Խօսքն Ու Գոր­ծը

Իր ար­տա­սո­վոր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին մէկ ամ­սուան ըն­թաց­քին նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամփ ցոյց տուաւ, որ ոչ միայն իբ­րեւ նա­խա­գա­հու­թեան թեկ­նա­ծու կա­րե­ւո­րու­թիւն չի տար ի­րա­կա­նու­թեանց, այլ պատ­րաստ է իր շա­հե­րուն չյար­մա­րող ճշմար­տու­թեանց դէմ պայ­քա­րը շա­րու­նա­կե­լու՝ Սպի­տակ տու­նէն եւս:

Միայն իր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը լու­սար­ձա­կի տակ պա­հե­լու նպա­տա­կով ա­զատ մա­մու­լին վրայ յա­ճախ ա­նար­դար եւ ա­նըն­դու­նե­լի յար­ձա­կում­ներ կա­տա­րե­լու ըն­թաց­քին Թրամփ կը մոռ­նայ, որ ար­դար ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան հա­մար կեն­սա­կա՛ն է ա­զատ մա­մու­լը, որ գոր­ծա­դիր, օ­րէնս­դիր ու ար­դա­րա­դատ մար­մին­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեանց կա­րե­ւոր հսկիչ մըն է:

Նաեւ, հա­կա­ռակ իր այն խոս­տում­նե­րուն, թէ ինք պի­տի չար­տօ­նէ, որ իր նա­խա­գա­հու­թիւ­նը նպաս­տէ իր բազ­մա­թիւ ներդ­րում­նե­րուն եւ ըն­կե­րու­թեանց, ինք­զինք ա­նոնց­մէ ամ­բող­ջո­վին չհե­ռաց­նե­լու քայ­լով Թրամփ կը հաս­տա­տէ, որ իր ըն­տա­նի­քին շա­հե­րը գե­րա­դաս կը նկա­տէ երկ­րի շա­հե­րէն:

Օ­րի­նա­կի հա­մար, ան իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին ամ­սուան ըն­թաց­քին ե­րեք շա­բա­թա­վերջ ան­ցու­ցած է Ֆլո­րի­տա գտնուող իր պան­դո­կին մէջ՝ հոն հիւ­րըն­կա­լե­լով նաեւ օ­տար ղե­կա­վար­ներ: Այս քայ­լով ան մի­լիո­նա­ւոր տո­լա­րի ձրի ծա­նու­ցում ա­պա­հո­ված է իր ըն­կե­րու­թեան, եւ այս մէ­կը՝ հա­կա­ռակ իր խոս­տու­մին, որ նա­խա­գահ ընտ-րըւե­լէն ետք Սպի­տակ տու­նէն շատ պի­տի չհե­ռա­նայ, ո­րով­հե­տեւ, իր բնու­թագ­րու­մով, ան­դուն­դի եզ­րին հա­սած երկ­րին վի­ճա­կը բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար շատ գործ ու­նի ը­նե­լիք:

Ա­սոր կող­քին, նա­խա­գա­հին եւ ա­նոր ըն­տա­նի­քի ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րուն հա­մար մէկ ամ­սուան ըն­թաց­քին պե­տու­թեան կող­մէ ծախ­սուած գու­մա­րը ա­ւե­լի քան 11 մի­լիոն տո­լար ե­ղած է, ինչ որ ա­ւե­լի քան տաս­նա­պա­տիկն է Օ­պա­մա­յի մէկ ամ­սուան ճամ­բոր­դու­թեանց հա­մար ծախ­սուած գու­մա­րին (մի­ջին հա­շուով). ծախս մը, որ յա­ճախ կը քննա­դա­տուէր թեկ­նա­ծու Թրամ­փին կող­մէ:

Հե­տաքրք­րա­կա­նօ­րէն, իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ա­ռա­ջին մէկ ամ­սուան ըն­թաց­քին ան կրցաւ Չի­նաս­տա­նի մէջ «Թրամփ» պի­տա­կին ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը ա­պա­հո­վել, բան մը, ո­րուն հա­մար կը պայ­քա­րէր վեր­ջին տասն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին: Այս «ի­րա­գոր­ծում»էն ան­մի­ջա­պէս ետք ան յայ­տա­րա­րեց, որ հաս­տատ պի­տի մնայ «Մէկ Չի­նաս­տան» քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրայ, մինչ նա­խա­պէս նշան­ներ ցոյց տուած էր, որ Չի­նաս­տա­նէն ան­ջա­տուած Թա­յուա­նին ա­ւե­լի՛ մօ­տի­կու­թիւն ցոյց կրնայ տալ:

Մինչ այդ մտա­հո­գիչ սկսած են դառ­նա­լու Թրամ­փի այն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, որ ար­դէն իսկ չա­փա­զանց հա­րուստ զի­նուո­րա­կան ու­ժե­րուն յա­ւե­լեա՛լ գու­մար­ներ հար­կա­ւոր են, եւ որ՝ հիւ­լէա­կան մար­զը պէտք է ա­ւե­լիո՛վ զար­գաց­նել: Նշենք, որ երկ­րին ռազ­մա­կան տա­րե­կան ա­մա­վար­կը ար­դէն իսկ շուրջ 600 մի­լիառ տո­լար է, իսկ նա­խորդ վար­չա­կար­գին օ­րով ար­դէն իսկ սկսած է հիւ­լէա­կան մար­զը ա­ւե­լիով ար­դիա­կա­նաց­նե­լու ե­րե­սուն տա­րուան հսկայ ծրա­գի­րի մը ի­րա­կա­նա­ցու­մը, որ մօ­տա­ւո­րա­պէս 1 ե­ռի­լիոն տո­լար պի­տի ար­ժէ:

Միւս կող­մէ՝ Թրամփ կը շա­րու­նա­կէ իր ու­շադ­րու­թեան մեծ մա­սը կեդ­րո­նաց­նել ոչ ան­մի­ջա­կան դար­ձած ա­պօ­րի­նի գաղ­թա­կան­նե­րու հար­ցին վրայ եւ կը ջա­նայ երկ­րին մէջ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րիլ իս­լա­մա­կան եր­կիր­նե­րէ գաղ­թա­կան­նե­րու կա­սե­ցու­մով, հա­կա­ռակ ա­նոր որ իր հե­տապն­դած եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­ցի­նե­րէն յատ­կան­շա­կան վտանգ չի տես­նուիր:

Յի­շեց­նենք, որ նախ­կին վար­չա­կար­գին որ­դեգ­րած՝ ա­պօ­րի­նի գաղ­թա­կան­ներ ար­տաք­սե­լու խստա­ցուած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ այլ տնտե­սա­կան պատ­ճառ­նե­րով վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին ա­պօ­րի­նի գաղ­թա­կան­նե­րուն թի­ւը գրե­թէ ան­փո­փոխ մնա­ցած է: Գաղ­թա­կան­նե­րու ջա­տա­գով­նե­րուն կող­մէ «գլխա­ւոր ար­տաք­սո­ղը» մակ­դի­րին ար­ժա­նա­ցած Օ­պա­մա­յի օ­րօք՝ 2009-2015-ին, պե­տու­թիւ­նը 2.5 մի­լիոն ա­պօ­րի­նի գաղ­թա­կան ար­տաք­սած է:

Ու­րեմն, կա­րե­լի է ը­սել, որ ինք­զինք երկ­րի պատ­մու­թեան մէջ ա­մե­նա­լա՛ւ նա­խա­գա­հը եւ ա­մե­նա­կա­րո՛ղ փրկի­չը նկա­տող Թրամ­փը կա՛մ իս­կա­պէս ծա­նօթ չէ իր նա­խորդ­նե­րուն իս­կա­կան ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն, կա՛մ կը նա­խընտ­րէ զա­նոնք նկա­տել «կեղծ մա­մու­լին» ար­տադ­րած «այ­լընտ­րան­քա­յին ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ»:

Հե­տաքրք­րա­կան է տես­նել, թէ որ­քա՛ն եր­կար պի­տի ըլ­լայ համ­բե­րու­թիւ­նը՝ Թրամ­փը նա­խա­գահ ընտ­րած զան­գուա­ծին, որ տա­կա­ւին շօ­շա­փե­լի քայ­լեր կը սպա­սէ տնտե­սա­կան ճա­կա­տի վրայ:

ԳԷՈՐԳ ՄԱ­ՆՈ­ՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017