ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«Կինն է այն առանցքը, որու շուրջ կը պտտի քաղաքակրթութիւնը»:
Հարցում. Առակաց 19.13-ին մէջ դարձեալ կը կարդանք. «Կնոջ կռիւները շարունակական կաթիլներու պէս են»: Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ առակագիրը:
Պատասխան. Առակագիրը այստեղ ըսել կ՚ուզէ, թէ անընդհատ կռիւներ յարուցող, վէճերու ստեղծող կինը իր տան մէջ կը վերածուի ջուրի կաթիլի, որ անընդհատ կը հոսի՝ առանց դադարի, եւ այդ հոսքով ժամանակի ընթացքին ահաւոր աւերներ կը գործէ թէ՛ իր ամուսինին եւ թէ՛ իր զաւակներուն հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ:
Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին այսպէս կը գրէ այս մասին. «[Առակագիրը] կռուարար կինը ջուրի կաթիլներու կը նմանցնէ, որ անընդհատ կը հոսին առանց կանգ առնելու: Ամուսինը եւ երեխաները կը զգան, թէ այնպիսի տունի մը մէջ կ՚ապրին, ուր առաստաղէն միշտ ջուրի կաթիլներ կը հոսին… ո՛չ բնականոն կերպով կրնան աշխատիլ, ոչ կրնան հանգստանալ, քնանալ… [Մէկ խօսքով] տան մէջ չոր տեղ մը չեն գտներ, ուր կարենան պատսպարուիլ»:
Տունը գեղեցկացնողն ու զարդարողը, այլ խօսքով՝ տունը տուն դարձնողը տան կինն է: Եթէ կինը կռուարար է, աններող, չզիջող, եսակեդրոն, ապա այդպիսի տան մէջ կարելի չէ անդորր ու համերաշխութիւն գտնել, ընդհակառակը այդպիսի տան մէջ միշտ վէճեր ու անհամաձայնութիւններ կը տեսնուին: Կինը, արդարեւ, պէտք է շա՜տ ուշադիր ըլլայ, որովհետեւ տան ամրութիւնը, տան անդորրութիւնը, տան բարօրութիւնը առաջին հերթին իրմէ՛ կախուած են:
Արդարեւ կնոջ գլխաւոր պարտականութիւններէն մէկն է կարենալ կազմել ընտանեկան յարկ: Այսօրուան կեանքին մեքենայականցումները դժբախտաբար մարդիկը դատարակած են էական եւ առաջնային արժէքներէ, զայն վերածելով անզգայ էակի մը, որ պարզապէս կ՚ապրի գոյութիւնը պահպանելու՝ հետամուտ ըլլալով անձնական շահերուն եւ հաճոյքներուն: Կինը արդարեւ մե՜ծ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ այս պարագային, երբ կարենայ ճիշդ կերպով կառավարել իր տունը, կազմել իր ընտանեկան յարկը եւ ընկերութեան տալ այնպիսի զաւակներ, որոնք հարուստ են մարդկայնութեամբ:
Այսօր, շատ յաճախ կը խօսուի որ կիները պէտք է նաեւ հասարակական գործունէութիւն ծաւալեն, այսինքն՝ այր մարդոց նման իրենց եւս առիթ տրուի տարբեր ոլորտներու մէջ աշխատելու: Արդար եւ իրաւ: Ո՛չ մէկ վատ կամ սխալ արարք կամ կամեցողութիւն կայ այս բոլորին մէջ: Զգոյշ պէտք է ըլլալ սակայն եւ գիտակցութիւնը ունենալ, որ կնոջ առաջնային հանգրուանը իր տունն է, իր ընտանեկան յարկն է, եւ նոր միայն հասարակութիւնը, ընկերութիւնը: Այն կինը, որ կը յաջողի կամ յաջողած է լաւ ընտանիք կազմել, առողջ զաւակներ դաստիարակել, վստահաբար այդպիսի կինը ընկերութեան մէջ ալ իր դրական եւ գործնական ներդրումը պիտի ունենայ: Բայց այն կինը, որ իր տան մէջ Իմաստունին նկարագրութեամբ վերածուած է ջուրի կաթիլներու, արդարեւ ուրիշ բան չի՛ կրնար ըլլալ նաեւ ընկերութեան մէջ: Աւելին, կիները պէտք է կարենան յստակ կազմակերպել իրենց ապրելաոճը, որպէսզի իրենց հասարակական-ընկերային կեանքը չխաթարէ իրենց ընտանեկան կեանքի կարգաւորման եւ ամուր մնալուն:
Այսօր շա՜տ մեծ է թիւը այն կիներուն, որոնք իրենց տունն ու տեղը ձգած, իր ամուսիններն ու զաւակները անտեսած, լծուած են աշխատանքի «յանուն իրենց ամուսիններուն եւ զաւակներուն»: Բաբէ՜… ի՞նչ օգուտ նման աշխատանքէ մը սակայն, երբ զաւակները իրենց մայրը չեն ճանչնար, իսկ ամուսիններն ալ իրենք զիրենք այս կամ այն գեղանիին գիրկը կը նետեն՝ «մխիթարուելու եւ սփոփուելու համար»: Ցաւալի փաստ է, բայց դժբախտաբար անուրանալի ճշմարտութիւն է: Այսօր քանի՜ քանի դայեակներ դարձած են իսկական մայր իրենց չծնած զաւակներուն: Քանի՜ քանի ամուսիններ արտամուսնական յարաբերութիւններու պատճառով դարձած են հայր այլ զաւակներու, անորոշ ապագայ եւ կեանք մը պարգեւելով այդ անմեղունակ երեխաներուն: Երեւոյթներ, որոնք դժբախտաբար օր օրի կ՚աճին ու կը բազմանան:
Այս բոլորին գլխաւոր պատճառը արդարեւ տանտիկնոջ իր բարձրութեան եւ իր պարտականութեանց ու պարտաւորութեանց գիտակից չըլլալն է: (Ընթերցողը չմտածէ թէ ընդհանուրին կը վերաբերի, խօսքը օր օրի տարածում գտնող երեւոյթներու մասին է, որ ճիշդ չէ ընդհնարացնելը): Եթէ կինը իր բարձրութեան վրայ ըլլայ ու պարտականութեանց եւ պարտաւորութեանց գիտակցութիւնը ունենայ, ապա այս յոռի երեւոյթները օր օրի կը սկսին նուազիլ:
Դարձեալ կրկնենք, թէ իր տունը կառավարել ու բարեզարդել չգիտցող կինը, հասարակական-ընկերային կեանքէն ներս ոչինչ կրնայ իրագործել, ընդհակառակը իր տան անկանոնութիւնն ու թափթուածութիւնը իր հետ դէպի հասարակութիւն, դէպի ընկերութիւն պիտի տանի: Հետեւաբար, կինը զգոյշ պէտք է ըլլայ, եւ միշտ առաջնայինը երկրորդականէն զանզանել ու ընտրել գիտնայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 75
Վաղարշապատ