ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Թ.

ՀՈԳԵՊԷՍ ՕՐ ԵՒ ԳԻՇԵՐ

Խօսք. «Այնքան ատեն որ ցերեկ է» (Յհ 9.4):

Մեկնութիւն. Քրիստոսի մարդեղութեան ժամանակը երկրի վրայ ցերեկ կը կոչուի չորս պատճառով. նախ՝ ինչպէս արեգակին մերձաւորութիւնը որ կը տեւէ երկրի վրայ՝ օր եւ գիշեր կը կոչուի, նոյնպէս Քրիստոսի մարմինով երեւնալը շնորհներու օր եւ լոյս ըրաւ: Երկրորդ՝ արեգակը չորս փոփոխումով կը կատարէ օրը, նոյնպէս արդարութեան արեգակը՝ Քրիստոս. նախ՝ Կոյսէն ծնաւ, երկրորդ՝ մկրտուեցաւ, երրորդ՝ քարոզեց, չորրորդ՝ չարչարուեցաւ ու ապա համբարձաւ: Երրորդ՝ օրը տասներկու ժամ է եւ տասներկու՝ Քրիստոսի առաքեալները: Չորրորդ՝ օրը առաւօտ եւ երեկոյ ունի, իսկ Հօրմէն ծնած Բանը երեկոյացեալ ժամանակին մարդ եղաւ:

Խօսք. «Գիշերը կու գայ» (Յհ 9.5):

Մեկնութիւն. իսկ գեշերը համբառնալէն ետք եղաւ մեզի, թէեւ խորհրդաբար մեզի հետ է մինչեւ աշխարհի վախճանը: Իսկ սուրբերը Քրիստոսի անունով սքանչելիքներ կը կատարեն, սակայն մարմին երեւումով եւ զգալի խօսքով չի՛ սորվեցներ մեզի, այսպէս ալ առաջին օրը Քրիստոս կոչուեցաւ: Երկրորդ՝ այս օրը նշանակ է ընտրեալներու ժամանակին, որ աշխարհի սկիզբէն մինչեւ վախճանն է, իսկ գիշեր է՝ մեղաւորներուն դատաստանը Աստուծոյ լոյսի պակասութեան ու դժոխքի տանջանքներուն պատճառով: Երրորդ՝ իւրաքանչիւր մարդու կեանք օր է, իսկ գիշեր է անոնց մահը, քանի որ ինչպէս գիշերով ոչ ոք կրնայ աշխատիլ, այդպէս ալ մահէն ետք ո՛չ ոք կրնայ բարիք գործել, որովհետեւ չի կրնար ո՛չ հաւատալ եւ ո՛չ ալ ապաշխարել, եւ այլն. «Ահա հիմա՛ է այդ յարմար ժամանակը. հիմա՛ է փրկութեան օրը» (Բ. Կր 6.2), կ՚ըսէ Առաքեալը: Եւ այսպէս կը բացայայտուի, քանի որ կենդանութեան օրօք մարդ կրնայ ապաշխարել ու բարիք գործել ինքնիրմով եւ ուրիշներով, իսկ մահէն ետք հոգին ինքնիրմով չի՛ կրնար քաւուիլ, քանի որ ժամանակը անցած է եւ իր որպիսութիւնը փոխուած է, սակայն ուրիշներու միջոցով կրնայ Աստուծմէ ողորմութիւն գտնել, ինչպէս Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ պատարագներու միջոցով, իսկ յարութենէն ետք ո՛չ ինքնիրմով եւ ո՛չ ալ ուրիշներով, չի՛ կրնար ապաշխարել, այլ՝ կը դատապարտուի: Չորրորդ՝ օր եւ լոյս կը կոչուին բարի գործերը, ըստ այնմ. «Ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ» (Մտ 5.16), իսկ գիշեր կը կոչուի մեղքը, քանի որ մեղքերուն մէջ ըլլալով ո՛չ ոք կրնայ բարիք գործել:

Այս չորս կերպերով հոգեպէս օր ու գիշեր կը կոչուի:

Խօսք. «Աշխարհի լոյսն եմ» (Յհ 9.5):

Մեկնութիւն. վեց պատճառով կ՚ըսէ. նախ՝ որովհետեւ բոլորին կը լուսաւորէ եւ ո՛չ թէ մաս մը: Երկրորդ՝ քանի որ բնութեամբ լոյս է եւ ո՛չ թէ լուսաւորուած, ինչպէս առաքեալները: Երրորդ՝ որովհետեւ միշտ պատրաստ է լուսաւորելու մարդիկը, ինչքան ատեն որ ողջ ըլլանք: Չորրորդ՝ քանի որ կրկնակի լուսաւոր է, այսինքն՝ վարդապետութեամբ եւ սքանչելիքներով: Հինգերորդ՝ մեղքերու եւ անգիտութեան խաւարը կը փարատէ: Վեցերորդ՝ բարի գործերու կ՚առաջնորդէ, ինչպէս յայտնէ է Մեկնիչէդ:

ԹՈՒՔԻՆ ԵՒ ԿԱՒԻՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Թքեց գետնին, թուքով ցեխ շինեց» (Յհ 9.6):

Մեկնութիւն. այս բանին մասին չորս բան հարցանելի է.

Առաջին. ի՞նչ կը նշանակէ թուք եւ կաւ:

Պատասխան. չորս բան. նախ՝ կը ցուցնէ Իր Ադամին Արարիչ ըլլալը, որ կաւէն [հող] ստեղծեց: Երկրորդ՝ տեսնող մասը Ադամի հոգին կը նշանակէ, իսկ աչքերուն միւս գործարանները՝ մարմինը, քանի որ մարմինը եօթ մաս ունի, այսինքն՝ ոսկոր, ջիղ, երակ, արիւն, միս, մորթ, մազը անզգայ ծածկոյթ: Երրորդ՝ թուքը խօսքը կը ցուցնէ, որ Հօր բերանէն ելաւ եւ երկիր իջաւ ու մեր հողեղէն մարմինները խառնելով միացուց Իր Աստուածութեան: Չորրորդ՝ ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ. «Աբրահամէն առաջ իսկ եմ», որ է Բանը մարմինով միաւորուած՝ անեղ եւ անսկիզբ, Աստուծոյ Միածին Որդին:

Երկրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար միայն խօսքով չըսաւ, ինչպէս անդամալոյծին, Ղազարոսին եւ ուրիշներու [ըսաւ]:

Պատասխան. նախ՝ նոր էր նշանը [հրաշքը] եւ ուզեց նոր կերպով գործել: Երկրորդ՝ քանի որ այնտեղ, որ խօսքով կը հրամայէր, Իր Հոգիին Աստուած ըլլալը կը ցուցնէր, իսկ այստեղ՝ մարմինը, որովհետեւ թուքը մարմինէն է ու մատով կազմեց, որմէ աստուածային զօրութեամբ աչքը լուսաւորուեցաւ, ապա թէ ոչ, կաւը ըստ ինքեան թանձր է ու առաւելաբար կուրացուցիչ, քան թէ սրբիչ, ինչպէս կ՚ըսէ Ոսկեբերանը:

Երրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար աչքը ծեփեց:

Պատասխան. աչքը բոլոր գործարաններուն սահմանն է կ՚ըսէ:

Եւ երեք պատճառով ծեփեց. նախ՝ որովհետեւ ասոր կուրութիւնը յայտնի էր, այդպէս ալ ասոր լուսաւորուիլը աւելի սքանչելիքով երեւի: Երկրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ Քրիստոս բոլոր մարմիններուն ձեւացուցիչն է, քանի որ կենադանիներուն մէջ ամենէն պատուականը մարդուն մարմինն է, իսկ գլուխի ազնուական մասը աչքն է: Եւ պատուականը նորոգելով ցոյց տուաւ, քանի որ բոլոր մարմիններուն նորոգիչ էր: Երրորդ պատճառ կը ցուցնէ, թէ ընդունելով զգալի նիւթը Եկեղեցւոյ խորհուրդներէն, մեր միտքը Աստուծոյ շնորհքով կը լուսաւորուի:

Չորրորդ հարցում. ինչո՞ւ համար ջուրով չանցուց:

Պատասխան. Մեկնիչդ կ՚ըսէ, որովհետեւ մօտեցած էր կոյրին Սելովամ ուղարկելու, որպէսզի հրեաները չըսեն, թէ բժշկութիւնը ջուրէն էր եւ ո՛չ թէ՝ Քրիստոսէն:

ՍԵԼՈՎԱՄԻ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Գնա՛ եւ լուա՛ Սելովամի աւազանին մէջ» (Յհ 9.7):

Մեկնութիւն. այս Սելովամը Սիոնի լերան ստորոտին եղող աղբիւր մըն է, որ նախապէս Բեթեզդայ կոչեց:

Չորս պատճառով այնտեղ ղրկեց. նախ՝ որպէսզի յայտնի ըլլար սքանչելիքը, ինչպէս Մեկնիչդ [Նանա] կ՚ըսէ: Երկրորդ՝ ի պատիւ հին օրէնքի զոհերուն, որ այս աւազանին մէջ կը լուային: Երրորդ՝ կոյրին հնզանդութեան, հաւատքի հաստատութեան եւ յոյսին համար: Չորրորդ՝ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ. «Սելովամը առաքեալ [ղրկուած] կը թարգմանուի, կը ցուցնէ զՔրիստոս, որ Հօրմէն ղրկուեցաւ մեղաւորներուն լուալու համար, քանի որ “Ան է Դաւիթի տան մէջ յայտնուած աղբիւրը՝ մեղաւորին ու տեռատեսին մաքրութեան համար” (տե՛ս Զք 13.1), ինչպէս կ՚ըսէ Զաքարիան տասներեքերորդ [գլուխ]ին մէջ»:

Խօսք. «Կոյրը գնաց, լուացուեցաւ, եւ երբ վերադարձաւ՝ արդէն կը տեսնէր» (Յհ 9.7):

Մեկնութիւն. այս ցոյց կու տայ, թէ միայն կաւով [հողով] չլուսաւորուեցաւ: Եւ յայտնի է, թէ երբ կաւը դրաւ, չլուսաւորուեցաւ, եւ միայն ջուրով ալ չլուսաւորուեցաւ, եւ յայտնի է, քանի որ բազմաթիւ անգամներ լուացուած էր, սակայն չէր լուսաւորուած: Ապա յայտնի է, թէ Քրիստոսի զօրութեամբ լուսաւորուեցաւ՝ կաւին ու ջուրին միջոցով: Արդ, նախ կաւը թուքէն եւ հողէն խառնուած կը նշանակէ Քրիստոսի հաւատքը ներմարդկութեամբ միացած, իսկ ջուրը՝ մկրտութիւնը: Այն կը ցուցնէ, թէ հաւատքը առանց մկրտութեան չի՛ փրկեր՝ եթէ կրնայ մկրտուիլ, եւ մկրտութիւնն ալ առանց հաւատքի չի՛ փրկեր: Երկրորդ՝ կաւը գործնականը կը նշանակէ, իսկ ջուրը՝ տեսական իմաստութիւնը, ու ասոնք մէկը առանց միւսին անկատար են փրկութեան համար: Եւ գիտելի է, թէ ոմանք կ՚ըսեն, թէ կաւը աչքերէն չվերացաւ, այլ՝ ակը փոխուեցաւ՝ ջուրով լուացուելով:

Երբ սքանչելիքին մասին ըսաւ, հիմա ալ կը ճարէ այս սքանչելիքի յայտնութեան մասին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 88

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2021