ միայն ինքնաբերաբար պիտի դադրի, այլեւ ներգաղթ պիտի սկսի անգամ մը եւս։
Այս երիտասարդները չեն ապրած Սովետի դժնդակ պայմաններուն տակ. հետեւաբար, անտեղեակ են կաշառակերութեան եւ բռնատիրական սկզբունքներու վրայ հիմնուած կեանքի պարագաներուն, երբ չարաշահութիւնը կը տիրէ ու կը դառնայ սովորական ընթացք՝ հանգիստ ապրելակերպ մը ապահովելու համար ժողովուրդի ընտրեալ մէկ մասին։
Մենք ալ՝ արտասահմանի հայերս, ուրախ ենք որ վերջապէս օրէնքի վրայ հիմնուած կառավարութիւն մը ստեղծուեցաւ, երբ ազատ ընտրութիւններով կը կազմուի խորհրդարան մը ու անոր ներկայացուցիչներու մեծամասնութիւնը պիտի ընտրէ իր վարչապետը։
Մեր ամանորեայ մաղթանքն է, որ նոր կառավարութիւնը կարենայ յաղթահարել անցեալի դժուարութիւնները եւ ժողովուրդին ընծայէ գործի լայն պայմաններ, որպէսզի անոնք դադրին արտագաղթելէ եւ մնան հայրենիքի մէջ ու ստեղծեն ապրելակերպի հանգիստ եւ հասանելի միջոցներ, ի շահ մեր հայրենիքի բարգաւաճման եւ յարատեւ զարգացման։
Նոյեմբեր 22-ին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան 27-րդ Թելեթոնը եւ այդ դրամահաւաքէն գոյացաւ աւելի քան 11 միլիոն տոլար, ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի հիմնական կարիքներուն։ Ի բաց առեալ նախորդ տարիներուն, այս տարի նուիրատուներուն գոհունակութիւնը ակներեւ էր։
Անոնք կը հաւատային, որ իրենց տուած լումաները իրապէս իրենց նպատակին պիտի ծառայեն, յօգուտ մեր հայրենիքի եւ Արցախի անհրաժեշտ պէտքերուն։
Երբ ռամկավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած կառավարութիւն մը կազմուի ու ան կարենայ ստեղծել ազատ շուկայի դրութիւն, մարդիկ գործարաններ եւ փոքր գործատեղիներ պիտի հիմնեն, որոնք պիտի զարգացնեն երկրին տնտեսութիւնն ու արդիւնաբերութիւնը։
Ասոր հետեւանքով զարկ պիտի տրուի նաեւ զբօսաշրջիկութեան, որ անուղղակիօրէն նիւթական մեծ ներդրում մը կ՚երաշխաւորէ, մեր հայրենի տարեկան պիւտճէին։ Ուրեմն պատահական չէ, որ Պելժիոյ արքայական ընտանիքը Հայաստանը ընտրեց որպէս իրենց տարեկան արձակուրդի վայր։ Անոնք վայելեցին մեր հայրենիքի գեղատեսիլ բնութիւնն ու հայ ժողովուրդին հիւրասիրութիւնն ու նկարագրի ջերմութիւնը։
Կը սիրենք յուսալ, որ մեր բարեմաղթութիւնները իրականանան եւ մենք կարենանք հպարտ զգալ մեր հայրենիքով եւ ժողովուրդով, ի սփիւռս աշխարհի։ Արդէն շատ մը երկիրներու համար մեր Թաւշեայ յեղափոխութիւնը օրինակ հանդիսացած է իր յաջողութեան եւ քաղաքական արագընթաց փոփոխութեան համար։
Վերջապէս, մենք կրնանք մեր գլուխը բարձր պահել եւ երբեմնի մեր վայելած փառքն ու պատիւը՝ որպէս խելացի եւ աշխատունակ ժողովուրդ, անգամ մը եւս մեր սեփականութիւնը դարձնել…
Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք», Լիբանան